Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Զրոյց` Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգ. Ժողովի Պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեանի Հետ
Կազմակերպութեամբ ՍՕԽ-ի դաստիարակչական յանձնախումբին, 26 յուլիսին «Արամ Մանուկեան» ժողովրդային տան «Լեւոն Շանթ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՍՕԽ-ի նստավայրի մասնաճիւղերու եւ յանձնախումբերու անդամներուն առցանց հանդիպում-զրոյցը` Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Լիլիթ Գալստեանի հետ: Զրոյցի նիւթն էր` «Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքն ու արտաքին մարտահրաւէրները»:
Մասնաճիւղի ատենապետ Զեփիւռ Մուղալեան, բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, յայտնեց, որ Հայաստանի եւ Արցախի վիճակին շուրջ հալէպահայութեան մտահոգութիւնն ու հարցերուն մօտէն իրազեկ դառնալու կարեւորութիւնը նկատի ունենալով` յանձնախումբը կազմակերպեց նման հանդիպում մը Լիլիթ Գալստեանին հետ:
Օրուան զրուցավար Մարալ Սեմերճեան ներկայացուց Գալստեանի կենսագրական գիծերն ու քաղաքական գործունէութիւնը, որմէ ետք առցանց կապ հաստատուեցաւ Լիլիթ Գալստեանին հետ:
Գալստեան նախ բարեմաղթութիւններ ուղղեց սուրիահայութեան` նկատի ունենալով Սուրիոյ քաղաքական եւ յատկապէս տնտեսական ու կենցաղային ծանր պայմանները, ապա շեշտեց, որ սուրիահայութիւնը հայութեան պայքարող տեսակն է եւ ամէն դժուարութիւն յաղթահարելու կամքով ու կորովով օժտուած աշխատունակ համայնք է:
Այնուհետեւ ան ներկայացուց իր զեկոյցը Հայաստանի ներքաղաքական զարգացումներուն շուրջ, անդրադարձաւ` իշխանութիւն-դիմադրութեան շարժում տեսակէտներու եւ գործելաոճի տարբերութեան, ազգային քաղաքականութեան կարեւորութեան եւ ներկայ իշխանութիւններու զիջողական արտաքին քաղաքականութեան: Ապա անդրադարձաւ` արցախեան 44-օրեայ պատերազմէն ետք Ազրպէյճանի վարած ցեղասպանական քաղաքականութեան, Արցախի բնակչութեան տեղահանութեան ու հայկական հետքերու բնաջնջման ծրագրեալ աշխատանքին:
Գալստեան շեշտեց, որ ներքին թէ արտաքին մարտահրաւէրները դիմագրաւելու համար անհրաժեշտ է Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեան պահպանումը եւ մեր ուժերու գերլարումը, որպէսզի կարելի ըլլայ պաշտպանել Հայաստանն ու հայ ժողովուրդի ազգային շահերը, վերականգնել արցախահայութեան իրաւունքները: Ապա անդրադարձաւ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումին նպատակին եւ ապրած զարգացումներուն:
Գինեձօն` Նարեկ Վրդ. Լուիսեանի «Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածին» Գիրքին
11 օգոստոսին Քեսապի Ս. Միքայէլ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Նարեկ վրդ. Լուիսեանի «Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածին» նորատիպ գիրքին գինեձօնը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Րաֆֆի Ճուրեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, ըսաւ, թէ Մարիամ եղած է շատ մը գրագէտներու ներշնչարան եւ մեր բոլորին սիրոյ անսպառ աղբիւր, աւելցնելով, որ մենք` իբրեւ հաւատացեալներ, բախտաւոր ենք ունենալով երկու մայրեր` մեր ֆիզիքական մայրը եւ մեր երկնային սիրամայրը: Նորատիպ գիրքին ներկայացումը կատարեց Քեսապի հայ կաթողիկէ Բարեյուսոյ վարժարանի երկարամեայ տնօրէն Սալբի Թիթիզեան, որ անդրադարձաւ գիրքին իւրաքանչիւր բաժինին` նկատել տալով, որ Նարեկ վրդ. Լուիսեան սոյն գիրքը հրատարակած է իր մարեմասէր մօր յիշատակին, իր քահանայական ձեռնադրութեան 25 եւ Զմմառու վանքի հիմնադրութեան 275 տարեդարձներուն առիթով: Սալբի Թիթիզեան օրինակներ մէջբերելով` մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ գիրքին առաջին բաժնի հինգ գլուխներուն մասին, որ կը կրէր «Մարիամ Կոյսը Սուրբ Գիրքին մէջ» խորագիրը եւ ներկայացուց նաեւ «Հայոց Զմմառավանքը եւ Ցաւագին Տիրամայրը» խորագիրը կրող երկրորդ բաժինը: Ապա ընթերցեց նորատիպ գիրքէն առնուած Պարոյր Սեւակի «Բարեխօս եղիր իմ եւ իմ միջեւ» քերթուածը:
Ուսուցիչ, պատմաբան, ազգագրագէտ եւ բանասէր Յակոբ Չոլաքեան խօսք առնելով, խօսեցաւ Ս. Աստուածածնայ եւ Քեսապի անքակտելի կապին մասին` նշելով բազմաթիւ եկեղեցիները, որոնք կը կրեն Ս. Աստուածածին անունը: Ան նաեւ պատմական ակնարկ մը նետեց Քեսապի մէջ տեղի ունեցած Աստուածածնայ տօնակատարութեան մասին եւ բացատրական մը տուաւ «Գինեձօն»-ի արարողութեան եւ անոր ծագման մասին:
Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Աւարտին տեղի ունեցաւ գինեձօն, որմէ ետք շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ Նարեկ վրդ. Լուիսեան, եւ ապա եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ մակագրեց գիրքերը:
Իրան
Զօրի Դաւոյեան Երիտասարդ Բնագէտը` Փայլուն Ասպարէզի Նախասեմին
Քեմպրիճի համալսարանի բնագիտական ամպիոնին մէջ, ուր ժամանակին աշխատած են` Ժոզեֆ Ճան Թոմսոն, Էրնեսթ Ռազերֆորտ, Ճէյմզ Քլարք Մաքսուել, Սթիվըն Հոքինկ եւ բազմաթիւ այլ աշխարհահռչակ բնագէտներ, այսօր կը գործէ Զօրի Դաւոյեան: Ան ծնած է Թեհրան, 1997-ին, յաճախած է Երեւանի Ա. Պուշկինի անուան հանրակրթական դպրոցը, իսկ միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է Միացեալ Թագաւորութեան Պետֆորթ պատմական դպրոցին մէջ: Դպրոցը աւարտելէն ետք ընդունուած է Լոնտոնի Իմփերիալ համալսարանի բնագիտական ամպիոնի տեսական բնագիտութեան բաժանմունքին մէջ, սակայն վերադարձած է Հայաստան` կատարելու իր պարտադիր զինուորական ծառայութիւնը հայոց բանակին մէջ: Ծառայութիւնը աւարտելէն ետք սկսած է իր համալսարանական կրթութիւնը Լոնտոնի Եու. Սի. Էլ համալսարանին մէջ: Պսակաւոր գիտութեան կրթութիւնը աւարտած է յատուկ կարգավիճակով` առաջին դիրքը գրաւելով եւ ներառուելով համալսարանի նախագահի պատուոյ (Dean՛s List) ցանկին մէջ:
Այս առիթով ուսողութեան եւ բնագիտութիւններու բաժանմունքի նախագահ փրոֆ. Այւըն Փարքին Զօրի Դաւոյեանին ուղղած է նամակ մը, որուն մէջ շնորհաւորած է զայն եւ` գոհունակութեամբ տեղեկացուցած, որ ան ընդգրկուած է 2022 թուականի նախագահի յատուկ ցանկին մէջ: «Ասիկա պատիւ է, որ ամէն տարի կը շնորhուի միայն փոքրաթիւ ուսանողներու` գնահատելու անոնց գերազանցութիւնը, իրենց ուսումնասիրած ասպարէզին մէջ»:
Այնուհետեւ Զօրի Դաւոյեան ընդունուած է Քեմպրիճի համալսարանի բնագիտութեան բաժին եւ իր մագիստրոսի գիտական աստիճանը ստացած է 2024-ին: Այժմ նոյն համալսարանի կողմէ հրաւիրուած է աշխատելու դոկտորական աւարտաճառի վրայ, որուն համար իրեն տրամադրուած է համապատասխան ֆինանսաւորում:
Առաջին գիտական յօդուածը հրատարակութեան յանձնած է 2023-ին, երբ դեռ չէր աւարտած մագիստրոսի աստիճանը: Յատկանշական է, որ ըլլալով չորս հեղինակներէն կրտսերագոյնը` Դաւոյեան կը համարուի յօդուածին գլխաւոր հեղինակը: Յօդուածը լոյս տեսած է 2024-ի ապրիլին, Միացեալ Նահանգներու մէջ հրատարակուող «Ֆիզիքըլ Ռիվիու» հեղինակաւոր ամսագիրին մէջ: Այս կապակցութեամբ, իր մագիստրոսի աւարտաճառի պաշտպանութեան քննական յանձնաժողովի նախագահ Ռ. Բարնետ գրած է, որ աւարտաճառի երրորդ գլուխը կը ներկայացնէ սեփական հետազօտութիւններու արդիւնքները: Հարկ է նշել, որ ան հիմք հանդիսացած է ծանրակշիռ հրատարակութեան մը համար, որ արտասովոր ձեռքբերում է մագիստրոսի աստիճանի աւարտաճառի համար: Դաւոյեանին համահեղինակած երկրորդ գիտական յօդուածը նոյնպէս անցած է գրախօսութեան եւ խմբագրման փուլերը եւ շուտով լոյս կը տեսնէ «Ֆիզիքըլ Ռիվիու» ամսագիրին մէջ:
Յայտնենք, որ Զօրի Դաւոյեան որդին է հայ մեծանուն բանաստեղծ Ռազմիկ Դաւոյեանի եւ թոռը` իրանահայ ծանօթ մտաւորական Հարփիկ Թամրազեանի:
Ուրմիոյ Պետական Բարձրաստիճան Գործիչները Այցելեցին Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդին
29 յուլիսին Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր արք. Չիֆթճեան Ազգային առաջնորդարանի «Էմիլ Յակոբեան» դահլիճին մէջ ընդունեց Ուրմիոյ պետական բարձրաստիճան գործիչներ, որոնց շարքին` ուրմիահայ ազգային բարերար Էդիկ Մեջլումեանը եւ Գործակալական խորհուրդի ատենապետ Վանիկ Յակոբեանը: Հանդիպումին ներկայ էին` Թեմական խորհուրդի ատենապետ Գագիկ Ճորճեանը, անդամներ Ալեն Սայեադեանը եւ Հենրիկ Աբրահամեանը:
Սրբազան հայրը բարի գալուստ մաղթեց բարձրաստիճան հիւրերուն` Մշակոյթի հաստատութեան ընդհանուր տնօրէն Նորուզիի, Փոքրամասնութիւններու գրասենեակի պատասխանատու Միրսատրի եւ ընդհ. փոխանորդ Իսմայիլզատէի, ինչպէս նաեւ` պետական բարձրագոյն կառոյցներու բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան թեմի արեւմտեան շրջանին առնչուած նիւթեր, առաջարկուեցան լուծումներ, նաեւ միջոցներ` համայնքի կեանքը ծաղկեցնելու համար:
Թեմական խորհուրդի անդամները մանրամասնութիւններ ներկայացուցին ներքին աշխատանքներու մասին, որոնք կալուածային եւ շինարարական կարեւոր ներդրումներ են Ատրպատականի թեմի արեւելեան եւ արեւմտեան շրջաններուն համար:
Սրբազան հայրը բարձր գնահատեց Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան ներդրումը յատկապէս փոքրամասնութիւններու կեանքին մէջ: Ան նշեց բարերար Էդիկ եւ Սանտրա Մեջլումեան ամոլին մնայուն նուիրաբերումները Իրանի եւ հայ համայնքին, դպրոցներու կառուցումներով եւ հայ համայնքի կառոյցներուն հոգածութեան վերաբերեալ:
Հանդիպման աւարտին հրաւիրեալները յիշատակի նուէրներ յանձնեցին սրբազան հօր: Ապա անոնք առիթը ունեցան շրջագայելու Ազգային առաջնորդարանի բաժանմունքներուն մէջ:
Միացեալ Նահանգներ
Պոլսահայ Միութեան Մէջ Մտերմիկ Զրոյց Կլոր Սեղանի Շուրջ` Պատմաբան Դոկտ. Մելինէ Անումեանի Հետ
Չորեքշաբթի, 7 օգոստոս 2024-ին պատմաբան դոկտ. Մելինէ Անումեան Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան երդիքին տակ ունեցաւ հանդիպում-զրոյց:
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր միութեան մշակութային յանձնախումբին կողմէ: Ներկայ էին միութեան անդամներ եւ հիւրեր:
Պատմաբան Անումեան շեշտեց երիտթուրքերու դատավարութիւններու դատական արձանագրութիւններու բացառիկ կարեւորութեան մասին եւ աւելցուց, որ թուրք առաջնորդները փաստագրած են Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքը թրքական պաշտօնական արձանագրութիւններուն մէջ եւ այդ օրերուն լոյս տեսնող պարբերականներու մէջ:
Անումեան յայտնեց, որ թրքական կառավարութիւնը որոշած էր պաշտօնապէս դատապարտել Ցեղասպանութեան հեղինակները եւ մասնակիցները` յուսալով, որ կրնայ թեթեւցնել անոնց պատիժը կամ ազատել զանոնք: Բանախօսը ըսաւ, որ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը չճանաչելու պատճառներէն մէկը այն է, որ Թուրքիոյ բազմաթիւ, այսպէս կոչուած, «հերոսներ» մեղաւոր եղած են Ցեղասպանութեան մէջ:
Զեկուցումին ընթացքին բացատրութիւններ տրուեցաւ նաեւ 1919-21 տեղի ունեցած երիտթուրքերու բոլոր դատավարութիւններուն մասին, որոնք օսմաներէնէ թարգմանուած են դոկտ. Մելինէ Անումեանին կողմէ:
Այնուհետեւ պատմաբանը հանգամանօրէն պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն եւ առաջարկներուն:
Նշենք, որ դոկտ. Անումեան կատարած է շատ մը թարգմանութիւններ, եղած է թրքերէն հաղորդումներու թարգմանիչ եւ հաղորդավար, դասախօսած է թուրք գրականութիւն, նաեւ աշխատակցած է զանազան ցեղասպանագիտական հանդէսներու մէջ:
Հանդիպում-զրոյցէն ետք, ի պատիւ դոկտ. Անումեանի, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութեան մտերմիկ ընդունելութիւն մը, որուն ընթացքին արտայայտուեցան սրտի խօսքեր եւ բարեմաղթութիւններ:
Արժանթին
«Deportivo Armenio» Ֆութպոլի Ակումբի` Ազնաւուրին Նուիրուած Մարզաշապիկին Շնորհահանդէսը
Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան 100-ամեակին առիթով Պուէնոս Այրեսի մէջ տեղի ունեցած է «Deportivo Armenio» ֆութպոլի հայկական ակումբի` Ազնաւուրին նուիրուած մարզաշապիկին շնորհահանդէսը:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած են Արժանթինի մէջ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի դեսպաններ` Յովհաննէս Վիրաբեան եւ Ռոմեն Նատալ, ինչպէս նաեւ` ակումբի նախագահ Լուսիանօ Նագիս: Սփռուած է Ազնաւուր հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Նիքոլա Ազնաւուրի տեսաուղերձը:
Տուտուկահար Գագիկ Գասպարեանի կատարողութեամբ հնչած են ազնաւուրեան մեղեդիներ:
Արարողութեան ներկայ եղած են` դիւանագէտներ, բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, մշակութային գործիչներ եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:
Վրաստան
«Ջաւախքի Գարուն» Երգի–Պարի 14-րդ Մրցոյթ–Փառատօնը
Օգոստոս 9-ին Ախալքալաքի մէջ տեղի ունեցաւ «Ջաւախքի գարուն» երգի-պարի 14-րդ մրցոյթ-փառատօնը` մասնակցութեամբ 27 համոյթներու: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ցոյց տուաւ իր հմտութիւնները, տարբեր տարիքի երեխաներ ներկայացուցած են թէ՛ հայկական, թէ՛ վրացական պարեր: Բեմէն հնչած են նաեւ ժողովրդական մեներգներ: Փառատօնին ներկայ եղան` տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներ, մշակութային գործիչներ, երեխաներու ծնողները, մտերիմներն ու ընկերները:
Ախալքալաքի միացեալ ակումբներու տնօրէն Աշուղ Ալիք Ջաւախք շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքապետարանին` փառատօնի կազմակերպութեան նիւթապէս աջակցելուն համար:
Աւարտին դատակազմը յայտարարեց մրցոյթը շահողներուն անունները. «Պար» անուանակարգին մէջ գլխաւոր մրցանակը ստացաւ «Խանդօ» գիւղի համոյթը, իսկ «Երգ»-ինը` Անի Թորոսեան:




