Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Շեղելու Փորձեր

January 23, 2015
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

sahman---GallipoliԸնթացիկ տարուան առաջին ամիսը յատկանշած իրադարձութիւնները մտածել կու տան, որ բազմաթիւ ուղղութիւններով մեր թշնամիները ձեռնարկած են պետական մակարդակներու վրայ շատ աշխուժ պայքարի` հանրային կարծիքը կողմնորոշելու եւ հայկական պետութիւններու ուշադրութիւնը շեղելու քաղաքականութեան:

Փորձենք ամփոփ կէտերու մէջ նշել այն ուղղութիւնները, որոնք ցարդ կ՛երեւին Անգարայի եւ Պաքուի միացեալ, միջպետական շտապին կողմէ հայկական հարցերուն գծով ուշադրութիւն շեղելու քաղաքական ընդհանուր պարունակին մէջ: Նկատուածները գուցէ ուրուագիծեր են, որոնք կրնան նախանշել կիրարկուող քաղաքականութեան բուն շարժառիթները:

Պաշտօնական Անգարան հետզհետէ թափ պիտի տայ ցաւակցագրական, ընդհանուր ցաւեր կիսելու, անատոլուական միեւնոյն բնօրրանին պատկանելիութիւնը շեշտելու, «վերադարձէք»-ի, քաղաքացիական իրաւունքի վերականգնման խոստումներու, նոյնիսկ կալուածներու իւրայատուկ հատուցման, եկեղեցիներու վերանորոգման, բացուած անհատական դատերու դիմաց կիսահատուցումներու ընդհանուր ներկայացումին, բառին թատերական իմաստով:

Այս ներկայացման արարներու զարգացման ականատես պիտի ըլլանք տակաւին: Զուգահեռ, ազգայնական տարրերը դեր ունին կարծր, անհանդուրժողականութեամբ յատկանշուող յայտարարութիւններով հանդէս գալու, որպէսզի իշխանութիւնները միջազգային ընտանիքին ապացուցեն, որ ի գին մեծ դժուարութիւններու եւ ներթրքական բողոքի հսկայական ալիքներու բարձրացման «ձիթենիի ճիւղ» կ՛երկարեն հայկական կողմին:

«Հրաւէր ընդդէմ հրաւէր»-ին կամ հայկական իւրաքանչիւր նախաձեռնութեան հակազդելու Անգարայի ամենաբարձր մակարդակի վրայ առնուած այս քայլերը կը նախանշեն, որ 100-ամեակը յայտնուած է Անգարայի համապատասխան գերատեսչութիւններու տեսադաշտին կեդրոնը:

«Թալէաթ փաշա»-ի ժխտողական ջոկատներու գործուղումը եւ փերինչեքներու նորանոր յայտարարութիւնները այս խճանկարին մաս կը կազմեն, եւ բոլորը տեղ մը, կարեւոր  չափով կը նպաստեն հանդուրժողական երեւիլ փորձող էրտողանական վարչախումբի ծրագիրներու իրականացման:

Հիմնական այս ուղղութիւններուն առընթեր եւ անկախ Կալիփոլիի յոբելենական նշումի արարողութիւններէն, արդէն իսկ համոզիչ կը դառնայ, որ վերահսկուած թոյլտուութեամբ առիթ պիտի տրուի ապրիլ 24-ի զոհերուն, ընդ որում ցեղասպանութիւն բառեզրի օգտագործումով, յիշատակի ձեռնարկներ կազմակերպել Թուրքիոյ տարբեր շրջաններուն մէջ:

Այս բոլորը շղարշային ծածկոյթով թէ ուղղակի, տեսանելի են արդէն: Վտանգաւոր այլ ուղղութիւն մը  կը թուի ինքզինք զգալի դարձնել աշխարհագրական տարբեր միջավայրի մէջ:

100-ամեակին հակազդելու ռազմավարութիւնը յայտնաբար թուրքեւազրպէյճանական միացեալ շտապին առաջնային օրակարգերէն է: Ինչպէս որ Կալիփոլին քարոզչաքաղաքական մակարդակի վրայ միջազգային հանրային կարծիքը շեղելու ծառայող քայլ է, այնպէս ալ հայկական ներուժն ու ուշադրութիւնը Արցախ-Ազրպէյճան շփման գիծին վրայ կեդրոնացնելը միացեալ առաջադրանք է թշնամիին համար: Եւ պարզ է, որ կիսապատերազմը կամ այն ինչ կը պատահի այսօր` արձակազէններ, հետախոյզներ, ուղղաթիռի խփում եւ ներթափանցման փորձեր, կը միտի այդ քայլին: Հայկական աշխարհը ներգրաւել առաջադրուած իրավիճակին, որպէսզի արգելակուի 100-ամեակի միջազգայնացման աշխատանքը:

Եթէ Անգարան Կալիփոլիի նշումով կ՛ուզէ հակաքայլ առնել 100-ամեակին, ապա Պաքուն շփման գիծի իրավիճակի լարումով իր մասնակցութիւնը կը բերէ համահայկական ուշադրութիւնը շեղելու հակառակորդներու ձեռնարկած միացեալ աշխատանքին:

Օրինաչափ եւ ընկալելի համարուող նշումներէն, յոբելեաններէն, բառեզրերու օգտագործումէն եւ արարողակարգերէն աւելի հայկական ամէնէն հատու պատասխանը այս բոլորին` հայկական ուժերու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներու անոտնձգելիութեան, անթափանցելիութեան եւ անխորտակելիութեան պահպանումն է եւ միւս կողմէ հայութեան պատմական բոլոր իրաւունքներու պահանջին վերաբերող  հայեցակարգի, հռչակագիրի եւ իրաւական թղթածրարի ամբողջացումն է: Առայժմ այս հանգրուանին:

Նախորդը

Քննչական Կոմիտէն Լուսանկարներ Եւ Տեսանիւթ Հրապարակեց Փերմեաքովի Հարցաքննութենէն

Յաջորդը

IFFHS. Անչելոթթի 2014 Տարուան Ակումբներու Լաւագոյն Մարզիչը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Իսրայէլի Թիրախափոխումները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլի Թիրախափոխումները

February 25, 2026
Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ  Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ  Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»

February 25, 2026
Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»
Գլխաւոր լուրեր

Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.