Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կոմիտաս» Հիմնարկի Կազմակերպութեամբ, 2015-ին Տիգրանակերտի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչում

January 27, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter
Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցին
Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցին

«Կոմիտաս» հիմնարկը կը հաղորդէ, որ Թրքական մարդկային իրաւանց ընկերակցութեան աջակցութեամբ 22-24 ապրիլ 2015-ին Տիգրանակերտի մէջ պիտի կազմակերպէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներ:

Տիգրանակերտը նկատի առնուած է, որովհետեւ Տիգրանակերտի նահանգը Հայոց ցեղասպանութեան գործադրութեան գլխաւոր թատերաբեմերէն մէկն էր: Անոր կառավարիչ Ռաշիտ Պէյը 1915-ին մեծ դերակատարութիւն ունեցած է Ցեղասպանութեան գործադրութեան մէջ:

«Կոմիտաս» հիմնարկը կը գրէ, որ այսօր Տիգրանակերտ բնակող մարդիկ կը ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ կ՛ուզեն կացութիւնը շտկել: Քաղաքի համաքաղաքապետերը եւ թրքական խորհրդարանին մէջ շրջանի ներկայացուցիչները յստակ կերպով կը խօսին հայկական հարցին մասին: Տիգրանակերտ քաղաքը արդէն իսկ աջակցած է Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ վերակառուցման, որ աշխարհի մէջ մեծագոյն հայկական եկեղեցիներէն մէկն է: Անցեալ տարի Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման ընթացքին հայերուն զօրակցեցան տեղացի քաղաքացիներ: Անոնց շարքին էին ականաւոր քաղաքագէտներ, փաստաբաններ, մարդկային իրաւանց գործիչներ եւ ուրիշներ:

«Կոմիտաս» կը նշէ, որ յառաջիկայ ապրիլին Տիգրանակերտի մէջ հայկական մեծաթիւ ներկայութիւն մը բարոյական ու քաղաքական մեծ նշանակութիւն պիտի ունենայ եւ ամրապնդէ հայ-քրտական համերաշխութիւնը, ինչպէս նաեւ մարտահրաւէր ուղղէ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումին:

«Կոմիտաս» հիմնարկը կը յայտնէ, որ 1990-ական թուականներէն ի վեր կը գործէ Թուրքիոյ մէջ: Թուրքիոյ պետական շրջանակի մտաւորականներու ուրացման դէմ դնելու կողքին,  հիմնարկը նաեւ կամուրջներ հաստատած է թրքական քաղաքացիական հասարակութեան հետ եւ ձգտած է առկախ հարցերու արդար լուծման: Հիմնարկը նախապէս եւս յաջող կերպով կազմակերպած է Տիգրանակերտի մէջ ձեռնարկներ, ներառեալ` Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչում, եւ յառաջիկայ տարուան ոգեկոչումը հիմնուած է նախորդ տարիներուն արձանագրուած յաջողութիւններուն վրայ:

 

Նախորդը

«Էրտողանի` Հայաստանի Նախագահին Ուղարկուած Հրաւէրն Ամօթալի Է». Թուրք Պատմաբան

Յաջորդը

Ֆրանսայի Դեսպանը Կը Յստակացնէ Ցեղասպանութեան Մասին Իր Կատարած Խնդրայարոյց Պնդումը

RelatedPosts

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Գիտութիւն

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր

June 30, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Սառնամանիքի Սիրողական Բնագիտութիւն

March 11, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Բ. Պաղ Պատերազմէն Մինչեւ Արեւի Խուզարկու

December 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.