Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զուարթ Սուտճեան Դատ Բացած Է Թուրքիոյ Դէմ` Վերստանալու Համար Իր Ընտանեկան Կալուածը` Տիգրանակերտի Օդակայանը

Յունուար 26, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

LXB07EE78C37F7FD567229B5253A99DFA6Հայերը կը պատրաստուին հազարաւոր ձեռնարկներ կազմակերպելու ամբողջ աշխարհին մէջ` Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչման համար:

Այդ իրադարձութիւններուն նպատակն է աշխարհին յիշեցնել Օսմանեան կայսրութեան կողմէ 1915-1923 թուականներուն գործադրած զանգուածային վայրագութիւնները, այն ակնկալութեամբ, որ միջազգային հանրութիւնը կը ստիպէ Թուրքիոյ կառավարութեան առերեսուելու իր զազրելի անցեալին հետ եւ վերականգնելու Ցեղասպանութեան ժառանգորդներուն իրաւունքները:

Սակայն այդ վեհ նպատակին հասնելու համար գոյութիւն ունի աւելի արագ եւ արդիւնաւէտ ուղի` դատական հայցը: Վերջին տարիներուն քանի մը ամերիկահայ փաստաբաններ հասած են որոշ յաջողութիւններու` Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային դատարաններուն մէջ համատեղ հայցեր ներկայացնելով ընդդէմ ապահովագրական ընկերութիւններու: Այլ հայցեր տակաւին ընթացքի մէջ են:

Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նախաշեմին թէ՛ Հայաստանի կառավարութիւնը եւ թէ՛ սփիւռքի որոշ խմբաւորումներ կը քննարկեն միջազգային դատարաններու մէջ Թուրքիոյ դէմ դատական հայցեր ներկայացնելու կարելիութիւնը: Սակայն նման լուրջ դատեր պէտք է իրականացուին միայն միջազգային օրէնքի մասնագէտներու եւ ոչ թէ հայ պարզ անհատներու կամ բարի կամեցողութիւն դրսեւորող համայնքային խումբերու կողմէ: Սխալ ձեւակերպման պարագային այդ հայցերը կրնան երկարատեւ կործանարար ազդեցութիւն ունենալ Թուրքիայէն Հայաստանի ունեցած օրինական պահանջներուն վրայ:

Անցեալ տարուան սեպտեմբերին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս յայտարարեց, որ մտադիր է հայց ներկայացնել Թուրքիոյ դէմ` նախքան Ցեղասպանութիւնը Սիսի կաթողիկոսարանին պատկանող գոյքը վերադարձնելու պահանջով: Թուրքիոյ դատարանին կողմէ այս հայցը մերժելու պարագային, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանը այդ որոշումը այնուհետեւ պիտի բողոքարկէ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ (ՄԻԵԴ):

Վերջերս թրքական մամուլը հաղորդեց, որ ամերիկահայ Զուարթ Սուտճեան դատական հայց ներկայացուցած է` պահանջելով վերադարձնել իր մօր` Պասմաճեաններու ընտանիքին պատկանող հողատարածքը, որուն վրայ կը գտնուի Տիգրանակերտի օդակայանը:

Ես խօսեցայ 94-ամեայ տիկին Սուտճեանին հետ, որ կը բնակի Նիւ Եորք (եւ ոչ թէ` Քալիֆորնիա, ինչպէս կը հաղորդէ թրքական մամուլը): Ան պատմեց, որ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք, բռնագաղթելով Տիգրանակերտէն, իր ընտանիքը սկիզբը տեղափոխուած է Լիբանան, այնուհետեւ Քուպա (ոչ թէ Քորէա` ըստ թրքական մամուլին) եւ վերջապէս հաստատուած է Միացեալ Նահանգներ:

1967-ին Սուտճեան ընտանիքին կալուածը բռնագրաւուած է թրքական կառավարութեան կողմէ` տեղական քանի մը թերթի մէջ յայտարարութիւն տեղադրելէ եւ սեփականատէրերը չգտնելու մասին պնդումներ ընելէ ետք:

Քանի մը տարի առաջ Սուտճեանի փաստաբան Ալի Էլպէյօղլուն անոր անունով հայց ներկայացուց Թուրքիոյ մէջ` ձգտելով վերադարձնել անոր ժառանգութիւնը: 2013-ի Ապրիլին դատարանը մերժեց անոր պահանջը` պնդելով, որ 10-ամեայ վաղեմութեան ժամկէտը անցած է: Վերաքննիչ դատարանը բեկանեց ստորին ատեանի որոշումը եւ պահանջեց գործը վերաքննել` հիմնաւորելով, որ Սուտճեան կրնար տեղեակ չըլլալ Տիգրանակերտի տեղական թերթին մէջ տեղադրուած իրաւական յայտարարութեան մասին գոյքի բռնագրաւումէն առաջ: Դատարանը յայտարարեց, որ անիկա առնուազն պէտք է տեղադրուէր ամբողջ երկրին մէջ լայն տարածում ունեցող թրքական թերթերու մէջ:

Փաստաբան Էլպէյօղլու պարզաբանեց, որ Սուտճեանի կալուածին բռնագրաւումը անձնական սեփականութեան իրաւունքի խախտում է, ինչպէս սահմանուած է Մարդու իրաւունքներու եւ հիմնական ազատութիւններու եւրոպական պայմանագիրով:

Նոյնիսկ եթէ Սուտճեան շահի իր դատական գործը, քիչ հաւանական է, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը վերադարձնէ տասնեակ միլիոնաւոր տոլարներով գնահատուող շատ արժէքաւոր հողատարածքը, որուն վրայ կը գտնուին Տիգրանակերտի ռազմական եւ քաղաքացիական օդակայանները: Այդ իսկ պատճառով անոր փաստաբանը «Միլլիյէթ» թերթին յայտնեց, որ Սուտճեան միայն հատուցում կը պահանջէ իր ընտանիքին պատկանող կալուածի արժէքին չափով:

Էլպէյօղլու նաեւ «Միլլիյէթ»-ին ըսաւ, որ Սուտճեանի գործը դուռ պիտի բանայ բազմաթիւ նման դատերու առջեւ: Յատկանշական է, որ թրքական թերթը իր յօդուածը վերնագրած է «Սփիւռքի յոյսը»:

Թրքական լրատուամիջոցները չէին անդրադարձած այն պարագային, որ եթէ վերաքննիչ դատարանը չբաւարարէ Սուտճեանի հայցը, ան կրնայ իր գործով դիմել Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան: ՄԻԵԴ-ի դրական որոշումը պիտի յառաջացնէ դատական հայցերու ամբողջ հեղեղ մը համայն հայութեան կողմէ, որուն նախնիները ունեցած են կալուածներ, որոնք Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ բռնագրաւուած են թրքական կառավարութեան կողմէ:

Թուրքիոյ մէջ կան անթիւ այլ արժէքաւոր կալուածներ, որոնք բռնագրաւուած են հայերէն, ներառեալ`

– Անգարայի մէջ նախագահական պալատը, որ մինչեւ վերջերս օգտագործուած է Էրտողանի եւ Թուրքիոյ նախկին նախագահներուն կողմէ, կը գտնուի Գասապեան ընտանիքին պատկանող տարածքին վրայ:

– Պոլսոյ Աթաթուրքի անուան օդակայանը մասամբ կառուցուած է վանեցի Գէորգ Սարեանի ընտանիքին պատկանող տարածքին վրայ:

– Ինճիրլիքի Միացեալ Նահանգներու ռազմակայանը կը գտնուի քանի մը հայ ընտանիքներու պատկանող կալուածներուն վրայ. անոնք դատական հայց ներկայացուցած են Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային դատարան` ընդդէմ Թուրքիոյ կառավարութեան:

Այս եւ հայերուն պատկանող հազարաւոր այլ կալուածներ պէտք է վերադարձուին իրենց օրինական տէրերուն` իբրեւ արդարութեան մասնակի վերականգնում, որ Թուրքիան պարտք է հայ ժողովուրդին:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը

Նախորդը

Ինչո՞ւ Է Ազրպէյճանը Անզուսպ

Յաջորդը

«Վանայ Ձայն»-ի Նախաձեռնած Հայոց Պատմութեան Մրցանքի Աւարտական Հանգրուան

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?