Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Մէջ Արգիլուած Է armeniangenocide100.org Կայքը

Մարտ 6, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-6-15_webՀայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւնները համակարգող պետական յանձնաժողովի որոշմամբ ստեղծուած armeniangenocide100.org կայքը արգիլուած է Թուրքիոյ մէջ:

«Փանորամա»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս օրերուն Թուրքիա գտնուող տեղեկատուական արհեստագիտութեան անվտանգութեան ոլորտի մասնագէտ Սամուէլ Մարտիրոսեան եւս հաստատած է Թուրքիոյ մէջ կայքին արգիլուած ըլլալը:

Մասնագէտը փորձած է այնտեղէն մտնել կայք, սակայն` ապարդիւն: Աւելի՛ն. Մարտիրոսեան տեղեկացուցած է, որ Թուրքիոյ մէջ արգիլուած է նաեւ իր անձնական պլոկի հասանելիութիւնը:

Յատկանշական է, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախաշեմին Թուրքիան կեղծ քարոզչական թեզերով փորձ կ՛ընէ միջազգային հանրութիւնը մոլորեցնել` խօսելով «ընդհանուր ցաւի եւ 1915 թուականի իրադարձութիւններու քննարկման համար բաց ըլլալու» մասին, իսկ սեփական իր քաղաքացիներն ու Թուրքիոյ տարածքին գտնուողները կը զրկէ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ այլընտրանքային, փաստարկուած տեղեկատուութիւն ստանալու կարելիութենէն:

Թրքական իշխանութիւններու այս քայլը ոչինչ է, եթէ ոչ` խօսքի ազատութեան եւ տեղեկատուութեան ազատ ստացման հիմնարար իրաւունքներու կոպտագոյն խախտում: Թուրքիան ո՛չ միայն կը շարունակէ Ցեղասպանութեան ժխտման քաղաքականութիւնը, այլ նաեւ հաւատարիմ կը մնայ խօսքի եւ մամուլի ազատութեան սահմանափակման իր աւանդական դարձած գործելաոճին, որուն մասին բազում անգամներ խօսուած է մամուլի ազատութեան վերաբերող միջազգային զեկոյցներուն եւ գնահատականներուն մէջ:

armeniangenocide100.org-ը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախաձեռնութիւններու պաշտօնական կայքն է, անիկա հասանելի է երեք լեզուներով` հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն եւ բաղկացած է տարբեր բաժիններէ:

Նախորդը

Եգիպտական Փաստաթուղթեր` Թուրքերու Կողմէ Հայերուն Դէմ Կատարուած Ջարդերուն Մասին

Յաջորդը

Իրաւ Մեծերը Չենք Լսեր Եւ Կը Ճահճանանք

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 27, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 25, 2025
Գիտական Նորութիւններ
Գիտութիւն

Գիտական Նորութիւններ

Փետրուար 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?