Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կեանքիս Ամէնէն Երջանիկ Պահերէն Մէկը Կ՛ապրիմ» Յայտարարեց Ժագ Ս. Յակոբեան

Մարտ 5, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-5-15_1-(111)3Այսպէս վկայեց 98-ամեայ, բայց միշտ երիտասարդական աւիւնով առլցուն ու մի՛շտ խանդավառ, սփիւռքահայ գրականութեան նահապետ, գրեթէ ամբողջ ութ տասնամեակ անդուլ ծառայած ու ստեղծագործած Ժագ Ս. Յակոբեան, երբ իրեն առիթ տրուեցաւ խօսք առնելու իր մեծարման առթիւ:

Շաբաթ, փետրուար 7-ին, Համազգայինի թատերական երկրորդ փառատօնի կալայի գիշերը,«Շխոնց Միհրան»-ի ներկայացումէն առաջ, Կեդրոնական վարչութեան կողմէ, Համազգայինի բարձրագոյն պատուոյ շքանշանի տուչութիւն կատարուեցաւ հայ գրականութեան անդաստանէն ներս այնքան բեղմնաւոր եւ արգասաբեր գրիչի տէր յայտնի բանաստեղծ, արձակագիր եւ մտաւորական Ժագ Ս. Յակոբեանին:

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ դոկտ. Վիգէն Եագուպեան խօսք առնելով` արագ ակնարկ մը նետեց մեծարեալին գրական հունձքին  եւ ներկաներուն վկայեց, թէ` «Աւելի քան 77 տարիներու գրական վաստակ ունեցող, Ժագ Ս. Յակոբեան 1938-ի  իր առաջին բանաստեղծական հրատարակութեամբ յուշած էր բոլորին, իր գրիչով յաւիտեան միաձուլուելու իր պաշտած ազգին հետ:կը հաւատամ , որ օր մը Ժագ Ս.Յակոբեանի հիւսած երգերն ու երկերը, որոնք կը խորհրդանշեն սփիւռքեան փորձառութեան բազմագոյն խճանկարը, իրենց դերակատարութիւնը պիտի ունենան սփիւռք-Հայաստան արմատներու վերահամադրման կարեւոր ընթացքին մէջ», եզրափակեց ան:

Ապա ան բեմ հրաւիրելով Ժագ Ս. Յակոբեանը` անոր կուրծքին զետեղեց  Համազգայինի Պատուոյ բարձրագոյն շքանշանը:

3-5-15_1-(112)4Մեծարեալը ոգեշնչուած, երախտագիտական խօսքերով իր գոհունակութիւնը յայտնեց նա՛խ Աստուծոյ, ապա հայ ժողովուրդին եւ մանաւա՛նդ` Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, որ այս պատիւին արժանացուցած էր զինք, «Կեանքիս ամէնէն երջանիկ պահերէն մէկն է, որ կ`ապրիմ» վկայելով:

Ներկաները ծափողջոյններով իրենց սէրն ու գնահատանքը յայտնեցին այս տաղանդաշատ գրագէտին, որ ներշնչուելով` ներկաներուն ասմունքեց իր հեղինակած «Հինգ տարեկան մանչուկս այսօր» ոտանաւորը:

Հանդիսականները ուշի ուշով հետեւեցան այնքա՜ն ապրումով բանաստեղծին գրիչէն բխած ու բերնով արտասանուած յուզիչ տողերուն որոնք հայ մարդուն բնորոշ, ազգային երակներուն դպչող, օտարացման հաւանական վտանգի ազդանշաններն  էին` իրենց զաւակները  օտար վարժարան առաջնորդող ծնողներուն, որոնք այլընտրանք չունէին:

Ժագ Ս. Յակոբեան իր տարերքին մէջ էր: Ան այլ առիթներով պարգեւատրուած էր զոյգ վեհափառներուն կողմէ, բայց այս մէկը առանձնայատուկ արժէք ունէր, յատկապէս այն  պատճառով, որ թատերական փառատօնի մը ընթացքին իր «Կռունկը կը կանչէ» տրամային, ինչպէս կը սիրէր անուանել այդ գործը, վերյուշը կ՛ապրէր` զայն համարելով իր կեանքի բախտորոշ մէկ հանգրուանին ապրած փորձառական եւ հոգեբանական ինքնակենսագրութիւնը:

Ահաւասիկ այլ փառաւոր էջ մը, որ կը հարստացնէ Համազգայինի գանձարանը:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ
ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Նախորդը

Կեռասն Ու Խնձորը Գիրութեան Դէմ

Յաջորդը

Եաշար Քեմալի Մահուան Առթիւ

RelatedPosts

Վրաստանի Իսկական Խնդիրը
Անդրադարձ

Վրաստանի Իսկական Խնդիրը

Մարտ 22, 2023
Նոր Օսմանականութեան Սպառնալիք` Հայ-Իրանական Համատեղ Շահերին
Անդրադարձ

Իրան-Սէուտական Արաբիա Մերձեցումը` Պատուար Նոր-Օսմանականութեան

Մարտ 22, 2023
Իմ Ընկերոջ Յիշատակին. Կեանքից Հեռացաւ Սպանաբնակ Լրագրող Արթուր Ղուկասեանը
Անդրադարձ

Իմ Ընկերոջ Յիշատակին. Կեանքից Հեռացաւ Սպանաբնակ Լրագրող Արթուր Ղուկասեանը

Մարտ 22, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In