Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յիշատակդ Անմար Պիտի Մնայ, Նահատա՛կ Ընկեր*

January 24, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

10934419_604885886321506_2115151349_nԿեանքի մէջ մահը ամենադաժան իրողութիւնն է, որուն ճակատագրուած ենք ենթարկուելու բոլորս անխտիր: Մահը իր զանազան երեսներով կը դիմաւորէ մեզ, սակայն մահերուն մէջ գերագոյնը նահատակութիւնն է, իսկ նահատակութիւնը վայել է միայն խիզախներուն եւ քաջերուն: Մեր սիրելի Յովսէփը մաս կը կազմէ այդ արիներու փաղանգին:

Անցնող մօտաւորապէս չորս տարին անողոք էր սուրիական հայրենիքին եւ սուրիացի ժողովուրդին համար, որմէ անմասն չմնացինք նաեւ մենք: Օրհնաբեր Սուրիան կքած էր պատերազմի ծանր բեռին տակ, բայց չէր յանձնուած, ճաշակած էր պատերազմի ամենաանմարդկային երեսը, բայց չէր պարտուած`  շնորհիւ իր ժողովուրդին եւ անձնուրաց զաւակներուն: Յովսէփը անսաց սուրիական հայրենիքին կոչին եւ հայու վայել խիզախութեամբ նետուեցաւ պատերազմի թոհուբոհին մէջ` արհամարհելով իր կեանքին սպառնացող ամէն վտանգ եւ նոյնիսկ մահ:

Սիրելի՛ Յովսէփ,

Ճակատագիրդ այնպէս մը տնօրինուած էր, որ դուն պատիւը ունենաս յայտնուելու պարտականութեան պատնէշին վրայ, հակառակ որ փառք ու պատիւ փնտռող չէիր, եւ կը սիրէիր լուռ եւ աննշան աշխատիլ: Սակաւախօս էիր, բայց գործելու մեծ եռանդ ունէիր. աշխատանքը սուրբ էր քեզի համար, մանաւանդ` հայրենիքի նկատմամբ: Երբեք չդաւաճանեցիր սկզբունքներուդ եւ նահատակութեամբդ պսակեցիր աշխատանքդ, երբ տակաւին շատ բան ունէիր կատարելիք:

Փոքր տարիքէդ անդամակցեցար ՀՄԸՄ-ի շարքերուն, եւ այդ շարքերուն մէջ թրծուած պատանին այլ բան չէր կրնար ըլլալ իր հասուն տարիքին, եթէ ոչ` ծառայասէր, հայրենասէր եւ ազգասէր:

Այսօր մեզմէ առյաւէտ կը բաժնուի Յովսէփը, անկասկած որ ցաւն ու կսկիծը մեծ են եւ կորուստը` անդառնալի, սակայն նոյնպէս մեծ է մեր մխիթարանքը, որ մեր սիրելին եւ հարազատը սովորական մահկանացու մը չէր եւ մահուան խաղալիքը չդարձաւ, այլ իր գիտակից մահով յաղթեց մահուան եւ կեանքը իմաստաւորեց նահատակութեամբ: Որքան վիշտ կայ մեր սրտերուն մէջ, նոյնքան հպարտութեամբ լեցուած են մեր հոգիները, քանզի նահատակին մահ չկայ:

Ննջէ՛ խաղաղ, սիրելի՛ ընկեր, խունկ ու մոմին հետ արցունք պիտի չթափենք, վասնզի նահատակին միայն դափնի կը վայելէ:

ՀԵՄ-Ի ՄԵԾ ԸՆՏԱՆԻՔ

*Դամբանական` արտասանուած հալէպահայ Յովսէփ Պչաքճեանի նահատակութեան առիթով 

Նախորդը

Մեր Խօսքը. Տօներու Վաղորդայնին` Վերանորոգ Ոգիով Ու Յանձնառութեամբ

Յաջորդը

Աբօ Ունանեանի Յիշատակին

RelatedPosts

Քեսապն… Ու Հեղեղները
Անդրադարձ

Քեսապն… Ու Հեղեղները

November 11, 2026
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

Հայ Կեանք Եւ Մասամբ Նորին…

November 11, 2026
Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը
Անդրադարձ

Սփիւռքը Եւ «Անդրազգ» Եզրոյթի Հարցականները

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.