ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ
Զաւէն Խանճեան` Հայց. աւետարանական եկեղեցւոյ կարկառուն աշխարհական ղեկավարներէն մէկը, այս աշխարհէն երկինք փոխադրուեցաւ ուրբաթ, 9 օգոստոս 2024-ին:
Հանգուցեալին հետ ունէի 45 երկար տարիներու բարեկամութիւն մը: Ան իր անձին մէջ կը խտացնէր նկարագրի ազնուագոյն տարրերու ներկայութիւն մը: Իր բազմաբեղուն վաստակը այնքան ծաւալուն է, որուն անդրադառնալը անկարելի պիտի ըլլայ այս մահագրութեան էջերու սահմաններուն մէջ: Այսուհանդերձ, ստորեւ սեղմ ու ամփոփ տողերու մէջ կու տանք անոր կենսագրականն ու նկարագիրի բարեմասնութիւնները:
Զաւէն Խանճեան ծնած է Հալէպ, Սուրիա, 1944 թուականին: Մեծցած է Հալէպի Էմմանուէլ Հայ աւետ. եկեղեցւոյ մէջ: Կանուխէն գործօն դեր ունեցած է պատանեաց եւ երիտասարդաց խումբերու մէջ: Երկրորդական եւ քոլեճական ուսումը ստացած է Հալէպ քոլեճին մէջ, ապա աւարտած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը (AUB)` արժանանալով պսակաւոր արուեստից տիտղոսին` առեւտրական վարչագիտութեան մէջ:
1967-1979 աշխատած է Արաբական ծոցի երկիրներու մէջ, ուր պատասխանատու պաշտօններ վարած է թէ՛ իր գործին մէջ եւ թէ՛ իր ապրած երկիրներու հայկական շրջանակներու մէջ:
1973-ին ամուսնացած է Սոնա Քէլլիկեանին հետ: Աստուած օրհնած է այս ամոլը երեք զաւակներով, որոնք իրենց կարգին բազմացուցած են ընտանիքը 6 թոռներով:
1979-ին ընտանեօք փոխադրուած է Քալիֆորնիա եւ կալուածներու առուծախի գործով զբաղած է, միայնգամայն գործօն դեր ունեցած է գաղութի եկեղեցական, կրթական եւ հասարակական կեանքին մէջ` վարելով ղեկավար դերեր տասնեակ մը կազմակերպութիւններու մէջ:
2014-ի յուլիսին հրաւիրուած է վարելու Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) գործադիր տնօրէնի պաշտօնը, ուր գործեց մինչեւ իր մահը: Զաւէն պատասխանատուութեան մեծ գիտակցութեամբ վարեց իր ծանր պարտականութիւնը գրեթէ 10 տարի: Իր պաշտօնավարութեան ընթացքին ան դրսեւորեց ղեկավարի բարձր ձեռնհասութիւն: Իր մտաւորական պաշարով, իր վարչական ընտիր ձիրքերով, իր նկարագրի ազնիւ յատկանիշներով, իր յանդուգն ու անկեղծ ելոյթներով ան շահեցաւ ԱՀԱԸ-ի բազմահազար անդամներու սէրն ու յարգանքը:
Իր անհատականութեան, նկարագրի, իմացական, բարոյական եւ հոգեւոր բարեմասնութիւններու ցանկը երկար է: Այս առթիւ յիշենք հետեւեալները.-
Առաջին` Զաւէն Խանճեան ընտիր ղեկավար մըն էր: Ան կազմակերպչական-վարչական ընդունակութիւններով օժտուած էր: Ան նաեւ օժտուած էր ընտիր նկարագիրով, արթուն մտքով եւ զգայուն խիղճով: Շարունակաբար հետաքրքրուած էր ոչ միայն շրջապատի, այլ համաշխարհային տարբեր բնագաւառներու զարգացումներով:
Անցնող տասնամեակը Հայաստանի, ինչպէս նաեւ սփիւռքահայութեան համար եղաւ վերիվայրումներով լեցուն ժամանակամիջոց մը: Հայ ժողովուրդը ենթարկուեցաւ ֆիզիքական, քաղաքական եւ ընկերային ցնցումներու: Նման այլ հայ կազմակերպութիւններու` Աւետարանչական ընկերակցութիւնն ալ որոշ մարտահրաւէրներ դիմակալեց: Զաւէն Խանճեան իմաստութեամբ եւ քաջութեամբ վճռական որոշումներ տուաւ յանուն Աւետարանչականի եւ իր կարեւոր ներդրումը ունեցաւ մեր հաւաքական կեանքին մէջ: Տագնապներուն առջեւ քաջասիրտ, վհատութեան փոխարէն` կորովամիտ, Զաւէն Խանճեան երբեք չկթոտեցաւ դժուարութիւններուն դիմաց, այլ մարմնացումը եղաւ աննկուն կամքի եւ անսահման զոհաբերութեան:
Երկրորդ` Զաւէն Խանճեան տեսիլքի եւ նուիրումի տէր մարդ էր: Ան հեռատեսութիւնը ունէր գուշակելու ապագայ իրադարձութիւններ, վերլուծելու եւ ըստ այնմ ծրագրելու: Կարծես վեցերորդ զգայարանք մը ունէր անձերն ու իրերը կշռադատելու եւ անոնց համեմատ որոշումներ տալու: Շնորհիւ իր աստուածատուր տաղանդին, յաճախ ԱՀԱԸ-ի առջեւ ներկայացող պատեհութիւններէն օգտուելով` ան սատարեց անոր յարաճուն վերելքին:
ԱՀԱԸ-ի համար անկիւնադարձ մը եղաւ Զաւէն Խանճեանը ունենալ որպէս գործադիր տնօրէն: Իր պաշտօնավարութեան տասնամեայ շրջանին Աւետարանչական ընկերակցութիւնը մեծցաւ ու բարգաւաճեցաւ թէ՛ բարոյապէս եւ թէ՛ մանաւանդ նիւթապէս:
Երրորդ` Զաւէն Խանճեան հաստատ եւ աննկուն կամքի տէր էր: Շրջապատի բիրտ պայմաններուն մէջ իսկ ան քարը ճեղքող եւ անոր վրայ արմատ նետող տունկի պէս մարդ էր: Իր բոլոր նախաձեռնութեանց մէջ ո՛չ տկարութիւն, ո՛չ ալ յոգնութիւն ճանչցաւ, անսպառ եռանդով եւ բացառիկ ոգեւորութեամբ բոլորին ծառայեց: Գրեթէ մինչեւ մահ` իր տարիքը հերքող աշխուժ կայտառութեամբ սահման չդրաւ իր նուիրումի ու զոհաբերութեան ոգիին:
Չորրորդ` Զաւէն Խանճեան իր համոզումներուն մէջ եղաւ անխախտ եւ խիզախ: Հաւատաւոր եւ պատուական այս հայորդին մինչեւ իր մահը ընկրկում չճանչցաւ իր կրօնական եւ ազգային համոզումներուն մէջ: Վարչական ժողովներուն մէջ եղաւ սկզբունքի մարդը, դատումի օրինական ըմբռնումներու նախանձախնդիր: Քաղաքական կարգ մը հարցերու մէջ մնաց անզիջող:
Հինգերորդ` Զաւէն Խանճեան հոգեւոր եւ հայրենասէր անձ մըն էր: Իր ներշնչումը կու գար կրօնասիրութեան եւ ազգասիրութեան զոյգ ակունքներէ: Իր քրիստոնէական անսահման հաւատքին հետ զուգահեռ քալեց իր անշահախնդիր հայրենասիրութիւնը: Այս վարքագիծով ան սերտօրէն գործակցեցաւ հայ քոյր համայնքներու առաջնորդներուն հետ` վայելելով անոնց անվերապահ սէրն ու գործակցութիւնը:
Իր ամբողջ կեանքի ընթացքին Զաւէն Խանճեան անաչառ եւ անկեղծ կերպով իր մասնակցութիւնը բերաւ հայ հասարակական գործունէութիւններուն եւ աչքառու դեր խաղցաւ հայրենասիրական ճակատի վրայ: Ան ամենաջերմ սիրով կապուած էր Հայաստանի հետ եւ աշխատեցաւ սատարել անոր վերելքին:
Վեցերորդ` Զաւէն Խանճեան գրական շնորհներով օժտուած մարդ մըն էր: Սրտի ու հոգիի խուզարկու գաղափարապաշտ նկրտումներու այս նուիրեալ հայորդին եղաւ նաեւ հայ գրականութեան եւ դպրութեան ածուն ծաղկեցնող հաւատաւոր մշակ մը: Ան հեղինակեց երեք գիրքեր` «Սրտի եւ մտքի ցոլքեր» (2011), «Հալէպ` առաջին կայարան» (2013) եւ «Այս տունը քո՞ւկդ է, թէ՞ իմս» (2017): Զանազան թերթերու եւ պարբերաթերթերու մէջ ստորագրած իր յօդուածները, բայց յատկապէս AMAA News-ի խմբագրականներու եւ այլազան գրութիւններու շարքը եկան հաստատելու իր մտաւորականի անժխտելի տաղանդը:
Զաւէն Խանճեանի մահով մեր հաւաքական կեանքէն կ՛անհետի գաղափարապաշտ եւ ընտիր ղեկավար մը, հայրենասէր եւ բարոյատիպ աշխարհական առաջնորդ մը, որուն յիշատակը վառ պիտի մնայ միշտ ԱՀԱԸ-ի աշխարհատարած անդամներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ սփիւռքի հայորդիներու սրտին մէջ:
Մեր խորազգաց ցաւակցութիւնը կը յայտնենք հանգուցեալի սգակիր իր հարազատներուն, իր կնոջ` Սոնային, զաւակներուն, թոռներուն, քոյրերուն, եղբօր, գործակիցներուն բարեկամներուն եւ համայն վշտակից պարագաներուն:
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի:


