Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լեզլի Տէյվիս` Հայոց Ցեղասպանութեան Ականատես Եւ Հայերուն Օգնած Դիւանագէտը

Օգոստոս 13, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏՈՔԹ. ՓԱՈՒԼՕ ԳԱԶԱԶԵԱՆ

Քանի մը ամիս առաջ «Ազդակ» օրաթերթին մէջ գրած էի յօդուած մը, որուն վերնագիրն էր` «Մոռցուած հրեշտակներ», հոն յիշած էի կարգ մը կարեւոր անձերու մասին, որոնք Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին իրենց կարողութեան սահմաններուն մէջ օգնած էին մեզի:

Այդ անձերէն մէկը Լեզլի Տէյվիս (Leslie Davis) անունով ամերիկացի փաստաբան մըն էր, որ ետքը դիւանագիտական շարքերուն մէջ մտաւ եւ հիւպատոս  նշանակուեցաւ Խարբերդի  մէջ:

Լեզլի Տէյվիս ծնած է Փորթ Ճեֆըրսըն, Նիւ Եորք, 29 ապրիլ 1876-ին եւ ուսումը ամբողջացուցած է Քորնըլ համալսարանին մէջ: Աշխատած է իբրեւ փաստաբան Նիւ Եորքի մէջ, 1909-1911. դիւանագիտական գործունէութեան սկսած է 1912 թուականին, երբ իրեն պաշտօն տուած եւ նշանակած են` Պաթումի  քաղաքը, որ մաս կը կազմէր Ռուսական կայսրութեան:

Լեզլի կը խօսէր զանազան լեզուներ: Ան իր մայրենի լեզուէն զատ, կը խօսէր` ռուսերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն եւ սպաներէն:

Խարբերդի-շրջան – Լուսանկարը՝ Վահէ-Հայկի

1913 թուականին զինք նշանակեցին հիւպատոս` Խարբերդ քաղաքին, զոր թուրքերը կը կոչէին Մամուրեթ Ուլ Ազիզ: 31 մայիս 1914-ին յանձն առաւ Խարբերդի հիւպատոսութիւնը, որ մաս կը կազմէր ամերիկեան 13 հիւպատոսութիւններուն, որոնք  կային Օսմանեան կայսրութեան մէջ, ուր հայութիւնը կը կազմէր ժողովուրդին մէկ երրորդը:

Ան իր բնական աշխատանքը տարաւ եւ սկսաւ սերտել հայերու աշխատանքները: Իր հիւպատոսարանի թարգմանիչը Կարապետ Պետրոսեանն էր, որ նոյն ատեն իբրեւ թիկնապահ կը գործէր:

26 յունիս 1915-ի օսմանեան տեղական պատասխանատուները հրաման կու տան բոլոր հայերը «փոխադրել» դէպի Տէր Զօր, Սուրիա: Յուլիս 1-ին մեծ մասամբ «փոխադրութիւններ» կը սկսին: Առաջին խումբը, որ բաղկացած էր 10.000-է աւելի կիներէ, ծերերէ եւ պատանիներէ (Mezreh Vilayet), սահմանը չհասած, ջարդուեցաւ 5 ժամ ետք…

Այս լուրը շատ շուտ տարածուեցաւ… եւ երբ Լեզլի Տէյվիսի  ականջին հասաւ, ան չհաւատաց, իսկ երբ Կարապետ Պետրոսեան պնդեց` ըսելով, որ ճիշդ լուր է, ուզեց անձամբ ստուգել եւ տեսնել: Քանի մը անձերով, ձիերու վրայ նստած, ուղղուեցաւ դէպի նշանակուած տեղերը, եւ երբ քաղաքէն 10-15 քմ  հեռացան,  իր աչքերով տեսաւ, որ ճամբուն երկու եզերքները կիներ, ծերեր եւ պատանիներ մորթուած էին, մեծամասնութիւնը` դանակներով, սուրերով եւ սուիններով, որովհետեւ այդ օրերուն փամփուշտին գինը շատ սուղ էր, զանազան հարուածներով` փորէն, վիզէն, թոքէն, մահացած` արիւնահոսութեան պատճառով:

10.000-էն աւելի մարմիններ փռուած էին Կէօլճիւք լիճին շուրջ` կարմրցնելով գոյնը լիճին, որ այսօր Հազար լիճ կը կոչուի:

Լեզլի շատ շուտ անդրադարձաւ, որ ցեղասպանութեան մը սկիզբն է, եւ անմիջապէս սկսաւ Պոլսոյ ամերիկեան դեսպանին` Հենրի Մորկընթաուին տեղեկագիր ղրկել, տեղեկագիրները եղան օրական, շարունակուեցան շաբաթներով, ամիսներով, տարիներով, հազարաւոր էջերով, ուր Լեզլի  կը փոխանցէր լուրերը, զանազան մանրամասնութիւններով եւ, իր կարգին, ամերիկացի դեսպան Մորկընթաու կը ղրկէր Ուաշինկթըն նահանգի բաժին, ուր 32.000 էջնոց տեղեկագիրներ կան մեր ջարդերուն մասին:

Լեզլի Տէյվիս չգոհացաւ միայն տեղեկագիրներ ղրկելով, այլ սկսաւ գաղտնաբար, առանց դիւանագիտական արարողակարգեր յարգելու, իր հիւպատոսարանի բարձր ցանկապատով հսկայ պարտէզին մէջ մօտ 80-100 անձեր հաւաքել` կիներ, մանուկներ, ծերեր, անոնց քնանալու տեղ եւ ճաշ ապահովել: Միեւնոյն ատեն պարտէզին անկիւնէն գետնին տակը փորելով` անոնց ապահովեց գաղտնի անցք մը, որ կ՛ուղղուէր դէպի Եփրատ գետը, ուրկէ կրցան փախչիլ դէպի Ռուսիա:

Լեզլի Տէյվիս մէկ առաւելութիւն ունէր` միւս երկիրներու ներկայացուցիչներուն հետ բաղդատած: Երբ 1914-ին Համաշխարհային Ա. պատերազմը սկսաւ, Ֆրանսա, Անգլիա, Իտալիա, Ռուսիա եւ զանազան կարեւոր երկիրներ դադրեցուցին իրենց յարաբերութիւնը Օսմանեան կայսրութեան հետ եւ իրենց հիւպատոսարանները փակեցին, որովհետեւ Գերմանիոյ եւ Թուրքիոյ դէմ պատերազմ հռչակեցին:

Միայն ամերիկացիները մնացին, որովհետեւ չէզոք կեցուածք ունեցան մինչեւ 1917, այդ թուականէն ետք էր, որ իրենց կարգին,  պատերազմի մտան Գերմանիոյ եւ Օսմանեան կայսրութեան դէմ: Այդ հանգամանքներուն բերումով ալ Լեզլի Տէյվիս  ներկայ եւ վկայ մնաց Խարբերդի մէջ եւ հետեւեցաւ հայերու տագնապին ու անոնց վայրենի սպանութիւններուն:

Կը յիշուի, որ Լեզլի Տէյվիս ունէր բաւական մեծ թիւով ամերիկեան անցագիրները հայերու, որոնք Ամերիկայէն եկած էին իրենց հարազատներուն այցելելու, եւ ըստ օրէնքներուն, իրենց անցագիրները յանձնած էին հիւպատոսարանին, որպէսզի Ամերիկա վերադառնալու ատեն ետ առնէին, միեւնոյն ատեն կարգ մը հայեր իրենց անցագիրները յանձնած էին, որպէսզի յատուկ նորոգութիւններ կամ զանազան ձեւականութիւններ ընեն:

Եզրակացութիւնը այն է, որ շատ մը հայեր չվերադարձան իրենց անցագիրները վերստանալու, որովհետեւ իրենց տեղացի գիւղի հարազատներուն հետ ջարդի ենթարկուեցան…

Լեզլի Տէյվիս անդրադառնալով այս բացակայութիւններուն` Խարբերդի  երիտասարդները հաւաքեց իր մօտ, նկարեց զանոնք եւ այդ անցագիրներուն վրայ տարիքի յարմարութեամբ նոր նկարներ զետեղելով` զանոնք ուղարկեց Ամերիկա:

Այս հիւպատոսին ըրածը անշուշտ օրինաւոր չէր,  անցագիրներուն անունները եւ նկարները կեղծելը, Օսմանեան կայսրութենէն գաղտնի անցքերով Եփրատ գետէն դէպի Ռուսիա ընտանիքներ փախցնելը ապօրինի աշխատանքներ էին, որոնք արդիւնքն էին անոր բարի խղճին, որ ամէն գնով ուզած էր այդ հայերուն մարդկային իրաւունքները պաշտպանել:

Երբ Լեզլի Տէյվիս Միացեալ Նահանգներ վերադարձաւ, գրեց իր յուշերը` «Սպանդանոց գաւառը» խորագիրով, որ թարգմանուեցաւ զանազան լեզուներու. անգլերէնին վերնագիրը` «The Slaughter House Province», ֆրանսերէնի վերնագիրը` «La Province de la mont»:

Երբ Լեզլի Տէյվիս անձամբ գացած էր ստուգելու Կէօլճիւք  լիճին շուրջ ջարդուած հայերը, հոն նկարածներով փաստ ունեցաւ եւ իր հրատարակած գիրքին մէջ դրաւ այդ ահռելի,  անմարդկային եւ վայրենի կերպով մորթուած կիներուն, մանուկներուն եւ ծերերուն նկարները:

Լ. Տէյվիս նիւթականով եւս օգնեց այն հայերուն, որոնք կրցած էին փախչիլ անտառներուն եւ լեռներուն մէջ, դարձաւ միջնորդ այն հայերուն, որոնք Խարբերդի շրջանը պահուըտած էին, եւ իրենց ազգականներուն միջեւ, որոնք կ՛ապրէին Ամերիկա, եւ կրցաւ կապեր հաստատել. այսպիսով, Ամերիկայի հայերը կրցան դրամ ղրկել Խարբերդի հիւպատոսին, եւ իր կարգին,  Լեզլի Տէյվիս բաժնեց այդ դրամները այդ պահուըտած հայերուն, որպէսզի կարենային գոյատեւել:

Տէյվիս կրցաւ նոյն ատեն կապ պահել Տէրսինի քիւրտերուն հետ, որոնք պահած էին շատ մը հայեր. այդ քիւրտերը իրենց կօշիկներուն մէջ կը փոխադրէին հայերուն նամակները, զորս Տէյվիս իրենց կ՛ուղարկէր: Եւ այս ձեւով, շնորհիւ հիւպատոս Տէյվիսին, ողջ մնացած հայերը կրցան իրարու եւ մանաւանդ իրենց հարազատներուն հետ կապ պահել:

Երբ 1917-ին Ամերիկան որոշեց մասնակցիլ Համաշխարհային Ա. պատերազմին` Օսմանեան կայսրութեան եւ Գերմանիոյ դէմ, Լեզլի Տէյվիս վերադարձաւ Ամերիկա, բայց չմոռցաւ հայերը, շարունակեց օգնել անոնց եւ սերտ կապեր հաստատեց Ամերիկա գտնուող հայերուն հետ, որոնք Խարբերդէն գաղթած էին ջարդերէն առաջ, եւ օգնեց անոնց` կապեր հաստատելու իրենց հարազատներուն հետ, որոնք ազատած էին ջարդերէն եւ փախուստ տուած էին մօտակայ երկիրներ:

Նոյն ատեն կապ հաստատեց այն երիտասարդներուն հետ, որոնք իրեն շնորհիւ կեղծ անուններով եւ անցագիրներով մտած էին Ամերիկա:

Լեզլի Տէյվիս շարունակեց իր դիւանագիտական գործունէութիւնը` աշխատելով կարգ մը երկիրներու մէջ` Օփորթօ, Զաղրէպ, Փութրաս, Լիզպոն, Կլասկոու… մինչեւ 1941 թուական, երբ հանգստեան կոչուեցաւ, երբ արդէն Համաշխարհային Բ. պատերազմը տեղի կ՛ունենար:

Մահացաւ 27 սեպտեմբեր 1960-ին, Փիթսֆիլտ քաղաքին մէջ, Միացեալ Նահանգներ:

—————-

Յ. Գ. Լեզլի Տէյվիսին  ղրկած տեղեկատուութիւնները (report) կը գտնուին Department of state Washington-ի արխիւներուն մէջ:
Թիւ 867.4016/392 եւ թիւ RG59867.4016/269 տակ եւ 32.000 էջնոց փաստաթուղթեր են Հայոց ցեղասպանութեան մասին:

Նախորդը

Մահացաւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Վարչական Խորհուրդի Գործադիր Տնօրէն` Զաւէն Խանճեան

Յաջորդը

Թուրքիոյ «Բարեպաշտական» Տնտեսութիւնը

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Յանձնառու ՀՕՄ-ականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յանձնառու ՀՕՄ-ականը

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում
Անդրադարձ

Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին
Անդրադարձ

Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?