ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
– Շուշիի մէջ պէտք է հետիոտն պտտիս:
Շուշիին քաջածանօթ մտերիմ բարեկամիս խորհուրդը իբրեւ ուղեցոյց առած, գտնուած բարձր դիրքէս Շուշիի համայնապատկերը դիտելէ ետք կը սկսիմ քալել` արցախեան մտերիմ մթնոլորտէն էութեանս մէջ ներթափանցած հարազատութեան զգացումով թեթեւցած:
Դպրոցական տարիներէս ու Հայագիտականի մէջ ուսմանս հանգրուանէն Շուշիի պատմականին մասին ինծի փոխանցուած տեղեկութիւնները կը սկսին ակամայ թակել մտքիս դռները` զիս եւս զարմացնելով, որ տակաւին Շուշիի մասին այդքան մանրամասնութիւններ կան հոն թաքնուած:
Յիշածներս մտաբերելէն կը քալեմ…
Քաղաքին մասին գրաւոր տեղեկութիւնները մեզի հասած են արաբական աղբիւրներէ, երբ 7-րդ դարուն սկսան արաբական արշաւանքները դէպի Հարաւային Կովկաս, այդ ատեն էր, որ անոնք նաեւ յայտնուեցան Հայաստանի մէջ: Անոնք իրենց աղբիւրներուն մէջ խօսած են Շուշիի ամրոցին մասին, յիշած են, որ կար բերդ մը, որ կը կոչուէր «Քարքարաբերդ», այսինքն` քարքարոտ բերդ…
Շուշին 19-20-րդ դարերուն ունեցած է մեծ համբաւ, եղած է հոգեւոր, մշակութային եւ կրթական հզօր ու կարեւոր կեդրոն…
Անփոյթ քայլերս յանկարծ կը դանդաղին, մտածումներուս թելը կ՛անջատուի, աչքերս լայն կը բանամ եւ կը նայիմ դիմացս յայտնուած հրաշքին… Չէի նախատեսած, որ այսքան շուտ ըլլար մեր հանդիպումը, եւ ան յանկարծ խոյանար դիմացս` յայտարարելու, որ ինք հոն է` գրկբաց հիւրընկալելու զինք տեսնելու երազով օրօրուող սփիւռքահայ իւրաքանչիւր հայորդի:
Փողոցին գլխուն կանգնած` կը նայիմ շշմած, սեւ-ճերմակ նկարներ արագ-արագ կը սկսին տողանցել մտապատկերիս մէջ, նկարներ, ուր «Մահ կամ ազատութեան» բանիւ եւ գործող հաւատացող ազատամարտիկները իրենց յաղթանակը կը տօնեն անոր շրջափակին մէջ, նկարներ, ուր անոր սպիտակութիւնը մուրով պատուած է, հրասայլեր կան անոր կողքին, նկարներ, ուր այդ հոյակապ կառոյցին գմբէթին փոխարէն` դէպի երկինք խոյացած են երեխաները` տօնելով Շուշիի ազատագրումը:
Սրբոց Ամենափրկիչ Ղազանչեցոցն է…
Պահ մը կը թուի, թէ միայն ես ու այդ հոյակերտ, ճերմակ եւ գեղօրէն երկինքին միախառնուող կառոյցն ենք Շուշիի մէջ:
Շուտով լուսանկարչական գործիքս կը հանեմ` վախնալով, որ այդ հրաշալի պահը կրնայ աւարտիլ, եւ չեմ հասնիր զայն անմահացնելու` միշտ փորձելով աչքս չհեռացնել եկեղեցւոյ վրայէն:
Քունէն յանկարծակի սթափողի նման կ՛անդրադառնամ, որ մամիկ մը իր նեցուկ գաւազանին յենած` քիչ մը հեռուէն ինծի կը նայի ամենայն հարազատութեամբ, կարծես վաղուց ծանօթներ ըլլայինք: Հազիւ մեր աչքերը կը հանդիպին, մեղմ ժպիտով մը կ՛ողջունէ երազայինէն իրական աշխարհ իմ «վերադարձս»` ետեւի նստարանին վրայ հանգչելով եւ գլխու շարժումով մը յայտնելով, թէ լաւապէս կը հասկնայ կացութիւնս:
Կը մօտենամ իրեն, կը նստիմ կողքին, մեր հայեացքը եկեղեցւոյ ուղղած` պահ մը լուռ կը մնանք:
– Սփիւռքահայ ես, չէ՞:
– Այո՛, Լիբանանէն:
– Պատերազմի ատեն ու անկէ ետք ալ շատեր եկան Լիբանանէն, եկան ու գացին` միշտ լաւ յիշատակներ ձգելով մեզի: Հիմա ալ կու գան, Շուշի կ՛այցելեն յատկապէս Ս. Ղազանչեցոցը տեսնելու նպատակով, դուն ալ, չէ՞:
Առանց պատասխանիս սպասելու` կը շարունակէ.
– Այս եկեղեցին Շուշիի պահապան հրեշտակն է, ան նաեւ ուժ, կորով ու հաւատք ներշնչեց մեր զաւակներուն, մեր հերոս տղաներուն: Պատերազմը դաժան էր, ջահելները հողին յանձնեց, սակայն անոնց նահատակութեամբ ազատագրուեցան այս հողերը: Հոս ապրող գրեթէ իւրաքանչիւր ընտանիք նահատակ տուած է ու հպարտ է ատով:
– Իսկ ձե՞ր ընտանիքը…
– Ամուսինս կորսնցուցի, երբ Աշոտս 3 տարեկան, իսկ Զօրիկը մէկուկէս տարեկան էր, արկածը զայն խլեց մեզմէ: Աչքի լոյսի նման պահեցի երեխաները, որոնք եւս զէնք բարձրացուցին թշնամի ազերիին դէմ, պայքարեցան իրենց հայրենի տան ու հողին համար: Աշոտը վերադարձաւ վիրաւոր, սակայն կարելի եղաւ զայն բուժել, Զօրիկը չվերադարձաւ…
Բնականէն աւելի երկարած լռութիւնը խզելու յանդգնութիւնը չունենալով` մտածեցի, որ նահատակի մայր է մամիկը, սակայն որքա՜ն թախիծով լեցուն է ձայնը, երբ Զօրիկ կ՛ըսէ:
– Զօրիկը չեկաւ տուն, չեկաւ իր հօրը կողքին հանգչելու եւ մեր ընտանիքին գլխուն ալ հպարտութեան պսակը դնելու, չեկաւ… Տակաւին կը սպասեմ իրեն կամ լուրի մը:
Էութիւնս կը ցնցուի` չակնկալածս լսելով: Արդեօք գերի՞ է Զօրիկը, թէ՞ անհետ կորսուած:
– Զինուորականներ, պատասխանատուներ, պարզ մարդիկ եկան ու գացին, հարցուփորձեցին զիս, տեղեկութիւններ առին, խոստացան լուր բերել տղայէս, սակայն` ոչինչ: Սպասելը դժուար բան է, արդեօք օր մը կենդանի պիտի տեսնե՞մ ու գրկե՞մ զինք,- վերջին նախադասութիւնը ըսելով` շեշտակի կը նայի աչքերուս, որոնք շուտով վար կ՛առնեմ, անոնց մէջ հաւաքուած արցունքը պահելու փորձով մը:
– Մի՛ լար, աղջիկս, ես շատ լացի, ողբացի, աղաչեցի, որ լուր մը բերեն որդիէս, սակայն` ի զուր: Յոգնած եմ ապրելէ, սակայն ինչպէ՞ս լքեմ կեանքը` առանց Զօրիկիս մասին տեղեկութիւն ունենալու, առանց գիտնալու, որ ան մեր ընտանիքին հպարտագին հերոսն է…
Երկար տարիներու հարազատի մը զգացումով լիացած` կը գրկեմ մամիկը, կը համբուրեմ ձեռքն ու ճակատը:
– Որդիիս նահատակութեան լուրը բերէք, կ՛ուզեմ հանգստանալ,- կը փսփսայ ականջիս` աղաչալից:
Որքան կը փափաքիմ այս դժուար հարցումին պատասխան ունենալ, գէթ` յուսադրիչ բառեր, որոնք միշտ ալ անհետացած են, երբ մտածած եմ անհետ կորսուած զինուորներուն եւ ազատամարտիկներուն մասին, իսկ այսօր այս հարցումը աւելի ուժգին կը հնչէ ուղեղիս մէջ, ուրկէ պատասխան մը գտնելու անյաջող փորձերը տաժանալից կը թուին:
– Ե՛լ, շարունակէ ճամբադ, վայելէ Շուշին եւ միշտ յիշէ, որ Շուշին հերոս ծնած եւ հերոսներով ապրած է: Աղօթէ ինծի համար, որպէսզի աչքերս փակեմ Զօրիկին մասին լուր առնելէ ետք, ե՛լ, աղջի՛կս:
Բաժանումը դիւրացնելու նպատակով ինձմէ առաջ ոտքի կ՛ելլէ եւ իմ ճամբուս հակառակ ուղղութեամբ կը սկսի ծանրօրէն քալել` երկար տարիներու սպասման բեռան տակ կքած:
Որոշ ատեն մը անոր հեռանալը դիտելէ ետք կ՛ուղղուիմ Ս. Ղազանչեցոց` երազի մը իրականացման բերկրանքով եւ յուզումով: Հազիւ տաճար մտած` աննախադէպ զգացում մը կը պատէ ողջ էութիւնս, ոչ միայն գեղեցիկ, այլ պատմութիւն կերտած կառոյց է անիկա, որուն պատերը եթէ լեզու ունենային, շա՜տ բան պիտի պատմէին, պիտի ըսէին, որ թէեւ խունկի բոյրը ներքաշելու եւ աղօթքի մեղեդիները ամփոփելու կոչուած են իրենք, սակայն ազերիներու իշխանութեան ժամանակաշրջանին օգտագործուած են իբրեւ ամբար, իսկ հետագային` կառատուն: Այդ ժամանակաշրջանին ալ կործանուած են տաճարի մուտքին դրուած հրեշտակներու արձանները: Մինչեւ Շուշիի ազատագրումը Ղազանչեցոցը կը գտնուէր կիսաքանդ վիճակի մէջ, իսկ գմբէթը անջատուած էր «մարմնէն»: Ղարաբաղեան պատերազմի ժամանակ հոն կը գտնուէր ազերիներու «Կրատ» հրթիռային համակարգի պահեստը:
Ազատագրումէն ետք տաճարը ամբողջովին վերանորոգուած է եւ բնական կերպով կը գործէ 1998 թուականէն:
Մինչ մտքերով տարուած եւ առանձնութեամբս գոհ գմբէթը կը դիտէի, սարկաւագ մը մօտենալով` կը հարցնէ, թէ ես խնդրա՞ծ էի «ներքեւ» իջնել:
– Ո՛չ,- կ՛ըլլայ արագ պատասխանս, որուն համար յետոյ մեծապէս կը զղջամ, որովհետեւ հետաքրքրութիւնս կը նեղէ զիս եւ կ՛ուզեմ անպայման գիտնալ, թէ ի՞նչ կայ «ներքեւ»-ը: Հազիւ աղօթելս աւարտած` դուրս կ՛ելլեմ հոնկէ եւ շրջափակին մէջ կը սկսիմ փնտռել սարկաւագը, որ նստած` պապուկի մը հետ կը զրուցէր:
– Ներողութիւ՛ն,- կ՛ըսեմ,- թէեւ ես չէի «ներքեւ» իջնել ուզողը, սակայն կ՛ուզեմ գիտնալ` ի՞նչ կայ վարը:
Առանց պատասխան տալու` ոտքի կ՛ելլէ, աչքով նշան ընելով, որ հետեւիմ իրեն:
Խորանին կողքով կը մտնենք աւանդատուն, ուրկէ այլ դուռ մը բանալով` կը խնդրէ, որ զգուշութեամբ իջնեմ աստիճաններէն: Ինք ալ կը հետեւի ինծի: Քարայրի տպաւորութիւն ձգող դատարկ տարածք մըն էր.
– Հոս կայ ձայնային իւրայատուկ աքուստիք, որ հրաշքի համազօր ազդեցութիւն կը ձգէ աղօթողին վրայ: Ըսեմ, որ եկեղեցւոյ զանգակատունը կառուցուած է եկեղեցիէն առաջ, եւ տաճարին տեղը կար 18-րդ դարու այլ եկեղեցի մը: Նոր եկեղեցւոյ մը կառուցման նախօրեակին ճարտարապետները մեծ հարցի մը դէմ յանդիման գտնուած են. արդարեւ, Ս. պատարագէն առաջ պատարագիչ քահանան պէտք է մեղքերու թողութիւն խնդրէր այլ քահանայէ մը եւ լսէր այս խօսքերը. «Թող քու ականջներդ լսեն, թէ ինչ կը բարբառեն շրթներդ»: Սակայն նկատի ունենալով, որ եկեղեցին ունէր մէկ քահանայ, ճարտարապետները որոշեցին կառուցել ընդյատակեայ սենեակ մը, ուր տեղի կ՛ունենար հրաշքը` քահանան թողութիւն կը խնդրէր լսելով իր իսկ ձայնը` ըսելով. «Թող քու ականջներդ լսեն, թէ ինչ կը բարբառեն շրթներդ»: Այս երեւոյթը միակն է աշխարհին մէջ եւ անիկա մինչեւ օրս կը գործէ այս եկեղեցւոյ մէջ: Մօտեցիր, այս քարին վրայ կանգ առ եւ խօսէ, աղօթէ, երգէ…

Գիտակցելով, որ նման պահու մը խորհուրդը պէտք է առանձին ապրիլ, սարկաւագը կը բարձրանայ աստիճաններէն. նեղ անցքէ մը ուղիղ լոյսի ճառագայթ մը կը թափանցէ ներս, կանգ կ’առնեմ թելադրուած քարին վրայ, եւ, հակառակ անոր որ ըսուած էր ինծի, թէ ինչ պիտի պատահի, հազիւ աղօթելու սկսած կը ցնցուիմ լիովին, եւ արցունքի կաթիլները ակամայ կը տաքցնեն այտերս… Ի՜նչ հրաշք, ի՜նչ խորհուրդ եւ ի՜նչ զգացումներ… Ձայնիս արձագանգին ուժգնութեամբ կարծես աղօթքս ու խնդրանքներս կը բազմապատկուէին, կը զօրանային եւ իսկոյն «ներքեւ»-էն կը բարձրանային առ Աստուած… Պահ մը, որուն աւարտը չես ուզեր երբեք, սակայն զայն յաւերժ ապրելու առիթն ալ երազային կը թուի:
Սրբոց Ամենափրկիչ Ղազանչեցոցի դարպասներէն դուրս կ’ելլեմ ողջ էութեամբս նորոգուած ըլլալու խնդութեամբ եւ գոհունակութեամբ: Ի զուր չէ, որ քիչ առաջուան զրուցակից մամիկս զայն նկատեց Շուշիի պահապան հրեշտակը, ազատամարտիկներուն ապաւէնն ու պաշտպանը, տարբեր ուժ եւ զօրութիւն ունի այդ եկեղեցին:
Կը շարունակեմ հաճելի եւ հոգեյոյզ պտոյտս` այցելելով թանգարաններ, կերպարուեստի կեդրոն, ցուցասրահներ…
Ի՜նչ գեղեցիկ ես Շուշի, ի՜նչ հարազատ են փողոցներդ, սակայն որքան լռութիւն կայ, որքա՜ն ամայութիւն, երանի տղաքդ կարենային աշխատանք ունենալ ու չհեռանալ քեզմէ, երանի սփիւռքէն հեռանալ ուզողները գիրկդ գան, հո՛ս աշխատանքի սկսին, շէնցնեն քեզ ու շէննան քեզմով, համայն հայութեան կողմէ քեզի նկատմամբ եղած սիրոյ կողքին երանի նաեւ աւելնայ գործը, ներդրումը, որպէսզի դուն մնաս կանգուն, մնաս հպարտ, անյաղթահարելի ու անսասան…


