Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Վերստին Հանդիպելու Ծարաւը` «Դաշնակցական Վեհ Հսկայ»-ներուն Հետ (Պանք Օթոման – 128-Ամեակ)

Օգոստոս 14, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Յայտնապէս սովորական հանդիպումի մը մասին չէ վերեւի ակնարկը, այլ ոգեկան ապրումները վերաջրդեղելու եւ գաղափարական աշխարհին հորիզոնը դէպի անհունը տարածելու հաստատ համոզում մըն է, այլապէս պարտքը` դաշնակցական իրերայաջորդ սերունդներու, որ կարենան տոկալ եւ դիմակայել երէկի որոգայթները եւ այսօրուան` հակառակորդ թէ թշնամի զանգուածներու կողմէ յարուցուած հնաբոյր ու սին բարբաջանքները, հակադաշնակցական մոլուցքը:

Այլ խօսքով` դաշնակցական գրականութեան հարուստ աւանդին քաջածանօթ ըլլալու հանգամանքը չէ միայն, որ մեզ կը պարտաւորեցնէ վերընթերցել դրուագներ ու պատումներ, այլեւ իւրաքանչիւր հերոսի ներսիդին աշտարակուած գաղափարի ու նուիրումի վեհութիւնը ըմբռնելու ծարաւն է, առանց որուն դժուար թէ ծնունդ առնէին անձնազոհութեան պատրաստ սերունդներ:

Փաստօրէն, ինչպիսի ներքին մղումի մը դէմ յանդիման կը գտնուին բոլոր անոնք, որոնք ժամանակ առ ժամանակ կ՛ընթերցեն յեղափոխական գրականութեան տարբեր փուլերը, կը խորասուզուին, այս պարագային, դաշնակցական տիպարներու ներաշխարհին մէջ, եւ յանկարծ իրենց մտքին մէջ կը պայծառանայ այս կամ այն ֆետայիին մարդկային արժանիքը, յեղափոխականի կազմաւորումն ու հայրենասէրի առանձնայատկութիւնը:

Նման հոգեյոյզ կրկնակի ապրումներ ունեցայ, երբ վերջերս աչքէ կ՛անցընէի եզակի մտաւորական, վաստակաւոր կրթական մշակ, դաստիարակ, գրաքննադատ, գաղափարապաշտ ու բեղուն գրիչի տէր Յարութիւն Քիւրքճեանի խմբագրած «Պատմագրութիւն ՀՅ Դաշնակցութեան» առաջին հատորը, ուր լիարժէք ու լայնօրէն ներկայացուած են Պանք Օթոմանի մասին արձանագրուած բազմակողմանի վկայութիւններ, փաստաթուղթեր եւ յուշեր:

Ի շարս այլ նիւթերու, գիրքին մէջ կը կարդանք Արշակ Վռամեանի գրիչին պատկանող յօդուած մը` տպուած «Դրօշակ»-ի 8 փետրուար 1897-ի թիւին մէջ, որ կ՛անդրադառնայ իր ընկերոջ Սուրէնին (Արտաշէս Անդրէասեան):

Ի դէպ, Արտաշէս Անդրէասեան, Խաչիկ Գնունի եւ Արտաշէս Միսաքեան Սամաթիոյ կռիւին հերոսներն էին, որոնք Պանք Օթոմանի զուգահեռ յարձակում պիտի գործէին մօտակայ զօրանոցի մը վրայ, ստիպելու թուրք բանակայինները  դուրս գալու ու ապա անոնց վրայ տարբեր տեղերէ ռումբեր նետելու:

Հարկ է ընդգծել, որ յետ երկարատեւ, խոր ու համապարփակ քննարկումներու ՀՅԴ Բիւրոն ու Պոլսոյ Կեդրոնական կոմիտէն կը յանգին մարտական գործողութիւններու ծրագիրի մը, որ տեղի պիտի ունենար Պոլսոյ մէջ:

Այլ խօսքով` ծրագիրը կը միտէր թշնամին հարուածել իր որջին մէջ եւ եւրոպական երկիրներու ուշադրութիւնը կեդրոնացնել հայութեան դէմ կատարուած ահաւոր ջարդերուն վրայ, նաեւ պահանջել բարենորոգումներու գործադրութիւնը:

14 օգոստոս 1896:

Սոյն թուականին պատահած Պանք Օթոմանի գրաւումը յեղափոխական մտքի ու կամքի արտայայտութիւն ըլլալու առընթեր, անիկա դաշնակցական գաղափարի տղոց անձնազոհութեան բարձրագոյն դրսեւորումն էր, որովհետեւ Պանքի գրաւումին թէ Պոլսոյ այլ վայրերու մէջ կազմակերպուած գործողութիւններու մասնակից տղաքը կը զատորոշուէին իրենց գաղափարանուէրի յատկութեամբ եւ «դաշնակցական տիպարի վաւերականութեամբ»:

Ճիշդ է, որ Պանք Օթոմանի գործողութիւնը ունեցաւ ելեւէջներ (դասալիքներ եւ այլն), այդուհանդերձ շնորհիւ Բաբգէն Սիւնիին եւ այլ ընկերներու ընդյատակեայ եւ լուրջ աշխատանքին, կարելի եղած է իր լրումին հասցնել գործողութիւնը:

Յուսահատ ու բարոյալքուած էր հայութիւնը` սոսկալի ոճիրներու պատճառով: Հարկ էր ցնցել օսմանցին ու եւրոպական շահերը: Դաշնակցութեան նախաձեռնած այս արարքը, թէեւ զգացականութեամբ յագեցած էր, այդուամենայնիւ կը պարփակէր մէկ ճշմարիտ պատգամ` ի գին մեծ զոհողութեան հարուածել թշնամին եւ ապացուցել հայ յեղափոխականին կամքն ու յանդգնութիւնը:

Անկրկնելի հերոսներ` Բաբգէն Սիւնի (Փարեան), Հրաչ Թիրիաքեան եւ Արմէն Գարօ կեդրոնական դէմքերն էին գործողութեան: Միւս կողմէ, Սամաթիոյ հերոս տղաքը` Խաչիկ Գնունի, Արտաշէս Միսաքեան, Արտաշէս Անդրիասեան եւ ուրիշներ հանդիսացան այլ վայրերու մէջ մարտնչող յեղափոխականները, որոնք, ցաւ ի սիրտ, հայ լրտեսներու կողմէ կը բացայայտուէին եւ պաշարուելով կը նահատակուէին: Անոնք չեն յանձնուիր եւ ուժանակով վերջ կու տան իրենց կեանքին:

Թէեւ դրամատան մուտքին Բաբգէն Սիւնի եւ այլ ընկեր մը կը նահատակուին, այդուհանդերձ, շուտով Արմէն Գարօ կը յաջողի ղեկավարութիւնը ստանձնել:

18 ժամ գրաւումէ եւ ահաւոր մարտերէ ետք վերջ կը գտնէ գործողութիւնը: Ռուսական միջամտութեամբ տղաքը դուրս կու գան եւ ֆրանսական «Ժիրոնտ» նաւով կը փոխադրուին Մարսէյ, Ֆրանսա: Եւրոպացիներու իսկ վկայութեամբ, տղաքը ցոյց տուած են «ասպետական ոգի» եւ մարդկային ազնիւ վերաբերում`պաշտօնեաներու նկատմամբ:

Դրամատան գործողութենէն ետք սուլթան Համիտի կատաղութիւնը աւելի կը բորբոքի եւ խուժանը կը հրահրէ նոր ջարդերու կազմակերպումին: Պոլիսը արեան մէջ կը խեղդուի. քանի մը հազար հայ զոհ կը դառնան սարսափելի վայրագութեան:

Թուրքին առիթ չէր պակսեր հայութիւնը բնաջինջ ընելու, այդուամենայնիւ հայ պատմագրութիւնը հպարտութեամբ արձանագրած է այս դիւցազներգութիւնը:

Ազգային ազատագրական պայքարի առաջին քայլերն էին, հայ յեղափոխական կուսակցութիւններու արարքները թէեւ ռոմանթիկ դրսեւորումներ կ՛ընդգրկէին, սակայն կար ճշմարտութիւն մը անսեթեւեթ, որ ստրկացած հայը զարթնած էր եւ տէր էր իր ազգային արժանապատուութեան:

Այո՛, Արտաշէս Անդրէասեանի (Սերոբ) դաշնակցականի կերպարին ընդմէջէն հայութիւնը կը տեսնէր իր լուսաշող ապագան, որովհետեւ նման յեղափոխական տղաներ, իրենց ուսումին առընթեր, ունէին գաղափարական ուժեղ կազմաւորում ու հաւատացած էին բազուկի ուժին ու հաւաքական պայքարին:

Արշակ Վռամեանի իսկ խոստովանութեամբ, «…պոլսեցի Արտաշը ճանչցաւ ու սիրեց իր ժողովուրդը, որուն նուիրեց իր կեանքը»: Աւելի՛ն. «Իբր ուսուցիչ, ան թերեւս միակն էր իր մասնագիտութեան (թուաբանութիւն) մանկավարժական մշակումովը: Ան, վարժապետութիւնը յեղափոխութեան մէկ մասը կը նկատէր. չէ՞ որ իր բոլոր ջանքը նուիրած էր նախապաշարումներ արմատախիլ ընել, նոր գաղափարներ քարոզելու, ապագայ քաղաքացիներ պատրաստելու»:

Հայ յեղափոխականները` հաւատալով իրենց բազուկին, նետուեցան պայքարի դաշտ, անոնք այնպիսի հաստատակամութեամբ եւ վճռակամութեամբ կռիւ մղեցին, որ մարտերու դադրեցումէն ետք, ըստ Արշակ Վռամեանի. «Ստամբուլի թուրք թաղերը սոսկումով եւ հիացումով կը յիշեն դեռ այդ ափ մը քաջերը, որոնց ազդած վախը փրկեց այդ կողմի բոլոր հայ թաղերը պաշիպուզուկներու յարձակումէն, յեղաշրջեց իրենց համարումը վատ ու վախկոտ համարուած հայերու մասին, եւ մօտալուտ անծանօթ ապագայի մը սարսափը տուաւ…»:

Արդ, դրամատան գործողութեան նուիրուած երգը լաւագոյնս կը դրսեւորէ տղոց յեղափոխականի կերպարը. երբ իրաւամբ կ՛արձագանգէ անոնց վեհութիւնն ու դաշնակցականի կազմաւորումը:

Իր կարգին, Վռամեան կ՛եզրակացնէ. «Հայ ժողովուրդը անգամն ալ տեսաւ ու զգաց, որ յեղափոխութիւնը խաբեբաներու գործը չէ, երբ անոր քարոզիչները անոր վարիչները եղան, կռուողներու առաջին շարքին մէջ կանգուն, մինչեւ իրենց վերջին շունչը հաւատարիմ մնացին իրենց դրօշակին»:

Այս օրերուն որքա՜ն կարօտը ունինք նման գաղափարանուէր տիպարներու, այո՛, դաշնակցական ընկերներու:

 

 

Նախորդը

Կորուստի Մը Առիթով` Կցկտուր Մտքեր

Յաջորդը

Տիպալա Մերժեց 4 Տարուան Ընթացքին 100 Միլիոն Եւրօ Շահիլ…

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?