Յօդուածներ

Մեր Խօսքը

Սեւրը` Հայ Ժողովուրդի Յաղթանակած Փաստաթուղթը

ՅԱՐՈՒԹ ՄԱՎԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Մեղրեան» մասնաճիւղ 10 օգոստոս 1920-ին Հայաստանն ու հայութիւնը ապրեցան պատմութեան աստեղային պահերէն մէկը: 104 տարի առաջ, 10 օգոստոսին, ֆրանսական Սեւր քաղաքին մէջ պետական հանդիսաւոր շուքով ստորագրուեցաւ միջազգային դաշնագիր մը, որ նուիրագործեց Հայաստանի անկախութեան եւ ազգային պետականութեան` Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային իրաւական ճանաչումը: Սեւրի դաշնագիրը նաեւ եղաւ միջազգային օրէնքի եւ իրաւունքի այն միակ փաստաթուղթը, ուր մանրամասնօրէն ճշդուած...

Առաքինի Մայրը (Մայրերու Օրուան Առիթով)

Ինքնարդարացումի Մեղքը

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ Ինքնարդարացումը ի վաղուց յետէ մարդ արարածին գործած մեղքերէն մին է: Մարդկութեան նախածնողք` Ադամին եւ Եւայի օրերէն ի վեր ան տիրական ախտ մըն է մարդոց մէջ: Աստուածաշունչ մատեանը կը յայտնէ, թէ երբ Եդեմի պարտէզին մէջ Ադամ եւ Եւա անհնազանդ եղան Աստուծոյ եւ «բարիին ու չարին գիտութեան ծառ»-էն կերան արգիլեալ պտուղը, Աստուած մեղադրեց Ադամը իր անհնազանդութեան համար:...

Քանոնահարուհի Մարիանա Գէորգեան Երեւանեան Նուագահանդէսին Հնչեցուցած Է Նաեւ Ճափոնական Կոտոն

Քանոնահարուհի Մարիանա Գէորգեան Երեւանեան Նուագահանդէսին Հնչեցուցած Է Նաեւ Ճափոնական Կոտոն

Երեւանի Հրաչեայ Ղափլանեանի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնին մէջ բեմադրուած է, թատրոնի գլխաւոր բեմադրիչ Գրիգոր Խաչատրեանի իւրայատուկ մեկնաբանութեամբ, Շէյքսփիրի «Համլեթ»-ը: Խաչատուրեանի բեմադրութեան մէջ հնչած է ճափոնական երաժշտութիւն` ազգային նուագարան կոտոյով, որով նուագած է «Տաղարան» հնագոյն երաժշտութեան համոյթի երաժիշտ, համաշխարհային մրցոյթի գլխաւոր մրցանակակիր, միջազգային մրցանակներու դափնեկիր Մարիանա Գէորգեան: Առաջին անգամ ըլլալով ճափոնական ազգային նուագարանը հայաստանեան հանդիսատեսին ներկայացուած է հայուհիի կատարումով: Այս ներկայացման...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Քաղցկեղը Եւ Մենք

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Քաղցկեղը Եւ Մենք

ՎԱՐԴԱՆ Բ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ Օրէ օր աւելի տարածուած եւ բարդացած քաղցկեղը, որ կը սպառնայ խլել անմեղ  կեանքեր, նոյնիսկ գիտութեան յառաջացած միջոցներով շատ անգամ դժուար կ՛ըլլայ կանուխ ախտաճանաչել եւ բուժուիլ: Քաղցկեղի գիտնականները ըսած են, որ այս հիւանդութեան յառաջացման գլխաւոր  պատճառը մեր սննդականոնի վատ տեսակն է, նաեւ` մեր ապրելակերպի անառողջ որակն ու ապականած միջավայրը: Բայց եւ այնպէս, քաղցկեղէ տառապողներուն հիւանդութեան իսկական պատճառները կը...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Հարեւանիս Շան Հաջոցը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Ռուսիա-Ուքրանիա Ճակատամարտը

ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ Ռուսիա-Ուքրանիա ճակատամարտն` Համաշխարհային պատերազմ, վտանգ, Մեզ յիշել կու տայ, ազգերուն բոլոր, Որոնք յուսահատ կը սպասեն մոլոր Վերջ մը, լուծում մը այս ողբերգութեան, Սուր ատելութեան այս եղբայրասպան: Չեմ գիտեր ինչպէս պատերազմն այս Նուագիս պահուն նոր ճակատ բացաւ: Տարեդարձի մը ներկայ հիւրերէն` Տիկին մը խարտեաշ արցունքներու մէջ` Մօտեցաւ, խնդրեց, որ չնուագեմ Քաթիուշա պարի ռուսական երգն, Բացատրելով, թէ ինք ուքրանացի Հպատակութիւն...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Ս. Աստուածածինի Վերափոխման Տօնին Առիթով Քեսապի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ Եպիսկոպոսական Պատարագ Եւ Խաղողօրհնէք Կիրակի, 18 օգոստոս 2024-ին, Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնին առիթով, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան սուրբ պատարագ մատուցեց, իր հայրական պատգամը ուղղեց ժողովուրդին եւ խաղողօրհնէք կատարեց Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Իր քարոզին մէջ սրբազանը անդրադարձաւ Աստուածամօր առաքինի կենցաղին, մաքրամաքուր սրբութեան եւ...

Պրն. Յարութիւն Քիւրքճեան. Հայերէնի Ուսուցիչիս Եւ Ազնիւ Մարդու Յիշատակը

Պրն. Յարութիւն Քիւրքճեան. Հայերէնի Ուսուցիչիս Եւ Ազնիւ Մարդու Յիշատակը

ՍԱՐԳԻՍ ՏԱՂՏԷՎԻՐԵԱՆ Ուսուցիչիս՝ Յարութիւն Քիւրքճեանին անժամանակ մահը միտքս ղրկեց դէպի անցեալ եւ ապագայ: Անցեալ՝ աշակերտական յուշերուս, ապագայ՝ կորուստը փոխարինելու անկարելիութեան մտահոգութեան: Պրն. Քիւրքճեանին աշակերտ ըլլալու բախտը ունեցած եմ «Նշան Փալանճեան» ճեմարանին մէջ, թէ՛ հայերէնի եւ թէ՛ արտադասարանային՝ «Պատի թերթ»-ի, «Կանթեղ»-ի եւ «Ջահակիր»-ի (Ճեմարանի տարեկան պարբերաթերթերու) աշխատանքներու ընթացքին: Հայերէնի եւ ֆրանսերէնի ու անոնց քերականութեան բացառիկ տիրապետութեան կողքին, պէտք է արձանագրեմ իր...

Գերիշխա՜ն Հայաստան Եւ Դուրսէն Շարժող Մատներ

Գերիշխա՜ն Հայաստան Եւ Դուրսէն Շարժող Մատներ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Ուսումնական նոր տարեշրջանի սեմին Հայոց պատմութեան (կամ «Հայաստանի պատմութեան») դասագիրքը դարձեալ տագնապ ստեղծած է մեր հայրենիքին մէջ, ինչպէս եղած էր մօտաւորապէս տարի մը առաջ: Բանիմաց պատմագէտներ, պատմական ճշմարտութիւններու հաւատարիմ հայրենասէրներ կ՛աղաղակեն, որ աշակերտներուն ձեռքը տրուող դասագիրքերը խեղաթիւրումներով հարուստ են, կը յիշեցնեն, որ համայնավարներու օրերուն ալ խեղաթիւրումներ կատարուած էին (եւ ատոր հետեւանքները կը կրենք մինչեւ այսօր): Դասագիրքերը սրբագրելու եւ...

Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը

Եւրոպա Եւ Հայաստանս

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Այդ տարին, մեր ամուսնութեան իբրեւ մեծ նուէր, մեր երկու տղաքը մեզի` այր եւ կին, դէպի Եւրոպա` Իրլանտա եւ Իրլանտական Հանրապետութիւն, շրջապտոյտի մը ղրկեցին: Միշտ կը յիշեմ: Լաւ կը յիշեմ: Ու սկսելով Իրլանտայի Տապլինէն, ամբողջ երկու շաբաթ, մեծ ու հանգստաւէտ փոխադրակառքով մը, ընկերակցութեամբ հմուտ կայտ-առաջնորդին, ճիշդ յիսուն հոգիով եզերեցինք այս երկու երկիրներու մեծ ու փոքր քաղաքներն ու գիւղերը` վերջապէս...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Վահան Յովհաննիսեանի Տարեդարձին Առիթով` Այցելութիւն Անոր Շիրիմին 16 օգոստոսը Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութեան Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեանի տարեդարձի օրն է: Ան պիտի դառնար 68 տարեկան: ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամները, զինակից եւ կուսակից ընկերներ այս առիթով այցելեցին Վահան Յովհաննիսեանի շիրիմը, ծաղիկներ զետեղեցին, աղօթեցին եւ խնկարկեցին անոր յիշատակին: Վահան Յովհաննիսեանի արտասովոր կերպարի խօսուն նկարագիրը յաճախ լսուող այս արտայայտութիւնն է....

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Ազրպէյճանի Կազմաւորումը Եւ Արցախը Հպատակեցնելու Քայլեր

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Ազրպէյճանի Կազմաւորումը Եւ Արցախը Հպատակեցնելու Քայլեր

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Թրքական բանակները, բոլշեւիկեան 1917-ի հոկտեմբերեան յեղափոխութենէն եւ ռուսական զօրքերու ռազմաճակատներէն հեռացումէն ետք, 1918 փետրուարին յարձակման անցած էին: Հայկական ուժերը անկարող եղան դիմադրելու թրքական գերազանց ուժերուն: Թուրքեր իրար ետեւէ գրաւեցին Երզնկան, Կարինը, ապրիլին` Կարսը եւ մայիսի կիսուն մտան Ալեքսանդրապոլ եւ հասան Արարատեան դաշտ: Օրհասական այդ օրերուն հայ ժողովուրդը Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի հերոսամարտերուն, գերմարդկային ճիգերով մաքառելով, վերջապէս յաջողեցաւ...

Ամերիկեան Միսիոնարութեան Անդամ Հելեն Տէյվնփորթ Կիպպընզի Վկայագրութիւնը Հայոց  Ցեղասպանութեան Մասին

Ամերիկեան Միսիոնարութեան Անդամ Հելեն Տէյվնփորթ Կիպպընզի Վկայագրութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԻՍԿԱՀԱՏԵԱՆ Հայոց ցեղասպանութեան վկայագրութիւններու ծիրին մէջ կ՛իյնան նաեւ ոչ հայերու, այլ օտար ականատես վկաներու պատումները, որոնք յուշագիրքերու վերածուած ու տարածուած են աշխարհով մէկ, օտար լեզուներով ու յատկապէս` անգլերէն: Ամերիկացի միսիոնարուհի Հելեն Տէյվնփորթ Կիպպընզ եւ ամուսինը Տարսոն գտնուած են հայոց դէմ գործուող խժդժութիւններու դժնդակ օրերուն: Հետագային Հելեն իր բոլոր տեսածներն ու լսածները գրի առնելով` հրատարակութեան տուած է «Տարսոնի կարմիր գորգերը»...

Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին

Կ՛ըսուի, Թէ Էրտողան Աստուածային Յատկանիշներ Ունի. «Բացարձակ Իշխանութիւնը Կը Փճացնէ Բացարձակապէս»

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Ապտուլլահ Պոզքուրթ «Նորտիք Մոնիթոր»-ի իր յօդուածին մէջ գրած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի մասին, որ ինքզինք պարուրած է Աստուծոյ կամ Ալլահի յատկանիշներով: Էրտողանի հնազանդ մօտիկ շրջապատը կ՛ամրապնդէ անոր այդ ինքնագովասանքի եւ ուռճացուած կարծիքը` պնդելով, որ ան աստուածային ուժ ունի: Յօդուածը վերնագրուած է` «Թուրքիոյ նախագահը կը տառապի աստուածային բարդոյթով, պաշտուած է Ալլահին եւ մարգարէին բնորոշ յատկանիշներուն համար»: Պոզքուրթ...

Յանձնառու Մտաւորականն Ու Արցախեան Գոյապայքարը

Յանուն Մշակոյթի… (ԼԱ.) Ըմբոստութիւն` Մեր Գիւղին Մէջ…

ՄՈՎՍԷՍ Ս. ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ  Այնճար, 1970, ամառ Այդ օրերուն մենք` պատանիներս, բաւականին չար էինք, եւ այնքան ալ դիւրին չէր մեզի խօսք հասկցնելը: Սակայն գիւղին մէջ երէց սերունդէն կար անձնաւորութիւն մը, որ ձեւը գտած էր իրեն հանդէպ յարգանք պարտադրելու (իր ցանկութեամբ անունը չենք հրապարակեր): Եկէք` պայմանականօրէն անուանենք զինք Յովակիմ: Ան մեզի հետ կը վարուէր ընկերաբար, հաւասարէ հաւասարի (գոնէ արտաքնապէս այդպէս  կը թուէր)...

Մտորում` Դիպուածէն, Տեղեկութենէն  Եւ Յուզումէն Տարբեր Ալիքներու Վրայ.  Այս Է Մեր Ճակատագիրը: Դիմանալ Է Պէտք: Յետո՞յ…

Հայ Մամուլի Յոբելեաններ, Ազգ, Հայրենիք Եւ Ընթերցող

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Ժամանակակից  ընկերութիւնը բռնուած է այլազան հաղորդամիջոցներու ցանցին մէջ: Նաեւ` հայկական: Անցեալին կային միայն ձեռագիր գիրքեր, որոնցմէ կ՛օգտուէին մասնաւորներ: Լրատուութեան բեմ էր ակորան (agora), հին Յունաստանի գիւղի կամ քաղաքի այն  բաց տարածութիւնը, ուր մարդիկ իրարու կը հանդիպէին եւ կը խօսէին: ԺԵ. դարուն Կիւթեմպերկ հնարեց տպարանը, որ սկիզբ եղաւ մշակութային մեծ յեղափոխութեան, եւ գիրը, գիրքը, գրականութիւնը գաղափարներու շրջագայութիւնը ընդհանրացուց, զանոնք...

Լոյս Տեսաւ Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանին   «Բժիշկին Է. Խօսքը» Հատորը

Լոյս Տեսաւ Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանին «Բժիշկին Է. Խօսքը» Հատորը

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Ահաւասիկ հայ ընթերցողին կարողացայ ներկայացնել «Բժիշկին խօսքը» շարքին եօթներորդ հատորը: «Բժիշկին խօսքը» շարքը կը բաղկանայ եօթը հատորներէ: «Բժիշկին խօսքը» շարքին եօթը հատորները ունին մէկ նպատակ` հայ անհատին եւ հայ հանրութեան հասցնել հայերէնով բժշկական եւ առողջապահական նիւթեր, գիտելիքներ եւ նորութիւններ: Անոնց հասցէն բժշկական դասը չէ, այլ միայն ու միայն` ժողովուրդը: Անոնք բժշկական մասնագիտական գիրքեր չեն: Առաջին վեց հատորներուն...

Համա-ՀՄԸՄ-ական Խմբապետական Թ. Համագումար Գահիրէի Մէջ

Համա-ՀՄԸՄ-ական Խմբապետական Թ. Համագումար Գահիրէի Մէջ

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպութեամբ, 28 օգոստոսէն 1 սեպտեմբեր 2024-ին Գահիրէի ՀՄԸՄ-«Արարատ» ակումբին մէջ տեղի կ’ունենայ միութեան խմբապետական Թ. համագումարը` մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային եւ Մեկուսի 24 շրջաններէ 40 բարձրաստիճան խմբապետ-խմբապետուհիներու, Կեդրոնական վարչութեան սկաուտական կորիզի պատասխանատուներու եւ հիւր դասախօսներու: Համա-ՀՄԸՄ-ական խմբապետական համագումարները ընթացք առած են 1982-ին: Վերջին համագումարը տեղի ունեցած է 2016-ին, Երեւան: 2020-ին, «Քորոնա»-ի համաճարակին պատճառով, Թ. համագումարը փոխարինուեցաւ առցանց համագումարով...

Ինչո՞ւ Դարձեալ Կը Հալածուի Դաշնակցութիւնը

Ինչո՞ւ Դարձեալ Կը Հալածուի Դաշնակցութիւնը

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ «Տօ՛, ի՞նչ ասեմ, ո՞ր մէկն ասեմ, Ինչ օյիններ չսարքեցին, Ամէն հնար ի զուր անցաւ, Կայ ու կը մնայ Դաշնակցութիւն» «Մեղաւոր է Դաշնակցութիւն» երգէն) ՀՅԴ Հայաստանի պատասխանատու մարմիններ եւ ընկերներ վերջին օրերուն դարձեալ ահազանգ կը հնչեցնեն Երեւանէն ու մարզային կեդրոններէ, թէ` նիկոլական վարչախումբը Դաշնակցութեան դէմ նոր արշաւ բացած է (ե՞րբ դադրած էր որ...): Տեղի կ՛ունենան խուզարկութիւններ, ձերբակալութիւններ, կան բանտարկուողներ:...

Հաւատքով Ու Զօրութեամբ

Հայրենիք

ԳՐԻՇ ԴԱՒԹԵԱՆ Երկնի վրայ ես գրում եմ` Հայրենիք, Բայց թխպում է, Ամպն է պատում երկինքը... Ամպի վրայ ես գրում եմ` Հայրենիք, Անձրեւում է Ու ցնդում է թուխ ամպը... Ես գրում եմ հողի վրայ` Հայրենիք, Բայց մնում է այն անհաղորդ, Անբարիք: Պայքարում եմ դարձնելու այն իմ տունը, Մարտնչում եմ, Քրտինք թափում, Նոյնիսկ ոթում արիւնս, Բայց մնում է նա անհաղորդ, անտարբեր, Լոկ...

Արխիւային Ռազմավարութիւն

Տեսակէտ. Ի՞նչ Նոր Բանաձեւ Լիբանանահայ Հաւաքական Ինքնութեան

ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ Մեր երիտասարդ աշխատակիցին յօդուածին տեղ կու տանք` միաժամանակ որոշ վերապահումներ արձանագրելով, յատկապէս` եզրակացութեան մէջ տակաւին յստակ չեղող, բայց առաջադրուող  «քաղաքացիական հասարակութիւն» ձեւաւորելու գաղափարին շուրջ:  ԽՄԲ.  Աւելի քան հարիւրամեակ մը անցած է այն օրերէն, երբ Լիբանանի մէջ կազմաւորուեցան Ցեղասպանութենէն ճողոպրածներու առաջին գաղթօճախները: Հարիւր տարիներու ընթացքին լիբանանահայութիւնը անցած է ինքզինք իբրեւ հաւաքականութիւն սահմանող տարբեր գաղափարախօսական եւ  գաղափարաբանական հոսանքներէ ու ճիգերէ,...

Page 169 of 1110 1 … 168 169 170 … 1,110

Արխիւներ