Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահը Կը Հիւրընկալէ Հայրենի Ժողովրդական Նկարիչ Անատոլի Գրիգորեանը

Մարտ 6, 2015
| Անդրադարձ
3
Share on FacebookShare on Twitter

3-6-15_Anatoli-GrigoryanՀամազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը 12 մարտ 2015-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, հովանաւորութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար տիկին Հրանուշ Յակոբեանի, պիտի հիւրընկալէ հայրենի ժողովրդական նկարիչ Անատոլի Գրիգորեանը:

Գրիգորեան ծնած է 1941-ին, Լենինական: 1977-87 վարած է Հայաստանի նկարիչներու միութեան վարչութեան քարտուղարի պաշտօնը: 1982-ին ստացած է Հայաստանի վաստակաւոր նկարիչի տիտղոսը: Մինչեւ այսօր կը պաշտօնավարէ Երեւանի գեղարուեստի պետական ակադեմիայի մէջ: 2004-ին ստացած է փրոֆեսէօրի գիտական կոչում:

Ունեցած է անհատական բազմաթիւ ցուցահանդէսներ` Հայաստանի, Մոսկուայի, Փարիզի, Միացեալ Նահանգներու եւ այլ երկիրներու մէջ: Մասնակցած է նաեւ միջազգային բազմաթիւ ցուցահանդէսներու:

Անոր գեղանկարչութիւնը մեզ կը տանի այնպիսի աշխարհ մը, ուր ամէն ինչ կը գործէ Անատոլիի օրէնքներով, ուր ձգողականութեան գաղտնիք թաքնուած է իր գեղանկարչութեան իւրայատկութեան, արժանահաւատութեան ու ինքնատպութեան մէջ: Այդ արժանահաւատութիւնը կեանքի կը կոչէ ե՛ւ գեղանկարչութեան ներդաշնակութիւն, ե՛ւ անվրէպ ճաշակ, ե՛ւ ոգեշնչման մթնոլորտ, ե՛ւ ոգեղինութիւն, որոնք բնորոշ են անոր կտաւներուն:

Գրիգորեանի բեղուն ստեղծագործական կեանքը սկիզբ առեր է 1960-ական թուականներու կէսերուն, երբ հայ գեղանկարչութիւնը իսկական վերածնունդ կ՛ապրէր: Նկարիչի ստեղծագործական անհատականութիւնը ի յայտ եկած է արդէն իսկ իր ստեղծագործական սկիզբի շրջանէն` դրսեւորելով թեմայի համարձակ ու ազատ մեկնաբանութիւն եւ յօրինուածքի ինքնատիպ կառուցում, որոնք նկարներուն ներքին շարժում կը հաղորդեն: Անոր գործերուն մէջ ակնյայտ են հեղինակին արտասովոր հրայրքը` խառնուած անոր բուռն ու տաք զգացումներուն: Իր հին եւ նոր ստեղծագործութիւններուն մէջ կան այժմէականութեան զգացողութիւն, արեւի ու լոյսի զգացողութիւն, կեանքի գեղեցկութեամբ հիանալու եւ այդ զգացումները ուրոյն գեղարուեստական պատկերներու մէջ մարմնաւորելու շնորհ:

3-6-15_133-6-15_17Գոյներու թանձրութեամբ, երանգի ծանօթ բանաստեղծականութեամբ` նկարիչը պահեր է իր մէջ մանկութեան գեղեցկութիւնը, մաքրեր` այն կեղծ մանրամասնութիւններէն, ընդդիմացեր` նոր տպաւորութիւններուն եւ, այդպիսով, սպառեր է իր ամբողջ հոգին, երեւակայութեան ուժն ու նրբանկատութիւնը` ծառայելով իր իտէալին եւ չտարուելով ուրիշ հաւատքով ու հրապուրանքներով:

Դիտարկելով բացայայտելու եւ բացայայտելով կեանքի նրբին բանաստեղծականութիւնը նկատելու բացառիկ ձիրքի մասին կը խօսին նաեւ Անատոլիի բնանկարները: Նման բացայայտման առանցքէն երեւան կու գան նկարիչին ինքնատպութիւնն ու եզակիութիւնը: Կերպաւորման վարպետութեան ուժով ու հմայքով զօրացած ու ամփոփուած են անոր արուեստի բովանդակութիւնը, արժէքը, իմաստն ու ազդեցութիւնը, եւ անոնց մէջ ան կը ներկայանայ որպէս ճշմարիտ հասուն արուեստագէտ, ուր հարուստ բովանդակութեան ու կրքոտ խառնուածքին կը գումարուին զգացողութեան խորութիւնն ու գոյներու հազուագիւտ եւ հրաշալի համադրութիւնները:

Բազմաթիւ զուգահեռներ կ՛արթնցնեն նկարիչի գարնանային գեղանկարները. ան եթերային թեթեւութեամբ կը հաղորդէ գարնան պայծառ լուսաւորութիւնը: Նուազ տպաւորիչ չեն աշնանային բնանկարները, որոնք կը բոցավառուին աշնանային բոսորի առաջին կրակէն: Անշուշտ, ան բնութեան ընդմէջէն կը պատկերացնէ նաեւ մարդը, բայց ան չէ գլխաւորը, թէպէտ մարդը այն յաւերժական գործողութեան մասնակիցն է, որուն մէջ բնականօրէն մէկ ամբողջութիւն կը դառնան ե՛ւ մարդը, ե՛ւ անասունը, ե՛ւ ինքը` մայր բնութիւնը:

3-6-15_14Գոյներու գործածութեան մէջ նկարիչը մօտ է հին աշխարհի այն վարպետներուն, որոնք գիտէին գունային հակադրութիւններու եւ ներդաշնակութեան գաղտնիքները: Առաջին հպանցիկ հայեացքով կը թուի, թէ անոր կտաւները չափազանց վառվռուն են, արեւով ողողուած, բայց գոյնը ծնող իր զգացմունքները հեռու են չափազանցութենէ, նոյնիսկ սաստիկ տապը անոր կտաւներուն մէջ մեղմութիւն, չափաւորութիւն ձեռք կը բերէ:

Առհասարակ, Գրիգորեանի արուեստի առանձնայատկութիւնը պայմանաւորուած է ոչ թէ անոր կերպարներու արտասովորութեամբ, այլ` արտասովոր կապերով ու շղթաներով: Ան այնքան թարմ, անկանխատեսելի ու անակնկալ է իր այլաբանական շրջադարձներով, որքան աւանդական եւ նոյնիսկ  պահպանողական է նիւթի ընտրութեան հարցով: Գեղանկարիչը ստեղծեր է իր ուրոյն ոճը` բազմաթիւ արտայայտչական լուծումներով: Անոր նկարները ճանաչելի են, որովհետեւ ինքնատիպ են, բացառիկ` իրենց արտայայտչականութեամբ ու վարպետութեամբ:

Անոր գործերը զարմանք եւ ուրախութիւն կը պարգեւեն: Ան կը մարմնաւորէ մտածող ու հմուտ նկարիչի գեղագիտական ու փիլիսոփայական սկզբունքները: Այսօր անոր ստեղծագործութիւնը ժամանակակից արուեստի կարեւոր ու անհրաժեշտ օղակներէն մէկն է. ան բարձր արժանիքներու տէր է եւ մեր կեանքի բազմաթիւ իրողութիւններ խորապէս զգալու եւ մարմնաւորելու կարողականութեամբ օժտուած է:

Կը հաւատանք, որ այս արուեստագէտին ներկայութիւնը եւ իր գործերէն յորդող լոյսն ու պատգամները, անպայման պիտի հարստացնեն մեր մշակութային մթնոլորտը եւ բոլորիս պարգեւեն արուեստի հետաքրքրական եւ եզակի պահ մը:

Վստահ ենք, որ Անատոլիի գործերը պիտի արժանանան բոլորին գնահատանքին:

Նախորդը

Հայ Օգնութեան Միութեան Հերթական Այցն Առաջնագիծ

Յաջորդը

Ցեղասպանութեան Մասին Պատմող «Յարդէ Պուպրիկներ» Ժապաւէնը

RelatedPosts

Անդրադարձ.  Սփիւռքահայ Կեանքեր` Ինչպէս Որ Տեսայ  (Տոքթ. Հրայր Ճէպէճեանին Նոր Գիրքը)
Անդրադարձ

Մեր Եկեղեցին Եւ Ազգային Սահմանադրութիւնը (Վաւերացման 160-Ամեակի Առիթով) Բ. Մաս

Մարտ 24, 2023
Թուրք Ժխտողականները Չեն Կրնար Պարտութեան Մատնել Հայերը Քալիֆորնիոյ Մէջ
Անդրադարձ

Իրաւական Փորձագէտները Միջազգային Դատարանէն Կը Պահանջեն Քննութեան Ենթարկել Թուրքիոյ` Մարդկութեան Դէմ Գործած Յանցանքները

Մարտ 24, 2023
Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Դեղագործ Արմէն Պուճիքանեան
Անդրադարձ

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Դեղագործ Արմէն Պուճիքանեան

Մարտ 24, 2023

Comments 3

  1. Karine says:
    8 years ago

    Beautiful….

    Reply
  2. Diana says:
    8 years ago

    Amazing …..

    Reply
  3. Albert says:
    8 years ago

    Ashxarhi amena bari u drakan kerpar

    Reply

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In