Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կղերիկոսական Առաջին Աստիճաններու Տուչութիւն

Յունուար 27, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

11715_2-(4)Շաբաթ, 17 յունուար 2015-ի երեկոյեան ժամը  6:30-ին, հայ կաթողիկէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ – Սուրբ Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. պատարագ եւ կղերիկոսական առաջին աստիճաններու տուչութեան արարողութիւն, որուն ընթացքին կղերիկոսական առաջին աստիճանները շնորհուեցաւ 12 թեկնածուներու: Սոյն արարողութեան նախագահեց եւ պատարագեց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը: Թեկնածուներն էին` Այվազեան Ժորժ, Ագրապեան Աւետիս, Այվազեան Րաֆֆի, Թադէոսեան Յովիկ, Թորիկեան Լեւոն, Խայեաթ Ժան Քլոտ, Հապէշեան Պօղոս, Հարպոյեան Յարութ, Ունճեան Սարգիս, Պետրոսեան Եղիկ, Քէշիշեան Պօղոս եւ Քիլաղպեան Յակոբ, որոնք արժանացան հոգեւոր տիրոջ կողմէ կղերիկոսական առաջին աստիճաններուն: 12 թեկնածուները կատարեցին իրենց հաւատքի դաւանումը, ստացան սաղմոսերգութեան եւ աւելածուի պաշտօնը, ապա` դռնապանութեան, ընթերցողութեան եւ ջահընկալութեան փոքր կարգերը:

Այս առիթով հոգեւոր տէրը ներկաներուն փոխանցեց օրուան իր պատգամը, որուն մէջ ըսաւ, թէ իւրաքանչիւր կարգ իր յատուկ պաշտօնը, գործերը եւ առաքելութիւնը ունի: Ան դիտել տուաւ, որ ամէն անհատ իր ստանձնած պարտականութիւնը պէտք է լիովին կատարէ ամենայն բծախնդրութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ` միշտ ինքզինքին հարց տալով, որ արդեօք ինք լաւապէս ըրա՞ւ այն, ինչ որ իրեն վստահուած էր: Պատրիարքը աստիճան ստացողներուն յայտնեց, որ զիրենք տեսնողները պիտի սորվին աղօթել, պիտի սորվին յարգանքով շարժիլ եկեղեցւոյ մէջ, նաեւ կոչ ուղղեց անոնց` որեւէ գործ ընելէն առաջ աղօթելու, խոնարհութեամբ եւ Աստուծոյ երկիւղով կատարելու ամէն կարգ, յարգելու եկեղեցւոյ սրբութիւններն ու կանոնները եւ ըստ այնմ շարժելու եկեղեցւոյ մէջ: «Այսպէս, ամէն գործին մէջ կարգին իմաստ կու տաք, Աստուծոյ փառքին համար կը կատարէք, ժողովուրդին ծառայելու համար կ՛ընէք», եզրափակեց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարք:

Սուրբ պատարագի երգեցիկ քառաձայն կատարողութիւնը կատարեց պատրիարքական «Կռունկ» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ դոկտ. Էտուարտ Թորիկեանի: Սուրբ պատարագէն ետք պատրիարքը, նորընծաները եւ անոնց հարազատները շնորհաւորանքներ ընդունեցին աթոռանիստ եկեղեցւոյ սրահին մէջ:

Նախորդը

Աւետիսեաններու Յիշատակը Խնկելի Թող Մնայ Յաւիտեան

Յաջորդը

Պարոյր Սեւակ (1924-1971). Հայ Ժողովուրդի «Անլռելի Զանգակատուն»-ը

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?