Տագնապներով լեցուն արդի աշխարհին մէջ մեր ժողովուրդին համար անհրաժեշտ են նոր հոգի ու նորոգեալ կամք, որպէսզի կարենանք Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով յիշել մեր մէկուկէս միլիոն նահատակները եւ պատիւ ընծայել նաեւ անոնց, որոնք ի սփիւռս աշխարհի եւ ի խնդիր հայրենիքի ու ազգութեան լինելութեան, հաւատարմութեամբ կը պահեն մեր անմահ նահատակներուն կտակը ու վճռակամութեամբ կը շարունակեն պահանջել մեզմէ խլուածն ու յափշտակուածը:
ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց
Տօնական առիթները ժողովուրդներու հաւաքական կեանքը զուարճացնող, ներկան անցեալին կամրջող ու ապագայի հեռանկարով տեսլականներ գործնականացնելու խթաններ են: Սակայն տօներու վաղորդայնին, «կերուխումը գնաց, հոգերն ու խոկումը եկան» հաշուետուութեան «սակարկումը» ինքզինք կը պարտադրէ, թէ` ի՛նչ ծրագրած էինք, ի՛նչ իրագործեցինք: Հոգեր` անհատական, ընտանեկան թէ ազգային-հաւաքական առումով, իրենց համապատասխան մտածումներով, խոկումով ու քննարկումով: Ազգային հաւաքական, հասարակաց այդ հոգերու հիմնահարցերուն հիմնահարցը` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի խորհրդանշական բնոյթն է: Ժամանակի սլաքը վերադարձնելով 1915-ի գողգոթային ու անոր տուն տուած դժոխային ծրագրումին` կը վերյիշենք, թէ Ցեղասպանութիւնը կը միտէր հայութիւնը արմատախիլ ընել իր բնօրրանէն եւ Թալէաթի բառերով` «Աշխարհի մէջ մէկ հայ ձգել որպէս նմուշ»:
Այսօր, արհաւիրքէն դար մը ետք, հայութիւնը արմատախիլ եղած է իր հայրենիքէն` կորսնցնելով իր բնօրրանին կարեւոր մէկ տարածութիւնը: Մինչ Թալէաթի երազը չէ իրականացած` շնորհիւ հայու գոյատեւման կամքին ու պայքարին: Պայքար` գուրգուրալու եւ պահպանելու հայութեան ազգային ինքնուրոյնութիւնը, պահելու հայադրոշմ առանձնայատկութիւնները` ազգային, հոգեւոր ու մշակութային աւանդները: Սակսյն աշխարհի զանազան բնագաւառներուն մէջ արձանագրուող արագընթաց զարգացման զուգահեռ, ներազգային ճակատի վրայ, խոկումը առաւել եւս կը խորանայ ու կը շեշտուի կարգ մը մտահոգիչ երեւոյթներու շեշտաւորման լոյսին տակ: Փաստօրէն, անցեալին հայրենի գրաւեալ բնօրրանի զանազան գաւառներուն մէջ տօնական առիթները կը նշուէին յատուկ արարողութիւններով` ըստ իւրաքանչիւր շրջանի աւանդութեանց եւ սովորութեանց: Այսօր հայութիւնը, հակառակ տարուող բազմապիսի ջանքերուն, ամբողջական հարազատութեամբ չի ցոլացներ հայրենի երբեմնի այդ մթնոլորտին ոգեկոչումը: Դժբախտաբար տեղայնացումը, այլասերումը, հայաթափման ու օտարացման պայմանները կ՛արգելակեն ու կը խաթարեն հայկական երբեմնի աւանդութիւնները, բարքերն ու անոնց ոգին: Փաստօրէն, հայութիւնը իր անցեալի դարաւոր պատմութեան կամրջող գլխաւոր օղակն է Ս. Ծննդեան տօնը եւ անոր խթան` հայութեան քրիստոնէական հաւատքը: Եղեռնի օրերուն իրենց հաւատքը չուրանալու, քրիստոնեայ մնալու, հայօրէ՛ն ապրելու եւ գոյատեւելու համար հայուհիներ Եփրատ գետ նետուած էին, իսկ այսօր դժբախտաբար բազմաթիւ հայեր ու հայուհիներ «անհատի ազատ ընտրանքի» պիտակին տակ «կը նետուին» խառն ամուսնութեան գիրկը: Իւրաքանչիւր հայ պարտի այսօր հաշուետուութեան նստիլ ինքն իրեն հետ, թէ` Կաղանդի ամանորեան իր սեղանը արդեօք «զարդարուա՞ծ» էր հայկական տօնական տոհմիկ ճաշերով` ղափամայով, անուշապուրով… Արդեօք հոն կա՞յ մինչեւ յառաջիկայ Ս. Ծնունդի օրը հիւրաբար հայու սեղանին վրայ «բազմելիք» Ծնունդի առիթով եկեղեցիէն բերուած օրհնուած գաւաթ մը ջուրը: Արդեօք անոնք Ս. Ծնունդի նախօրէին, խթման գիշերը, հիւրընկալեցի՞ն իրենց դրան առջեւ երգ ու նուագով Յիսուսի Ծնունդը աւետող ճերմակազգեստ երկսեռ պատանիներ: Հարցադրումներ, որոնց շարքը կ՛երկարի, որովհետեւ օր ըստ օրէ տերեւաթափի նման մեզմէ անդարձ կը բաժնուին ազգային պատմութեան ու աւանդութեանց մերօրեայ «սուրհանդակ»-ները` Ցեղասպանութենէն ճողոպրած մամիկներն ու պապիկները:
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին հարկ է նոր թափով ու եռանդով, թարմացնել ուժերը, նոր շունչ ու աւիշ ներարկել մեր ծրագիրներուն եւ վերանորոգ ոգիով ու յաւելեա՛լ յանձնառութեամբ շարունակել ազգային, հոգեւոր աւանդի փոխանցման առաքելութիւնը, որ նաեւ ՀՕՄ-ի ու ԼՕԽ-ի՛ն առաքելութիւնն է:
ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ
ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ