ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Անթիլիասի տպարանէն 2014-ին լոյս տեսաւ կաթողիկոսութեան երէց միաբաններէն Սուրէն արք. Գաթարոյեանի «Ծիսական գիտելիքներ» հատորը` բաղկացած 356 էջերէ: Գիրքին մեկենասութիւնը ստանձնած է տիկին Անահիտ Մարգարեան, ի յիշատակ իր նահատակ եղբօր` Վարդգէս Տէր Կարապետեանի:
Գիրքը կը բացուի Արամ Ա. վեհափառին օրհնութեան խօսքով: Կաթողիկոսը կը գրէ. «Եկեղեցւոյ ինքնահասկացողութիւնը կ՛արտայայտուի աստուածաբանութեան, աւետարանչութեան ու ծէսին ճամբով: Հետեւաբար, ծէսը, եկեղեցւոյ կեանքին մէջ առանցքային տեղ ունի: Ան կ՛արտայայտէ եկեղեցւոյ աստուածաբանական մտածողութիւնը ու դաւանաբանական կեցուածքը քրիստոնէական հաւատքին առնչուած հարցերու ու երեւոյթներու մասին: Ծէսը նաեւ կենսական է եկեղեցւոյ ներքին միութիւնը ու ամբողջականութիւնը պահպանելու ու արտայայտելու իմաստով: Եկեղեցւոյ ծիսական կեանքին մասնակցութեամբ է որ հաւատացեալը թէ՛ իր քրիստոնէական հաւատքը կ՛ապրի, եւ թէ ինքզինք անբաժան մասը կը նկատէ եկեղեցւոյ համայնական կեանքին: Ահա թէ ինչու հին դարերէն սկսեալ ծէսը իւրայատուկ դեր ունեցած է քրիստոնէական հաւատքի պաշտպանութեան ու տարածման մէջ»:
Ներածական խօսքին մէջ Սուրէն սրբազան կը նշէ.
«Ծէսն ու ծիսակատարութիւնը զԱստուած պաշտելու հիմնական այն միջոցներէն են, որ հաւատացեալը ներհայեցողական խորասուզումով` աղօթքով, երգեցողութեամբ, մոմավառութեամբ եւ խնկարկութեամբ ինքզինք դէմ յանդիման կը գտնէ Աստուծոյ, եւ իր ներքին զգացումները սրտաբուխ խնդրանքներով եւ աղերսանքներով ճոխացուցած` երկինք կը վերառաքէ` Աստուծոյ կ՛ընծայէ:
Արդարօրէն, ծէսով եւ ծիսակատարութեամբ մարդկային հոգեւոր աշխարհը խաղաղութիւն կը գտնէ:
Ինքնասրբագրութեան եւ կատարեալին ձգտելու զգացումը խունկի բուրմունքին եւ երկինք բարձրացող ծուխին ընդմէջէն որպէս յաւերժական լոյս կը ճառագայթէ, եւ աղօթքով օծուն մեր հոգիները լոյս կը զգենուն»:
Սուրէն սրբազան կը շարունակէ.
«Հայց. եկեղեցին անցնող երկհազարամեայ տարիներու ընթացքին իր ճոխ ծէսով եւ ծիսակատարութեամբ ջրտուքի ենթարկած է անապատացած սրտերը: Մեղսաքաւիչ Ս. պատարագով` Փրկագործութեան սուրբ խորհուրդը` աստուածային գերազանց սիրոյ կամարումին ներքեւ առած է հայ հաւատացեալը եւ խորհրդակատարութիւններով վերականգնած` աստուածային որդեգրութեան արժանացած մարդը: Առ այդ իսկ, խաչի ճանապարհով բազում անգամ պատարագեալ հայ ժողովուրդը, թափուր գերեզմանէն յառնող հրեշտակին աւետիսով` յարութեան նոր լոյսով եւ յոյսով իր վերականգնումը գտած է»:
Հատորը բաղկացած է հինգ մասերէ.
Առաջինը ծիսական բառարանն է, որ կ՛ընդգրկէ հայ ծէսին ու ծիսակատարութեան անմիջապէս առնչուող բոլոր կառոյցները, պաշտօնները, իրերն ու սպասները, ներկայացուած` այբբենական կարգով:
Աթոռ բառին ներքեւ յիշուած են հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական չորս աթոռները:
Աջերուն գծով Սուրէն սրբազան կը գրէ.
«Ս. Էջմիածնի Ալեք եւ Մարի Մանուկեան գանձատան մէջ կը գտնենք Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներուն, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետին եւ Ս. Յակոբ Մծբնայ հայրապետին աջերը:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ «Կիլիկիա» գանձատան մէջ կը պահուին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետին, Ս. Նիկողայոս եւ Ս. Սեղբեստրոս հայրապետներուն եւ Պարսամ Ճգնաւորին աջերը, ի շարս խաչատուփ այլ մասունքներու, որոնք ապրուած կեանքերու եւ կենդանի նահատակութեան վկայութիւններ են:
Հայց. եկեղեցւոյ հայրապետներ, ամէն անգամ որ Ս. Միւռոն օրհնած են եւ հին Միւռոնը թափած` նորին մէջ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետի օրհնացիր աջով խառնած են զայն»:
Աւետարաններուն գծով Սուրէն սրբազան կը յիշէ Ատենի աւետարանը, իւղաբերից աւետարանը եւ ճաշու աւետարանը:
Ըստ սրբազանին, գաւազանը հոգեւոր իշխանութեան խորհրդանիշն է: Կուսակրօն եկեղեցականներու հովուական եւ հովուապետական հանգամանքը կը բնորոշէ:
«Ծիսական գիտելիքներ»-ուն մէջ նշուած է, որ գինի, Ս. պատարագի ընթացքին, Քրիստոսի կողմէ նուիրագործուած եւ իր իսկ արեան փոխարկեալ այն նիւթն է, որ նշխարին կողմէ ներծծուելով կը դառնայ մեղսաքաւիչ հաղորդութիւն, բոլոր անոնց համար որոնք խոստովանելէ ետք զայն կը ճաշակեն իրենց մեղքերու փրկութեան համար:
Եկեղեցի բառին ներքեւ Սուրէն սրբազան կը գրէ.
«Եկեղեցին քարեղէն շքեղ իր կառոյցէն անջատ, խոնարհ սրտերով եւ հաւատքով առլցուն հոգիներու հաւաքականութեան մը համախումբ աղօթելու ժողովն է: Անիկա յունարենէ առնուած բառ մըն է (էկլէզիա), որ կը նշանակէ հաւատացեալներու ժողով, ինչ որ` միասին եւ հաւաքաբար աղօթելու իմաստն է, որ կը խտացնէ իր մէջ:
Արդարեւ, երբ եկեղեցի կ՛ըսենք, նախ պէտք է հասկնանք աստուածային սիրով զօդուած, Քրիստոսի փրկագործութեան խորհուրդով` Աստուծոյ կողմէ որդեգրուած եւ Ս. Հոգւոյ հանճարահրաշ ճառագայթումով լիցքաւորուած, պայծառացած եւ լուսաւորուած հոգիներու միասնական աղօքթը»:
Ժամագիրքը ուղեցոյցն է մեր եկեղեցւոյ եօթը ժամերգութիւններուն` գիշերային, առաւօտեան, արեւագալի, ճաշու, երեկոյեան, խաղաղական եւ հանգստեան ժամերգութիւնները:
Խաչը եկեղեցական սպասներուն մէջ նուիրական եւ օրհնութեան սփռող սպասն է:
Սուրբ միւռոնը եկեղեցին եւ եկեղեցւոյ հիմնական սպասները նուիրագործող իւղն է եւ միանգամայն շնորհաբաշխութեան կնիքն է:
***
Հատորին երկրորդ մասը կը վերաբերի հայ եկեղեցւոյ Ս. պատարագին` իր ընթացքով, զարգացումով եւ միջանկեալ կարեւոր բացատրութիւններով:
«Ս. պատարագը փառահեղ ոգեկոչումն է Վերջին Ընթրիքի յիշատակին, ուր Յիսուս ինքզինք մատուցեց առաքեալներուն` ճշմարտելով Յովհաննէս Աւետարանիչին խօսքերը թէ` «Ով որ մարմնէս կ՛ուտէ եւ արիւնէս կը խմէ` յաւիտենական կեանք կ՛ունենայ եւ ես անոր յարութիւն պիտի տամ վերջին օրը…»
(Յովհ. Գլ. Զ. 54):
Յիսուս իր Մարմինն ու Արիւնը որպէս փրկութեան երաշխիք տուաւ մարդոց` Վերջին Ընթրիքի ընթացքին, ուր ան հաստատեց մեղսաքաւիչ Հաղորդութեան խորհուրդը:
Ս. պատարագի խորհուրդով` առաջին հերթին կը յիշատակենք Աստուածորդւոյն Մարդեղութեան խորհուրդը. Քրիստոս մարդացաւ, որպէսզի մարդը վերստին բարձրանայ աստուածաստեղծ այն պատուանդանին, ուրկէ ինկած էր ան նախածնողներու մեղանչումէն ետք:
Պատարագը անարիւն զենումն է Քրիստոսի, Փրկագործութեան հոգեզմայլ խորհուրդն է ան, որ կը կատարուի մեր մեղքերու քաւութեան եւ հոգիներու փրկութեան համար:
Պատարագ կը նշանակէ զոհ, ընծայ, նուէր: Ս. պատարագի խորհուրդով Քրիստոս որպէս աստուածային գերազանց սիրոյ արտայայտութիւն` ինքզինք կ՛ընծայէ, կը զոհուի մեր փրկութեան համար:
Ճշմարտօրէն, Ս. պատարագը Սէր Աստուծոյ` Աստուածորդւոյն զոհաբերութեան խորհուրդն է, ուր ամէն անգամ պատարագուող Գառն Աստուծոյ-ն իր Մարմինն ու Արիւնը կու տայ մեղանչական բնութեամբ` անկումի ենթակայ մարդուն:
Ինչպէս Վերջին Ընթրիքի սեղանին վրայ հացն ու գինին Քրիստոսի օրհնութեամբ փոխարկուեցան Փրկչին Մարմնոյն եւ Արեան, նմանապէս ամէն Ս. պատարագի Խորհուրդին, Ս. սեղան ընծայուող ՆՇԽԱՐՆ ՈՒ ԳԻՆԻՆ նուիրագործուելով եւ սրբագործուելով գերահրաշօրէն կը փոխարկուին եւ հաւատացեալներու կ՛ընծայուին որպէս մեղսաքաւիչ Ս. հաղորդութիւն, որպէս Մարմին եւ Արիւն Քրիստոսի:
***
Հատորին երրորդ բաժինը Տէրունի եւ Սուրբ Աստուածածնի նուիրուած տօներն են, Ծնունդ, Աստուածայայտնութիւն, Տեառնընդառաջ, բուն բարեկենդան, Ծաղկազարդ, Զատիկ, համբարձում, հոգեգալուստ, Աստուածածին, Խաչվերաց եւ այլն:
Չորրոդ բաժինը ծիսական եւ կանոնական արարողութիւններն են, ինչպէս` աղօրհնէք, այգուց, անդաստան, դռնբացէք, խաղողօրհնէք, Հալաւօրհնութիւն, հոգեհանգիստ: Հսկում, ճրագալոյց, մատաղօրհնութիւն, նշանախօսութիւն, ոտնլուայ, ջրօրհնէք, վերաբերում, Տասը կուսանաց եւ տնօրհնէք:
Հինգերորդ բաժինը տօնախմբութիւնները, աւանդութիւնները եւ ծիսական տնօրինումներն են, ինչպէս` ամանոր, անուանակոչութիւն, հոգեճաշ, մեռելոց, միջինք, յինունք, յիսնակ, նաւակատիք, ուխտագնացութիւն, ուտիք, պահք, վիճակ, տաղաւար եւ փակեալ խորան:
«Ծիսական գիտելիքներ»-ու ընթերցումով հայ հաւատացեալը կարեւոր գիտելիքներ կ՛ամբարէ հայ եկեղեցւոյ ծէսերուն, արարողութիւններուն, տօներուն, պատմութեան եւ կառոյցին մասին: Գիրքը կ՛առաջնորդէ կառչելու մեր արմատներուն, ներշնչուելու եւ մեր սուրբ պապերուն նման ապրելու քրիստոնէավայել կեանք եւ գիտակցօրէն մասնակցելու մեր եկեղեցւոյ սրբազան արարողութիւններուն: