Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փեսայ Ճա՛ն

Մարտ 6, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Արտասահմանէն մայր հայրենիք արձակուրդէն տուն վերադարձին, զարմիկներուն «Զուարթնոց» օդակայան ճամբու դրաւ ու կը պատրաստուէր տուն երթալ: Յուզուած էր, քանի որ ինք ծնած ու հասակ նետած էր Երեւանի մէջ եւ զարմիկներուն անձամբ ծանօթանալէն երկու շաբաթ ետք եկած էր ճամբու դնելու զանոնք: Այդ կարճ ժամանակամիջոցին այնքա՜ն մտերմացած էին իրարու հետ: Արցունքի քանի մը կաթիլներ տակաւին այտերուն վրայ էին, երբ գեղադէմ պարմանուհի մը ժպտադէմ ու համարձակ մօտեցաւ ու սկսաւ հարցուփորձի տարափ մը: Նկատած էր, թէ ճամբու դրած էր երկու զբօսաշրջիկ օրիորդներ, եւ հետաքրքրուած էր` ովքե՞ր էին անոնք. ուրկէ՞ եկած էին, եւ ամէնէն կարեւորը, արտասահմանէն նուէրներ բերա՞ծ էին իրենց հետ, ի մասնաւորի` իգական սեռի վերաբերեալ (դէպքը պատահած է Խորհրդային Հայաստանի օրերուն): Նպատակը յստակ էր. կ՛ուզէր ծանօթանալ այդ երիտասարդին` ինքն ալ իր կարգին օգտուելու համար արտասահմանէն եկած բարիքներէն:

Այդ հանդիպումը պատճառ դարձաւ,  որ յաճախ տեսնուին Երեւանի հրապարակի վրայ գտնուող բացօթեայ սրճարաններէն մէկուն մէջ, գաւաթ մը սուրճ կամ զովացուցիչի մը շուրջ զրուցելու, իսկ աւելի ուշ ատիկա վերածուեցաւ մտերմիկ կապի: Հայը, մանաւանդ հայրենիքի մէջ ծնած հայը, առատաձեռն է, եւ արտասահմանի զարմիկներուն բերած նուէրներուն մէկ մասը նուիրեց իր նոր ընկերուհիին: Ամէն անգամ, որ տեսնուէին, դատարկ ձեռքով չէր երթար ժամադրութեան: Ճի՛շդ աղջկան փնտռած անձն էր. կնամեծար եւ «ձեռքն ու գրպանը բաց»:

Այդ օր ժամադրուած չէին: Պատահմամբ իրարու հանդիպեցան գերեզմանին մօտերը: Արամ այցելութեան գացած էր իր մօր շիրիմին, իսկ Սիրուն` «Պատահմամբ էս կողմերն էի ու քեզ տեսայ. արի գնանք մեր տուն. մի լաւ քոֆէ սարքեմ ու ծանօթացնեմ քեզ իմ մօր»:

Հայկական հին սովորութեան համաձայն, «գաւաթ մը սուրճի» այցելութիւնը տարբեր նշանակութիւն ունի, մանաւանդ երբ սուրճը կը հրամցուի շաքարը շատ: Արամ վարժուած էր «դառը» (լեղի) սուրճի եւ դժուարութեամբ կուլ տուաւ գաւաթին մէկ երրորդը շաքարով լեցուն սուրճը, եւ երբ կը պատրաստուէր տուն երթալու, «անակնկալ» ներս մտաւ Սիրունին հայրը, ինչ որ քիչ մը զարմանալի է. տղամարդ մը այդ ժամուն գործը ձգելով` տուն հանդիպիլ…

Անմիջապէս ճաշի սեղան շտկեցին, խմիչքի բաժակները լեցնելով` կենացներ խմեցին եւ հիւրին հետ սկսան խօսիլ «փեսայ ճա՛ն» մակդիրով:

«Աղջի՜, մօրքուրիդ զանգ տուր թող գայ». մայրն էր հրամաններ արձակողը, իսկ հայրը` «Բա իմ ախպե՞րս…»:
«Նրան էլ զանգի թող գայ»:
Շատ չանցած` տունը լեցուեցաւ ազգականներով.

 

«Եկան էլ հէր ու հօրքուր
Եկան էլ մօր ու մօրքուր
Եկան քեռի քեռեկին
Խնամի ու տէքէր կին
Եկան սանիկ սանամէր
Հարսնաքուր ու հարսաղբեր
Եկան մօտիկ հեռաւոր
Զոքանչ կեսուր ու քաւոր»:

Արամ սկսած էր քրտնիլ, եւ ճար մը կը մտածէր փախուստ տալու, սակայն ամէն կողմէ հարցումներու տարափ մը եւ յանկարծ` փայլակի արագութեամբ միտք մը յղացաւ:

«Ես, չի քէօֆթէ շատ եմ սիրում»:

«Անմիջապէս, փեսայ ճա՛ն» ըսելով` քանի մը հոգի պատրաստուեցան երթալ բերելու «չի քէօֆթէ»-ի միսը, մինչ այդ Արամ` «Չէ, ես եմ բերելու, մի տասը րոպէից հոս կը լինեմ» ըսելն ու տունէն դուրս նետուիլը մէկ եղաւ:

Շատ մը «տասը րոպէներ» իրարու յաջորդեցին, սակայն ո՛չ Արամ վերադարձաւ, ո՛չ ալ «չի քէօֆթէ»-ի միսը հասաւ տուն: Սեղանի վրայի ճաշերը սառեցան, խմիչքի բաժակները մնացին դատարկ, ու ոչ ոք խմեց «փեսայ ճա՛ն»-ին կենացը:

Երկու շաբաթ ետք Սիրուն ու մայրը ծեծեցին Արամի տան դուռը եւ առանց իսկ ներս մտնելու վերադարձուցին բոլոր ստացուած նուէրները: «Ձեր խնամութիւնը հարկաւոր չի»: Արամի հայրն ու եղբայրները զարմացած իրար երես նայեցան: Այդ ե՞րբ էր, որ խնամութիւն առաջարկեցին եւ հիմա ժխտական պատասխան կը ստանան:

* * *

Քանի մը տասնեակ տարիներ անցած են այդ թուականէն: Արամ հաստատուած է Լոս Անճելըս եւ կազմած է ընտանիք. երջանիկ է իր կնոջմով ու երկու դուստրերով:

Սիրուն տակաւին Երեւան է: Ինքն ալ իր կարգին ընտանիք կազմած է: Յաճախ խնամիներով կը հաւաքուին կերուխումի սեղանի շուրջ` մայր հայրենիքի մէջ.

«Սեղանն է առատ
Դիմացն Արարատ
Հնչում են երգեր
Ուրախ ու զուարթ»:

Ամէն կերուխումի սեղանի շուրջ Սիրուն կը յիշէ այդ նշանաւոր օրը, երբ Արամը ծանօթացուց իր ընտանիքի անդամներուն:

«Ես, չի քէօֆթէ չեմ սիրում. տեսքն անգամ անհանգստութիւն կը պատճառէ», կը կրկնէ  յաճախ:

Հասկնալի է:

Անդին` Արամ,  շրջապատուած իր հարազատներով, կերուխումի սեղանին շուրջ անպայման կը յիշէ.

«Ես չի քէօֆթէ շատ եմ սիրում» եւ կ՛ուզէ, որ իր սեղանին վրայ անպակաս ըլլայ այդ փրկարար ճաշը:

 

Արամ եւ Սիրուն կ՛ապրին իրարմէ հազարաւոր մղոններ հեռու:

Ամէն հաւաքոյթի երկուքին կերուխումի սեղաններուն շուրջ յաճախ կը կրկնուին նոյն խօսքերը:

«Կենա՛ցդ, փեսայ ճա՛ն»:

 

Լոս Անճելըս, 2015

Նախորդը

Յուշատետր. Պտոյտ Մը Հայոց Լեզուի Բառարանին Մէջ (587). Թռչուններու Մասին

Յաջորդը

Հայ Օգնութեան Միութեան Հերթական Այցն Առաջնագիծ

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?