ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Հայոց սրբազան լեռը առաջին անգամ չէ որ կ՛արցունքոտի: Ան դարեր շարունակ իր ժողովուրդին անասելի տառապանքներուն եւ դառն ցաւերուն մեծագոյն վկան է հանդիսացեր, յաճախ վշտակցեր, մշտապէս աջակցեր ու թիկունք կանգներ` շրջանցելու ամէնէն ահաւոր ու դժխեմ աղէտններն անգամ, եւ իր աստուածամերձ վեհութեամբ կրցեր ամոքել եւ դարմանել ամբողջ ազգի մը ճակատագրուած դժբախտութիւնները:
Այո՛, քաջ հաւատացողն ենք, որ Արարատի տիեզերահունչ ծնունդը իմաստ է ունեցեր մղելու եւ առաջնորդելու ազգ մը ամբողջ դէպի լինելութեան հեռաւոր եւ գոյատեւման ապագայ հորիզոններ:
Այս է եղած հայոց Արարատի հազարամեակներու խորհուրդը, եւ այդ իւրայատուկ ոգեկանութեան մէջ իր էութենէն փթթեր մեծասքանչ ու տիտան հայորդիներու իրերայաջորդ սերունդներ:
Սակայն, այդ օր` յունուար 12-ի առաւօտը տարբեր զգացողութիւն եւ հոգեկան խլրտումի վիճակներ կը պատճառէր մեծն Արարատին, որ 2015 թուականի` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման տրոփները կ՛ապրէր` իր սպիտակահեր գագաթին թառած վեհափառ աստուածներու հետ, յանկարծ եւ դառնութեամբ այս անգամ ականատես կ՛ըլլար մարդկային ողբերգութեան մը, քստմնելի ոճիրի մը, տմարդի եւ գազանային վերաբերումի մը, այլապէս բարբարոսային սպանդի մը:
Հաւաքական սպանդի, անարգաբար, եւ նոյնինքն հայրենի հողին վրայ, երկրաշարժի ահաւորութիւնն ու սարսափը ապրած Գիւմրիի թաղամասերէն մէկուն մէջ, եւ օր ցերեկով, ամբողջ ընտանիքի մը զգետնումով, ռուս բորենի զինակոչիկի մը լպիրշ ձեռամբ:
Եւ ակնթարթի մը մէջ, Աւետիսեաններու սուրբ տունն ու շառաւիղը կ՛ենթարկուէր անմարդկային ու թրքատիպ վերաբերումի` ընտանեկան մաքրագործման:
Ոճիրի ահաւորութեան կը հետեւէր յոյսի եւ լոյսի լուրը. սպանդէն ողջ մնացած էր ու տակաւին կը շնչէր վեց ամսական փոքրիկ ու աննման Սերիոժան, որուն սիրունիկ մարմնիկը թէեւ վիրաւոր ու արիւնաթաթախ էր, սակայն սիրտը կը տրոփէր` կեանքին հայցելով ապրելու իրաւունքը:
Ապրելո˜ւ իրաւունքը…
Արարատի ժպիտին ներքեւ իբրեւ մանուկ խայտալու փափաքը, լալու, խնդալու, երգելու, պարելու ու մանաւանդ իր հրեշտակակերպ հոգիի ցոլքերով հայ ընտանիքի ու հայրենիքի ուրախութիւն եւ խաղաղութիւն նուիրելու աստուածահաճոյ պատգամը:
Հայութիւնը` ի հայրենիք եւ սփիւռս աշխարհին ի լուր սրանդին կը ցնցուի, կ՛ընդվզի, արդարօրէն կը պոռթկայ եւ իր ձայնը կը բարձրացնէ յանուն արդարութեան ու ապրելու իրաւունքին:
Հայրենի աղէտահար քաղաքացիները` գիւմրեցիները, իրենց ճչացող ցաւին եւ խորունկ վիշտին իբրեւ հետեւանք հրապարակ կու գան ոչ միայն արդարութիւն պահանջելու, այլեւ` ազգային արժանապատուութեան տէր դառնալու, հաւաքաբար բարձրաձայնելու եւ ապրելու տարրական իրաւունքը պահանջելու:
Այդ ինչպէ՞ս է եղեր, որ իր հողերուն վրայ ապրող ազգի մը անմեղ ու աստուածակերպ ընտանիք մը զոհը կը դառնայ հրէշի մը քմայքին եւ գործած ոճիրին:
Ճիշդ է, որ անհատական ոճիրի բնոյթով նման գազանային սպանդի այլանդակ պատկերներու կը հանդիպինք ամէն քայլափոխի, նոյնիսկ այսպէս ասած ամէնէն զարգացած եւ բարեկիրթ երկիրներու մէջ անգամ, սակայն, Հայաստանի հողին վրայ նման աղէտներ պարզապէս եռապատիկ ուժգնութեամբ իրենց աւերները կը գործեն, այլապէս տեղիք տալով անհաշուարկելի հակազդեցութիւններու:
Չէ՞ որ նորանկախ Հայաստան կը դիմագրաւէ ներքին ու արտաքին քաղաքական ճնշումներ, ընկերատնտեսական ահաւոր կացութիւններ, ժողովրդագրական պատկերի խիստ մտահոգիչ փոփոխութիւն, նոյնիսկ պատերազմական վիճակ եւ մասամբ նորին:
Ահաւասիկ այս պարունակին մէջ եւ այս մօտեցումով հարկ է կշռադատել ամէն արարք, ըմբռնել ստեղծուած անախորժ ու վատոգի որեւէ կացութիւն, եւ ի հարկին ցոյց տալ կողմնորոշումի եւ հակազդեցութեան համապատասխան նախաձեռնութիւններ:
Նման յանդուգն ու խիզախ կեցուածքի եւ արժանապատիւ քայլերու բոցավառումներ կը պահանջուին ինքզինք յարգող ամէն հասարակակարգէ եւ պետական մտածողութենէ, որուն գերադաս պարտաւորութիւնն է տէր կանգնիլ ժողովուրդին անվտանգութեան եւ բարօրութեան:
Յայտնապէս, մերժելի են տղայական թէ արկածախնդրական ամէն հակազդեցութիւն եւ պատժական տնօրինումներ անմեղներու նկատմամբ, այդուամենայնիւ, խիստ դատապարտելի են բորբոքած եւ ցաւատանջ ժողովուրդի մը կիրքերու արհամարհումը եւ կամ կաշկանդումը` տարբեր պիտակներու եւ բացատրութիւններու հիմամբ:
Ընդհակառակն, ազգային ու պետական մտածողութիւնը կը յուշէ, որ ազգեր նախ կը յարգեն իրենք զիրենք, բարձր պահելով ազգային արժանապատուութիւնը, որպէսզի իրենց կարգին վաստկին եւ արժանի ըլլան քաղաքակիրթ ազգերու պատկառանքին:
Դաժան եւ մտահոգիչ օրերու թաւալքին հետ աննման փոքրիկ եւ հրեշտակակերպ Սերիոժայի սիրունիկ մարմինը կը պայքարէր, կ՛ուզէր ապրիլ եւ տոկալ, հակառակ ստացած ծանր վէրքերուն:
Ազգը իր աղօթքով, պետութիւնը իր կարողականութեամբ ու հռչակաւոր մասնագէտ բժիշկներ օրն ի բուն կը ջանային փրկել անուշիկ դէմքով եւ սեւաչեայ Սերիոժայի կեանքը:
Բայց աւա˜ղ, նոյնքան դառն էր այս սիրունիկ փոքրիկին ճակատագիրը, բորենի ռուս զինկոչիկին տուած դաշիւնի հարուածները այդ ալ վեց ամսականի մը կուրծքին, այնքան ուժգին էին, որ տապալեցին հայոց փոքրիկին ապրելո˜ւ երազները:
Խոստովանիմ, որ պատահած աղէտի ճնշումին տակ ա՛լ ոչ գրիչ կը շարժէր, ո՛չ միտքեր կը տողանցէին եւ ո՛չ ալ մարդ կրնար առերեսուիլ անմարդկային նման վիճակներու:
Կարծես, սպանդին ահագնութեան դէմ յանդիման կար մխիթարող այլ հոգեկան վիճակ մը, ներքին յոյս մը, չհիասթափելու մղիչ ուժ մը, մեր ազգային ցաւերը խածնելու եւ տոկալու հրաւէր մը:
Ձագուկին ողջ մնալու ազգին փափաքն ու երազն էր…
Ու այդ երազը յանկարծ կը շիջէր` պատճառելով այնպիսի կսկիծ ու դառնահամ վիճակ, որ Նարեկեան առ Աստուած հառաչանքներու կարիքը զգացինք, եւ մեր կարգին ի խորոց սրտէ ձայնակցեցանք այդ Մեծ սուրբին ու յեղափոխականին բոցաշունչ պոռթկումներուն եւ ցասումին:
Այո՛, պիտի չուզէին գրել որեւէ բառ, արձանագրել որեւէ մտածում եւ կամ արտայայտել ընդվզումի եւ ցասումի որեւէ խօսք, սակայն, երբ մարդ կ՛իմանայ, թէ վեց ամսական մանուկի մը անմեղութիւնը նման անասնականութեամբ խարազանուած է, ալ ինչպէ՛ս զսպէինք մեր ներքին հրաբուխն ու առ Աստուած պոռթկումները, ինչպէ՛ս լուռ մնայինք եւ մենք մեզ համոզէինք պատահածով, երբ ամէն օր մեր դիմաց էր հրեշտակակերպ մանուկին աստուածային դէմքը, թուխ մազերը եւ փոքրիկ պայքարող սրտիկը:
Ինչպէ՛ս չանիծէինք մեր ճակատագիրի ամբողջ դառնութիւնը:
Ինչպէ՛ս չհայհոյէինք, չընդվզէինք, երբ մեր դիմաց էր կանգնած քսանամեայ մարդակերի մը խենեշ դիմագիծը:
Ինչպէ՛ս կարենանք ընդունիլ մեր անհատական անզօրութեան զգացումին առթող ճնշումը:
Ինչպէ՛ս:
Եղան հեռաւոր ափերու վրայ ապրող սրտցաւ հայեր, որոնք խիստ դատապարտելէ ետք արարքը հիւանդ եւ անսիրտ կոչեցին ռուս բորենին:
Ուրիշներ` ռուս եղբայրներ, վշտակից եղան ու մոմեր վառեցին եւ ներում հայցեցին հայ ժողովուրդէն:
Ազգը արտասուեց:
Արարատի սիրտն անգամ արիւնոտեցաւ` ի տես անմարդկային ոճիրին:
Էականը, այս բոլորէն ետք, կը մնայ այն, որ հայոց պետական կարգ ու սարքը իր աւագանիներով եւ քաղաքակիրթ ժողովուրդով հրապարակ իջնէ պահանջելու իր ազգին իրաւունքը, արդարադատութիւնն ու վրէժ լուծելու հրամայական պահանջը:
Վրէ՛ժ` ընդդէմ բոլոր անոնց, որոնք կ՛անարգեն հայութիւնն ու ազգային մեր իտէալները:
Վրէ՛ժ` ընդդէմ ստորին եւ մութ ուժերու, որոնք դաւեր եւ որոգայթներ կը հիւսեն իրենց թաքուն մտածումներով:
Վրէ՛ժ` պահպանելու եւ պաշտպանելու եղբայրական ամէն զգացում եւ յարաբերութիւն, փոխադարձ յարգանքի եւ իրաւունքի հաստատակամութեամբ:
Վրէ՛ժ` բոլոր անոնց դէմ, որոնք կը նկրտին նուաստացած տեսնել մեր ազգային արժանապատուութիւնը:
Առանց ստորագնահատելու պետութեան տարած աշխատանքները, հարկ է համազգային սուգի օր հռչակել Աւետիսեաններու ընտանիքին քառասունքին առիթով, եւ ժողովուրդը մը ամբողջ հրապարակային իր ելոյթով` իր Արարատասէրի ՈՉ-ը բացագանչէ ամբողջ մարդկութեան դիմաց:
Համազգային ՈՉ-ը` բորենին ենթարկելու քրէական ամէնէն խիստ տնօրինումի` մահապատիժի, այս կացութենէն դուրս գալու ճակատաբաց եւ եղբայրական:
Հեռակայ ափերէն` խունկ ու մոմ Աւետիսեաններու շիրիմին:
Հեռակայ պաչիկներ աննման ու ապրելու իրաւունքին համար պայքարած Սերիոժայի անուշիկ եւ կարմրաւուն այտերուն: