Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անցեալի Քառուղիներէն. Ի՞նչ Կը Յուշէ Սուրապայան Հայութիւնը

Յունուար 22, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ

12215_airasia-pantaiԱմավերջին զուգադիպող միջազգային վերջին աղէտը անկասկած կարելի էր նկատել ինտոնեզիական «ԷյրԱսիա» օդանաւային ընկերութեան մէկ օդանաւին ջախջախումը Քարիմաթա նեղուցին մէջ, երբ օդանաւին 162 ճամբորդները բոլորը զոհ գացին օդանաւային այս արկածին: Թռիչքը դեկտեմբեր 28-ին ճամբայ կ՛ելլէր Ինտոնեզիոյ արեւելեան Ճավայի աշխարհամասէն` Սուրապայայէն դէպի Սինկափուր:

Ինչպիսի զուգադիպութիւն պիտի նկատուէր այն, թէ նոյն օրերուն, երբ գրասենեակիս մէջ կարգի կը բերէի արխիւային կարգ մը նիւթեր, թղթածրարի մը մէջ գտայ հետաքրքրական երկու փաստաթուղթեր գրուած 1926-ին, սուրապայաբնակ Հայրապետ Յակոբեանի կողմէ:

Անոնցմէ առաջինը կոնդակ մըն էր` յղուած Ս. Էջմիածնէն, սեպտեմբեր 16, 1925-ին, Վշտալի Գէորգ Ե. ծայրագոյն պատրիարք եւ կաթողիկոս Ամենայն Հայոցէն եւ ուղղուած` Սուրապայայի հայ համայնքին: Արդ, Մայր Աթոռի միաբան Ռուբէն ծ. վրդ. Մանասեանի նախաձեռնութեամբ կատարուած էր նուիրահաւաք` տեղւոյն համայնքին կողմէ եւ հաւաքուած գումարը ամբողջութեամբ փոխանցուած էր Էջմիածնի վերաշինութեան օգտին: Եւ որպէս երախտագիտութիւն` կաթողիկոսը օրհնութեան այդ կոնդակը առաքած էր Ինտոնեզիա:

«Ընկալեալ մեր յետումս ժամանակի զհեռագիր պատուարժան Հայ հասարակութեան Սուրապայա քաղաքի, զառաքեալն ի 26 ապրիլ ամսոյ տարւոյս, որով յայտ առնէինք զորդիական զգացումս եւ զբարեմաղթութիւնս Ձեր, ի պատճառս այցելութեան Ներկայացուցչի Մայր Աթոռոյս Տ. Ռուբէն Ծ. վարդապետի, մենք հեռագրաւոր Մայիս 3-ի յանուն յարգելի Գէորգ Աբգարի յայտնեցաք զգոհունակութիւն մեր եւ զողջոյն Հայրապետական եւ օրհնեցաք զհամայն հասարակութիւն Հայոց որ ի Ճավա կղզւոջ»:

Կոնդակին բովանդակութեան մնացեալ մասին ամփոփումը կը ներկայացնենք դասական աշխարհաբար լեզուով, աւելի հասկնալի դարձնելու համար զայն ընթերցողին: Այսպէս, վեհափառը կը յորդորէ տեղւոյն հայութիւնը, որ հեռաւոր օտար այս կղզիին մէջ երբեք չմոռնայ մայրենի լեզուն, հայրենիքը` Հայաստանը եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը: Անոնք թող դաստիարակեն իրենց սիրելի զաւակները նոյն զգացումներով:

12215_p6-vartivarianՃիշդ 90 տարիներ առաջ` արդէն նոյն ազգային ցաւերը: Այսօր ալ նոյն յորդորները մեր նուիրապետական աթոռներէն ու հայրենի կառավարութենէն կ՛արձանագրուին բովանդակ հայութեան նոր սերունդին:

Երկրորդը գոյժ մըն է Ծայրագոյն Արեւելքի ծանօթ բարերար ազգայինի մը` Պօղոս Տատուրեանի (Sir Paul Chater), որ կը մահանայ 80 տարեկանին: Ան հնդկահայ էր, ծնած` Սինկափուր եւ կէս դարէ ի վեր հաստատուած` Հոնկ Քոնկ, ուր նախանձելի դիրքի էր հասած` շնորհիւ իր նախաձեռնութեան ոգիին եւ ձեռներեցութեան: Հեռաւոր արեւելքի մէջ նշանաւոր ու ազդեցիկ դէմք էր, եւ որ արժանացած էր Բրիտանական կայսրութեան կողմէ սըր կոչումին: Տակաւ զարգացող այս մեծ ոստանին մէջ անոր ներդրումները եղած են ամէնուրեք, մանաւանդ` քաղաքի նաւահանգիստի շինութեան աշխատանքներուն մէջ:

Եղած է իրերայաջորդ քաղաքապետներու խորհրդական: Իբրեւ Հոնկ Քոնկի ազդեցիկ դրամատան տնօրէն խորհուրդի անդամ` զանազան կապեր հաստատած է աշխարհի զանազան ճարտարարուեստական երկիրներու հետ: Ան յաճախ այցելած է Սուրապայա եւ ունեցած շփումներ` տեղւոյն հայութեան բեկորներուն հետ:

Պօղոս Տատուրեան բարեգործ ազգային մը եղած է` միշտ հասնելով ազգային, եկեղեցական, բարեսիրական ու կրթական կազմակերպութիւններուն: Մայր Աթոռի նոյն ներկայացուցիչին` Ռուբէն վրդ. Մանասեանին 1925-ին Ս. Էջմիածնի վերաշինութեան եւ պայծառութեան համար նուիրած է հազար անգլիական ոսկի: Մեծագումար նուիրատուութիւն մը` անկասկած: Սակայն, վստահաբար, եթէ իրեն ներկայացող վարդապետը գիտնար անգլերէն եւ կարենար իրական պատկերը տալ այդ օրերու Խորհրդային Հայաստանի եւ Մայր Աթոռին տխուր վիճակին, բարերարը շատ աւելի մեծագումար մասնակցութիւն կրնար բերել տարուած ջանքերուն:

Նուէրներ կատարած է Կալկաթայի հայոց եկեղեցիին, անգլիական Լամարթիներ քոլեճին, ուր ինք ուսանած էր, եւ ուր այդ օրերուն 40 հայ ուսանողներ կը հետեւէին բարձրագոյն կրթութեան:

Կը մահանայ անզաւակ. եղբօր զաւակին իր ժառանգութենէն մաս մը կտակելէ ետք, մնացածը յանձնած է Կալկաթայի հայոց եկեղեցիին: Այս եկեղեցին հնդկահայերու եւ պարսկահայերու համար կարեւոր ազգային բոյն մը եղած էր 18-19 դարերուն:

Ահա’ այս լաւ ու տխուր յիշատակներով ամավերջին կը հետեւէի օդանաւային արկածին ու անոր զոհերուն մասին կը մտածէի: Օդանաւի ճամբորդներուն մեծամասնութիւնը քրիստոնեաներ էին: Երկիր մը, որ բացարձակ մեծամասնութեամբ մահմետական ազգաբնակչութիւն ունի: Ու հարց կու տամ ինքզինքիս. արդեօք հայու արմատներով զոհեր կայի՞ն այդ օդանաւին մէջ…

Չէ՞ որ ամէն տեղ հայ կայ:

 

 

Նախորդը

100-Ամեակ. Ցեղասպանութիւնը Կը Շարունակուի

Յաջորդը

Սրտիս Ու Մտքիս Մէջ Դրոշմուած Արցախեան Պատկերներ (Գ.). «Որդիիս Նահատակութեան Լուրը Բերէք, Կ՛ուզեմ Հանգստանալ»

RelatedPosts

Վտանգուած, Բայց Ո՛չ Կորսուած Մեր Լեզուն, Մեր Մշակոյթը
Անդրադարձ

Լեզուափոխութիւնը Ուղեղի Ճկունութի՞ւն, Թէ՞ Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 24, 2025
Ազատէ՛ Դուն Քեզ Բոլորին Խրատներէն
Անդրադարձ

Ո՛չ Թէ Պարտքով, Այլ` Սրտանց

Հոկտեմբեր 24, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Նշմար. Ընդդէմ Մենատէրերու…

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?