Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կեռասն Ու Խնձորը Գիրութեան Դէմ

March 5, 2015
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՔԱՐԼԱ ԵԱՐՏԸՄԵԱՆ

Cherry-Apple-VapeLoungeՈ՞վ ըսաւ, որ բոլոր աղանդերները պատճառ կը դառնան գիրութեան: Ան, ով որ այս հաստատումը կ՛ընէ, նկատի չէ առած կարմիր գոյնի պտուղի տեսակները, ի մասնաւորի` խնձորն ու կեռասը:

Ըստ վերջին գիտական ուսումնասիրութիւններուն, խնձորն ու կեռասը ոչ միայն գիրութիւն չեն պատճառեր, այլեւ կը պաշտպանեն մարմինը գիրութենէն, կամ կը կանխեն գիրութիւնը, որ ծանօթ է «Ախտանշանային փոխարկութիւն» (Metabolic Syndrome) անունով:

Օրական Մէկ Խնձորը Կը Պաշտպանէ
Սրտանօթային Հարցերէ

Արդեօք գիտնականները յայտնութի՞ւն մը կատարած են կեռասին եւ խնձորին` գիրութեան բարդութիւններուն դէմ պայքարելու դերին առնչութեամբ: Պատասխանը այո է: Անոնք փաստած են, որ կեռասն ու խնձորը ոչ միայն կը նուազեցնեն գիրութիւնը, այլեւ կը կանխեն զանազան հիւանդութիւններ, ինչպէս սրտանօթային հարցերը եւ շաքարախտը, որոնք անմիջական առնչութիւն ունին գիրութեան հետ:

Գիտնականները այս եզրակացութեան յանգած են փորձարկութիւններ կատարելով երկու խմբակի չափահասներու վրայ: Առաջին խմբակի չափահասները օրինաւոր ձեւով խնձոր սպառողներն են, իսկ երկրորդ խմբակի չափահասները երբեք խնձոր չսպառողներն են: Առաջին խմբակին մօտ ի յայտ եկած է,  որ «Ախտանշանային փոխարկութիւն» ունենալու տոկոսը 27 առ հարիւրով նուազած է` բաղդատած երկրորդ խմբակին:

Խնձորի սպառումը կը նուազեցնէ սրտանօթային ճնշումը 30 առ հարիւրով, ինչպէս նաեւ 20 առ հարիւր կամ աւելի տոկոսով կը նուազեցնէ մէջքի չափը, որ գործօն մըն է սրտանօթային հիւանդութեան, յառաջացման մէջ:

Միւս կողմէ, ան, ով որ մեծ քանակութեամբ խնձոր կը սպառէ, անոր մօտ կը նուազի սպիտի (protein)եւ կենսանիւթ Սէ-ի քանակը:

Մէկ խնձորը ինչպէ՞ս կրնայ կանխարգիլել առողջութեան սպառնացող վտանգը: Այդ ազդեցութիւնը կ՛ըլլայ անուղղակի ձեւով: Ազդեցութիւնը մեծ է ի մասնաւորի այն անհատներու մօտ, որոնք ընդհանրապէս կը հետեւին առողջ եւ հաւասարակշռուած սննդականոնի, որ հարուստ է պտուղով, բնաթելով, կենսանիւթով, քալսիոմով եւ փոթասիոմով, սակայն աղքատ է վնասակար ճարպով եւ շաքարով:

Կեռասի Օգուտը

Գիտնականներ նաեւ կատարած են ուսումնասիրութիւններ` կեռասին օգտակարութիւնը ու մարմնին վրայ անոր դրական ազդեցութիւնը յայտնաբերելու համար: Անոնք նկատեցին, որ կեռասին օրական սպառումը, առողջ եւ քիչ ճարպ պարունակող սննդականոնի կողքին, կը նուազեցնէ սրտանօթային հիւանդութիւն ունենալու հաւանականութիւնը: Այս ուսումնասիրութիւնը անոնք կատարած են մուկերու վրայ` որոնք ժառանգական տուեալներով բարձր հաւանականութիւն ունին նմանօրինակ հիւանդութիւն ունենալու:

Իրենց ուսումնասիրութիւնը աւելի յառաջ տանելով` գիտնականներ ուսումնասիրութիւն կատարեցին գիրնալու հաւանականութիւն ունեցող մուկերու վրայ` անոնց օրական հերթականութեամբ տալով մէկուկէս գաւաթ կեռասի փոշի, ճարպով հարուստ ուտելիքի կողքին: Արդիւնքը եղաւ այն, որ հակառակ 90 օր ճարպով հարուստ ուտելիք սպառելուն, մուկերը ոչ միայն գիրութեան նշաններ ցոյց չտուին, այլեւ ճարպին քանակը նուազեցաւ անոնց մօտ: Նուազեցան նաեւ քոլեսթերոլին, թրիկլիսերիտին եւ կլիւքոզին քանակները անոնց արեան մէջ: Միւս կողմէ, TNF-Alpha-ի եւ Interleukine

6-ի չափանիշները քննելով` ի յայտ եկաւ, որ կեռասը ունի տուեալ մը եւս` բորբոքումներու դէմ դնելու յատկութիւնը:

 

 

 

 

 

Նախորդը

Ստամոքսի Խոց Peptic Ulcer

Յաջորդը

«Կեանքիս Ամէնէն Երջանիկ Պահերէն Մէկը Կ՛ապրիմ» Յայտարարեց Ժագ Ս. Յակոբեան

RelatedPosts

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն

March 14, 2025
Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Կապիկի Ծաղկախտ-Monkeypox

August 19, 2024
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

July 11, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.