«Կոմիտաս» Հիմնարկի Կազմակերպութեամբ, 2015-ին Տիգրանակերտի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչում
Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցին «Կոմիտաս» հիմնարկը կը հաղորդէ, որ Թրքական մարդկային իրաւանց ընկերակցութեան աջակցութեամբ 22-24 ապրիլ 2015-ին Տիգրանակերտի մէջ պիտի կազմակերպէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներ: Տիգրանակերտը նկատի առնուած է, որովհետեւ Տիգրանակերտի նահանգը Հայոց ցեղասպանութեան գործադրութեան գլխաւոր թատերաբեմերէն մէկն էր: Անոր կառավարիչ Ռաշիտ Պէյը 1915-ին մեծ դերակատարութիւն ունեցած է Ցեղասպանութեան գործադրութեան մէջ: «Կոմիտաս» հիմնարկը կը գրէ, որ այսօր Տիգրանակերտ բնակող...














