Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յարութիւնին Հետ

Օգոստոս 15, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Յարութիւնին անսպասելի մահը նախ ցնցիչ էր, դժուար էր ընդունիլ, եւ ժամանակ կ՛ուզէր անդրադառնալու պատահածին,  ապա յիշատակներու ամբողջ հեղեղ մը յառաջացուց` իր պատճառած յուզումներով, ինչ որ դժուար է տրամաբանականօրէն արձանագրել:

Իբրեւ մտաւորական անուններ` ծանօթ էինք իրարու, կարդացած էի իր կարգ մը փորձագրութիւնները «Ահեկան»-ի մէջ, մասնաւորաբար տպաւորուած` «Երկրորդ հաւասարում բազմաթիւ անյայտներով» գրութեամբ, նաեւ ծանօթ էի իր «Փորձ տարագրութեան մասին» իսկապէս ինքնուրոյն հատորին, սակայն մեր մտերմութիւնը սերտացաւ 1979-էն ետք, երբ ձայնալարերու հարցեր ունենալով, Ճեմարանի մէջ ուսուցչութիւնը ձգած, եկաւ միանալու ՀՅԴ Մամլոյ դիւանին` անոր պատասխանատուութիւնը ստանձնելով:

«Բագին»-ի եւ Մամլոյ դիւանի գրասենեակները իրարու դիմաց կը գտնուէին, «Արա Երեւանեան» կեդրոնի երրորդ յարկին վրայ, ուր յաճախ կարճ դադար մը կ՛առնէինք բոլորս, մէկս միւսին հանդիպելու եւ զրուցելու ազգային, քաղաքական, գրական ու մշակութային հարցերու մասին: Նոյն յարկին վրայ էին` Պօղոս Սնապեանը, Վազգէն Էթիեմեզեանը, Սեդօ Պոյաճեանը, Վաչէ Բրուտեանը, Կարօ Յովհաննէսեանը, Սարգիս Կիրակոսեանը, Նազարէթ Պէրպէրեանը, Գրիգոր Աչգեանը, Յակոբ Բագրատունին եւ ուրիշներ, ինչ որ մտքերու փոխանակման աշխուժ մթնոլորտ կը ստեղծէր: Հոս է, որ խառնուածքային կամ հետաքրքրութիւններու գծով մասնաւոր մտերմութիւն ստեղծուեցաւ Յարութիւնին եւ ատեն մը ետք կնոջ` Մարոյին հետ: Յաճախ միասին Համրայէն մինչեւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի շրջակայքը կը քալէինք, միասին կը ճաշէինք, եւ կամ մեր աշխատանքային կեդրոնին մօտ, շէնքի մը եօթներորդ յարկը (եթէ յիշողութիւնս չի դաւաճաներ) գտնուող իրենց յարկաբաժնի լայն պատշգամին նստած` գաւաթ մը կ՛առնէինք եւ կը զրուցէինք: Յարութիւնը չէր պահեր իր տարակարծութիւնը կամ դժգոհութիւնը, եթէ գրութեան մը կամ կարծիքի մը համաձայն չըլլար, նոյնպէս եւ` ես. թերեւս այս պատճառով ալ այս անկեղծ յարաբերութիւնը ստեղծուած էր մեր միջեւ: Իր ճամբով նաեւ ծանօթացայ եղբօրը` Հրայրին եւ ապա Էլիզին, եւ այս ձեւով մեր սեղմ շրջանակը քիչ մը աւելի ընդարձակուեցաւ: Այս իրողութիւնը կ՛ընդգծեմ, որովհետեւ Յարութիւնը իր ներամփոփ խառնուածքին պատճառով կը խուսափէր ընկերային լայն հաւաքներէ:

Այս շրջանին Յարութիւնը սկսաւ «Ազդակ» օրաթերթի մէջ հրատարակել Նարդունիի, Շուշանեանի, Հրաչ Զարդարեանի, Որբունիի նուիրուած վերլուծական շատ հետաքրքրական շարք մը, ուր ֆրանսահայ գրողներու եւ իրենց սփիւռքեան շրջապատին հետ ունեցած յարաբերութեան նկարագիրը կը քննարկէր հոգեբանական-ընկերային մակարդակի վրայ: Բարեբախտաբար վերոյիշեալ գործերը լոյս տեսան 2022-ին «Բագին» պարբերականի կողմէ հրատարակուած «Սփիւռք եւ ինքնացում»  հատորին մէջ: 1982-ին Յարութիւնը խմբագրեց եւ «Գէորգ Մելիտինեցի» հրատարակչական մատենաշարի ծիրին մէջ Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի տպարանէն լոյս ընծայեց Նիկողոս Սարաֆեանի «Չափածոյ երկերը», վերլուծական յետգրութեամբ մը: Երկուքս ալ Սարաֆեանի գործին հիացողներ էինք եւ յաճախ կը խօսէինք անոր քերթողութեան մասին, առաւել` ինք իր ուսանողական տարիներուն, Գրիգոր Պըլտեանին հետ, անձնապէս ծանօթացած էր Սարաֆեանին: Առաջին անգամն էր, որ սփիւռքի բանաստեղծին գործը իր ամբողջութեան մէջ կը հրամցուէր ընթերցողին: Այս մէկը առիթ հանդիսացաւ, որ «Բագին» ամսագրի էջերուն ստորագրեմ «Նիկողոս Սարաֆեան – անծանօթ երկրամասի ուղեւորը» յօդուածս: Հոս պէտք է աւելցնեմ, որ թէ՛ Յարութիւնը եւ թէ՛ Մարոն բանաստեղծութիւններուս ամենահաւատարիմ ընթերցողներն էին այդ օրերուն, եւ ես հետաքրքրութեամբ կը լսէի իրենց կարծիքները այս առնչութեամբ: Այս տարուան մայիսի վերջին օրերուն Յարութիւնին շարք մը ղրկեցի անտիպ բանաստեղծութիւններէս` իր կարծիքը առնելու համար: Հոն կար «Քաղաքներ»-ուս շարքէն Աթէնքին նուիրուած բանաստեղծութիւն մըն ալ, որ բնականաբար նաեւ առնչուած էր իրեն:

Այս տարիներէն կայ երկու լուսանկար, որոնք հարազատ են ինծի:  1980 կամ 1981 թուականն էր, այսինքն` իսրայէլեան ներխուժումէն առաջ, երբ Գալուստ Պապեանը Լիբանան եկաւ այցելութեան եւ մեզ լուսանկարեց «Արա Երեւանեան» կեդրոնի բակին մէջ: Առաջին լուսանկարին մէջ Յարութիւնը կը տեսնենք իր ծխամորճով: Յարութիւնին ա՛յդ պատկերն է, որ ամէնէն աւելի կը մնայ յիշողութեանս մէջ: Երկրորդին մէջ` Յարութիւնին եւ Մարոյին կողքին, ես ու Գալուստ Պապեանն ենք: Որքան կը յիշեմ, կեդրոնի ջրաւազանին շուրջ կանգնած էինք, եւ պահ մը Գալուստը լուսանկարչական գործիքը տուաւ Սարգիս Կիրակոսեանին:

1984-ին Յարութիւնն ու Մարոն Յունաստան անցան. Մարոն յունահայ ըլլալով` հաւանաբար ամէնէն տրամաբանական լուծումն էր ասիկա Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին դիմաց: Մեր կապը բնականաբար չընդհատուեցաւ, եւ երբ ատկէ երկու տարի ետք, քանի Լիբանանի օդակայանը գոց էր կամ անմատչելի ինծի համար, Ճիւնիի նաւահանգիստին ճամբով Կիպրոս իջայ, հոնկէ` Աթէնք. օդակայանը Յարութիւնը զիս դիմաւորեց, հակառակ անոր որ ինքնաշարժ չէր քշեր, եւ զիս իրենց տունը առաջնորդեց, նոյն երեկոյեան նաեւ թաղային ջերմիկ ճաշարանի մը մէջ ընթրեցինք, ուր հրաւիրած էր նաեւ Լիբանանէն Աթէնք հաստատուած ինծի ծանօթ «Դրօշակ»-ի քանի մը երիտասարդ աշխատակիցները: Նոյն մտերմութիւնն էր, կարծես չէինք բաժնուած: Յաջորդ տարի, Քանատա մեկնումիս ճամբուն, դարձեալ իր հիւրն էի:

Յարութիւնին կարեւոր նախաձեռնութիւններէն մէկն ալ իր դասագիրքերն էին: Բարձրագոյն կարգերու «Հայ կեանք ու գրականութիւն» հատորին համար, Արեւմտեան աշխարհին մէջ ուսուցչական փորձառութենէս մեկնած, կարծիքս եւ առաջարկներս ուզեց, իսկ այս շարքի երկրորդ հատորին մէջ մէկ բանաստեղծութիւնս ընտրած էր` լուսանկարի մը եւ կենսագրական տեղեկութիւններու կողքին:

Ատկէ ետք, անկախ մեր հեռաձայնային հաղորդակցութիւններէն, երկու առիթ ստեղծուեցաւ դէմ դիմաց հանդիպելու: Առաջինը` Լիբանան, Հայաստանի գրողներու երրորդ համագումարին: Երկրորդը` Երեւան, ուր հասարակաց բարեկամէ մը լսած էր հոն գտնուելուս մասին եւ հեռաձայնի թիւս վերցնելով` կապուած էր հետս: Քիչ մը տարօրինակ օր մըն էր այդ մէկը, ողբացեալ Յովհաննէս Գրիգորեանը երիտասարդ գրողներու հետ հանդիպում մը կազմակերպած էր Գրողներու միութեան տան մէջ, որմէ ետք, երբ կ՛ուղղուէի դէպի Կինօ Մոսկուա հրապարակը (ներկայիս՝ Ազնաւուրի), դիմացս ելաւ բանաստեղծ Հենրիկ Էդոյեանը` առաջարկելով, որ սուրճ մը առնենք, իսկ երբ ըսի, որ Յարութիւնին հետ ժամադրուած եմ, ուզեց մեզի միանալ: Օրը քիչ մը անսովոր կը նկատեմ, որովհետեւ հակառակ հետաքրքրական զրոյցին` տեղեկացայ, որ մէկ այլ տաղանդաւոր բարեկամս` Զօրայր Խալափեանը անձնասպան եղած էր, ինչ որ բոլորիս տրամադրութեան վրայ ազդեց:

Յարութիւնը իր սերնդակից Գրիգոր Պըլտեանին հետ, երկուքն ալ` Նշան Փալանճեան ճեմարանի շրջանաւարտներ, հիմնականօրէն փիլիսոփայական ուսման  ենթահողով մը մտան սփիւռքահայ գրականութենէն ներս, ֆրանսական արդի գրական, փիլիսոփայական, գեղագիտական մտածողութիւնը, ինչպէս նաեւ վաթսունական թուականներու աւարտին Ֆրանսայի մէջ ստեղծուած մթնոլորտը սփիւռքեան իրականութիւնը դիտելու նոր հորիզոններ բացին իրենց դիմաց: Նոյն փիլիսոփայական մթնոլորտէն կու գար Ֆրանսա ծնած Մարկ Նշանեանը եւս: Այս մտաւորականներուն համար շահեկան էր նաեւ ֆրանսահայ նախորդ սերունդէն Նիկողոս Սարաֆեանի եւ Զարեհ Որբունիի հետ շփումը, այդ երկուքին սփիւռքեան փորձառութեան ընկալումը: Հետաքրքրականօրէն յիշեալ երեք անունները իրարմէ տարբեր ձեւերով զարգացուցին իրենց գրական-մտածողական աշխարհը` իւրաքանչիւրը տարբեր մարզ մը զարգացնելով ինքնիրեն համար:

Յարութիւնին փորձագրական, գրավերլուծական եւ մանկավարժական վաստակը տակաւին երկար երկխօսութիւն պիտի ստեղծէ նոր սերունդին հետ:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւն

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (15 Օգոստոս 2024)

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ
Անդրադարձ

Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով
Անդրադարձ

Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?