ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ
Սպիտակամորթը որքան նուազ խելացի ըլլայ,
սեւամորթը իրեն այնքան յիմար կը թուի:
ԱՆՏՐԷ ԺԻՒՏ, 1869-1951
Անտրէ Ժիտ Ի. դարու ֆրասացի մեծ գրող է: Իր սերունդը ապրեցաւ գաղութարութեան զարգացումը եւ վերջալոյսը: Մտաւորականութիւնը, անոր ազնուական դասը, ականատես եղաւ բացասականութիւններու եւ յաճախ հակազդեց, չեղաւ դիւանակալ:
Ֆրանսացիներ, անգլիացիներ, պելճիքացիներ եւ բոլոր միւսները, գաղութարարներ, սովորութիւն ունէին, վերէն կը նայէին բնիկներուն, որոնք, իրենց կարգին, մասնակից կ’ըլլային այդ խաղին, տիրողի լեզուն, մշակոյթը, կենցաղը եւ յաճախ նաեւ զարտուղութիւնները որդեգրելով` այդ բոլորը համարելով յաջողութիւն եւ յառաջդիմութիւն, դիրքերու տիրանալու ցանկութիւն:
Անտրէ Ժիտի միտքը հոգեբանական ըմբռնումի տեսանկիւնէ խորիմաստ նշանակութիւն ունի, նաեւ տարբեր պայմաններու մէջ, ոչ միայն գաղութարարական: Ընկերային եւ մշակութային կեանքի մէջ կան կացութիւններ, որոնք կը ներկայանան Անտրէ Ժիտի պատկերած սպիտակամորթի եւ սեւամորթի դրուածքով, եթէ յաղթահարենք բարդոյթները, նուաճենք առարկայականութիւն:
Ժամանակակից հայկական համայնքներու մէջ ալ այս յարաբերութիւնները կան: Անոնց պարզ անունը այլամերժութիւն է, տեղատուութիւն, նահանջ, հարազատութենէ հեռացում, փառատենչութին:
Չես գիտեր ի՞նչ փրկելու կամ ո՞ր մարդորսութեան համար լուռ կը մնանք` տուրք տալով:
Երբ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ գաղութարարութիւնը պարտուեցաւ, եւ մեծ թիւով մարդիկ ապաստանեցան Ֆրանսա, արհամարհանքի խօսք կար, վերադարձողները կը կոչէին սեւ ոտքեր (pieds noirs): Այդպէս եղաւ վերաբերումը Հայաստան ներգաղթողներուն նկատմամբ (աղբարներ):
Այդպէս եղաւ վերաբերումը հայկական արտասահմանի համայնքներուն մէջ, երբ ապակայունացած աշխարհագրական գօտիներէ հայեր ապաստանեցան արեւմտեան երկիրներ:
Հասկնալ Անտրէ Ժիտի միտքը` իր անմիջական շրջանակէն դուրս բերելով զայն: Ազգային, ընկերային եւ քաղաքակրթական չարիք է, երկրի մը մէջ նորեկին նայիլ որպէս նախնականի, տգէտի, ստորադասի, ինքնաշնորհելով յաւելեալ իրաւունքներ: Այս հոգեբանական ախտային վիճակն է պատճառը նորեկներու արագ ուծացման եւ անհամաձայնութիւններու: Օրինակ, Սուրիայէն եկող հայը կը դիտուէր որպէս «արաբ», որ ամօթ մը չէ ինքնին, բայց այդպէս խօսողին համար ան արհամարհանքի կամ ստորադասման արտայայտութիւն մըն էր, եւ է մինչեւ այսօր: Համբակներ նման արտայայտութիւն կը դասեն կատակի կամ սրամտութեան գլխուն տակ:
Գիտեմ, որ երբ մեծ թիւով ընթերցողներ խորագիրը կարդան, քիթ-բերան պիտի ծռեն, պիտի մրմրթան, որ նոյն բաները կ’ըսուին, լուծումներ չկան կամ չեն առաջարկուիր: Այս այն պարագային, երբ հայերէն թերթի եւ յօդուածի ընթերցողներ ըլլան: Եղածներուն մեծ մասն ալ, այսպէս կոչուած հին սերունդին կը պատկանի, ժամանակավրէպ մարդիկ, ժամանակին հետ քայլ չպահողներ: Մարդիկ, որոնք դեռ հայութիւն կը պահեն: Արդիականներուն համար անոնք արժանի են արհամարհական պօֆի…
Միւսնե՞րը…: Գերադասնե՞րը, հայերէն չեն կարդար, կարիքն ալ չեն զգար:
Հայերէնի լքումը նոր երեւոյթ չէ: Բայց այսօր այդ լքումը խուճապային է: Անոր հետ` հիմք ունեցող ազգային ինքնութիւնը:
Հայկական ընկերութեան բոլոր խաւերը վարակուած են ախտէն: Առաջ ջոջական շրջանակներու յատուկ էր ան, Պոլսոյ լըվանթէններուն պէս, որոնք կը կարծէին դասակարգ փոխել օտարախօս դառնալով: Ազնուականութեան բարենիշ էր Պոլիս նստած ֆրանսերէն խօսիլ:
Մօտաւոր անցեալին, ստորակայութեան զգացումը կը մղէր օտարախօսութեան: Այժմ կը գումարուի գերհզօր գործնապաշտութիւնը: Յառաջադիմութիւն, իմաստութիւն եւ գրագիտութիւն կը համարուի Երեւան, Պէյրութ, Շուէտ, Լոս Անճելըս, Քաթար, անգլերէն խօսիլ, Ֆրանսա` ֆրանսերէն խօսիլ, նոյնիսկ անորակ, ամերիքաներ` անգլերէն խօսիլ, մանաւանդ շրջանային կամ թաղամասային բարբառներ` սլանկ: Ըսողներ ալ կան, թէ լաւ է, որ հայերէն չեն գիտեր, քանի որ օտար լեզուով աւելի լաւ կրնան արտայայտել իրենց միտքերը: Կարծէք հայերէնը վերջին անձրեւէն ետք բուսած սունկ ըլլար…
Երբ հայկական վարժարան հիմնելու ծրագիր կար, կային նախագահներ, որոնք կ’ըսէին, թէ իրենք ուսումնասիրած էին հարցը եւ գտած էին, որ ան հասութաբեր չէր, կամ նման ծրագիր ջուրի մակերեսին տրուած սուրի հարուած էր: Նման իմաստութեան հասնելու համար նախագահ պէտք է ըլլալ:
Ո՞ւր կ’ուզենք հասնիլ եւ ի՞նչ բանի ծառայելու համար:
Տասը տարի առաջ (4 նոյեմբեր 2004) այս մասին կը գրէի` գիտնալով հանդերձ, որ ականջները ամէն օր քիչ մը աւելի կը խցուէին: Գրած էի. Ճակատագրական տեղատուութեան ընթացքի մէջ է հայերէնը: Անզօր փոքրամասնութիւն մը կը փորձէ տիրութիւն ընել կամ ահազանգ հնչեցնել: Զանգուածը, գործնապաշտական մոլուցքով, տեղական եւ միջազգային լեզուներ կը սորվի եւ կը գործածէ, այդ ուղղութեամբ կ’առաջնորդէ նոր սերունդը: Ազգային ղեկավարութեան կոչուածներ, տեղական-իշխանական եւ այլ շահախնդրութիւններով, նոյնիսկ երբ պաշտօնապէս կը բարբառին հայերէնի կարեւորութեան մասին, զայն նկատի չեն ունենար որպէս ազգային առաջնահերթութիւն:
Սփիւռքներու յառաջադէմ, արդիական եւ յաջողած խաւին համար (կամ այդ ցանկութիւնը ունեցողներուն), հայերէնը անգործնական, դժուար, փոր չկշտացնող, փառասիրութիւններ չբաւաւարող լեզու է: Հետեւաբար…
Այս վերաբերումը աւելի ակնբախ կը դառնայ, երբ Անտրէ Ժիտի դիպուկ խօսքը կը փոխադրենք հայ կեանքի մէջ: Ներազգային այլամերժութիւնը միշտ աւելի կը շեշտուի, երբ մարդիկ նուազ խելացի են (Անտրէ Ժիտ) եւ տրամադիր են, այսինքն նախնական կամ յիմար համարելու միւսը:
Այս բարդոյթներուն խորքի պաստառն է հայերէնը, անոր որակը, քանի որ շնորհի կը վերածուի գոհանալ շաբաթավերջի խոհանոցի հայերէնով: Թէեւ, երբեմն, երեւելի դառնալու ցանկութեամբ, լատինատառ գրուած հայերէնով բեմ կը բարձրանան մարդիկ: Ո՛չ խօսողը, ոչ ալ լսողը կ’անհանգստանան նման անհեթեթութենէ:
Այս բարդոյթները պատճառ կ’ըլլան օտարախօսութեան, օտարագրութեան, հայերէն թերթերու դադարեցման, ազգ փրկելու յաւակնութեամբ գումարուած ժողովներու եւ հանդիսութիւններու բեմերէն հայերէնի արտաքսման, հետզհետէ գունաթափելով ազգային իւրայատուկ ինքնութիւնը, փորձելով դեռ ժամանակ մըն ալ պահել ծագումով հայերու համայնքներ: Կայ հայկական կարեւոր անձերու միութիւն, որ տարին քանի մը անգամ, ընթրիքէ առաջ, դասախօսական հանդիպումներ կը կազմակերպէ, որպէս յառաջդիմութիւն` միայն օտար լեզուով: Եւ բնական է, պատկերի լրացման համար, որ նոյն չտեսութեամբ, ինքնահաստատում (ի՞նչ բանի) փնտռելով, հայու զաւակները յանձնուին օտար վարժարաններու, ընտանիքները դառնան օտարախօս, հայածնունդներու անձնագիր դառնան օտար անունները:
Ոմանք կը խորհին, որ այս հարցերը մանրուք են, հոսանքին դէմ կարելի չէ երթալ: Բայց ի՞նչ բանի համար են ղեկավարութիւնները, եթէ ազգի եւ անոր ոգեկանութեան նաւը պիտի չառաջնորդեն հարազատութեան ուղիով:
Երբ դասախօսութեան մը ընթացքին կը մէջբերէի ֆրանսացի իմաստասէրին տուած օրինակը, որ ծիրանաւոր մը վանդակի մէջ գտնուող կապիկը դիտելէ ետք ըսած էր. «Խօսէ եւ քեզ մկրտեմ», այդպէս է լեզուի էական խնդիրը ազգին յարաբերաբար` դրոշմ եւ մկրտութիւն, երիտասարդուհի մը ըսած էր իր մօրը, որ զիրենք կապիկ կոչած էի (he said that we are monkeys):
Ի՞նչ բանի պիտի ծառայեն գեղակառոյց սրահները, ակումբները, եկեղեցիները, եթէ օր մը, իրատես ծիրանաւոր մը դիտելէ եւ լսելէ ետք, իր կարգին ըսէ` խօսեցէ՛ք, որ իմանանք ձեր ինքնութիւնը…
Պիտի պատահի՞, որ օր մը, շռնդալից համահայկական եւ այդ կարգի համաժողովներէն բխի համահայկական լեզուի տեսչութիւն մը, եթէ աղէտը դեռ անվերականգնելի չէ, որ ազգային կարգ մտցնէ հայկական ընկերութեան բոլոր խաւերուն մէջ (Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ սփիւռքներ):
Ղեկավարութիւնները պիտի հասկնա՞ն, որ ծագումով հայերու ենթահողին վրայ հայ ազգ չի յառաջանար: Այս հասկնալու եւ ըստ այնմ գործելու համար հակափաչուըրքային ղեկավարում անհրաժեշտ է:
Այսինքն` եղածը փրկելու կարկտաններով չբաւարարուող ղեկավարում, նոյնիսկ եթէ պէտք պիտի ըլլայ նշդրակ գործածել:
Միշտ յիշել Պոլսոյ լուսաւոր Շնորհք պատրիարքը, որ Թուրքիոյ մէջ հեռատեսիլէն հայերէն կը խօսէր եւ թարգմանել կու տար, նախագահին հետ կը խօսէր եւ թարգմանել կու տար, երբ իր մայրենի լեզուն թրքերէնն էր: Ոչ թէ փուչիկ հպարտութիւն, այլ բարձրամակարդակ ազգային ինքնութեան գիտակցութիւն, որ հանգամանաւորական ախտի ջաղացքին ջուր բերելու չէ կոչուած:
Ժողովները չեն եղած միայն աթոռամարտերու եւ այլ շահախնդրութիւններու համար: Միշտ պէտք է մտածել այն մասին, որ եթէ Շնորհք պատրիարքը ներկայ ըլլար, ի՞նչ պիտի ըսէր…
Բայց, ի դէպ, ո՞վ է այդ Շնորհք պատրիարքը, քանի միլիոն տոլար կամ եւրօ կը կշռէ… Ի՞նչ պատասխան տալ:
18 յունուար 2015, Նուազի-լը-Կրան