Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընտանեկան Ծառի Մը Պատմութիւնը

August 15, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյց Վահէ Կիւզէլիմեանին Հետ Իր Ընտանեկան Ծառի Պատրաստութեան Մասին,
Որ Հաւանաբար Անհատապէս Պատրաստուած Ամենամեծ Հայկական Ընտանեկան Ծառն Է,
Շուրջ 7000 Անդամներով` «Կիւզէլիմեան Ընտանեկան Ծառը»

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Հայ դատի հետապնդումին եւ սփիւռքահայերը իրենց արմատներուն եւ բնօրրանին հետ պորտակապով կապելու հետեւողական, հաստատ ու ներդաշնակ առաջադրանքին հաւատարիմ` ընտանեկան ծառի կարեւորութեան մասին նախորդ յօդուածս. «Իւրաքանչիւր սփիւռքահայ իր ընտանեկան ծառը եւ պապենական բնօրրանն ու տոհմը, տունը, Կիլիկիոյ կամ Արեւմտահայաստանի մէջ պէտք է փնտռէ, գտնէ եւ ամրագրէ առնուազն համացանցով» (1), մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց: Քանի մը օրուան մէջ 500-է աւելի դիտում եղաւ կայքէջէս, չեմ գիտեր` որքա՞ն «Ազդակ»-ի կայքէջէն: Այնտեղ նշուած ընտանեկան ծառին միջոցով կը շարունակենք արծարծել այս էական նիւթը:

Իբրեւ ծագումնաբանութիւն կիրարկած եւ անհատական միջոցներով (ոչ միութիւն կամ ընկերութիւն), հաւանաբար ամենամեծ հայկական ընտանեկան ծառը պատրաստած, շուրջ 7 հազար անդամ գտած ու ամրագրած Վահէ Կիւզէլիմեանին հետ համացանցային հարցազրոյց մը ունեցայ իր «Կիւզէլիմեան ընտանեկան ծառ»-ի պատրաստութեան մասին, որպէսզի ուղեցոյց ծառայէ ընտանեկան ծառ չունեցողներուն, խիստ թելադրելի` ընտանեկան ծառ պատրաստելու համար: Անգլերէն հարցազրոյցը (2), որ կայքէջիս մէջ տեղադրեցի, թարգմանաբար կը ներկայացնեմ ստորեւ:

Այժմու սփիւռքահայերուն մեծ մասը Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուածներու սերունդէն են, որոնք համակարգուած ու ծրագրուած` զանգուածային սպանդի ու տեղահանութեան ենթարկուեցան օսմանեան, ապա քեմալական Թուրքիոյ կողմէ` 1894-էն մինչեւ 1915 եւ շարունակուելով մինչեւ 1923:

Բռնի տեղահանուած ընտանիքներէն փրկուածները, թուրք պետութեան կողմէ դաժանօրէն վտարուած իրենց բնօրրան հայրենի քաղաքներէն, գիւղերէն ու տուներէն, ցրուեցան աշխարհով մէկ, մեծամասնութիւնը` որբեր ու այրիներ, որոնց մէկ մասը առեւանգուեցաւ եւ վաճառուեցաւ թուրքերու, քիւրտերու կամ արաբներու: Փրկուածներուն մէջ ամբողջական ընտանիքները հազուագիւտ էին:

Այժմու սփիւռքահայերը Ցեղասպանութենէն ետք ծնած` երկրորդ, երրորդ կամ չորրորդ սերունդն են, որոնք, գոնէ` մեծ մասը, իրենց մօտիկ ազգականներէն տեղեակ չեն. առաջին, երկրորդ, երրորդ կամ չորրորդ զարմիկներ, որոնք տեղ մը կ՛ապրին, թերեւս նոյն քաղաքին մէջ, կամ` հազարաւոր քիլոմեթրեր հեռու: Հայրենիքէն ու բնական միջավայրէն հեռու` մեզմէ խլուած են նաեւ նախնիներու համայնքին, մշակոյթին ու աւանդութիւններուն պատկանելու զգացումը եւ իրաւունքը:

Այս կարեւոր պատճառներէն մէկն է, թէ ինչո՛ւ իւրաքանչիւր հայ պէտք է փնտռէ իր նախնիները, պատրաստէ իր տոհմածառը, որքան որ կարելի է` դէպի հին ժամանակներ, վերակենդանացնելով եւ հաստատելով իր նախնիներուն հետ պատկանելիութեան զգացումը, վերապրած ընտանիքներուն հետ կապը եւ հայրենի քաղաքը, գիւղը, տունը եւ գործի ասպարէզը, որ դաժանաբար ընտանիքէն խլուած ու գողցուած է:

1. Պարսումեանի գիրքին Այնթապի ինքնապաշտպանութեան քարտէսը` Հէյիկ փողոցէն Սողանլը Պուճաղ, որուն վրայ է մեր տունը` թիւ 24-ը:

Ընտանեկան ծառը ուղղակի ներդրում մը կ՛ըլլայ Հայ դատին` ընտանիքը տեղաւորելով իր արդար ու հարազատ բնակավայրին ու միջավայրին մէջ` քաղաք, գիւղ, տուն, պարտէզներ, հողեր, խանութներ գործատեղիներ ու հաստատութիւններ: Ես կրցայ գտնել իմ հօրենական մեծ հօրս տունը Այնթապի մէջ, «Կուկըլ քարտէս»-ի միջոցով, երբ հանգուցեալ հայրս մատնացոյց ըրաւ մեր տունը Այնթապի համայնապատկերի մը մէջ, որ բարեբախտաբար կը հաստատուի նաեւ Գէորգ Յ. Պարսումեանի «Պատմութիւն Այնթապի ՀՅ  Դաշնակցութեան 1898-1922» գիրքին մէջի ինքնապաշտպանութեան քարտէսով (3): Այս մասին երկու յօդուած գրած եմ «Ազդակ»-ին մէջ. «Հայութիւնը հողազուրկ դարձնող ցեղասպան Թուրքիայէն մեր ընտանեկան մասնակի իրաւունքներուն վերատիրանալու հօրս փորձը» 22 ապրիլ 2022-ին (4), եւ «Այնթապը, աքսորը, մնացողները, հերոսամարտը, «Արեւմուտքը» եւ «Կուկըլ աշխարհ»-ը 31 մարտ 2017-ին (5):

2. Նկար 1-ի Այնթապի նոյն թաղամասը «Կուկըլ» արբանեակով նկարուած 2024-ին, մեր տունը` վարը կեդրոնը` ճերմակ քառակուսիի մէջ:

Ահաւասիկ այսպիսի հայերէն է Վահէ Կիւզէլիմեանը, որ շուրջ երեսուն տարիէ ի վեր հետաքննիչ ոստիկանի մը նման կ՛աշխատի իր ընտանեկան ծառին վրայ` մանրակրկիտ կերպով բացայայտելով իր մօտիկ եւ հեռաւոր զարմիկները, անոնց կիներն ու ամուսինները եւ զաւակները, իրենց ծննդեան եւ մահուան թուականներով, գտնուած վայրով եւ, հնարաւորինս, դիմանկարով: Ան յայտնաբերած է, որ ես իր չորրորդ հեռաւոր զարմիկն եմ, ահա այսպէս.

https://mail.google.com/mail/u/0?ui=2&ik=dae677344e&attid=0.1.1&permmsgid=msg-f:1803311824106137062&th=1906a68cb71ba5e6&view=att&disp=safe.

Ուրեմն տեսնենք, թէ Վահէն ինչպէ՞ս պատրաստեց իր ընտանեկան ծառը:

«Շնորհակալ եմ, Վահէ, սփիւռքահայ իրականութեան եւ Հայ դատին քու կատարած արժէքաւոր ներդրումիդ համար, պատրաստակամութիւն յայտնելով խօսելու քու, իրականութեան մէջ նաեւ ի՛մ ընտանեկան ծառին պատրաստութեան մասին:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ի՞նչ էր դրդապատճառը, որ քեզ մղեց աշխատանքի սկսիլ ձեր ընտանեկան ծառին վրայ:

ՎԱՀԷ ԿԻՒԶԷԼԻՄԵԱՆ.- 1995-ին, երբ ես հանգստեան կոչուեցայ, ընկերներս ըսին, որ պէտք է ընտանիք կազմեմ կնոջս` Ատելին հետ: Մենք չէինք ուզեր երեխաներ ունենալ, այնպէս որ, որպէսզի իրենց տաղտուկէն ազատիմ, ըսի, որ կրնայ ըլլալ 1972-ին ծնած դուստր մը ունիմ արդէն: Ըսին, որ պէտք է զայն գտնեմ համացանցին միջոցով: Ուստի գտայ անոր մայրը, բայց` ոչ աղջիկս: Աղջիկս գտնելու եւ իմ ընտանեկան ժառանգութիւնս հաստատելու համար որոշեցի պատրաստել ընտանեկան ծառս բոլոր այն մարդոց, որոնց հետ նոյն ծիները կը բաժնեկցիմ:

3. Վահէ Կիւզէլիմեան: 4. Ձախէն աջ՝ Վահէին մեծ հայրը՝ Ներսէս Կիւզէլիմեան, Խաչեր Կիւզէլիմեան (Ներսէսին եղբայրը),
Միհրան Իշխանեան, Լուտեր Կիւզէլիմեան (Ներսէսին եղբայրը)։ Լուսանկարուած շատ հաւանաբար Այնթապի մէջ։

Հ.- Ընտանեկան ծառդ պատրաստելու աշխատանքին ե՞րբ սկսար:

Վ. Կ.- Նոյեմբեր 1995-ի շուրջ:

Հ.- Առաջին քայլդ ի՞նչ էր:

Վ. Կ.-  Բոլոր մօտիկ ազգականներէս խնդրեցի ներկայացնել թուղթի վրայ արձանագրուած իրենց տոհմածառերը, օրագրերն ու կենսագրութիւնները, որոնք ունէին: Բախտաւոր էի, որ ստացայ քանի մը շատ մանրակրկիտ այդպիսի տոհմածառեր:

Հ.- Ո՞ր փուլին որոշեցիր երթալ մինչեւ վերջ եւ հնարաւորինս հնագոյն նախնիներ գտնել:

Վ. Կ.- Անմիջապէս, երբ առաջին թուղթի վրայ գրուած տոհմածառը ստացայ:

Հ.- Սկիզբէ՞ն սկսար օգտագործել տոհմածառի համակարգչային ծրագրեր, թէ՞ նախ թուղթի վրայ` սեւագրութիւններով սկսար:

Վ. Կ.- Սկիզբէն համակարգիչ օգտագործեցի: Երբե՛ք թուղթի վրայ չաշխատեցայ:

Հ.- Համակարգչային պատրաստութիւն` ենթահող ունի՞ս: Արդեօք գործի ասպարէզդ ի՞նչ է:

Վ. Կ.- 1983-էն արդէն համակարգչային պատրաստութիւն ունիմ, համակարգիչ գործածելու երեք գիրքեր գրած եմ: Ես գործատէր էի եւ իմ հիմնած ընկերութիւնս կը վարէի: 1995-ին հանգստեան կոչուեցայ:

Հ.- Առաջին անգամ ո՞ր ընտանեկան ծառի ծրագիրը` software գործածեցիր եւ այժմ ո՞ր ծրագիրը կը գործածես:

Վ. Կ.- Առաջինը` Family Tree Maker-ն էր: Վերջը` 1998-ի շուրջ, փոխանցում կատարեցի Reunion-ին, որ մի՛այն Էփըլի` Mac-ի վրայ կ՛աշխատի: Այժմ մի՛այն Reunion եւ ancestry.com կը գործածեմ: (Այս երեքը վճարովի են, եւ աւելի կատարեալ, սակայն կան նաեւ շատ մը ձրի ծրագիրներ, https://www.familysearch.org/en/family-tree/-ի նման, որ նաեւ կ՛օգտուի պետական տոմարէն եւ այլ ծառերէն – ՅՉ):

Հ.- Հայկական ազգագրական ընկերութիւններու, խումբերու հետ կապ հաստատեցի՞ր, եթէ` այո, որո՞նց հետ եւ օգտակար եղա՞ն անոնք:

Վ. Կ.- Սկիզբը` ոչ, քանի որ գոյութիւն չունէին: Սակայն կը հետեւիմ Դիմատետրի խումբերուն, օրինակ` Այնթապի հայերը, Armenians of Aintab-ին: Մեր գերդաստանին վերաբերեալ ցարդ որեւէ օգուտ չեմ քաղած այդ խումբերէն:

5. Կիւզէլիմեան ընտանիքը: 6. Կիւզէլիմեան եւ Իշխանեան ընտանիքներ:

Հ.- Ե՞րբ որոշեցիր քու ծիներդ քննել, սկիզբէ՞ն, թէ՞ աշխատանքային որոշ փուլի մը:

Վ. Կ.- Ծինային` DNA քննութիւնս կանուխէն կատարեցի, 2008-ի սկիզբը, familytreedna.com-ի միջոցով: Ապա 23andme-ի եւ վերջապէս` ancestry.com-ի մօտ: Ծինային քննութեան ենթարկած եմ նաեւ ազգականներէս շատերը: Արդիւնքներուն մեծ մասը հրատարակած եմ gedmatch.com կայքէջին մէջ:

Հ.- Կրնա՞ս լուսաբանել, թէ ի՛նչ է ծինային քննութիւնը, քիչ գաղափար ունեցողներուն համար:

Վ. Կ.- Հիմնական քննութիւնը «autosomal DNA» կը կոչուի, որ կը քննէ ընդհանուր ծինային համապատասխանութիւնը` DNA match, առանց յայտնելու` հօրենակա՞ն է, թէ՞ մօրենական: Կրնաս նաեւ Y-DNA-ի քննութիւն կատարել, որ հօրենական իրար յաջորդող արու նախնիներուն հետքը կը գտնէ, եւ` mtDNA-ը, որ մօրենական քննութիւնն է, որ շատ աւելի հին ժամանակներ կ՛երթայ, քան` առաջինը: Բոլոր այս ընկերութիւնները կը գուշակեն ազգութիւնդ եւ կը հայթայթեն շարք մը նմանող, համապատասխանող անձերու անունները եւ տուեալները, ծիներուդ հետ ամենաշատ նմանութիւն ունեցողներու շարքով: Կարգ մը ընկերութիւններ` 23andme-ի եւ ancestry.com-ի նման, նաեւ կը յայտնեն որոշ ժառանգական հիւանդութիւններու վտանգի հակամէտ ըլլալդ:

Հ.- Ծինային քննութեանդ ամենակարեւոր արդիւնքը ի՞նչ էր:

Վ. Կ.-  2017-ին աղջիկս գտայ ancestry.com-ի միջոցով:

Հ.- Ծինային քննութիւնը օգնե՞ց, որ նոր ազգականներ գտնես:

Վ. Կ.- Այո՛, շա՜տ շատեր: Քննութիւնը օգնեց, որ գտնեմ ընտանիքիս շատ մը ճիւղերը, որոնք կորսուած էին: Կրցայ հազարաւոր անձեր աւելցնել, որոնց մասին երէց ազգականներս տեղեակ չէին: Այժմ շուրջ 7000 զարմիկներ ունիմ, որոնք ծինային ազգականներս են, կամ` անոնց կիներն ու ամուսինները:

(Միացեալ Նահանգներու մէջ 1960-էն սկսեալ նորածինները ծինային քննութեան կ՛ենթարկուին պետութեան կողմէ (6)` որոշ հիւանդութիւններ կանխարգիլելու համար, կարգ մը նահանգներու մէջ` պարտադիր: Այս պատճառով ազգական գտնելը աւելի դիւրին է այնտեղ, թէեւ այդ արդիւնքները չեն հրապարակուիր – ՅՉ):

Հ.- Հայ եկեղեցւոյ տոմարները օգտագործա՞ծ ես:

Վ. Կ.- Այո՛, մանաւանդ` Գահիրէի եկեղեցւոյ:

Հ.- Գահիրէ՞ վերադարձար, որպէսզի եկեղեցւոյ տոմարները պրպտես:

Վ. Կ.- Ո՛չ, Գահիրէ չգացի, թէեւ իմ փափաք-ծրագիրիս մէջն է երթալ: Եգիպտոսի ազգականներս ըրին այդ մէկը եւ հայթայթեցին շարք մը տեղեկութիւններ:

Հ.- Կրցա՞ր օգտուիլ օսմանեան կամ թրքական արխիւներէն, եթէ` այո, ինչպէ՞ս:

Վ. Կ.- Ո՛չ:

Հ.- Այլ պետական արխիւներ օգտագործեցի՞ր` սուրիական, լիբանանեան, ամերիկեան եւ այլն:

Վ. Կ.- Ո՛չ: Միայն ծննդեան, ամուսնութեան եւ մահուան վաւերագրեր, որոնք գտայ ancestry.com-ի միջոցով: Անոնց աղբիւրը որեւէ երկրէ կրնայ ըլլալ, ներգաղթի առթիւ դիմումի, կամ` Ամերիկա մտնելու արձանագրութիւններուն մէջ:

Հ.- Այլ հրապարակուած (կամ ոչ) հայկական ընտանեկան ծառեր կայի՞ն, որոնք օգնեցին, որ նոր ազգականներ գտնես: Կրնա՞ս նշել քու ընտանեկան ծառիդ նմանները, որոնք համացանցով հասանելի են:

Վ. Կ.- Թուելու համար շա՜տ շատ են: Իմս ամենամեծն է եւ ամբողջականը, սակայն եթէ հայկական անուններ որոնես ancestry.com-ի մէջ, շատ մը ծառեր պիտի գտնես` այլ ծագումնաբաններու կողմէ հրապարակուած: Ահա իմ ancestry.com-ի էջս. https://www.ancestry.com/family-tree/tree/85353802/family?cfpid=34515883036  պէտք է անդամագրուիս, որ կարենաս դիտել, որ կարեւորութեամբ կը յանձնարարեմ:

Հ.- Այս չափազանց կարեւոր եւ բծախնդիր աշխատանքը կատարելէ ետք, յետադարձ հայեացքով, ինչպէ՞ս պիտի սկսէիր ընտանեկան ծառ մը կազմել: Ի՞նչ խորհուրդ կու տաս այն մարդոց, որոնք իրենց տոհմածառը կ՛ուզեն կազմել:

Վ. Կ.- Նախ` հաւաքել բոլոր թուղթէ ընտանեկան վաւերագրերը, ընտանեկան Աստուածաշունչին մէջի արձանագրութիւնները, կենսագրութիւնները եւ այլն: Ամենակարեւորը` նախնիներուն մասին երէց անդամներուն վկայութիւնները արձանագրել ապագային համար: Նաեւ` երէց անդամները ծինային քննութեան ենթարկել, քանի որ անոնց ծիները աւելի ճշգրիտ են, քան` անոնց զաւակներունը: Անմիջապէս որ արդիւնքներ ստացուին, համակարգչային ծրագիրի մը մէջ մտցնել

ancestry.com-ի մէջ, կամ այլ ծրագիրով:

Հ.- Կ՛ուզե՞ս այլ բան աւելցնել:

Վ. Կ.- Ահա ընտանեկան ծառիս համացանցային կապը. www.guzelimiantree.com: Շնորհակալութիւն` այս հարցազրոյցին համար:

Հ.- Շատ շնորհակալ եմ Վահէ, այս արժէքաւոր տեղեկութիւններուն համար:

Ահա երկու յօդուածներ եւս Կիւզէլիմեան ընտանիքին մասին «Հետք»-ին եւ «Յուշամատեան»-ին մէջ.

https://hetq.am/hy/article/99429 ,  https://www.houshamadyan.org/arm/oda/americas/guzelimiancollection-ranchosantafe.html

7. Այնթապի մեր տունը, ինքնաշարժին ետին` փլած եւ պատ քաշուած, Սողանլը Պուչաղ փողոցին վրայ հաւանաբար ձախին փլատակէն այժմու Քերիմ փուռը ներառեալ, վերը ձախին կ՛երեւի թիւ 24-ը, 9-7-2024:
8. Այնթապի ճիշդ մեր տան դիմաց կանգուն մնացած ու լքուած հայրենի հին տուն մը: (Տարօրինակ շուքը` վերը կլոր, կը պատկանի Կուկըլի նկարող սարքին):

Ահաւասիկ իմ գործնական օրինակս` «Իւրաքանչիւր սփիւռքահայ իր ընտանեկան ծառը եւ պապենական բնօրրանն ու տոհմը, տունը, Կիլիկիոյ կամ Արեւմտահայաստանի մէջ պէտք է փնտռէ, գտնէ եւ ամրագրէ առնուազն համացանցով» կրցայ իրականացնել «Կուկըլ» արբանեակային նկարի միջոցով, մեր տան եւ դիմացի կանգուն մնացած հին հայկական տունը վերեւ կը ներկայացնեմ: Նախախնամութեան զուգադիպութեամբ մը այս փողոցին մէջ մեր տունը այժմ նաեւ թիւ 24 թիւը կը կրէ, վերոնշեալ Պարսումեանին քարտէսին նման…

9 յուլիս 2024

haroutchekijian.wordpress.com 

  1. https://www.aztagdaily.com/archives/617986
  2. https://haroutchekijian.wordpress.com/2024/07/05/the-story-of-a-family-tree/
  3. «Պատմութիւն Այնթապի ՀՅ Դաշնակցութեան 1898-1922» խմբագրութեամբ Գէորգ Յ. Պարսումեանի, «Զաւարեան» Միութեան հրատարակութիւն, տպարան Տիգրիս, 1957, Հալէպ, էջ 272-273: Գիրքին փի տի էֆ-ը կարելի է ներբեռնել այստեղէն. https://docs.google.com/file/d/0B1uabD40syizOXo5cHNGZ01rbk0/edit
  4. https://www.aztagdaily.com/archives/544349
  5. https://haroutchekijian.wordpress.com/2017/04/24/այնթապը-աքսորը-մնացողները-հերոսամարտ/
  6. http://edition.cnn.com/2010/HEALTH/02/04/baby.dna.government/index.html
Նախորդը

Գաղութէ – Գաղութ

Յաջորդը

«Փրեմիեր Լիկ»-ի 2023-2024 Տարեշրջանի Լաւագոյն Մարզիկի Թեկնածուները

RelatedPosts

Ո՞վ  Է Կոմիտասը
Անդրադարձ

Ո՞վ Է Կոմիտասը

January 13, 2026
Ո՞վ Պիտի Յաջորդէ Կոմիտասին
Անդրադարձ

Մարդ, Որ Լեռները Կը Քալեցնէր

January 13, 2026
Թուրքիոյ Կողմէ Ազգային Փոքրամասնութիւններու Հալածանքները 1930-1941 Թուականներուն
Անդրադարձ

Թուրքիոյ Կողմէ Ազգային Փոքրամասնութիւններու Հալածանքները 1930-1941 Թուականներուն

January 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.