Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կը Փնտռեմ

Յունուար 26, 2015
| Անդրադարձ
1
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

12615_bedig1Քալիֆորնիոյ մէջ ալ օրէնքը յստակ է: Ան, որ եօթանասուն տարիքը անցած է, վարորդական իր արտօնագրի վերանորոգման ժամանակ պարտաւոր է տեսողութեան քննութիւն «տալ» եւ ապա ինքնաշարժ վարելու կանոններու յատուկ գրաւոր քննութիւն «անցընել»:

Այս տարի իմ կարգս է: Ժամկէտ` տարեդարձիս թուականը: Պարտաւոր էի: Օրէնք էր: Ուստի դիմեցի «Տի. Էմ. Վի.»-ի` ինքնաշարժ վարելու արտօնագիր ձեռք ձգելու բաժնի կայքէջին: Ուրախացայ: Հայերէնով ալ կարելի էր այդ քննութիւնը «տալ»: Անկեղծօրէն տեսակ մը անօրինակ զգացումով մը լեցուեցաւ սիրտս: Շա՜տ ու շա՛տ տարիներ առաջ, երբ Տիթրոյիթ կը բնակէի, նման քննութիւն արաբերէնով «տուած էի»: Ապա, երբ Կլենտէյլ հաստատուեցայ, այդ մէկը անգլերէնով «անցուցի»: Իսկ հիմա չեմ գիտեր խելքս «ի՛նչ փչեց», որ անպայման հայերէնով «տամ»: Ուստի գացի «Տի. Էմ. Վի.»-ի կեդրոն: Ինծի «Վարորդի ձեռնարկ» անունով, արեւելահայերէնով գրքոյկ մը տուին: Ահա՛ քեզի հայերէն` ըսի մտովի: Կարդացի քանի մը անգամներ: Հանդիպեցայ հին ու նոր, ծանօթ եւ անծանօթ բառերու: Այսպէս`«ինքնութեան քարտ»,«ամրագօտի», «շրջադարձ», «նստոց», «կենդանաքաշ մեքենայ»,«ինտենսիվ երթեւեկում», «ավտոմեքենա» «տրանսպորտային», «ցոլալապտեր», «ավտոբուս», եւ ամէնէն տարօրինակը` «Կալիֆոռնիա»-ն: Այս ընթերցումներէս ետք մտածեցի, որ անգլերէնով «տալս» աւելի հեշտ պիտի ըլլար: Նման մտմտուքի մէջ կորսուած էի, երբ խարբերդցի ժողովականներէս Գօգոն իր հրաշք «գիւտը» բացայայտեց, երկինքէն ինկած բարիքի մը նման:

Մեր լեզուով ալ կայ, կրնաս «տալ»` ըսաւ ու ինծի տուաւ արեւմտահայերէնով քննութեան քանի մը օրինակներ, որոնց հարցումներուն մօտ պատասխաններ ալ կային: Յստակ էր, թէ բարեկամս ըսել կ՛ուզէր, որ արեւմտահայերէնով ալ Քալիֆորնիոյ վարորդական քննութիւն կարելի էր տալ եւ խնդալով` աւելցուցած, նոյնիսկ` թրքերէնով: Բայց յիշեցուցած էր նաեւ, թէ «մեր լեզուով» յատուկ գրքոյկ մը չկար:

Հոգս չէր: Ուստի, մէկ կողմ դրի արեւելահայերէն գրքոյկը ու քիչ մը աւելի մխիթարուած` ես ինծի սկսայ յամառօրէն արեւմտահայերէնով պատրաստուած հարցումներով պարապիլ:

Աստուա՛ծ իմ, այս ի՞նչ հայերէն էր, ըսի մտովի: Արեւմտահայերէնէ զատ ամէն բանի կը նմանէր: Խառնարան: Ո՞վ էր թարգմանիչը: Սարսափելի եւ նոյնքան ալ ամօթալի: Այսպէս` «դժվարանաք» «ճիշտ», «վերոյիշյալ», «տուգանուիլ»,«իրավունք»,«կը հայտնէ», «մոտենալ», «հետիյոտն», «ադ», «ասի», «սովորութիւն չի», «հետո», «անւունում կուզէ»,«առա վելագոյն», «վիրավոր», «բաժանված« եւ տակաւին շարքը կ՛երկարէր:

Հաւատացէ՛ք` ամչցայ: Սխալնե՜ր եւ ան ալ` ա՛չք ծակող սխալներ:

Միշտ կը հպարտանանք ու բարձրաձայն կ՛աղաղակենք, թէ ամբողջ այս նահանգին մէջ շուրջ երկու միլիոն հայեր կ՛ապրին: Եկո՛ւր եւ բացատրէ՛ մեր կեանքի այս «ցեխոտ» դաշտանկարը: Ինծի համար խոր էր իրականութիւնը եւ ցաւալի: Բացայայտ էր, որ հայ լեզուն կորսնցուցած էր իր բանալին: Դուրսէն տեսնողին համար իրապէս որ հայերէն գիտցող արեւմտահայ մը չկար այս նահանգին մէջ: Այս ի՜նչ խեղճութիւն էր: Խորունկ սխալ մը կար: Արդեօ՞ք հայ լեզուի մաքրութիւնն ու հարազատութիւնը Հայ դատին մաս չէին կազմեր: Ո՞վ սրբագրել պիտի տար լեզուական այս բարբարոսութիւնը: Միւս կողմէ ալ, չեմ գիտեր, այս տողերովս որքանո՞վ բան մը պիտի կարենայի փոխել: Նաեւ չեմ գիտեր, թէ արդեօ՞ք բան մը կրնայ փոխուիլ այս բծախնդրութիւններուս յայտնաբերումներովս եւ նոյնքան ալ` դասաւորումներովս: Մեղքը իրենց վիզը: Այնպէս կ՛երեւի, թէ մինչեւ հիմա «ոչ մէկուն հոգն էր»: Իմ կողմէ, սակայն, կը կարծեմ, որ անպայման զգաստութեան հրաւիրելու անմեղ եւ անկեղծ փորձ մըն է այս գրութիւնս, որ կը հասցէագրուի բոլորին, պատասխանատու դիրքերու վրայ նստած ղեկավարներէն, մինչեւ պարզ հայ մահկանացուն: Ձեւով մը` տէր կանգնիլ մեր լեզուին: Իրականութեան փնտռտուք: Անկեղծօրէն չէի կրնար այս ամէնը վարագոյրի ետեւ նետել կամ պահարանի մը մէջ պահել: Յստակ էր, թէ այս նահանգին մէջ ալ մեր հայ կեանքը շուարած էր, որովհետեւ կարծես «հայ մարդոց» համար էականը ուրիշ բան էր: Ճիշդ էր, որ ամերիկեան հեւքին մէջ շատ ծանր կը պայքարինք բան մը պահելու համար: Բացայայտ էր, թէ ընտրած էինք դիւրին միջոցը: Պէտք էր զգաստանալ: Հարցը կամ էականը` հիմա. ինչպէ՞ս տէր կանգնիլ արեւմտահայ մեր ժառանգութեան: Ուրկէ՞ սկսիլ: Դպրոցներէ՞ն, ակումբներէ՞ն, հայ կեդրոններէ՞ն, տուներէ՞ն: Չե՛մ գիտեր: Մամուլով, ժողովներով, կլոր սեղաններով: Ա՛յդ ալ չեմ գիտեր: Թերեւս հազար անգամ կրկնած եմ, թէ սփիւռքի մէջ հայ ըլլալն ու մնալը մեծ ճիգ կը պահանջէ: Հաւա՛տք: Զոհաբերութի՛ւն: Սակայն որո՞ւ կ՛ըսես: Հիմա ինչպէ՞ս հաշտուիլ այս նոր իրականութեան հետ: Յաճախ հեռատեսիլներու յայտագիրներէն, խօսնակներու արտայայտութիւններէն, հրապարակային ձեռնարկներու ընդմէջէն եւ կամ բեմերէն ամէն տեղ հոգածութեան եւ բծախնդրութեան պակասը կը նշմարուի հանդէպ մեր լեզուին` արեւմտահայերէնին: Ան, որ խօսք կ՛առնէ ու քանի մը մաշած ու հինցած բառերով կը փորձէ արտայայտուիլ, կը կարծէ, թէ ինք մեր լեզուն «լաւ գիտէ»: Խօսքս բացառութիւններու մասին չէ: Այս ձեւով յստակ է, թէ հայ մարդիկ հայոց լեզուին հետ կը խաղան ցաւալի տգիտութեամբ:

Բայց բոլորը թող գիտնան, որ մեր լեզուն վանկերու խումբ մը չէ, ոչ ալ` հանգերու տողանցք: Անոր իւրաքանչիւր բառը պատմութիւն մը ունի եւ` առանձին նշանակութիւն: Չենք կրնար անտեսել անոր ամէն տեսակի կանոնները, ըլլան անոնք ուղղագրական, քերականական եւ կամ շարադասական: Այս բոլորը ցոյց կու տան դիտելու մեր անկարողութիւնն ու մեր մտքի սահմանափակումը: Կարծես մոռցած ենք, որ մեր լեզուն մեր հողին նման վերապրումի գործիք մըն է, եւ թէ` մեր հոգեկան սնունդը մեր լեզուէն ալ կու գայ:

Լեզուն ցեղ ալ է: Անոր ներշնչումով նաեւ կը շարադրուի մեր պատմութիւնը: Լաւ պէտք է մտածել, թէ ինչպէ՛ս կարելի է պաշտպանել մեր լեզուի իշխանութիւնը եւ խնամքով պահել զայն ժամանակի աւերին դէմ:

Լեզուն չգիտնալը մեղք չէ, ամօթ ալ չէ. կը սորվինք. սակայն անոր ճիշդ գործածութեան հանդէպ անհոգ ըլլալը մեծ մեղք է ու ամօթ: Սթափումի ճիգ պէտք է: Հայ մտքի կոփում: Ե՞րբ մենք մեզի պիտի վերադառնանք: Ե՞րբ վերեւ յիշած մատնանշումներուն այժմէականութեան պիտի գիտակցինք: Դո՛ւք ըսէք: Պատասխանը մօտս չէ: Կարելի չէ միշտ ծածկել մտքի ու լեզուի ողբալի նման խեղճութիւնները: Չենք կրնար եւ աւելի՛ն, իրաւունք չունինք անտարբեր անցնելու այս բոլորին կողքով: Հայուն ըլլայ ան արեւելահայ կամ արեւմտահայ լեզուին եւ ինքնութեան որակի եւ տեսակի պահպանումը առաջնահերթութիւն է` պատասխանտու անձ կամ ոչ:

Լեզուն ալ Հայ դատին մաս կը կազմէ, կը կրկնեմ: Ուստի իւրաքանչիւրիս մէջ բնակող մեր մայրենին անպիղծ եւ անաղարտ պահելու պատասխանատուութեան հաւատարմութիւնը կը փնտռեմ այսօր, ամէն բանէ առաջ եւ ամէն բանէ վերջ: Վերջապէս պետական կամ տեղական գրասենեակներէ ներս կամ դիմումնագիրներու եւ կամ ծանուցումներու վրայ պէտք է սրբագրուին այս խեղկատակ ու խղճալի հայերէնով գրութիւններն ու խօսքերը, հոգ չէ թէ քանի հոգիի համար անոնք պատրաստուած ըլլան: Լեզուն եւ մանաւանդ ինծի եւ նմաններուս համար արեւմտահայերէն լեզուն անաղարտ պահելը նախապայման է: Չմոռնանք. արդէն զայն գործածողներուն թիւը հետզհետէ կը նօսրանայ: Ցաւալի, բայց իրականութի՛ւն:

Ա՛յս է հրամայականը:

Այս բոլորը, որովհետեւ անձնապէս եւ յամառօրէն տակաւին կը մնամ, կ՛ուզեմ մնալ եւ պիտի մնամ նոյն այդ լեզուին համեստ պահակը եւ ոչ թէ պարզ հանդիսատեսը:

Լա՛ւ յիշեցէք, մեր ներկան, մեր վաղուան հայելին ալ է:

 

 

 

Նախորդը

Ռասել Փոլարտ. «ԼՂՀ Ճանաչումը Ներկայիս Սահմաններով Միակ Մարդասիրական Լուծումն Է»

Յաջորդը

Երեք Անուն, Երեք Գոյն

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն.  Մէկ Դար Եւ Սերունդներու Ազգային Դաստիարակութեան Հիմնասիւնը Հանդիսացող Կառոյցը Կը Շարունակէ Իր Առաքելութիւնը
Անդրադարձ

Արցախի Շրջափակման 100-րդ Օրուան Առիթով. Լիբանանահայ Պատանիներու Միացեալ Հաղորդագրութիւն

Մարտ 21, 2023
Համազգայինի Լիբանանի Ընտանիքը Արժանավայել Հանդիսութեամբ Նշեց Միութեան Հիմնադրութեան 95-Ամեակը
Անդրադարձ

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Զաքար Քէշիշեանի Խօսքը` Համազգայինի 95-Ամեակի Անդրանիկ Հանդիսութեան Առիթով

Մարտ 21, 2023
Համազգայինի Լիբանանի Ընտանիքը Արժանավայել Հանդիսութեամբ Նշեց Միութեան Հիմնադրութեան 95-Ամեակը
Անդրադարձ

Համազգայինի 95-Ամեակի Հանդիսութեան Օրուան Բանախօս Յակոբ Հաւաթեանի Արտասանած Խօսքը

Մարտ 21, 2023

Comments 1

  1. Remy says:
    8 years ago

    Հի’անալի:
    Ահաւասիկ Ցեղասպանութեան հետեւանքները:

    Reply

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In