Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար «Կեանքը Ապրիլ Պիտի Սորվինք…»

Օգոստոս 14, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Քանի մը օր առաջ ֆէյսպուքեան թափառումներուս մէջ հանդիպեցայ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի վերի բանաձեւումին, որ իբրեւ եզրայանգիչ խտացում, կը ներկայացնէր ան իր ունկնդիրներուն` բացատրելով, թէ ինչո՛ւ ինք կը հետապնդէ խաղաղութեան իր օրակարգը: Ըսելէ ետք, թէ պատմութեան մէջ մեր կեանքը եղած է անարդիւնք մաքառում` ի խնդիր անիրականանալի երազանքներու, որոնք պատճառ դարձած են մեր անվերջանալի տառապանքներուն: Մեր կեանքը եղած է մշտատեւ պայքար մը` տեսլականներու համար, որոնք կապ չունին իրականութեան հետ եւ յաջողութեան ոչ մէկ հիմք ունեցած են: Եւ ի վերջոյ կը յանգէր վերի խորագիրին` «Կեանքը ապրիլ պիտի սորվինք…», խաղաղութեան մէջ, առանց քաղաքական պայքարի ու սին երազանքներու եւ այլն: Ահա անոր խօսքերուն միտք բանին:

Ի՜նչ իտէալ, ի՜նչ նպատակ, ի՜նչ վեհ գաղափարներ ու պայքար: Հայաստանի վարչապետը «Կեանքը ապրիլ պիտի սորվինք»-ով ըսել կ՛ուզէր, որ խաղաղութեան օրակարգը պիտի ստեղծէ այնպիսի երկիր, որուն պայմաններուն մէջ քաղաքացիները հանգիստ պիտի հետամտին միայն ուտելու-խմելու եւ հաճոյանալու… Կեանքը վայելելու: Այսինքն` դառնալու «ստամոքսային գազան», ինչպէս որ պիտի սիրէր ըսել իմ հանգուցեալ ու «ամէնուն ուսուցիչը»` Գէորգ Գանտահարեան:

Չեմ գիտեր, թէ որքա՛ն յաջող հռետոր կարելի է համարել Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը: Բայց ըստ ինծի, ան լաւ որսորդ է հռետորութեան, եթէ չհաշուենք, որ ունկնդիրները իրեն կողմնակից ունենալու փորձը յաճախ զինք կը յանգեցնէ լեզուական ճամարտակութեան, ինչ որ ներկայ պարագային էր: Իր այդ խօսքին մէջ անուղղակի կ՛աղաւաղէր բառերու իմաստն ու էութիւնը` ներկայացնելով այնպէս, որ պայքարը կը նշանակէ պատերազմ, նպատակը` երազանք, իսկ իտէալը` կեանքի իրականութեան հակադրուող անիրատեսութիւն: Ասոնք են եղած պատճառը մեր դժբախտութիւններուն եւ այլն, եւ այլն…

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը իր ըսածներուն կը հաւատա՞ր, թէ՞ գիտակցաբար կ՛աղաւաղէր բառերու իմաստը, որպէսզի մոլորեցնէ Հայաստանի քաղաքացիները` յուսալով կողմնակից դարձնել զանոնք իր կատարած զիջումներուն: Չեմ գիտեր` կը յաջողէր, թէ ոչ: Բայց առնուազն զարմանալի էր, որ Հայաստանի վարչապետը լրագրողի իր կոչումով, փոխանակ պայքարի կամքով, ազգային նպատակներով ու անկատար տենչերով զինելու իր քաղաքացիները, այսպէս, առ ոչինչ կը համարէ վեհ գաղափարներ, որոնք հազարամեակներու կրթադաստիարակչական հսկայ ճիգերով կը շարունակեն զսպել մարդուն մէջ ուտել-խմել ու միայն հաճոյանալու գազանային ընդոծին հակումը, որպէսզի մարդը առաւել մարդանայ մարդու յատուկ ստորոգելիներով: Ի վերջոյ, լրագրական ասպարէզն ալ հանրութիւնը դաստիարակելու պարտականութեամբ յատկանշուած չէ՞:

Վա՜յ այն սոսկական մարդուն եւ ազգերուն, որոնք անկատար տենչեր չունին, թէկուզ անոնք ըլլան անիրականանալի… Այդպիսիները իրենց կեանքի շրջափուլը աւարտած կը սեպուին:

Աթէնք, 12 օգոստոս 2024

 

Նախորդը

Տեսակէտ. «Իրաւ Մտաւորական»-ը՝ Երէկ Եւ Այսօր …

Յաջորդը

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?