Ուրբաթ, 27 փետրուարին, ցուցադրական, բայց լուռ բողոքի արտայայտութեամբ դիմաւորեցին Թորոնթոյի համալսարանին մէջ դասախօսելու հրաւիրուած, Հայոց ցեղասպանութեան փաստը ուրացող դասախօսներ Թասթին Մըքարթիին եւ Պրուս Ֆէյնին:
Երկու ուրացող դասախօսներուն լսարանին մեծ մասը` 70-է աւելի երիտասարդներ, ոտքի ելան եւ իրենց կռնակը դարձուցին զոյգ խօսողներուն:
Այս լուռ բողոքը կազմակերպողներն էին ՀՅԴ Քանատայի Հայ երիտասարդաց դաշնակցութիւնը, ՀՅԴ Արմէն Գարօ ուսանողական միութիւնը եւ Հայ ուսանողական միութիւնը: