Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անցեալի Հետքերով

January 24, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

2415roupina-f2015 թուականը կը զուգադիպի հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Ծանօթ է համաթուրանականութեան դժոխային ծրագիրը, որուն գլխաւոր զոհը եղաւ հայ ժողովուրդը: Սակայն այդ ծրագիրը չիրականացաւ, եւ հայութիւնը, թէկուզ` բռնագաղթուած իր հայրենի բնօրրանէն, շարունակեց գոյատեւել աննկուն կամքով ու պայքարով: Յետեղեռնի հանգրուանը նոյնը չէր, ինչ որ էր նախաեղեռնեան շրջանը: Գործի լծուեցան բոլորը, յատկապէս` հայուհին, հայ մայրը, իրենց կարելին ընելով, թեթեւցնելու համար համայն հայութիւնը կրծող վէրքին դառնութիւնը: Հայութեան գոյատեւման այդ պայքարին մէջ բիւրաւոր հայեր իրենց անձնդիր ու անսակարկ զոհողութիւններով կարեւոր ներդրում բերին:

Անձնուրաց այդ հայուհիներու փաղանգի երախտաշատ դէմքերէն է Ռուբինա Օհանջանեան:

 Ռուբինա

(Սոֆի Արէշեան-Օհանջանեան)
(1881-1971)

Ծնած է Թիֆլիս: Ան մեծցած է ռուսախօս շրջանակի մէջ: Անոր եղբայրն ու մեծ հայրը եղած են ռուսական բանակի սպաներ: Մինչեւ 18 տարեկան հայերէն խօսիլ, գրել-կարդալ չէր գիտէր: 1900-ին աւարտեց Թիֆլիսի Գիմնազիան եւ պաշտօնավարեց Պաքուի մէկ դպրոցին մէջ: Արեւմտահայաստանի եւ թրքահայութեան  իրավիճակին մօտէն ծանօթացաւ շնորհիւ ՀՅԴ-ի հիմնադիրներէն` Քրիստափոր Միքայէլեանի ու քսան տարեկանին մուտք գործեց ազատագրական պայքարի յորձանուտ, դառնալով հայ ազատագրական շարժման ակնառու կին գործիչներէն մէկը: Խառնուածքով խանդավառ, գործունեայ, անվախ, վհատիլ չգիտցող եւ յանդուգն էր: Ազգային յեղափոխական գործունէութեան մէջ ան շուտով ուշադրութիւն գրաւեց իր արտակարգ կարողութիւններուն համար: Շատ գաղտնապահ էր եւ մեծ բարեխղճութեամբ կը կատարէր իրեն յանձնուած բոլոր պարտականութիւնները:

Ան յեղափոխական կեանքի մէջ գործեց Ռուբինա Ֆայն ծածկանունով , իսկ ազգային պատմութեան մէջ ծանօթ է Ռուբինա անունով: Քրիստափորի եղերական մահէն ետք մասնակցեցաւ սուլթան Ապտիւլ Համիտի դէմ մահափորձին, որմէ ետք անցաւ Եւրոպա:1908-ին, օսմանեան սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, Ռուբինա Սաթենիկ Օհանջանեանի հետ Պոլիս գնաց եւ միասին գործեցին: Ռուբինայի ազգային յեղափոխական գործունէութիւնը չվրիպեցաւ օրուան ցարական իշխանութեան ուշադրութենէն, որ կասկածելով` ձերբակալեց զայն: Ռուբինային եղբայրը` զօրավար Արէշեան, յաջողեցաւ ազատել քոյրը, պայմանաւ որ ան այլեւս Կովկաս, Մոսկուա եւ Փեթերսպուրկ ոտք չկոխէ: Ռուբինա ամուսնացաւ իր յեղափոխական ընկերոջ` Համօ Օհանջանեանին հետ ու 1915-ին անոր հետ վերադառձաւ Հայաստան: Իսկ  1917-ին անոնք մեկնեցան Թիֆլիս եւ ձեռնարկեցին հիւանդանոցներու այցելութեան ու  կարիքաւորներու օգնութեան գործին: Հայաստանի Հանրապետութեան ծագումի եւ անկումի օրերուն Ռուբինա ամուսնոյն` վարչապետ Համօ Օհանջանեանի կողքին էր: Աւելի ուշ Հայաստանի ծանօթ պայմաններուն բերումով անոնք Գահիրէ հաստատուեցան:

Այնուհետեւ Ռուբինա իր ամուսնոյն հետ աշխատեցաւ 1928 մայիս 28-ին կազմուած «Համազգային» կրթական եւ հրատարակչական ընկերութեան մէջ: Ան երկար տարիներ հասութաբեր ձեռնարկներ կազմակերպեց եւ անոնց եկամուտը յատկացուց Պէյրութի Համազգայինի Ճեմարանին:

Հետագային ան միացաւ իր զաւկին եւ հաստատուեցաւ Քանատա, ուր շարունակեց իր ազգային հասարարկական գործունէութիւնը` միշտ թելադրելով ամուր փարիլ մեր ազգային սրբութիւններուն եւ պահել մեր ազգային գոյութիւնը: Ան մահացաւ Քանատայի մէջ, 21 ապրիլ 1971-ին:

Ռուբինա իր գտնուած վայրերուն մէջ անսակարկօրէն գործեց ի սպաս իր ազգին ու ժողովուրդին, յատկապէս` ՀՕՄ-ի զանազան մասնաճիւղերուն մէջ իր օգտաշատ ներդրումը բերելով անոնց յառաջդիմութեան ու ծրագիրներու իրականացման մէջ: Ահա թէ ինչո՛ւ այս օրինակելի հայուհիին ու ազգային հերոսուհիին անունով մկրտուած են ԼՕԽ-ի թէ ՀՕՄ-ի զանազան շրջաններու մասնաճիւղեր:

 

Նախորդը

ԼՕԽ-ի Գործունէութենէն. Մասնաճիւղեր

Յաջորդը

Մեր Խօսքը. Տօներու Վաղորդայնին` Վերանորոգ Ոգիով Ու Յանձնառութեամբ

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.