Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յովհաննէս Մանուկ Մանուկեանի Մահուան Ա . Տարելիցին Առիթով. Ազնուասիրտ Բարերարը` Յովհաննէս Մանուկեան (Ալագեազ) (1926-2014)

Յունուար 24, 2015
| Անդրադարձ
1
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԻԼՎԱ  ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

12415_HovhannesManouguian«Յովհաննէս Մանուկեան մինչեւ իր կեանքին վերջին շունչը հաւատաց, որ կրնայ անձնական մասնակցութեամբ, Հայաստանի հողին վրայ ներկայութեամբ իր նպաստը բերել հայրենակերտումի սրբազան առաքելութեան»:

ՆԱՐԵԿ. ԱՐՔ. ԱԼԻԵՄԵԶԵԱՆ

Տարի մըն է ահա, որ մեզմէ անդարձ հեռացած է Մանուկեան գերդաստանի սիւներէն մէկը` Յովհաննէս Մանուկ Մանուկեան: 25 նոյեմբեր 1926-ին Ալեքսանտրէթ (Իսկենտէրուն կամ`  «Սանճագ Օթոնոմ» ինքնավար շրջան, ինչպէս ինք կը նախընտրէր նշել) ծնած այս հայորդին, հազարաւոր հայերու նման կրեց գաղթականութեան դառնութիւնը, երբ իր ծննդավայրի քաղաքական ու ապահովական պայմաններուն բերումով ընտանեօք կը ստիպուին գաղթել: 1939-ին հարիւրաւոր հայերու հետ քարիւղատար նաւու մը մէջ «թխմուած» կը հասնին Սուրիոյ Թարթուս նաւահանգիստը, ուր շաբաթներով ձիթենիի ծառերու տակ անպատսպառ մնալէ ետք, փոխադրակառքերով կը հասնին Լիբանան, ապա` Պուրճ Համուտ: «Որպէս վնասուց հատուցում, ութ հոգինոց ընտանիքին յատկացուցին եօթանասունհինգ լիբանանեան ոսկի, իւրաքանչիւր տասներեք տարեկանէ վեր չափահասին` քսանհինգ լիբ. ոսկի: Այս գումարով ան պէտք է նոր կեանք կերտէր երկրի մը մէջ, որուն ո՛չ լեզուն, ո՛չ ալ բարքերը գիտէր», կը գրէ ան իր «Ցօղեր ու ցոլքեր» խորագրեալ բանաստեղծական հատորի վերջաւորութեան տեղադրուած իր կենսագրական յուշագրութեան մէջ:

Աշակերտելէ ետք Պուրճ Համուտի Թրատ թաղամասի ազգային Աբգարեան, ապա Մխիթարեան վարժարանները, Յովհաննէս Մանուկեան կ՛ընդունուի Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» (այժմ` Մ. եւ Հ. Արսլանեան) ճեմարան, զոր կ՛աւարտէ յունիս 1948-ին: Ան յաճախ մեծ հպարտութեամբ կը յիշէր, թէ աշակերտած է Ճեմարանի հեղինակաւոր ուսուցիչներու, ինչպէս` Լեւոն Շանթ, Նիկոլ Աղբալեան, Կարօ Սասունի, Մուշեղ Իշխան, Գառնիկ Գիւզէլեան, Մատամ (Եոլանտ Աճէմեան) բանաստեղծուհի Հուրի Իփէկեան եւ այլն:

Լիբանանեան պատերազմին բերումով, բազմաթիւ հայերու նման, Յովհաննէս Մանուկեան դարձեալ կը ստիպուի գաղթել եւ յունուար 1975-ին կը հասնի Միացեալ Նահանգներ, ուր կը հաստատուի Լոս Անճելոսի մէջ: Լիբանանի մէջ ամբարած իր ուսումն ու երկրաչափական «թոփոկրաֆ»-ի իր մասնագիտութիւնը ան կը կատարելագործէ Միացեալ Նահանգներու մէջ` հետեւելով յատուկ դասընթացքներու եւ արժանանալով համապատասխան վկայականներու: Տքնաջան աշխատանքով ու յամառ ճիգերով կը յաջողի բարելաւել իր նիւթական վիճակը` հետզհետէ հասնելով բարեկեցիկ կացութեան: Սակայն, անցեալի դառն թէ ուրախ յիշատակները միշտ առկայ կը մնան անոր ներաշխարհին մէջ ու ան իր հոգեկան գոհունակութիւնը կը գտնէ մասնակցելով ամերիկահայ այդ գաղութի ազգային հասարակական կեանքի գործունէութեան եւ իր նիւթաբարոյական ներդրումով կը նպաստէ անոր ծաղկումին: Կ՛անդամակցի գաղութի զանազան միութիւններուն (Համազգային, Չորք Մարզպանի` «Տէորթ Եոլ» հայրենակցական միութիւն…) եւ ընդհանրապէս ոչ-բացայայտ իր նուիրատուութիւններով կը սատարէ անոնց ծրագիրներու իրականացման: Նմանպէս, ան երախտաշատ ներդրում ունեցած է կրթական մարզին մէջ` կրթանպաստ յատկացնելով բազմաթիւ ուսանողներու: Անոր կրթանպաստէն օգտուած ճեմարանաւարտ ուսանողներ կը յիշեն անոր բարերար «ձեռքը»: Նկարագիրով համեստ, ծառայասէր ու ազգասէր այս հայորդին կ՛ապրէր ինչպէս համայն հայութիւնը` հայրենիքի անկախացման կարօտով: Ու երբ վերանկախացաւ Հայաստանը, Յովհաննէս Մանուկեան առաջիններէն էր, որ փութաց իր «լումաներու» ներդրումով նպաստել հայրենիքի ծաղկումին, միշտ վերյիշելով ու ներշնչուելով Համազգայինի հիմնադիրներէն` Նիկոլ Աղբալեանի «պատգամ»-էն, որ կ՛ըսէր. «Պիտի գայ օրը, երբ Ճեմարանէն ձեր առածը պիտի տանիք Հայաստան»…

2011-ի աշնան, երբ իր կնոջ` «Վիքթորիա քոյրիկ»-ին հետ այցելեցին Պէյրութ, միասնաբար շրջեցանք իր պատանեկութեան երբեմնի թաղերը, Պուրճ Համուտի հայկական վայրերն ու կեդրոնները: «Ազդակ»-էն ու Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանէն ետք կ՛ուզէի, որ այցելենք ազգային այլ կառոյցներ եւս ու ան տեսնէր, թէ ինչպիսի՜ վարկ ու յարգանք կը վայելէ իր ազգակիցներուն մօտ: Սակայն ան ժամանակի անբաւարարութեան պատճառով մերժեց եւ ըսաւ. «Զիս յարգել ուզողները բացակայութեանս ալ կրնան ընել այդ մէկը, ներկայութիւնս պայման չէ»: Անաչառ, բայց  խստապահանջ էր ազգային, հոգեւոր սկզբունքներու, հաւատալիքներու եւ սրբավայրերու նկատմամբ: Տակաւին կը յիշեմ, թէ որքան վշտացաւ, երբ կ՛ուզէր մոմ մը վառել Պուրճ Համուտի եկեղեցիներէն մէկուն մէջ, սակայն  դժբախտաբար այդ պահուն անիկա փակ էր, եւ մէկը չկար, որ դուռը բանար. «Եկեղեցին ժողովուրդին տունն է, անոր դռները միշտ բաց պէտք է ըլլան բոլորին առջեւ», ըսաւ: Սակայն յաջողեցայ մխիթարել զինք ու նոյն շաբթուան կիրակի առաւօտուն այցելեցինք Անթիլիասի մայրավանք:

Ան կանուխ տարիքէն սիրահար էր գիր-գրականութեան եւ աշխատանքի կողքին երկար ժամեր տրամադրած էր գրական ընթերցումներու: Ունէր գրական ձիրքեր, զորս ժառանգած էր իր մեծ հօրմէն` աշուղ Մովսէսէն: Ճեմարանի օրերէն իսկ սկսած էր բանաստեղծութիւններ գրել` հետեւելով բանաստեղծուհի Հուրի Իփէկեանի երբեմն քաջալերական ու յաճախ ալ քննադատական, բայց շինիչ նկատողութիւններուն: Ան գրած է հայերէն ու ֆրանսերէն լեզուներով: Ունի քերթողական չորս հատորներ Ալագեազ գրչանունով: Իր կեանքի վերջաւորութեան լծուած էր «Կեանքս» («Մայ Լայֆ») խորագրեալ ինքնակենսագրութեան ամբողջացման: Անոր մահէն ետք իր չորս զաւակներէն իրաւաբան մեր զարմիկը` Նիկոլը, հետս կապուեցաւ «աւետելով», թէ իրենց հօր մահուան առիթով եղած նուիրատուութիւններու գումարին վրայ իրենց բաժինն ալ աւելցնելով որոշած են «կոկիկ» գումար մը նուիրել անոր շատ սիրած Ճեմարանին` առաջարկելով, որ այդ առիթով կայանալիք ձեռնարկի ընթացքին ես փոխանցեմ Մանուկեան ընտանիքին խօսքը: Ու իրապէս 8 մայիս 2014-ին, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի գրադարանին մէկ բաժանմունքը, յատուկ հանդիսութեամբ կոչուեցաւ «Յովհաննէս Մանուկեան» սրահ: Խորապէս հպարտ ու հրճուած էի, որ Յովհաննէս քեռին` յաղթահարելով օտար ափերու դառն պայմաններն ու այլազան մարտահրաւէրները, յաջողած էր ազգասէր ու հայեցի դաստիարակութիւն ջամբել իր զաւակներուն, որոնք իր մեկնումէն ետք իսկ կ՛ուզեն իրականացնել անոր ազնուասիրտ բարերարի տեսլականները: Անոնց այս քայլին նախընթացը իրագործած էր մեր մեծ զարմիկը` Րաֆֆի Մանուկեանը, որ Կլենտէյլի իր քաղաքապետութեան շրջանին, Կլենտէյլն ու հայրենի Կապանը հռչակած էր «քոյր» քաղաքներ: Ճեմարանի ներկայ թէ գալիք սերունդները գրադարանի «Յովհաննէս Մանուկեան» սրահին մէջ սերտելով, վստահաբար պիտի ներշնչուին անոր բարեգործութեանց խթան հանդիսացած ոգիէն, որ ուրիշ բան չէ եթէ ոչ նոյնինքն Ճեմարանի հիմնադրութեան խթան հանդիսացած` Շանթերու եւ Աղբալեաններու պատգամած ու ներշնչած ոգին: Ա՛յն ճեմարանին, որուն նկատմամբ իր սէրը Յովհաննէս Մանուկեան յաւերժացուցած է ութ տուներէ բաղկացած բանաստեղծութիւն մը ձօնելով անոր վաթսունամեակին առթիւ.-

Վաթսունամեայ Հայոց Ճեմարան
(1930-1990)

Վեհ վաթսունամեայ սրբազան տաճար,
Սրբագործ ձեռամբ օծուած օրհնութիւն,
Նշխար հայրենի, որ բաշխուեցար,
Մէն մի մանուկին, անտէր որբուկին:
Մէն մի մանուկին, անտէր որբուկին:
Օտար կտուրի տակը ծուարած,
Սկսար տքնիլ անշուք ու համեստ,
Դողդոջ քայլերով բայց հաստատակամ,
Դարձար պտղաբեր սաղարթախիտ ծառ:
Բարի լոյս ծագեց վշտով համակուած,
Եղեռնի բուքէն հազիւ ազատած
Հայ կնոջ սրտին որ կը բաբախէր
Իր զաւկին տեսնել ուսման ծարաւով:  
Օր մըն ալ յանկարծ ուրախ ու ժպտուն
Ինքզինքդ գտար սեփական տանդ
Կուռ ու անսասան հայկազեան ամրոց,
Նշան Փալանճեան Ճեմարան Հայոց:

Ալագեազ, 5 մայիս, 1990

Նախորդը

Ժոզեֆ Ղազարեանի Քառասունքին Առիթով

Յաջորդը

Անձրեւը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Հինգերորդ Շարասիւնը Եւ Ամբողջատիրական Դրսեւորումները

Մարտ 20, 2023
Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը
Անդրադարձ

Անդրադարձ. Իսրայէլեան Ռազմական Խարիսխէն 92 Թռիչքներ Կը Բացայայտեն Զինատեսակներու Արտածումը Դէպի Ազրպէյճան

Մարտ 20, 2023
Վկայութիւններ` Համազգայինի 95-Ամեակին Առիթով
Անդրադարձ

Վկայութիւններ` Համազգայինի 95-Ամեակ-ին Առիթով

Մարտ 18, 2023

Comments 1

  1. Վահան Վանական says:
    8 years ago

    Մեր բարերարները եւ Նուիրեալ զինուորները մեր Ազգային Գոյատեւման Ազդակներն են.
    Եւ իրենց յիշատակը յաւիտենական է՝
    Վարդանանց շարքին.
    Վահան Վանական

    Reply

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In