Կաղանդի եւ Ս. Ծնունդի տօնական օրերու մթնոլորտին մէջ ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերու գործունէութիւնը առաւելաբար յատկանշուեցաւ ամանորեան ձեռնարկներու կազմակերպումով, որոնց մանրամասնօրէն կ՛անդրադառնայ ԼՕԽ-ի Դիմատետրի էջը:
Ստորեւ հակիրճ անդրադարձ մը` մասնաճիւղերու նշեալ ձեռնարկներուն մասին.-
«Աղթամար» մասնաճիւղի (Այնճար) դաստիարակչական յանձնախումբը 4 դեկտեմբեր 2014-ին ԼՕԽ-ի «Արաքսի Գլպաշեան» կազդուրման կայանի կեդրոնին մէջ կազմակերպեց ճաշի դասընթացք մը, զոր ներկայացուց Անահիտ Տօնիկեան: Ձեռնարկին բացումը կատարեց Ռոզ Պագալեան, որ յայտնեց, թէ` «Եփելը արուեստ, շնորհք եւ ճաշակ է, որ մաս կը կազմէ ժամանակի զարգացման ու նորաձեւութեան, իսկ համադամ ճաշը իր գեղեցիկ եւ զարդարուն տեսքով կենսական գործօն մըն է տրամադրութիւնները բարձրացնելու»:
Դասընթացքին կը մասնակցէին 80-է աւելի կիներ եւ օրիորդներ:
Իսկ 5 դեկտեմբեր 2014-ին մասնաճիւղի ընկերային յանձնախումբը կազմակերպեց ամանորեայ հաւաքոյթ մը` ճաշարան «Արեւ»-ի մէջ:
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետ Ցօղիկ Հաւաթեան: Անդրադառնալով կամաւորներու օրուան առիթին` ան գնահատեց մասնաճիւղի անդամներուն կամաւոր աշխատանքը եւ բարեմաղթութիւններ կատարելէ ետք շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի նախագահ Ծովինար Սնապեանին: Մթնոլորտը խանդավառեցին օրուան հանդիսավարներ` Ժանօ Փամպուքեան եւ Ժանեթ Փամպուքեան-Ղազարեան:
«Արազ» մասնաճիւղի (Պաուշրիէ) Կաղանդի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 16 դեկտեմբեր 2014-ին, «Սօսի Մարտիկեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ 40 ընկերուհիներու: Մասնաճիւղի ատենապետ Լենա Արամ իր լաւագոյն բարեմաղթութիւնները փոխանցեց ներկաներուն եւ աւելցուց. «Կը մաղթենք, որ 2015 տարին ըլլայ բարեբեր եւ ուրախ տարի մը ու հայ ժողովուրդը տիրանայ իր ամբողջական իրաւունքներուն եւ բռնագրաւուած հողերուն, մանաւանդ, որ կը գտնուինք Հայոց ցեղասպանութեան 100- ամեակի սեմին»: Այս առթիւ Մարլեն Տանակէօզեան հետաքրքրական ձեւով բացատրեց «Կաղանդի աստղ» ծաղիկին իմաստն ու պատմականը` նշելով, որ բուսաբաններ այդպէս կոչած են զայն, որովհետեւ անոնք նմանութիւն մը գտած են անոր եւ Ս. Ծնունդին առնչուող Բեթղեհէմի փայլուն աստղին միջեւ:
Կազմակերպութեամբ «Արցախ» մասնաճիւղի (Ռապիէի) վարչութեան, հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ նախագահութեամբ Ժէյն Այանեանի, 5 դեկտեմբեր 2014-ին, «Լը Ռուայալ» պանդոկի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ մը` ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչին, բազմաթիւ ընկերուհիներու եւ հիւրերու: Մասնաճիւղի ատենապետ Իզապէլ Տեքերմենճեան իր բարի գալուստի խօսքին մէջ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան նախագահին` անոր նիւթական եւ բարոյական աջակցութեան համար ԼՕԽ-ի բարեսիրական աշխատանքներուն:
Ան ներկաներուն փոխանցեց նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը խորհրդանշող «Անմոռուկ» ծաղիկին իմաստն ու թերթիկներուն բացատրութիւնը, որմէ ետք բոլորին տրամադրուեցան մանիշակագոյն ծաղիկներով թաղարներ….
Գեղարուեստական յայտագրով սաքսոֆոնի վրայ ելոյթ ունեցաւ Գառնօ Սիմոնեան:
Տեղի ունեցան նուիրատուութիւններ, վիճակաձգութիւն: Ներկաներէն իւրաքանչիւրը ստացաւ վարչութեան կողմէ տրամադրուած նուէր մը:
«Աստղիկ» մասնաճիւղի (Մար Մըխայէլ) վարչութեան կազմակերպած Ամանորի հանդիպման ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 9 դեկտեմբեր 2014-ին, ՀՅԴ «Տիգրան Ծամհուր» ակումբի ԼՕԽ-ի սրահին մէջ: Ներկայ էին շրջանի ընկերուհիները եւ բարեկամուհիներ:
ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք մասնաճիւղի ատենապետուհի Արփի Կոստանեան ողջունեց ներկաները` նշելով, թէ 1915 թուականը յատկանշական տարի մըն է մեր ազգի պատմութեան մէջ, մենք կը գտնուինք Ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին: Հայ ժողովուրդը հակառակ բազմաթիւ դժուարութիւններու` իր մէջ հզօր կը պահէ ապրելու եւ գոյատեւելու կամքը, տէրն է իր լեզուին, աւանդութիւններուն եւ կառոյցներուն:Ապա Մարլեն Տանակէօզեան բացատրութիւն տուաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի խորհրդանիշ «Անմոռուկ» ծաղիկին մասին: Մթնոլորտը խանդավառեց Սեւան Ադամեանը: Տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն եւ կատարուեցան նուիրատուութիւններ: Աւարտին ժամանեց Կաղանդ պապան եւ նուէրներ բաժնեց ներկաներուն:
«Աշխէն» մասնաճիւղի «Աշնանային հանդիպում»-ը տեղի ունեցաւ 24 նոյեմբեր 2014-ին, ՀՅԴ «Սարդարապատ» ակումբի սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչին եւ բազմաթիւ ընկերուհիներու:
ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք մասնաճիւղի ատենապետ Վարդուկ Քիւփելեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ խօսքը փոխանցեց օրուան դասախօս Սօսէ Ճինպաշեանին, որ անդրադարձաւ համշէնահայերու իրավիճակին:
Ձեռնարկը ընթացաւ մտերմիկ եւ ճոխ մթնոլորտի մէջ, որմէ խանդավառուած` կատարուեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ: Նաեւ այս առթիւ Անի Պասմաճեան արտասանեց Սարմէնի «Հայրենի տուն» բանաստեղծութիւնը:
Վարչութիւնը հրաւիրեց Շահանդուխտը հատելու օրուան կարկանդակը:
«Գայեանէ» մասնաճիւղի (Պէյթ Գոգօ) Կաղանդի աւանդական ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 11 դեկտեմբեր 2014- ին, Անթիլիասի «Քարքեթ Հաժ» ճաշարանին մէջ: Ներկայ էին Շրջ. վարչութեան ներկայացուցիչը եւ մեծ թիւով ընկերուհիներ, ինչպէս նաեւ` քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ:
Այս առթիւ արտասանուեցան խօսքեր, գլխաւորաբար` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին շուրջ: Յատկանշական էին «Անմոռուկ» ծաղիկի 100-ամեակի նշանակի օրինակով պատրաստուած կրծքազարդերը: Գառնօ Սիմոնեան սաքսոֆոնի վրայ նուագելով` խանդավառեց մթնոլորտը:
«Կարինէ» մասնաճիւղի (Նոր Ամանոս) վարչութիւնը 9 դեկտեմբեր 2014-ին Անթիլիասի «Քարքեթ Հաժ» ճաշարանին մէջ կազմակերպեց իր Ամանորի ձեռնարկը` ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչին եւ աւելի քան 80 ընկերուհիներու, հիւրերու եւ ԼՕԽ-ի բարեկամներու: Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան կողմէ տրամադրուած, Կաղանդը խորհրդանշող «Կաղանդի աստղ» ծաղիկի կարմիր թաղարները գեղեցկացուցած էին սեղանները: ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք մասնաճիւղին անունով Ալին Արոյեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ անդրադարձաւ խաչուհիի դերակատարութեան մեր` ազգային կեանքին մէջ, անոր պարտականութիւններուն եւ պարտաւորութիւններուն` իր ընտանիքին եւ հայ ժողովուրդին նկատմամբ: Գեղարուեստական յայտագրով ելոյթ ունեցաւ Սիմոն Կոստանդինեան` ձեռնադաշնակի վրայ նուագելով եւ երգելով հայկական երգեր: Այս առթիւ Կաղանդ պապուկին բաժնած նուէրներէն ետք կատարուեցան նուիրատուութիւններ եւ վիճակաձգութիւն, որուն նուէրները տրամադրուած էին ԼՕԽ-ի աշխատանքին հաւատացող վաճառատուներու կողմէ:
«Հեղուշ Փափազեան» մասնաճիւղի (Ռաուտա) վարչութիւնը19 դեկտեմբեր 2014-ին կազմակերպեց իր Ամանորի ձեռնարկը, շրջանի ակումբին մէջ: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի ատենապետ Սօսի Յակոբեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ. «Երբեք ճիգ չենք խնայեր միշտ ուրախացնելու ձեզ, հաստատ գիտենք, որ այս տարի բոլորս դիմագրաւեցինք նեղութիւններ ու զանազան դժուարութիւններ, բայց այժմ եկէ՛ք` հեռացնենք այդ նեղութիւնները, որպէսզի ուրախութեամբ դիմաւորենք 2015 տարեշրջանին»: Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր բարերարներուն, աշխատակիցներուն եւ ներկաներուն, որոնք նպաստեցին ձեռնարկի յաջողութեան: Ճոխ երգերու, խաղերու եւ մրցումներու խանդավառ մթնոլորտի մէջ ժամանեց Կաղանդ պապուկը, որ նուէրներով
«Մեղրի» (Պէյրութ) մասնաճիւղի վարչութիւնը իր տարեկան աւանդական տօնավաճառը կազմակերպեց 27 դեկտեմբեր 2014-ին, Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» կեդրոնի «Կոմիտաս» ակումբին մէջ, Զոքաք Պլաթ: Տօնավաճառը ուշագրաւ էր իր հայկական համադամ ճաշատեսակներով եւ անուշեղէններով, որոնք կարելի եղած էր պատրաստել ԼՕԽ-ի աշխատանքին հաւատացող բարերարներու եւ ընկերուհիներու ջանքերով: Այս առթիւ վարչութիւնը իր յատուկ շնորհակալութիւնը կը յայտնէ` «վարձքդ կատար» ըսելով բոլոր անոնց, որոնք նիւթապէս թէ բարոյապէս օժանդակեցին սոյն տօնավաճառի իրագործման:
«Նայիրի» մասնաճիւղի (Անթիլիաս) վարչութիւնը, Ս. Ծնունդի խթման առիթով 5 յունուար 2015-ի երեկոյեան կազմակերպեց պարահանդէս մը` Անթիլիասի «Քարքեթ Հաժ» ճաշարանին մէջ: Մուտքին ներկաները հիւրասիրուեցան տուրմով եւ ստացան խորհրդանշական նուէրներ: Վարչութեան անունով Շաքէ Գարայեան ողջունեց ներկաները եւ Նոր տարուան ու Ս. Ծննդեան զոյգ տօներուն առթիւ ջերմագին մաղթանքներով բարի եւ ուրախ տարի մը մաղթեց: Ազգագրական եւ օտար երգերով մթնոլորտը խանդավառեց հալէպահայ տաղանդաւոր երիտասարդ երգիչ` Յակոբ Մկրտիչեան: Կէս գիշերին, խումբ մը եկեղեցասէր երիտասարդներ դափերով, ծնծղաներով եւ մոմերով մտան ճաշարան, շարականներով եւ երգերով աւետեցին Յիսուս Մանուկին Ս. Ծնունդը: Ուրախ մթնոլորտէն խանդավառուած` եղան նուիրատուութիւններ:
«Շուշանիկ» մասնաճիւղի (Նոր Ատանա) Ամանորի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 23 դեկտեմբեր 2014-ին, շրջանի ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» ակումբի «Սարգիս Ազնաւուրեան» սրահին մէջ: Ձեռնարկին ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջ. վարչութեան, կազմակերպչական յանձնախումբի, ինչպէս նաեւ քոյր միութիւններու, եկեղեցիներու տիկնանց եւ ծնողաց յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ, հիւրեր, ընկերուհիներ եւ համակիրներ: Ձեռնարկը սկսաւ Օշին Ա. քհնյ. Գէորգեանի օրհնութեան խօսքով: Ան մեծ գնահատանքով խօսեցաւ ԼՕԽ-ի աշխատանքներուն մասին եւ օրհնեց սեղանները յաջողութեան մաղթանքով: Ապա մասնաճիւղի ատենապետ Մարօ Ընքապապեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ հակիրճ տեղեկութիւն փոխանցեց «Շուշանիկ» մասնաճիւղի գործունէութեան մասին` Նոր Ատանա թաղին շրջանին մէջ: Այս առթիւ տիրամայր Սոնա Աշգարեան խօսեցաւ «Շնորհաւոր» բառին իմաստին մասին` շեշտելով անոր կարեւորութիւնը մեր առօրեայ կեանքին մէջ: Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան երկրորդական վարժարանէն Ցոլեր Պուտաքեան տպաւորիչ ասմունքով ներկաներուն փոխանցեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգին: Կաղանդ պապուկին ժամանումով ստեղծուեցաւ տօնական խանդավառ մթնոլորտ, որմէ ետք եղաւ վիճակահանութիւն:
«Ռուբինա» (Նորաշէն) մասնաճիւղի Կաղանդի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 18 դեկտեմբեր 2014-ին, շրջանի ՀՅԴ «Ռուբէն» ակումբի սրահին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջ. վարչութեան ներկայացուցիչին, քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ` մեծ թիւով ընկերուհիներու: Մասնաճիւղի ատենապետուհի Զեփիւռ Պոնիագրապեանի բացման խօսքէն ետք ձեռնարկը ընթացաւ խանդավառ եւ ճոխ մթնոլորտի մէջ. ներկաները զուարճացան Կաղանդ պապային երգերով, պարերով եւ ստացան Կաղանդի յատուկ նուէրներ եւ չիր ու չամիչ:
«Սեւան» մասնաճիւղի (Ժիւնիէ) Կաղանդի աւանդական ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 18 դեկտեմբեր 2014-ին, Ժիւնիէի ՀՄԸՄ-ի «Ժան Ապաճեան» սրահին մէջ: Ներկայ էին Շրջ. վարչութեան ներկայացուցիչը եւ եօթանասուն ընկերուհիներ:
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետ Սեդա Սաաթճեան: Օրուան խօսքը փոխանցեց Մարալ Փանոսեան` նիւթ ունենալով «Փոխյարաբերութիւնը»: Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն: Աւարտին, ժամանեց Կաղանդ պապուկը, որ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց սրահին մէջ: