Փարիզի Տեքարթի անուան իրաւագիտական համալսարանին մէջ ցուցարար մը իւրայատուկ ոճով իր բողոքը յայտնած է Ֆրանսայի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Հաքքը Աքիլի դէմ` անոր ելոյթին ընթացքին դէպի ամպիոն վազելով եւ Հայաստանի խորհրդանիշը համարուող նռան հիւթ թափելով անոր վրայ:
Աքիլ անմիջապէս յայտարարած է, որ հայերը նմանօրինակ յարձակումներ անցեալին եւս կատարած են:
Ոստիկանութիւնը ցուցարարը ձերբակալելով` հեռացուցած է սրահէն:
Արարքին պատասխանատուութիւնը ստանձնած է ՀՅԴ «Նոր Սերունդ» երիտասարդական միութիւնը` շեշտելով, թէ արարքին նպատակն էր դատապարտել Հայոց ցեղասպանութիւնը ուրանալու Անգարայի իշխանութեանց կեցուածքը եւ եզրափակած է` ըսելով. «Չկայ խաղաղութիւն առանց արդարութեան»:
Բողոքի այս իւրայատուկ արարքը կարելի է դիտել www.youtube.com/watch?v=pRWryMNfaH4 կայքէջէն: