Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բարի Լոյս 2. Անբացատրելի Բացակայութիւններ

Մարտ 5, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Ուրբաթ, 27 փետրուարի երեկոյեան, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Երիտասարդութիւնը ի՞նչ կ՛ակնկալէ Ազգային միացեալ վարժարանէն» խորագիրով մտերմիկ զրոյց մը` կազմակերպութեամբ առաջնորդարանի տեղեկատուական բաժանմունքին:

Կլոր սեղանի մասնակից երիտասարդուհիները իրենց ջամբած ուսման եւ ձեռք բերած փորձառութեան ընդմէջէն, սահմանեցին իրենց սպասելիքները եւ ակնկալութիւնները այս նոր կառուցուելիք կրթական հաստատութենէն` հիմնուելով ժամանակակից պահանջներուն եւ անհրաժեշտութիւններուն վրայ: Հետաքրքրական էր նաեւ այս առիթով պատրաստուած ժողովրդային կարծիքներու համադրուած ներկայացումը:

Կարելի է անվարան հաստատել, որ ձեռնարկին գաղափարը իր բովանդակութեամբ անհրաժեշտութեան  մը դրսեւորումն էր, եւ օգտաշատ էր գաղութային այսպիսի առաջնահերթ օրակարգի մը գծով լսել երիտասարդութեան տեսակէտը եւ ականջալուր դառնալ անոր մտահոգութեանց ու առաջարկներուն:

Այս ակնարկը չի միտիր քննարկել Ազգային միացեալ վարժարանի օրակարգը, այլ կ՛ուզեմ անդրադառնալ պարզուած ժխտական երեւոյթի մը, որ վերջին շրջանին ստացած է մտահոգիչ տարողութիւն:

Կլոր սեղանը կազմակերպուած էր երիտասարդութեան տեսակէտները շօշափելու համար: Դժբախտաբար սակայն, ներկայ գտնուող երիտասարդներուն թիւը  բաւական համեստ եւ անընդունելի պատկեր մը կը պարզէր: Հաստատ իրողութիւն  է, որ երիտասարդութիւնը իր թարմ գաղափարներով, ժամանակակից մօտեցումով եւ յախուռն կեցուածքով, միաժամանակ սակայն գործին նկատմամբ յանձնառու մօտեցումով կոչուած է նոր որակ եւ դիմագիծ տալու մեր գաղութային կեանքի բոլոր բնագաւառներուն: Հետեւաբար, այսպիսի առիթներէ անոր բացակայութիւնը կը տկարացնէ այս առաջադրանքին լիիրաւ գործնականացումը եւ երբեք չի նպաստեր հաւաքական կեանքին մէջ անոր դերակատարութեան ճառագայթումին:

Երիտասարդութիւնը ոչ միայն պիտի անսայ նման ձեռնարկներու հրաւէրին, այլեւ ինք պիտի դառնայ նախաձեռնողը գաղութային, ինչպէս նաեւ այլ համահայկական խնդիրներ, օրակարգեր եւ ծրագիրներ ժողովուրդի ուշադրութեան կեդրոն հրաւիրելու աշխատանքին: Երիտասարդութեան խօսքը, կեցուածքը եւ գործը իրենց ներգործօն դերակատարութիւնը ունին գաղութային կեանքի աշխուժացման եւ արդիւնաբերման հոլովոյթին մէջ եւ անոր արձանագրած բացակայութիւնները անպայման որ կը հարուածեն այս ընդունուած հասկացողութիւնները: Երիտասարդութիւնը չի կրնար բաւականանալ միայն իր դիմագրաւած խնդիրներուն դիմակալումով, այլ պէտք է ձգտի իր ներկայութիւնը ամբողջական դարձնել հայ կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ: Այդ պատճառով, նմանօրինակ ձեռնարկներէ անոր բացակայութիւնը նաեւ չի նպաստեր անոր ամբողջական հարազատ դիմագիծի եւ դաւանած առաջադրանքներու ճշգրիտ դրսեւորման:

Երիտասարդութիւնը իր խօսքն ու գործը համահունչ դարձնելու պարտաւորութեան տակ կը գտնուի միշտ եւ ամէնուր: Եւ որպէսզի իր խօսքը դառնայ տիրական, ձայնը` լսելի եւ ներկայութիւնը` համակող, անհրաժեշտ է, որ ան ներկայութիւն դառնայ այսպիսի կենսական նիւթեր շօշափող հաւաքներու: Այս մտածումին արմատացման մէջ մեծ դեր վերապահուած է մեր ուսանողական եւ երիտասարդական միաւորներուն:

Շաբաթավերջի յաջորդ բացակայութիւնները նշմարելի դարձան Սումկայիթի եղեռնագործութեան 27-ամեակին առիթով յիշատակի հաւաքին, որ կազմակերպուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի կեդրոնական մարմինին կողմէ եւ տեղի ունեցաւ կիրակի, 1 մարտին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին եւ յատկապէս այս օրերուն, երբ մամուլի ճամբով ականատես եւ ականջալուր կը դառնանք սումկայիթեան եղեռնագործութեան առիթով ստեղծուած համահայկական բողոքի ալիքին եւ թշնամիի նկրտումներուն, լիբանանահայ գաղութը ինքնիրեն իրաւունք պէտք չէ տայ այսպիսի կրաւորականութեամբ եւ անտարբերութեամբ դիմաւորելու նման օրակարգեր: Հաւաքին արձանագրուած բացակայութիւնները, եւ յատկապէս երիտասարդութեան բացակայութիւնը, չեն նպաստեր կեդրոնական այս գաղութի ունենալիք դերակատարութեան եւ անյարիր են անոր ձեռք բերած կենսափորձին եւ առաքելութեան: Վերջ ի վերջոյ այսպիսի ձեռնարկներ ունին նաեւ իրենց դաստիարակիչ դերակատարութիւնը` ներազգային ճակատի վրայ պահանջատիրական ոգին ամուր պահելու ուղղութեամբ: Արժէ կարեւորութեամբ նկատի ունենալ այս հանգամանքը եւս:

Թող ոչ ոք ինքզինք արդարացնէ: Մշակութային, գրական, մարզական կամ ընկերային հաւաքէ մը բացակայութիւնը կրնայ արդարանալի ըլլալ, որովհետեւ այնտեղ կայ նախասիրութիւններու եւ հետաքրքրութիւններու խնդիր: Այստեղ սակայն առկայ է առաջնահերթութիւններու խնդիր եւ ոչ ոքի իրաւունք տրուած է այդ առաջնահերթութիւններուն նկատմամբ ունենալու անտարբեր վերաբերմունք: Այլապէս շատ բան կրնայ պակսիլ իր հեղինակութենէն եւ շատ բան կրնայ խախտիլ իրեն շնորհուած վստահութենէն:

Ժամանակն է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին միանգամընդմիշտ վերջ դնել այսպիսի անբացատրելի բացակայութիւններու երեւոյթին եւ հաւաքաբար լծուիլ անդուլ եւ կենարար աշխատանքի:

 

 

 

Նախորդը

Ըստ Կիրօ Մանոյեանի. ԵԺԿ-ի Կողմէ Ցեղասպանութեան Մասին Բանաձեւը «Նոքտաուն» Էր Թուրքիոյ

Յաջորդը

Զոհուած Զինուոր Արսէն Կարապետեան Յետմահու Պարգեւատրուեցաւ

RelatedPosts

Շուշիով Կրնա՛նք Վերապրիլ  (9 Մայիս)
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Խրոխտ Շուշիի Ազատագրման Յիշատակին

Մայիս 17, 2025
Մուսա Լերան Պատմական Յուշարձանը Դարձեալ Ծնունդ Կ՛առնէ Ֆրեզնոյի Մէջ
Անդրադարձ

Մուսա Լերան Պատմական Յուշարձանը Դարձեալ Ծնունդ Կ՛առնէ Ֆրեզնոյի Մէջ

Մայիս 17, 2025
Ազրպէյճան Մտադիր Է Գրաւել Հայաստանը Եւ Ստեղծել «Արեւմտեան Ազրպէյճան»
Անդրադարձ

Հայերը Կը Կարծեն, Թէ Միայն Իրենք Անմիաբան Են, Սակայն Իրականութիւնը Այդպէս Չէ

Մայիս 17, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?