Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բրիտանացին Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Լուսանկարը Վաճառելէ Ետք Վերադարձուցած Է Գումարը

January 27, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

12715_negarԲրիտանացի մը համացանցի միջոցով Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ լուսանկարի մը բնօրինակը վաճառելէ ետք վերադարձուցած է գումարը, երբ տեղեկացած է, որ գնորդը Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկն է:

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան այս մասին գրած է Դիմատետրի իր էջին վրայ:

Լուսանկարին մէջ հայ գաղթականներ են, իսկ միւս երեսին վրայ գրուած է. «Պաղտատը գաղթականներու եւ թրքական կոտորածները վերապրած հայերու նպաստամատոյցի կեդրոնատեղին է, ուր յայտնուելով` անոնց կեցութիւնն ու սնունդը կ՛ապահովուի բրիտանական կառավարութեան կողմէ: Թուրքերը անոնց դէմ վատ տրամադրուած են, քանի որ հայերը քրիստոնեայ են, իսկ իրենք` ոչ»:

«Լուսանկարը գնելէ եւ անոր համար վճարելէ ետք, ի զարմանս ինծի, վաճառողէն ստացայ հետեւեալ բովանդակութեամբ նամակ մը. «Ես ուղարկեցի ձեր կողմէ գնուած լուսանկարը: Երբ հասցէն կը գրէի, հասկցայ, թէ ո՛ւր պիտի հասնի անիկա, ուստի որոշեցի վերադարձնել գումարը: Ես ասիկա կ՛ընեմ` յարգանք տածելով ձեր կորուստին հանդէպ եւ ի նշան բարեկամութեան», գրած է Հայկ Դեմոյեանը:

«Արմենփրես»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Դեմոյեան յայտնած է, որ թանգարանին հիմնական ֆոնտերը կը համալրուին ամէնօրեայ դրութեամբ, չկայ օր մը, որ նոր նիւթ աւելցած չըլլայ, անիկա կրնայ մէկ ըլլալ, կամ տասնեակ նիւթեր:  «Իւրաքանչիւրը ունի իր հետաքրքրական պատմութիւնը, որ քաղաքացիները կը քաղեն, ձեռք կը բերեն կամ մենք կը գնենք: Կան բազում ցնցող պատմութիւններ, որոնք հանրութեան դեռ անյայտ են. այս մէկը թարմ հետքերով ուզեցինք ներկայացնել ընկերային ցանցերու օգնութեամբ», նշած է ան:

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանը ներկայիս կը գտնուի վերակառուցման ընթացքի մէջ եւ անոր բացումը տեղի պիտի ունենայ այս տարուան 24 ապրիլին: Սակայն, թանգարանի տնօրէնին համաձայն, մինչեւ թանգարանին բացումը կը ծրագրուի վըրչուըլ թանգարանի ծրագիրի իրականացումը: Վըրչուըլ ցուցադրութեամբ պիտի ներկայացուին տարբեր իրերու պատմութիւններ, նաեւ այն, թէ ինչպէ՛ս անոնք հասած են թանգարան:

 

 

 

Նախորդը

Խմբագրական «Ազատ Արցախ»-ի. Կը Կարողանա՞յ Արդեօք Սերպիան Սթափեցնել Ազրպէյճանին

Յաջորդը

«Էրտողանի` Հայաստանի Նախագահին Ուղարկուած Հրաւէրն Ամօթալի Է». Թուրք Պատմաբան

RelatedPosts

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Գիտութիւն

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր

June 30, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Սառնամանիքի Սիրողական Բնագիտութիւն

March 11, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Բ. Պաղ Պատերազմէն Մինչեւ Արեւի Խուզարկու

December 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.