Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

100-Ամեակ. Ցեղասպանութիւնը Կը Շարունակուի

Յունուար 22, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակ կը նշենք` մեկնակէտ ունենալով 1915-ի ապրիլ 24-ը, երբ տասնեակ տարիներու ծրագրուածը, հայ ազգը բնաջնջելու, գործի դրուեցաւ ու շարունակուեցաւ մինչեւ 1921:

Հարց կու տանք. այստեղ կանգ առա՞ւ ցեղասպանութիւնը. թուրքին  ախորժակին յագուրդ չէին տուած մեր մէկուկէս միլիոն նահատակները. Քազեմ Քարապեքիրը փորձեց պատառ մը մնացած Հայաստանն ալ ոտնակոխ ընել:

Հակառակ որ 1919-ին թրքական դատարանը մահապատիժներու վճիռներ արձակեց Ցեղասպանութիւնը կազմակերպող պարագլուխներուն` իրենց բացակայութեան, ոչինչ պիտի արժէին այդ վճիռները, եթէ չըլլային հայ «Նեմեսիսները»:

Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի հանրապետութիւնը շարունակեց չամբողջացած «գործը». Թուրքիա մնացած հայութեան փոքր տոկոսը կա՛մ կրօնափոխ եղաւ պարտադրաբար, կամ նորաստեղծ «դեմոկրաթիք», ազատամիտ Թուրքիոյ երկրորդ կարգի, կա՛մ երրորդ կարգի քաղաքացի դարձաւ ու ատենը մէկ ենթարկուեցաւ տարատեսակ ճնշումներու եւ ցնցումներու:

Հրանդ Տինքի ահաբեկչութեամբ պաստառներուն վրայ երեւաց «1.500.001» խորհրդանշական թիւը: Թուրք մտաւորականութիւնը կազմակերպուած ցոյցերով խստօրէն դատապարտեց ոճիրը եւ զօրակցութիւն յայտնեց նահատակի ընտանիքին եւ Թուրքիոյ հայ համայնքին, սակայն պետութիւնը ի՞նչ ըրաւ, բացի մարդոց աչքերուն փոշի փչելէ:

Եկանք, հասանք մեր օրերուն, եւ յատկապէս Սուրիոյ դէմ շղթայազերծուած աննախընթաց պատերազմին: Մեզի համար հաճելի թուի թէ ոչ, պէտք է ընդունիլ այն իրողութիւնը, որ Թուրքիան շատ ճարպիկ քաղաքագէտ է, գիտէ շողոքորթել, կեղծել, խաբել, գիտէ առիթներէն օգտուիլ: Անցեալը պեղելու կարիք չկայ, փաստը փաստ է. ու ահա այսօր ալ միեւնոյն աղուէսութեամբ, ոչ միայն Սուրիոյ դէմ շղթայազերծուած պատերազմին մասնակիցն ու գործակիցը եղաւ, այլ դարձեալ առիթը օգտագործեց ու  հաշուեյարդարի ձեռնարկեց իր կոկորդին մէջ ցցուած սուրիահայութեան փուշը վնասազերծելու եւ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի մեր նախապատրաստական աշխատանքներուն հարուած հասցնելու համար:

Եագուպիէ, Քեսապ, Տէր Զօր, Հալէպ, Նոր Գիւղ… Այս վայրերը պատահական զոհեր չէին, յատուկ ընտրուած թիրախներ էին զինեալ խմբաւորումներու ձեռամբ քանդելու, աւերելու, սուրիահայ եւ յատկապէս հալէպահայ սպառնալիքին վերջ դնելու:

Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի տարբեր տարազով, տարբեր միջոցներով, տարբեր ձեւակերպումներով, սակայն կը շարունակուի: Կը շարունակուի նաեւ մշակութասպանութիւնն ալ: Կը քանդեն մեր եկեղեցիները, մեր վանքերը, մեր խաչքարերը, կը խեղաթիւրեն պատմութիւնը, կը կեղծեն փաստաթուղթերը. խօսքի ազատութեան իբրեւ ջատագով` կ՛արտօնեն, որ զիրենք դատապարտող գիրքեր տպուին, իսկ անդին, մէկի դէմ ցեղասպանութիւնը ուրացող քանի մը գիրք կը հրատարակեն, ժապաւէններ կը պատրաստեն, ելոյթներ կը կազմակերպեն մեր պահանջատիրութիւնը ժխտող…  Ու մենք դեռ միամտաբար կ՛ակնկալենք, որ ներողութիւն խնդրեն ու հատուցում ընեն:

Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի:

 

 

 

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի` Յունուար Ա.. Տագնապի Ծանր Լուծը Մեզ Չէ Ընկրկած Պահանջատէ՛ր Ենք

Յաջորդը

Անցեալի Քառուղիներէն. Ի՞նչ Կը Յուշէ Սուրապայան Հայութիւնը

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?