Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պետրոս Դուրեան. Մահուան Դէմ Պայքարի Երգիչ` Հանճարեղ Պատանին

Յունուար 26, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

12615_bedros-tourian21 յունուար 1872-ին, հազիւ 21 տարեկանին, թոքախտէ հիւծած, մեր աշխարհէն առյաւէտ հեռացաւ երիտասարդութեան սեմը դեռ նոր թեւակոխած Պետրոս Դուրեան, որ իր քնարերգական բանաստեղծութեամբ գրաւեց սիրտը մեր ժողովուրդին եւ արժանաւորապէս հանդիսացաւ հայ գրականութեան Հանճարեղ Պատանին:

Իր սրտին մէջ կեանքի ու սիրոյ անմար կրակ ունեցող մահամերձ բանաստեղծը անտրտունջ չհեռացաւ մեր աշխարհէն: Ընդհակառա՛կն, 1871-ին, մահուան իր սնարին գամուած, յաւերժութեան յանձնեց «Տրտունջք» խորագրուած իր անմահ բանաստեղծութիւնը` Ճակատագրի եւ մահուան դէմ ընդվզումի ու ըմբոստացման հանճարեղ երգը երկնելով.-

Է՜, մընաք բարով, Աստուած եւ արեւ,
Որ կը պըլպըլաք իմ հոգւոյս վերեւ…
Աստղ մ՛ալ ես կ՛երթամ յաւելուլ երկինք,
Աստղերն ի՜նչ են որ եթէ ոչ անբիծ
եւ թշուառ հոգւոց անէ՜ծք ողբագին,
Որք թըռին այրել ճակատն երկնքին.
Այլ այն Աստուծոյն` շանթերո՜ւ արմատ`
Յաւելուլ զէնքերն ու զարդերն հըրատ…
Այլ, ո՜հ, ի՞նչ կ՛ըսեմ… շանթահարէ՛ զիս,
Աստուա՛ծ, խոկն հսկայ փշրէ՛ հիւլէիս`
Որ ժպրհի ձգտիլ, սուզիլ խորն երկնի,
Ելնել աստղերու սանդուխքն անալի…:

Պ. Դուրեան ծնած էր 1851-ին, Պոլսոյ Սկիւտար թաղամասը, երկաթագործ Զմպայեանի աղքատ յարկին տակ: Հօրենական ազգանունին հայացումով էր, որ Պետրոս Դուրեան գրչանունով ան ստորագրեց, հազիւ 13 տարեկանին, իր գրած առաջին բանաստեղծութիւնը:

Կեանքը դաժան գտնուեցաւ բնատուր տաղանդով օժտուած այս պատանիին նկատմամբ: Աղքատութեան մէջ մեծնալով` չկրցաւ ուսման իր ծարաւը յագեցնել եւ պատանի տարիքէն աշխատանքի ասպարէզ նետուեցաւ` ընտանիքին կարիքները հոգալու պարտաւորութեամբ:

Գրականութեան հանդէպ սէրը եւ բանաստեղծական երկունքի ներքին հուրը այնքան բուռն ու կրակոտ էին Դուրեանի սրտին եւ մտքին մէջ, որ իբրեւ ապրուստի միջոց` ան ընտրեց ժամանակի հայկական մամուլին աշխատակցութիւնը, յատկապէս թատրերգութեան ճանապարհով, որովհետեւ այդ օրերուն մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէր թատրոնը: Նոյնիսկ դերասանութեամբ իր ապրուստը ապահովելու հարկին տակ գտնուեցաւ` այլապէս քնարերգակ բանաստեղծի մեծ տաղանդ ունեցող Հայկեան Հանճարի այս բացառիկ շառաւիղը:

Կեանքը դաժան գտնուեցաւ Դուրեանի նկատմամբ, մանաւանդ իր առողջական վիճակի քայքայման պատճառ դարձած թոքախտի վարակման իմաստով: Հիւանդոտ իր կեանքը եւ անոր յառաջացուցած յուսահատութիւնն ու յոռետեսութիւնը ծանր անդրադարձ ունեցան սիրոյ խոր զգացումներով եւ ալեկոծումներով յատկանշուող վաղամեռիկ բանաստեղծին յուզաշխարհին վրայ:

Կրկնակիօրէն դաժան կեանք մը ապրելով` Պետրոս Դուրեան բանաստեղծութեան մէջ որոնեց եւ գտաւ ինքնադրսեւորման ու ինքնահաստատման իր կենսունակ աշխարհը: Թէեւ ժամանակը չունեցաւ բեղուն ստեղծագործութեան, բայց հազիւ քառասունի հասնող իր բանաստեղծութիւնները ինքնին բաւարար եղան, որպէսզի Պետրոս Դուրեան հորիզոն բանայ հայ քնարերգութեան առջեւ ու թռիչք տայ սիրոյ եւ տառապանքի մարդկային ամէնէն վաւերական, յորդ ու անկեղծ զգացումները բանաձեւելու եւ յաւերժութեան յանձնելու երկունքին.-

Շատերը զիս մերժեցին,
«Քընար մ՛ունի սոսկ» – ըսին.
Մին` «դողդոջ է, գոյն չունի» –
Միւսն ալ ըսաւ.- «կը մեռնի»:

Ոչ ոք ըսաւ,- «Հէ՛ք տըղայ,
Արդեօք ինչո՞ւ կը մըխայ,
Թերեւս ըլլայ գեղանի,
Թէ որ սիրեմ, չը մեռնի»:

Ոչ ոք ըսաւ` – «Սա տըղին
Պատռե՛նք սիրտը տըրտմագին,
Նայինք ինչե՜ր գրուած կան…»
– Հոն հրդեհ կայ, ո՛չ մատեան: 

Իր օրին արդէն Պետրոս Դուրեան շատ արագ սիրուած եւ փնտռուած բանաստեղծը դարձաւ հայ երիտասարդութեան: Իր «Ինչո՞ւ ապշած ես լճակ»-ը, «Տրտունջք»-ը, «Հեծեծմունք»-ը, «Ինչ կ՛ըսեն»-ը, «Թրքուհին» ու «Իմ մահը» բանաստեղծութիւնները դարձան երիտասարդ սրտերու եւ հոգիներու հարազատ թարգմանը, անոնց շրթներուն շարունակ հնչող երգերը.-

Լանջն է յուզեալ Ովկէանի մը նման,
Կ՛ուզէ սիրել… համբոյրի մ՛ հետ նուաղիլ,
Նէ շողերու, բոյրերու է թագուհի,
Խոնջ թիթեռնիկ մ՛որ կը խնդրէ ծաղկէ թառ.
Եթէ շիկնի,
Կ՛ըսես.- «Հի՜մա կը բռնկի»: 

Թատրոնի մէջ, ժամանակի ընդհանուր հունով պատմական թատերախաղեր գրելով հանդերձ, Դուրեան թագաւորներու եւ իշխաններու կողքին բեմ բարձրացուց նաեւ պարզ ժողովուրդը` ազգային եւ ընկերային մեր հիմնական հարցերը արծարծելով: Մանաւանդ որ ազգային զարթօնքի շարժումին եւ աշխարհաբարի տարածման դրօշակիրներէն էր Դուրեան, որ այս առումով եւս պայքարի դիրքերը ակամայ լքելու ճակատագրին դէմ ընդվզեցաւ` «Իմ ցաւը» բանաստեղծութեան մէջ աւաղելով.-

Հէք մարդկութեան մէկ ոստը գօս`
Հայրենիք մը ունիմ թշուառ,
Չօգնած անոր մեռնի՜լ աննշան,
Ո՜հ, ա՛յս է սոսկ ցաւ ինձ համար: 

Պ12615_Tourianետրոս Դուրեանի թաղումը ազգային մեծ շուքով ու չորս հազարէ աւելի երիտասարդներու մասնակցութեամբ, տպաւորիչ թափօրով կատարուեցաւ:

Մանրավէպի նշանակութիւն ունի, բայց կ՛արժէ հոս մէջբերել Մուշեղ Իշխանի այն վկայութիւնը, որ երիտասարդութիւնը փափաքած է Դուրեանի թաղումը նուագախումբի ընկերակցութեամբ կատարել, հակառակ անոր որ մեր եկեղեցին այդ ժամանակ կ՛արգիլէր նման բան: Այդ խնդրանքով ալ երիտասարդներ դիմած են օրուան Պոլսոյ հայոց պատրիարք Խրիմեան Հայրիկին, որուն պատասխանը` «Հրաման չեմ տար, բայց կը ներեմ»-ը շատ բան կ՛ըսէ մեր ժողովուրդի սրտին մէջ Պետրոս Դուրեանի գրաւած տեղին եւ հանճարեղ բանաստեղծի անոր արժանաւորութեան մասին:

«Իմ մահը» բանաստեղծութեան վերջին տունով Պետրոս Դուրեան արտայայտած է մահուան սնարին գտնուող ամէն մարդու խորագոյն ցաւն ու վախը` գրելով, որ`

Իսկ աննշան եթէ մնայ
Երկրի մէկ խորշն հողակոյտն իմ,
եւ յիշատակս ալ թառամի, ա՜հ,
ա՛յն ատեն ես կը մեռնիմ… 

Թէեւ կեանքը անողոք գտնուեցաւ հայ գրականութեան Հանճարեղ Պատանիին նկատմամբ, բայց մեր ժողովուրդը անմահութեան արժանացուց Պետրոս Դուրեանը:

Ինչպէս որ Հրաչ Տասնապետեան վկայած է`

«Քսանմէկ տարեկանին մեռած այս հանճարեղ պատանին երեւոյթ մըն է ոչ միայն հայ, այլ բոլոր գրականութեանց պատմութեան մէջ: Ան է, որ մեր մէջ հիմը դրաւ աշխարհաբար քնարերգակ բանաստեղծութեան, իր ներշնչման խորութեամբը, անկեղծութեամբն ու արտայայտուելու եղանակովը հասնելով քիչ անգամ հաւասարուող բարձրութեան մը»:

 

Նախորդը

2015

Յաջորդը

Ինչո՞ւ Է Ազրպէյճանը Անզուսպ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?