Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող «Յարդէ պուպրիկներ» ժապաւէնը պատրաստ է. «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին այս մասին տեղեկացուցած է ժապաւէնի հայազգի դերասան Մարքօ Խանլեան, որ Հոլիվուտի մէջ ծանօթ է Մարքօ Խան անունով:
Ծագումով իտալացի ու յոյն բեմադրիչ Ճան Միլանոն յանձն առած է պատմել իր ընկերներու նախնիներուն պատմութիւնը: Երիտասարդ բեմադրիչը կ՛ըսէ, որ իբրեւ ի՛րը կ՛ընդունի հայկական մշակոյթը:
Երկու տարի տեւած ժապաւէնի նկարահանումները տեղի ունեցած են Քալիֆորնիոյ Սիմի հովիտին մէջ:
Միլանօ պատմած է նաեւ, որ ինք աշխատած է ստեղծագործական սահմանափակ ազատութեան պայմաններու մէջ: Հիմնականին մէջ պաստառին փոխադրած է բացառապէս իրական պատմութիւններ: Ժապաւէնի աշխատանքներուն միացած է նաեւ գրող Տակլըս Գալայճեանը:
«Յարդէ պուպրիկներ»-ը պատումն է Լուսին անունով հայուհիի մը կեանքին: 100 տարի առաջ անոր ծնողները կը յաջողին իրենց միակ դուստրը թաքցնել անտառին մէջ` անոր մօտ ձգելով ուտելիք ու յարդէ պուպրիկ մը: Մէկ օր անց, որբացած աղջիկը արդէն կը նետուի իր նոր ու պայքարով լեցուն կեանքին մէջ:
Հոլիվուտեան տասնեակ ժապաւէններու մէջ դերեր ստանձնած հայազգի դերասանը, որ ծանօթ է յատկապէս «Քարիպեանի ծովահէնները», «Երկաթեայ մարդ», «Ք. Ա. 10,000 տարի» շարժապատկերներուն ճամբով, ըսած է, որ ժապաւէնը բացառիկ է, քանի որ կրցած է յաջողութեամբ դէմ դնել թրքական լոպիական ջանքերուն: Դերասանը կը յիշէ հոլիվուտեան տասնեակ նախագիծեր, որոնք կեանքի չեն կոչուած թրքական ճնշումներուն պատճառով:
«Այս ժապաւէնը ինքն իր ուժը ունի եւ իր պատմութիւնը: Այսինքն, իմ կարծիքով` բաւական ուժեղ պատմութիւն է, եւ ամէն մարդ իր պատգամը պիտի ստանայ: Մեծագոյնը սէրն է եւ ընկերութիւնը», ըսած է Մարքօ Խան: