Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. «Իրաւ Մտաւորական»-ը՝ Երէկ Եւ Այսօր …

Օգոստոս 14, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Որքան բան փոխուած է մեր հանրային կեանքին մէջ:

Կայ իրականութիւնը, որուն մասին շատ քիչ կը խօսինք, եւ կայ «եթերային իրականութիւն»-ը, որ բոլոր առումներով կը ներկայացուի իբրեւ վաւերական ճշմարտութիւն:

Երկրորդի պարագային գոյները շատ աւելի վառ են, գործիքները` շատ, եւ տեսականին` պերճագեղ:

Ու այս բոլորին մէջ կայ մեծ ճիգ մը` փաստելու համար, թէ ո՛վ է իսկական հայը, ո՛վ է ճշմարիտ հայը եւ, ի վերջոյ, ո՛վ է այդ հայու մտաւորական տեսակը:

Եղած բնութագրումներու «պատմութիւն»-ը ունի բաւականին խորունկ արմատներ, այդ պատճառով ալ ամէն թեմա գրեթէ փակուած կը համարուի, եւ անոր հետ ալ համակերպումը դարձած է տիրական:

Վերադառնալով «մտաւորական կոչում»-ին, ապա այնտեղ հարցը պատկանելիութեան, սկզբունքի, նուիրական գաղափարի մասին չէ, այլ խնդիրը «քոմֆորթ զոն»-ի մը մէջ ապրած, իրենց մազերը ներկելու ելած եւ տարին մէկ անգամ հաւաքի մը, հրապարակային ձեռնարկի մը, ապրիլ քսանչորսի մը առիթով խօսողներուն մասին է, որոնց համար «տիրական» հանրոյթը մտաւորական բառը կը շռայլէ:

Բայց իրօք ո՞վ է մտաւորականը:

Կամ ո՞վ կու տայ անոր ճիշդ բնութագրումը, ո՞վ կը կոչէ զինք, ո՞ւր կը ստանայ իր «առաջին մկրտութիւն»-ը, եւ, ի վերջոյ, որո՞ւ համար եւ ինչո՞ւ կը կոչուի մտաւորական:

Երկար տարիներ առաջ «Սարդարապատ» ակումբի «անկեղծ զինուորներ»-ը շատ ճշմարիտ բնութագրում մը կատարած էին մտաւորական տեսակին մասին:

Ու այդ բնորոշման մէջ բացառութիւններ չկային: Չէին սիրեր նոյնիսկ այն քիչ բացառութիւնները, որոնք Ղեւոնդ Ալիշանի նման, լուսնի լոյսին փոխարէն, Պուրճ Համուտի մութ գիշերները մոմի լոյսով կը լուսցնէին, որպէսզի մեր ժողովուրդի հաւաքական գիտակցութեան կիսափուլ շէնքին վրայ սալիկ մը աւելցնէին, փոքր պատ մը բարձրացնէին, կամ ալ` յոռեգոյն պարագային, մեր հաւաքական շէնքի պատուհաններէն մէկը նորոգէին:

Սխա՞լ էին այդ տղաքը:

Վստահ չեմ:

Սխա՞լ էին, որ նոյնիսկ բացառութիւնները յարգելու իմաստ մը չէին գտներ. դարձեալ վստահ չեմ:

Սխա՞լ էին, երբ իրենց շարքերուն մէջէն յանկարծ կը ծլարձակէին սիկառի եւ ծխամորճի ծուխերուն մէջէն «ալա մտաւորական» խաղացող նորելուկներ:

Դարձեալ վստահ չեմ, սակայն վստահ եմ, որ նոյն այդ տղաքը, նոյն այդ «խաւարի ասպետներ»-ը, որոնք մեր նեղ ու մութ թաղերու բնակիչներուն հաց ու ջուր կը հասցնէին, աւելի անկեղծ էին իրենց ըրածին, ընելիքներուն եւ գաղափարին մէջ:

Օրերը փոխուեցան եւ հիմա այս ժամանակներուն ունինք տակաւին լուրջ խնդիր` բնութագրելու համար ճիշդ մտաւորականը:

Եւ անկեղծօրէն հարց տալ` ո՞վ է մտաւորականը մեր մէջ:

Եւ ինչո՞ւ այդ թեմային առընթեր այսօր ալ մեզի կը պակսի իրաւ անկեղծութիւնը:

Մտաւորականը, ի վերջոյ, ա՞ն է, որ ամբողջ կեանքը ասոր անոր քծնելով, իրեն համար հանգիստ «քոմֆորթ զոն» մը ստեղծած է, կամ ա՞ն, որ հակառակ ներքին պայքարներուն մէջ իր ընդունած սխալ դիրքորոշումներուն` ամէն առիթի յանկարծ ջուրին երեսը կ՛ելլէ եւ ինքզինք «կը պարտադրէ»:

Կամ ա՞ն, որ ամէն ինչ մէկդի նետած` ակադեմական գործ կ՛ընէ, սակայն մեր փառքն ու գովքը չհիւսելուն համար կ՛անուանուի ծախուած, անպէտք եւ կամ դաւաճան:

Վահէ Օշական իր ամէնէն ցայտուն գործերէն մէկուն` «Տարեդարձ»-ին մէջ հայ իրականութեան հաւաքական վրէժին մասին խօսելով ձեւով մը «ցուցմունք տալով» կ՛ըսէ`

«Ամօթ է ծօ՜, ա՛լ կը բաւէ. դուրս նետուէ,

դու՜րս.

սա՜նկ շպրտէ վրադ դիզուած դիակները,

նա՜նկ շպրտէ ծերանոցի սովալլուկ պահակները, բաղնիք մը առ, փողոցն ինկիր քու դարուդ, աճապարէ՜, մարդկութիւնը հարիւր տարուան աւանս ունի քու վրադ, երեխայ չես, ալ մի՜ սպասեր տարեդարձիդ»:

Հիմա խնդիրը նոյնն է, մենք ալ որոշելու ենք, որոշելու ենք ճիշդ ու ճշմարիտ ըլլալ:

Առնուազն ըսելու համար, որ մեզի համար մտաւորականը ան չէ, որ տնօրէնի կամ «օֆիս պոյ»-ի իր պաշտօնը կը պահէ եւ «մեր» գործերը կ՛ընէ («ի՛նչ ըսես, տղան աշխատասէր է» արդարանալով), այլ ան, որ մեր սխալները մատնացոյց կ՛ընէ, մեզի նոր ճանապարհներու մասին կը խօսի, ու ամէնէն կարեւորը` ասոր անոր չի քծնիր, որպէսզի իր պաշտօնը պահէ:

Պաշտօնները, պարոնա՛յք, գնայուն են, իսկ մնացողը` արժէքը,  նուիրական կոչումը:

Հասկացողաց բարեւ:

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (14 Օգոստոս 2024)

Յաջորդը

Նշմար «Կեանքը Ապրիլ Պիտի Սորվինք…»

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?