Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դպրեվանքը 85-Ամեայ Առաքելութեան Ընդմէջէն (Թիւ 2). Իմաստ Եւ Վաստակ

Յունուար 24, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԻԳԷՆ ԱՒԱԳԵԱՆ

10257509_921403761222009_3083478847377785670_oՅոբելենական տօնակատարութիւնները ձեւական խանդավառութեան առիթներ չեն: Ծափի եւ ողջոյնի առիթներ չեն:

Որքան ալ սիրենք խանդավառութիւնը եւ հաւատանք անոր կենարար դերին, հաւաքական մեր կեանքին մէջ պէտք է ձգտինք իմաստ եւ վաստակ որոնել մեր հաւաքականութեան անցեալի գործունէութեան մէջ: Պէտք է փորձենք այդ անցեալէն դէպի ապագայ երկարող ճամբուն վրայ խարխափումներէ խուսափիլ եւ ձգտիլ կանխորոշ ու յստակ նպատակներու:

Այս տեսակէտով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի 85-ամեակի տօնակատարութիւնները, որոնք կ’երկարին 2015 տարուան ընթացքին, հայ մարդը կը մղեն կատարելու հետեւեալ հաստատումները.-

Առաջին. դպրեվանքը մեր կեանքին համար երբեք չեղաւ զուտ միաբանական, վանական հաստատութիւն մը` կրօնական իր նեղ շրջագիծով, այլ եղաւ ու մնաց կաթողիկոսութեան հոգեւոր, ազգային, կրթական եւ մշակութային բազմաճիւղ գործունէութեան համար ծառայողներ պատրաստող դարբնոցը, որ անցնող 85 տարիներուն հայ կեանքին հասցուց առաքելութեան մը կոչումը ունեցող եկեղեցականներ, կրթական մշակներ, մտաւորականներ եւ հանրային գործիչներ:

Այդ առաքելութիւնը եղաւ զինք ծնող կաթողիկոսութեան առաքելութիւնը` սեփական ժողովուրդի ծառայութեան սկզբունքը, մշտանորոգ նուիրումով, անհուն զոհաբերութեամբ եւ յարաճուն արդիւնաբերութեամբ: Առաքելութիւն մը, որ մեր հայրերու հայաշունչ ոգիով եւ հայանուէր աւանդութիւններով հարստացած` յատուկ նկարագիր եւ իմաստ տուաւ Քրիստոսի աշակերտութեան գաղափարին հետեւորդներուն:

Երկրորդ. դպրեվանքը մեր կեանքին համար երբեք չեղաւ ինքն իր մէջ կղզիացած կրօնական մենաստան մը, այլ եղաւ հայ կեանքին բացուած տեւական դարպաս մը, ուրկէ դուրս եկողները իրենց արժանի տեղը ունեցան վերջին 85 տարիներու մեր պատմութեան մէջ` իբրեւ հաւատքի արժէքով սնանած, մարդկային ու ազգային պատասխանատուութիւններով կազմաւորուած ժողովուրդի մը գիտակից ներկայացուցիչներ: Մարդիկ, որոնք հաւատացին, որ կեանքը կառուցում կը դառնայ, ստեղծագործութեան կը վերածուի, երբ զայն կ’ապրինք արժէքի՛ սկզբունքով, ամբողջական պատասխանատուութեամբ:

Դպրեվանքէն դուրս եկան սերունդներ, որոնք իրենց մտքին եւ հոգիին բարիքներէն շատ բան տուին մեր ժողովուրդին: Տուին առա՜տ, տուին անհաշի՜ւ, քաջ գիտնալով, որ կեանքի մէջ կարեւորը տալն է եւ ոչ` ըլլալը, կենսականը ճառագայթելն է եւ ոչ` այլոց շուքերուն տակ ծուարիլը:

Երրորդ. դպրեվանքը մեր կեանքին համար չեղաւ քրիստոնէական սուրբ կրօնի սկզբունքները եւ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ հարազատ աւանդութիւնները ուսուցանողն ու պահպանողը միայն, այլ եղաւ այդ բոլորը մեր կեանքին մէջ անմիջական, ուղղակի եւ առօրեայ կերպով ապրեցնող օճախը: Դպրեվանեցիներ տեւաբար եղան մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ, այցելեցին մեր եկեղեցիները, դպրոցները, կենդանի շփման մէջ մտան մեր երիտասարդութեան հետ եւ իրենց աղօթքներով բաժնեկցեցան հայ մարդուն ուրախութիւնն ու տխրութիւնը` յանուն Աստուծոյ եւ ազգին:

Այսպէս, Աստուծոյ խօսքին, Հայաստանեայց եկեղեցւոյ խունկին եւ մոմին, քարոզին եւ շարականին հետ, դպրեվանեցիներ ապրեցան եւ իրենց հետ ապրեցուցին մեր ժողովուրդի հոգեկան դարաւոր ապրումներն ու ձգտումները, ժամանակի մը մէջ, երբ մարդիկ օրէ օր քիչ մը աւելի գերին դարձան հաճոյապաշտ, նիւթապաշտ ու մակերեսային կեանքի, յանուն արդիականացման եւ նոր աշխարհին հետ քայլ պահելու գործնապաշտութեան:

Չորրորդ. դպրեվանքը եղաւ ու մնաց գլխաւոր հարստութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան. մարդուժի հարստութիւնը, ոգեկան հարստութիւնը, կրօնա-բարոյական գիտութեան հարստութիւնը, ծառայութեա՛ն հարստութիւնը:

Արդարեւ, մինչ Ս. Էջմիածինը վայելեց պատմական փառքի իր հարստութիւնը, մինչ Ս. Երուսաղէմն ու Կ. Պոլիսը ապրեցան մօտիկ անցեալի իրենց հարուստ յիշատակներով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, զրկուած` կիլիկեան աշխարհի իր տոհմիկ հարստութիւններէն, ամէնէն աւելի յատկանշուեցաւ իր գործով, իր տենդագին աշխատանքով` ի սէր եւ ի ծառայութիւն մեր հոգեւոր եւ ազգային գերագոյն արժէքներուն: Իսկ ո՞վ պիտի կատարէր այդ բոլորը, որո՞նք պիտի ըլլային այդ հարստութեան կերտիչները, եթէ ոչ` գիտութիւնն ու ուսումը անձնական ապրումի վերածած, քրիստոնէական հաւատքի եւ ազգային դպրութեան ամէնօրեայ ճառագայթումով ապրող դպրեվանեցիները:

Հինգերորդ. դպրեվանքը եղաւ ու մնաց մեր ազգային, հոգեւոր եւ իմացական կարիքները բաւարարող իւրայատուկ հաստատութիւնը:

Մտածուա՞ծ է արդեօք, թէ ի՛նչ կրնար ըլլալ հայ կեանքը առանց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին: Քանի՜-քանի՛ հոգեւոր թէ աշխարհական առաջնորդներ, տնօրէններ, խմբագիրներ, հանրային-հասարակական կեանքի նուիրեալներ իրենց ծառայական կեանքին պատրաստութիւնը կը պարտին դպրեվանքին: Կ’արժէ թիւերն ու գնահատականները ունենալ մեր դիմաց` անդրադառնալու համար, որ անցնող 85 տարիներուն դպրեվանքը ի՛նչ տուաւ մեզի եւ, փոխադարձաբար, ազգային պարտքի եւ սիրոյ զգացումով, մե՛նք ի՛նչ տուինք դպրեվանքին, ի խնդիր մնայուն, հաւաքական եւ յարաճուն մեր շահին, ի սպաս մեր ազգին եւ եկեղեցիին բարօրութեան եւ պայծառութեան:

Ահա՛ թէ ինչ իմաստ պէտք է փնտռել դպրեվանքի 85-ամեայ գործին մէջ եւ այդ գիտակցութեամբ արժեւորել ու գնահատել անոր մեծակշիռ վաստակը:

ՎԻԳԷՆ ԱՒԱԳԵԱՆ
Հայոց պատմութեան դասախօս
դպրեվանքէն ներս

Նախորդը

Անձրեւը

Յաջորդը

Հալէպ. Հրթիռ Մը Ինկաւ Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Առաջնորդարանին Մօտ

RelatedPosts

Քալիֆորնիոյ Prop 50-ը Եւ Անկէ Անդին
Անդրադարձ

Քալիֆորնիոյ Prop 50-ը Եւ Անկէ Անդին

Հոկտեմբեր 13, 2025
Էջերն Անմահութեան.  Կարօտ Մկրտչեան
Անդրադարձ

Էջերն Անմահութեան. Կարօտ Մկրտչեան

Հոկտեմբեր 13, 2025
Գիր Երախտագիտութեան Եւ Գնահատանքի
Անդրադարձ

Կոմիտասի Բիւրեղեայ Ձայնը Լռեց. Լռութիւնը Դարձաւ Երգ, Դարձաւ Պատարագ Ու Աղօթք

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?