Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրաւ Մեծերը Չենք Լսեր Եւ Կը Ճահճանանք

Մարտ 6, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Եւ երբ գրողներին կը հարցնենք, նրանք ձեզ կ’ասեն, որ իրենք գրականութեամբ չեն պարապում: Խօսքս գեղեցիկ գրականութեան վրայ է յատկապէս եւ ասում եմ, ու նրանք, հայոց բանաստեղծներն ու վիպասանները գրականութեամբ չեն պարապում, եւ պարապելիս էլ պարապում են ի միջի այլոց, պատահաբար:

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ

Երէկ բանաստեղծութեան գեղակազմ հատոր մը նուէր ստացայ: Հեղինակը ինք բերաւ:

Ուրիշներ ալ պիտի ստանան, քանի որ հեղինակը կացութեան հետ հաշտուածի դառն իմաստութեամբ ըսաւ, որ ցարդ հրատարակած գիրքերէն ոչ իսկ դահեկան մը ստացած է:

Առաջինը չէ այս անհեթեթ կացութեան մէջ գտնուողը: Պատահած է, որ յիշեմ այլ պարագաներ ալ, սակայն ոչ ոք վիրաւորուած է, ոչ ոք ուզած է հարցը տեսնել ազգային-մշակութային քաղաքականութեան մը ծիրէն ներս: Աւելի՛ն. բազմագոյն ղեկավարութիւնները, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), գիրքերը «նուէր» ստացած են, անոնց ընթերցումը կատարա՞ծ են, թէ՞ ոչ, այլ խնդիր է: Իր հրատարակած գիրքերէն ոչ իսկ դահեկան մը ստացած ըլլալու հարցը օր մը օրակարգ չէ եղած, աստ եւ անդ: Բախտաւոր պարագային` հրատարակութեան ծախսը հոգացող մը կը գտնուի, որուն երախատապարտ կը մնայ բանաստեղծը, գրողը, ուսումնասիրողը:

Բայց քարոզչական կամ գովերգական-կրկնութիւն գեղակազմ եւ ծիածնային գոյներով գիրքեր լոյս կը տեսնեն… կազմակերպութիւններու յատկացումներով: Յաճախ սեփական գովերգութեան եւ մարդորսութեան համար:

Իր գիրքէն դահեկան մը անգամ չստացող բանաստեղծի եւ անվաղորդայն ըլլալու գեղատիպ քարոզչական հրատարակութիւններու մեր ընկերութեան չանհանգստացնող պատկերն է, սովորական, աւանդութիւն դարձած:

Ժամակակիցներս կրնանք մխիթարուիլ, որ այպէս եղած է միշտ:

Հին թուղթերուս մէջ գտայ Յովհաննէս Թումանեանի ամբաստանութեան նմանող խօսքը: Ո՞վ կը կարդայ եւ ո՞վ կը յիշէ, ո՞վ ժամանակ ունի նման մանրուքով զբաղելու: Տեղ մը օրակարգ դարձնելու:

Շատ մը բաներու ամեակներ կը նշենք:

Երբեմն ալ փոշիներու տակէն պէտք է հանել իմաստուններու մտածումը, եւ անոնց համար ալ խորհրդաժողով կազմակերպել, որ թերեւս աւելի արդիւնաւոր կ’ըլլայ ազգի ապագան լուսաւորելու եւ կերտելու համար:

Ի՞նչ կ’ըսէ Յովհաննէս Թումանեան, որուն «Անուշ»-ը կը շարունակենք բեմադրել եւ տեսնել, հայրենասիրական զգացումով, երբ զբօսաշրջիկ ենք:

Յովհաննէս Թումանեանի բանաստեղծութիւնները հայկական վարժարանի ամավերջի հանդէսին բեմէն կը հնչեն, եւ մենք ալ կը ծափահարենք, ոչ թէ բանաստեղծութիւնը, այլ` զայն թրթռացնող մեր սիրասունները:

Ամավերջի հանդէսի մը պէս, բեմերէ, կը պատահի՞, որ հնչեցնենք Յովհաննէս Թումանեանի պալար պայթեցնող խօսքը, կամ ամպագորգոռ ժողովներու սկիզբը: Թէեւ պալար չկայ, դարմանուած է, բանաստեղծը իր գիրքէն դահեկան չստանալ բնական կը համարէ, ուրիշ մը երկու հարիւր օրինակ կը տպէ եւ գիրքին վրայ կը գրէ` «նուէր կը տրուի բարեկամներու»:

Գինեձօններով եւ բազմամարդ յարգելի անձերով խորհրդաժողովները կը յիշե՞ն Յովհաննէս Թումանեանը, գէթ` դպրոցի ամավերջին արտասանող մանուկին չափ:

Ի՞նչ կ’ըսէ Յովհաննէս Թումանեան: Կարդալ քանի մը անգամ, Հայաստանէն բերուած եւ պատերէն կախուած հայկական այբուբենի «տապանակ ուխտի»-ի պէս, պատերէն կախել Յովհաննէս Թումանեանի խօսքը, ինչպէս կը կախեն Ուիլիըմ Սարոյեանի յուզիչ խօսքը:

Եւ խօսքն ալ տպագրել բազմատեսակ քարոզչական կամ հասութաբեր օրացոյցներու վրայ:

«Եւ` երբ գրողներին կը հարցնենք, նրանք ձեզ կ’ասեն, որ իրենք գրականութեամբ չեն պարապում: Խօսքս գեղեցիկ գրականութեան վրայ է յատկապէս եւ ասում եմ, ու նրանք, հայոց բանաստեղծներն ու վիպասանները գրականութեամբ չեն պարապում, եւ պարապելիս էլ պարապում են ի միջի այլոց, պատահաբար:»

Եւ կը զարմանանք, որ հայ գրողը կամ բանաստեղծը այս կամ այն մրցանակին չ’արժանանար, այնպէս` ինչպէս ուրիշ ժողովուրդներու արժանաւոր զաւակները: Ի միջի այլոց գրականութիւնը ի միջի այլոց կ’ըլլայ…

Փորձենք մեկնաբանել Խօսքը, ինչպէս այդ կ’ընենք Աւետարանէն ընտրուած բնաբանի մը կամ Մարքսի, Մաոյի, Թոքվիլի, կամ Ապրահամ Լինքըլնի այս կամ այն մտածումին համար: Յովհաննէս Թումանեան կը ճշդէ, որ խօսքը չի վերաբերիր հովին հետ եկող եւ հովին հետ գացող խօսքի աղմուկին, թուղթերու վրայ այսօր տպուած անմիջականի, համացանցի կտրատուած շատախօսութեան կամ զանգուածային լրատուութեան եթերային թամ-թամին:

Յովհաննէս Թումանեան կ’ըսէ. «Խօսքս գեղեցիկ գրականութեան վրայ է յատկապէս…»: Այսինքն` այն գրականութեան, որ կը տեւէ, երբ ըսողը այլեւս չկայ, երբ տարիները եւ դարերը զտում կ’ընեն, ցորենը կը զատեն որոմէն, աղմուկէ: Իսկ «գեղեցիկ գրականութիւնը» կը պահանջէ ոչ միայն շնորհ, աստուածատուր շնորհ, այլ նաեւ` «երկրային սնունդ», այսինքն այն, որ բանաստեղծը եւ գրողը չեն ապրիր միայն «բանիւ Տեառն», այլ նաեւ` «հացիւ»:

Յովհաննէս Թումանեանի եզրակացութիւն-վճիռը ցնցող է, եթէ խցուած չեն ականջները, հանդիսութիւններու բաձրախօսներով եւ ամէն օր քիչ մը աւելի փարթամ դարձող եւ ազգին (չ)ծառայող ճաշկերոյթներու դգալ-պատառաքաղի աղմուկով: Կ’ըսէ. «… եւ ասում եմ, ու նրանք, հայոց բանաստեղծներն ու վիպասանները գրականութեամբ չեն պարապում, եւ պարապելիս էլ պարապում են ի միջի այլոց, պատահաբար:»

Ի միջի այլոց, պատահաբար…

«Ի միջի այլոց»-ով եւ «պատահաբար»-ով նպարավաճառատուն կը պահուի՞, գործարան կը պահուի՞, օդանաւային ընկերութիւն կը պահուի՞, դպրոց կը պահուի՞, այլ բաներ կը պահուի՞ն:

Ինչպէ՞ս գիր-գրականութիւն պիտի պահուի «ի միջի այլոց»-ով եւ «պատահաբար»-ով: Ինչպէ՞ս ազգի ինքնութիւն պիտի պահուի առանց մշակոյթի, որ չըլլայ «ի միջի այլոց», «պատահաբար»: Իսկ առանց ինքնութեան` իրաւունքի հետապնդում բազում աղմուկ է վասն ոչինչի:

Բանաստեղծը դահեկան մը չի ստանար իր գիրքերէն… գիրք կը տպէ բարեկամներու նուէր տալու համար… գիր-գրականութեամբ կը զբաղի ի միջի այլով, պատահաբար:

Իրենք զիրենք շինարարական դերի, մարմարի եւ քարի նուիրած անձեր, կամ ամէն օր կրկնուող աղմկարարութեան դերին սահմանած ղեկավարութիւնները, այսինքն` իմաստէ դատարկուած կաղապար-կարգախօսներ կրկնողներ, կը պատահի՞, որ օր մը, «ի միջի այլոց», «պատահաբար», Յովհաննէս Թումանեանի քանի մը տողերը կարդան հերթական կամ արտակարգ ժողովներէ առաջ, տէրունական աղօթքի պէս: Ժողովներէ վերջ կարդալը իմաստ չունի, այդ ընելու համար ժամանակ ալ չ’ըլլար…

Բանաստեղծին գիրքէն եթէ օրինակ մը նուէր չստանաք, մի՛ վիրաւորուիք: Տպաքանակը հազարներով չէ: Ինչպէ՞ս հազարներով կրնայ ըլլալ…առանց մէկ դահեկան ստանալու…

Ոչ ոք թող ըսէ, թէ ինչո՞ւ Նոպէլեան դափնեկիր մըն ալ մենք չունինք:

Ով զունկն ունէ, լուիցէ, եթէ ֆրոյտեան հիւանդագին խլութիւնը վարակ չէ:

Խլութեան դարմանը օտարներու դարպասներուն առջեւ սպասումէն պիտի չգայ:

26 փետրուար 2015, Լիբանան

Նախորդը

Թուրքիոյ Մէջ Արգիլուած Է armeniangenocide100.org Կայքը

Յաջորդը

«Իբրեւ Հայեր Մեզի Համար Առաջնահերթ Է Ազգային-Հայրենասիրական Երգը, Պարն Ու Տարազը» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Ռուբէն Սասունցի

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Հինգերորդ Շարասիւնը Եւ Ամբողջատիրական Դրսեւորումները

Մարտ 20, 2023
Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը
Անդրադարձ

Անդրադարձ. Իսրայէլեան Ռազմական Խարիսխէն 92 Թռիչքներ Կը Բացայայտեն Զինատեսակներու Արտածումը Դէպի Ազրպէյճան

Մարտ 20, 2023
Վկայութիւններ` Համազգայինի 95-Ամեակին Առիթով
Անդրադարձ

Վկայութիւններ` Համազգայինի 95-Ամեակ-ին Առիթով

Մարտ 18, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In