Նիւթ` Սփիւռքի Քաղաքական Գործօնի Վերաիմաստաւորման Հրամայականը
ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
Նիւթին խորագիրը երեք ենթաբաժիններու վերածած եմ.
Ա) ՍՓԻՒՌՔ
Բ) ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԳՈՐԾՕՆԻ ՎԵՐԱԻՄԱՍՏԱՒՈՐՈՒՄ
Գ) ԻՆՉՈ՞Ւ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ Է
Սկսինք առաջինէն` սփիւռքէն:
1) Առաջին բառը «սփիւռքն» է: Ինչպէ՞ս պիտի բացատրենք «սփիւռք» հասկացողութիւնը: Կ՛ենթադրեմ, թէ համաձայն կ՛ըլլանք, եթէ ըսուի, որ սփիւռքահայութիւնը տարբեր ինքնութիւններով զարգացող, բազմալեզու, բազմամշակութային ազդեցութիւններու ենթակայ բազմաշերտ իրականութիւն մըն է ` հայ ազգի 2/3-ը ներկայացնող համրանքով: Իր կարելիութիւններով եւ մասնագիտական տարբեր բնագաւառներու մէջ աճող իբրեւ մարդուժի հսկայ աղբիւր` կարեւոր ազդակ է ան եւ ունի մե՜ծ ուժականութիւն` գործնապէս նպաստելու նախ ինքզինքին, ապա` Հայաստանի պետականութեան, ազգային ներկայ ու հեռահար նպատակներու պայքարի ամրապնդման: Իր բազմամեայ կենսաձեւով, ոգորումներով ու մտորումներով եւ սերնդափոխութիւններով սփիւռքը վերածուած է նաեւ իւրայատուկ մտածողութեան մը, որ մշտատեւ քննելի ու վերլուծելի եւ ծաւալուն թեմա մըն է, եւ այդ թեմային մէջ նոյնքան կարեւոր ուրիշ թեմա մըն է Ռուսիոյ տիրապետութեան տակ աճած սփիւռքին, Հայաստանի հայութեան եւ մեզի ծանօթ սփիւռքի հայերու միջեւ փոխադարձ ճանաչողութեան խնդիրը:
Իմ մտածումներս կը վերաբերին այս վերջինին: Այսինքն` մեզի ծանօթ սփիւռքին:
Հիմա, այս բազմաշերտ սփիւռքի հայերը իրարու միաւորող, միեւնոյն զգացումներով ու գաղափարով իրարու կապող հասարակաց գիծեր կա՞ն արդեօք: Այո՛, կա՛ն: Ընտանեկան, որոշ պարագաներու` հայակրթական միջավայրերը, Ցեղասպանութեան յիշողութիւնը, կարգ մը շրջանակներու մէջ Հայ դատի գաղափարը, միութենական աշխուժութիւնները, եկեղեցական ծէսերը եւ այլն հասարակաց ազդակներ կարելի է նկատել:
Ցամաք խուժել փորձող ծովու ալիքներու նման` սփիւռքահայու հոգին երբեմն մակընթացութիւն կ՛ունենայ դէպի հայրենիք, բայց ինչպէս ծովու ալիքներն են, որ կարծէք անտեսանելի մագնիսի մը ուժով ետ կը մղուին դէպի ծով, այնպէս ալ սփիւռքահայը ետ կը մղուի դէպի սփիւռք: Յունաստանի, Քանատայի թէ Լիբանանի մէջ պարզապէս «հայ» է ան, իսկ երբ Հայաստան կը գտնուի` «յունահայ» է, «քանատահայ» ու «լիբանանահայ»: Սփիւռքահայու հոգեբանական այս ալեկոծումը, ինքզինքին հետ կռիւը հետզհետէ կը մեղմանայ, կը տկարանայ, նոյնիսկ կրնայ մարիլ այն չափով, որ սերունդներու հերթափոխութիւն կը կատարուի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ղեկավարութիւնը քաղաքական ու ընկերային իր վարքագծով կը գործէ սփիւռքահայու ըմբռնումներուն ու ձգտումներուն հակառակ ուղղութեամբ… Անցնող 30 տարիներու սերնդափոխութիւնը, համաշխարհայնացած արհեստագիտութեան տարածումն ու հասարակայնացումը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի քաղաքական ղեկավարութեան պատճառած յուսախաբութիւնը մեծապէս նուազեցուցած են այս երկփեղկուածութիւնը, չըսելու համար, թէ չքացուցած են զայն:
Պիտի չմտնեմ «սփիւռքը ինքնանպատակ է կամ չէ» անհեթեթ վէճին մէջ, որովհետեւ երկու պարագային ալ անհրաժեշտ են սփիւռքի ինքնանորոգումը, ինքնակազմակերպումը, ինքնաիմաստաւորումը: Բայց, «սփիւռքը ինքնանպատակ չէ» պնդողները պարտ են յստակացնելու հետեւեալը.
Եթէ «սփիւռքը ինքնանպատակ չէ», ապա ուրեմն, առանց անպայման հակադրուելու գաղափարին, պէտք է վերլուծել եւ համոզիչ դարձնել, թէ որքա՞ն իրատեսական է ատիկա, կը ցոլացնէ՞ հարազատ պատկերը սփիւռքին, անոր հոգեբանութեան ու ձգտումներուն, յստակացնելով նաեւ եւ հիմնաւորելով, թէ ի՞նչն է ի վերջոյ սփիւռքի նպատակը, ո՞րն է այդ նպատակին առաջնորդող ուղղութիւնը, եւ թէ` ան (սփիւռքը) այդ ուղղութեան կը հետեւի՞, կրնա՞յ հետեւիլ թէ՞ ոչ:
Մեծ իրականութիւն մը մերժել` չի նշանակեր զայն բացատրել: Մեծ իրականութիւն մըն է սփիւռքը, զոր պէտք է ընդունիլ իբրեւ այդպիսին ու վերլուծել զայն: Երկար տարիներու սփիւռքացման կենսակերպը այնքան արմատացած է մեր հոգեբանութեան մէջ, որ, օրինակ, Պոլսոյ պատրիարքութիւնը հսկայ արխիւ պիտի ունենայ տեղեկագիրներու, որոնք եկած են «գաւառներէ»: Եւ «գաւառ» ըսուածը Հայաստանն է: Հայաստանը գաւառ` պոլսահայ սփիւռքի բառապաշարին մէջ, նոյնիսկ` Զարթօնքի սերունդի բերնին … Աւելցնեմ նաեւ, որ «սփիւռքը ինքնանպատակ չէ» պնդողներու շարքերէն գտնուեցան նոյնիսկ այնպիսի ձայներ, որոնք յատկապէս ուժական պայքարի տասնամեակին շուտիկութեամբ մը խօսեցան յաջորդ ու վերջին փուլի մասին, այսինքն` սփիւռքի քանդումի մասին, ինչը պաղեստինցիներու նպատակն է: Անոնց գաղթակայանները թերեւս օր մը քանդուին, մինչ սփիւռքը ո՛չ գաղթակայան է եւ ո՛չ ալ գաղթականութիւն, այլ հանգրուանում է:
«Հայահաւաքը»-ը հմայիչ հնչիւն ունի բեմի վրայ, բայց բեմէն վար չոր ու իրական գետինն է մեր ոտքերուն տակ:
Հազարամեայ սփիւռքեան մեր կենսաձեւը պատճառ եղած է, որ տեսակ մը ցեղային յատկանիշ դառնայ յարմարուողական ըլլալու ճկունութիւնը, նոր միջավայրերու եւ կացութիւններու արագ ընտենանալու բնաւորութիւնը:
Ցեղասպանութենէն, այսինքն գաղթականութենէն յիսուն տարին չէր անցած տակաւին, երբ սփիւռքահայը գաղթականի իր կարգավիճակը հաստատող Նանսենեան անցագիրը մէկդի նետած էր, յարմարած էր նոր կացութաձեւին եւ դադրած էր գաղթական ըլլալէ:
Այսքան` մեր թեմային առաջին բառին մասին: Երկրորդը «քաղաքական գործօնի վերաիմաստաւորումն է»:
2) Սփիւռքի քաղաքական գործօնի վերաիմաստաւորում.
Ինչո՞ւ քաղաքական գործօն: Պարզապէս` տոկալու, իբրեւ հայ տեւելու եւ կենսագործելու համար, մենք զմեզ արժեւորելու եւ արժեցնելու ու կառուցողական գործունէութիւն ծաւալելու համար:
Պիտի հարցուի բնականաբար, թէ իբրեւ հայ տոկալու համար հայակրթութիւնը հիմնաւոր գործօն չէ՞ արդեօք: Անկասկած, որ հայ դպրոցը եւ հայակրթութիւնը ամէնէն հիմնական ու էական գործօններ են` հայկական ինքնութիւնը կերտելու, ամրացնելու եւ զրահապատելու համար: Աւելի՛ն. հայ դպրոցի գոյութիւնը ներուժ ունի, որ հասարակական ու ընկերային գործօններով կազմակերպ գաղութի վերածուի ոեւէ համայնք: Եկեղեցիով միայն համայնք կը գոյանայ, իսկ անոր կողքին հայ դպրոցով` կազմակերպ գաղութ: Որով, այս տեսակէտէն հայ դպրոցն ու հայոց լեզուի ուսուցումը ոչ միայն կարեւոր են, այլեւ անփոխարինելի ու մշտատեւ հետապնդելի նպատակ են: Հոս քաղաքականը շեշտուած է ոչ թէ հայակրթութիւնը քաղաքականով փոխարինելու մտածումով, այլ` հետեւեալ երկու առումներով.
Ա) Ներկայիս ու տեսանելի ապագայի մէջ սփիւռքի կարողականութիւնը անհնարինութեան առջեւ կը գտնուի գաղութներու մէջ ստեղծելու դպրոցական այնպիսի տարածուն ցանց, որ կարենայ իր մէջ առնել դպրոցական տարիքի տղաքը: Օրինակ, Ֆրանսայի մէջ շուրջ 1500 դիմաց 50-60 հազար դպրոցական տարիքի տղաք զրկուած են հայ դպրոցի բարիքէն: Նոյն անմխիթար կացութիւնն է Ամերիկայի մէջ, ուր 10 հազարի դիմաց միայն Կլենտէյլ քաղաքի մէջ օտար դպրոց յաճախող տասը հազար հայ տղաք կան: Աւելի լաւ պատկեր չէ նոյնիսկ Լիբանանինը, ուր հինգ հազարի դիմաց մօտաւորապէս օտար դպրոցի աշակերտ եղող հինգ հազար հայ տղաք կան: Տակաւին չենք ալ քններ, թէ հրաշքով մը տարածուն դպրոցական ցանց ունենալու պարագային, այդ հայ տղաքը պիտի դառնայի՞ն հայկական դպրոցներու աշակերտ, չհաշուած դաստիարակներու հայթայթման եւ ուսման բովանդակութեան առնչուած ոչ արհամարհելի դժուարութիւնները…
Ներկայի կացութիւնը կրնա՞նք շրջել: Չե՛նք կրնար: Ուրեմն փոխարինական լրացուցիչ (քոփլեմանթեր) լուծում մըն է թերեւս քաղաքական գործօնի վերաիմաստաւորումը: Ի՞նչ ըսել կ՛ուզեմ:
Յաճախ բառերու իմաստը նկարագիր կը մատնէ, նաեւ ան կ՛ազդէ նկարագրի կազմութեան վրայ: Ես չեմ կրնար ըսել, որ որքան հնութիւն ունին «հայապահպանում», «գոյապահպանում», «ազգապահպանում» բառերը: Բայց գիտեմ, որ այս բառերու թելադրանքով ոչ միայն պահպանողական նկարագիր առած է սփիւռքահայը, այլեւ անոնք կազմած են հիմքը` սփիւռքահայու տեւելիութիւնը ապահովելու ռազմավարութեան: Քաղաքական ամէնէն յանդուգն մեր նախաձեռնութիւններն իսկ կատարուած են պահպանողական դիրքերէ, զգուշաւորութեամբ, շատ չբացուելու կանխահոգութեամբ: Չեմ ալ գիտեր` ուրիշ լեզուներու մէջ այսիմաստ համարժէք բառեր կա՞ն, թէ՞ չկան:
Տարիներ առաջ էր, Արամ Ա. վեհափառին նախաձեռնութեամբ խորհրդաժողով էր Պիքֆայայի վանքը` հայերէն դասագրքերու եւ Հայոց պատմութեան ուղղուածութեան մասին: Այդ օրերուն արհեստագիտութեան զարգացումը բաւական ճամբայ կտրած էր արդէն: Երիտասարդ ժողովական մը կը գովէր այդ զարգացումը եւ կ՛առաջարկէր օգտուիլ անկէ: Պատահեցաւ, որ առաջարկուածին մասին խօսակցութիւնը ծաւալի: Խօսք առնողներուն մեծամասնութիւնը չծածկեց իր վերապահութիւնը` միաժամանակ շեշտը դնելով արհեստագիտութեան ահաւոր վնասներուն ու խաթարող վտանգներուն վրայ եւ առաջարկներ բանաձեւելով այն դիրքերէն, որ մեզ պիտի պաշտպանէ նորահնար արհեստագիտութեան չարիքներէն: Այսինքն համացանցի, social media-ի գայթակղութիւններէն… Մեղադրանք չկայ ըսածիս մէջ, անձս ալ կրողն է պահպանողական ռազմավարութեան: Ըսել ուզածս այն է, որ փոխանակ մտածելու, փնտռելու, թէ ինչպէ՞ս կարելի է օգտուիլ նոր արհեստագիտութեան ընձեռած հնարաւորութենէն, անկէ պաշտպանուելու հոգը կ՛ապրինք: Պահպանողականութիւնը կը վախնայ նորութենէն, մինչ ամէն նորութիւն իր կախարդանքը ունի, մինչ մեզ կարծէք կը խրտչեցմէ ան: Հակառակ մեր որդեգրած պահպանողական ռազմավարութեան, հակառակ մեր կամքին ու զանոնք պահելու ճիգերուն` ի՞նչ եղաւ արդիւնքը. ազգային բարքերն ու աւանդութիւնները մոռցուեցան, լեզուն զոհ դարձաւ, իսկ արհեստագիտութիւնը ընդհանրացաւ, հասարակայնացաւ: Բայց մենք կը շարունակենք հոն բացակայ մնալ: Ըսել կ՛ուզեմ` կազմակերպուած ձեւով, թիրախ հետապնդելու նպատակով: Օրինակ առնենք Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը, որուն ծաւալը նոյնիսկ մեզի համար անակնկալ մը եղաւ, տեսակ մը` ցունամի, ինչ որ արդիւնք էր, կը կարծեմ, անհատական նախաձեռնութիւններով սոշըլ մետիայի միջոցով կատարուած քարոզչութեանց: Արհեստագիտութեան ուժին օգտագործումն էր, որ արթնցնող ձայնը դարձաւ աշխարհասփիւռ հայ մարդուն համար…
Բ) Երկար տարիներ անդամ եղած եմ ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի: Այդ տարիներու ընթացքին եւ քանի մը առիթներով յունական կուսակցութեանց կողմէ առաջարկ ներկայացուած է, որ խորհրդարանական ընտրութեանց նախօրեակին մէկ-երկու հայ թեկնածուներ ներառուին ընտրական իրենց ցանկերու մէջ, նոյնպէս` քաղաքապետական խորհուրդներու պարագային: Ամէն անգամուն ալ չէ ընդառաջուած առաջարկին: Թէ ինչո՞ւ, այդ օրերուն` թերեւս տրամաբանական հիմնաւոր պատճառներով, նաեւ` անձիս համամտութեամբ: Հիմա կը մտածեմ. եթէ ընդառաջէինք, նուազագոյնը, որ կրնայինք շահիլ, ընտրազանգուածին ծանօթացուիլը եւ քաղաքական միջավայրին ընտելացումը կրնար ըլլալ: Հարցումը, որ կախուած կը մնայ, նման պարագաներու եւ յատկապէս հաւանական թեկնածուն կամ հայ մարդոց հայկականութիւնը կը շեշտուի՞, թէ՞ կը տժգունի… Մանաւանդ հիմա, արհեստագիտութեան զարգացման ներկայ փուլերուն մէջ, կը կարծեմ, որ յաջողելու նախապայմանը ոչ թէ պահպանողականութիւնն է, այլ յարձակողականն է, որ իր մէջ ունի նաեւ պաշտպանողականի սերմը: Եւ ասիկա` ամէն մարզի մէջ: Փոխանակ խանութի դրան առջեւ յաճախորդի սպասելու, եթէ խանութպանը «յարձակում»-ներ գործէ յաճախորդներ գտնելու, թէ՛ խանութը կը պահէ եւ թէ՛ գործը կ՛ընդարձակէ: Ըսուած չէ՞ արդէն. «Լաւագոյն պաշտպանողականը յարձակողականն է»:
Ես ճանչցած եմ թռիչք ու երեւակայութիւն ունեցող փայլուն տղաք, որոնք իրենց նպաստը բերին մեր գործերուն: Գործեր, որոնք կրնային ընել ուրիշներ ալ: Այդ տղաքը հաւանաբար պատուաւոր ճամբայ կտրէին տեղական քաղաքական կեանքին մէջ, եթէ մեր նեցուկն ու քաջալերանքը ունենային եւ մղուէին այդ ասպարէզին, որուն միջոցով շատ աւելի օգտակար դառնային թերեւս, այսպէս կոչուած, «ազգապահպանումին…»: Մինչդեռ անոնք մնացին մեր ռութին գործերու մակարդակին վրայ: Ահա «յարձակողական» ուղեգիծ մը, որ քննելի է:
Վերաիմաստաւորել` չի նշանակեր անպայման փոխել: Բայց կը նշանակէ վերստին սեղանին դնել, քննել ու իմաստաւորել: Ի հարկին` նոյնը պահելով: Յամենայն դէպս, սոսկական մարդ անհատին, ինչպէս նաեւ հաւաքականութեան առաքելութիւնը չի կայանար եղածը պահելու մէջ, այլ անոնք կը ձգտին, պիտի ձգտին վերակառուցելու, նորը կառուցելու, որպէսզի ապահովուի կենսագործունէութիւնը` ի խնդիր ներկայի ու ապագայի:
3) Գանք մեր թեմայի երրորդին` «հրամայական»-ին : Ինչո՞ւ վերաիմաստաւորումը հրամայական է: Հրամայական է այն պատճառով, որ հասած ենք տեղ մը, ուր սերունդներ ներշնչող երէկի կարգախօսները ոչ միայն մաշած են, այլ նաեւ ստեղծուած նոր պայմանները չեն արտօներ, որ ներշնչող ու ներշնչուող գոյանան:
Պիտի անդրադառնանք վերջապէս, որ պահպանողական վարքագծի վրայ հիմնուած մեր միջոցները անարդիւնաւէտ են, գէթ` ինչ կը վերաբերի սերունդի մեծամասնութեան ներգրաւման ու ազգային դաստիարակութեան:
Ներկայ ընթացքով եւ իմ գնահատումով, թոռնիկներուս յաջորդող երկու-երեք սերունդ վերջ այսօրուան սփիւռքի պատկերին հազիւ թէ կմախքը մնայ: Բայց ըսեմ նաեւ հետեւեալը.
Ներկայիս սերունդը տակաւին ունի գիտակցութիւնը, որ ինք կրողն է երկու ինքնութիւններու, հայ եւ յոյն, հայ եւ ֆրանսացի, հայ եւ ամերիկացի եւ այլն: Եթէ հիմա միջոցներ չստեղծենք, որոշ ժամանակ ետք «հայ»-ը պիտի կլլուի եւ պիտի մնան յոյնը, ֆրանսացին, ամերիկացին: Միջոցներու մասին պէտք է մտածել` հայկական գիտակցութիւնը զօրացնելու եւ միշտ արթուն պահելու համար, որպէսզի երկու ինքնութիւնները զիրար հարստացնեն, եւ ոչ թէ ոչնչանայ հայկականը:
Ահա թէ ինչո՛ւ հրամայական է: Ուշացումը կրնայ ճակատագրական ըլլալ: Արդէն ուշացած ենք: Թէ ինչպէ՞ս: Որոնումի խնդիր է: Բուն հարցը սեղանի վրայ դնելն է վերաիմաստաւորման օրակարգը: Այս տեսակէտով, քանի մը առիթներով եւ պաշտօնական որոշ միջավայրերու մէջ, ինչպէս նաեւ մամուլով ահազանգելէ ետք «հրամայականը», հրապարակած եմ առաջարկ, որուն արդիւնաւէտութիւնը կրնայ ոմանց կողմէ կասկածելի նկատուիլ. այնուամենայնիւ, առաջարկ մըն է, որ չունեցաւ ընդդիմախօս կամ այլընտրանքի առաջարկ, եւ որուն իրականացումը այնքան ալ դժուար չէ սփիւռքեան հայագաղութներուն համար: Կը թուի, թէ մեր կառոյցները սպառած են այն աստիճան, որ այդ կամ այլ ուղղութեամբ որեւէ փորձ մը իսկ կատարելու աշխուժութիւնը չունին այլեւս… Չունին նոյնիսկ սփիւռքի ներկայ փուլի վտանգաւոր կացութիւնը գնահատելու տրամադրութիւն:
Յարգելի՛ զրուցակիցներ (հոս` ընթերցողներ),
Դժուար կացութիւնները կը պարտադրեն, որ զօրաշարժի ենթարկենք մեր միտքը, յանդգնինք վերանայելու հինը, չկաշկանդուինք փորձուած ճամբաներու մէջ եւ առարկայական քննարկումով վերլուծենք նոր հանգամանքները եւ բարդ խնդիրներու համար լուծումներ փնտռենք: Հիմա այդ տեսակ դժուար կացութեան մէջ է սփիւռքը:
Շնորհակալութիւն` ձեր ուշադրութեան համար:
—–
(Փափաքողները կրնան «Ազդակ»-ի մամլոյ առցանց այս լսարանին հետեւիլ այցելելով https://www.youtube.com/watch?v=Pcw_sSaDkCk)


