Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եաշար Քեմալի Մահուան Առթիւ

March 5, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Եաշար Քեմալ
Եաշար Քեմալ

Խոր ծերութեան մէջ իր մահկանացուն կնքած է Թուրքիոյ յետպատերազմեան արձակի վարպետը` Եաշար Քեմալ:

Ազգութեամբ քիւրտ այս պատկառելի արձակագիրը իր ստեղծագործական քանքարը նուիրաբերեց թրքական ներքնաշխարհի բացայայտման գործին: Իր վէպերը կը խօսին հոգեբանական դաժան հակասութիւններու մէջ բռնուած այն պարզ մարդոց մասին, որոնք հալածուած են իրենց ճակատագիրէն եւ չարչարագին ճիգերով կը փնտռեն ելքը…

Իր հերոսները ժառանգած են այն գիւղաշխարհը, որուն վրայէն անցած է Հայոց ցեղասպանութեան սեւ ստուերը, եւ ահաւասիկ սերունդներ ետք ժամանակը կը մերժէ սրբել մարդոց կեանքէն գործուած մեծ ոճիրին անէծքը: Մարդիկ կ՛ապրին այդ անէծքը ամէն օր անծայր տգիտութեան մէջ` մշտնջենաւորելով իրենց յոռի բարքերը եւ հաւաքաբար ամրագրելով դասակարգային շահագործումի այն դժոխային մեքենան, որ կը ղեկավարէ իրենց կեանքերը:

Եաշար Քեմալ կը գրէ մեծ մարդկայնութեամբ եւ կարեկցանքով: Ան մէկ-մէկ կը յիշեցնէ իր ընթերցողին, որ այս հողերը ունէին իրենց հարազատ տէրերը, շինարար մէկ ժողովուրդ, որ վաղուց դադրած է ապրելէ հոս…

Ո՞ւր գացին անոնք` կ՛ըլլայ յաջորդ եւ անխուսափելի հարցումը` առանց յստակ պատասխանի: Կը պարզուի, որ իր հերոսները նաեւ զրկուած են այս առումով. անոնք չունին պատմական յիշողութիւն եւ ստիպուած են կրել այս ծանր բեռը:

Եաշար Քեմալի վէպերուն ընթերցումը ինծի յիշեցուցած է Թլկատինցիի գրականութիւնը: Ցեղասպանութեան զոհ` Թլկատինցին ապրեցաւ իր գաւառական անխաթար հոգիով, դաստիարակեց սերունդներ Խարբերդի իր դպրոցի յարկին տակ եւ անոնց շարքերէն հրապարակ իջան բազմաթիւ շնորհալի գրագէտներ, ինչպէս` Ռուբէն Զարդարեան (իր կարգին` Ցեղասպանութեան զոհ): Թլկատինցի նաեւ մեծ արձակագիր մըն էր անսեթեւեթ եւ համեստ պատմողի իր դիրքերէն: Իր պատմուածքները չեն իտէալականացներ գաւառի կեանքը: Անոնց խստամբեր մթնոլորտը իրական հայելին է գաւառի հայոց կեանքին: Եաշար Քեմալի վէպերը իւրայատուկ ձեւով կը շարունակեն տարեգրութիւնը մարդկային այն իրականութեան, որուն բաբախուն վկայութիւնը կ՛ապրի Արեւմտահայ գրականութեան էջերուն մէջ: Եաշար Քեմալ կու տայ միւս երեսը գաւառին: Ան կու տայ թուրքերու «վերապրող» գաւառին բնութագիրը Ցեղասպանութենէն տասնամեակներ ետք` անպատմելի իր ներանձնութեամբ, կնճիռներով եւ տառապանքով: Եաշար Քեմալի ժամանակները շատ աւելի անթոյլատու էին քան այսօր, եւ ան եղաւ առաջին ձայներէն մէկը իր ընդվզումը բարձրաձայնող:

 

 

Նախորդը

«Կեանքիս Ամէնէն Երջանիկ Պահերէն Մէկը Կ՛ապրիմ» Յայտարարեց Ժագ Ս. Յակոբեան

Յաջորդը

Ազգագրական – Հայրենասիրական Երգերու Մեկնաբան Ռուբէն Սասունցի Այցելեց «Ազդակ»

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.