Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Իբրեւ Հայեր Մեզի Համար Առաջնահերթ Է Ազգային-Հայրենասիրական Երգը, Պարն Ու Տարազը» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Ռուբէն Սասունցի

Մարտ 6, 2015
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

DSC09884ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէութեան քարոզչական յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ Լիբանան ժամանած ազգագրական-հայրենասիրական երգերու մեկնաբան Ռուբէն Սասունցի երէկ այցելեց «Ազդակ»-ի խմբագրատուն, ուր ունեցաւ հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ իր երգարուեստի ասպարէզին:

Ռուբէն Սասունցի յայտնեց, որ ինք ծնած ու մեծցած է սասունցիներուն նման, որովհետեւ իր հայրը եղած է Սասունէն, իսկ մայրը` Մուշէն:

«Սասունցի ընտանիքի մը մէջ ծնող երեխան անպայման որ կը սիրէ ազգային-հայրենասիրական երգն ու պարը: Նոյնը ես կը տեսնեմ այսօր իմ երկու տարեկան տղուս մէջ: Մանուկ հասակէս սիրած եմ ազգային-հայրենասիրական երգն ու պարը եւ յաճախած եմ երգի ու պարի տարբեր ազգագրական համոյթներ, ինչպէս` «Զօր. Անդրանիկ», «Հայկազունք», «Գանձասար»: Յաճախած եմ նաեւ էսթրատային եւ ճազային արուեստի պետական քոլեճի ժողովրդական երգի բաժնի Ռուբէն Մաթեւոսեան դասարանը: Աւարտելէ ետք ուսումս, շարունակած եմ Երեւանի թատրոնի եւ ֆիլմարուեստի պետական հիմնարկի երաժշտական թատրոնի դերասան բաժինը, որ կ՛օգնէ ինծի համերգներուս ընթացքին փոքրիկ բեմադրութիւններ կատարելու: Երգի միջոցով կը ներկայացնեմ սասունցիներու աւանդական հարսանիքի տեսարանը: Հայրենասիրական երգի պարագային կը ներկայացնենք կռուի դաշտին վրայ մեր ֆետայիներուն երգն ու պարը եւ անոր ներշնչած ուժը: Այս բոլորը օգնած են ինծի, որ համերգներս բեմադրեմ», ըսաւ ան:

Ռ. Սասունցի նշեց,թէ ինք տարբեր երկիրներու մէջ արդէն իսկ ներկայացուցած է «Սասնայ երկիր» խորագրեալ համերգը:

Հայրենի երգիչը ըսաւ, որ ինք երգած է Եւրոպայի մէջ` Ֆրանսա, Հոլանտա, Պելճիքա, Գերմանիա, Ռուսիա, Միացեալ Նահանգներ, Քանատա եւ այլ երկիրներու մէջ:

«Առաջին անգամն է, որ կ՛այցելեմ Լիբանան,այս պատճառով ալ պատասխանատուութիւնը մեծ է` իմ երգս ներկայացնելու առումով, սակայն ուրախ եմ Լիբանան գալուս համար», նշեց Ռ. Սասունցի:

Ան յայտնեց, որ ինք ունի երեք ձայնասկաւառակ, որոնք կը կոչուին «Սասնայ մէկ օր», «Սասնայ եարխուշտա» եւ «Երկիր հայրենի», ինչպէս նաեւ Մ. Նահանգներու եւ Երեւանի իր համերգներուն տի.վի.տի.-ները:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ այսօր ի՞նչ է ազգագրական եւ հայրենասիրական երգին վիճակը Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ` Ռուբէն Սասունցի յայտնեց, որ սփիւռքի մէջ հայրենասիրութիւնը աւելի տարածուած է եւ աւելի լայն տարողութեամբ կը քարոզուի, քան` հայրենիքի մէջ: «Ցաւով կ՛ըսեմ այս մէկը, սակայն այս է իրականութիւնը», ընդգծեց ան:

Հայ երգարուեստին մէջ տիրական ներկայութիւն եղող արեւմտեան կամ ռապիս տիպի երգարուեստին գծով իր կարծիքը տալով` Ռուբէն Սասունցի նշեց, թէ ինք համոզուած է, որ իւրաքանչիւրը իր երգարուեստի ոճը ունի եւ պէտք է ունենայ, «սակայն մենք որպէս հայ առաջնահերթ պէտք է նկատենք ազգային-հայրենասիրական երգը: Տարիներ առաջ, երբ տակաւին երեխայ էի, Ամանորի գիշերը ժամը 12:00-էն ետք հայկական հեռատեսիլի բոլոր կայանները կը սփռէին ազգային-հայրենասիրական երգերու ելոյթներ, տհոլը զուռնան կը հնչէին: Այսօր նոյնը չէ, ժամը 12:00-էն ետք կը հնչէ ռապիս երաժշտութիւն եւ ազգը այդպէս կ՛ուրախանայ: Բայց մեզի համար առաջնակարգը մեր հայրենասիրական երգն ու տարազն է: Մենք այսօր օտարին հետաքրքրութիւնը կրնանք շարժել մեր ազգային-հայրենասիրական երգով, մեր տարազով, մեր պարով», հաստատեց ան:

ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան կազմակերպած հայոց բանակին եւ Հայաստանի սահմանները պաշտպանող տղոց զօրակցութեան ձեռնարկին իբրեւ հիւր երգիչ իր ունեցած մասնակցութեան անդրադառնալով` հայրենի երգիչը ըսաւ. «Ի՛նչ որ  երգենք, ի՛նչ որ կատարենք, այդ ամէնը նուիրուած են մեր հերոսներուն: Պիտի հնչեն հայրենասիրական երգեր, որոնց մէջ պիտի նշուին անուններ, ինչպէս` Զօր. Անդրանիկ, Գէորգ Չաւուշ, Գարեգին Նժդեհ, մարդիկ, որոնք երկար տարիներ հայուն պատիւը բարձր պահած են: Ես համոզուած եմ, որ վայրը կարեւոր չէ, կարեւորը հայ ըլլալն է, հայկականութիւնը պահելն ու սրտերուն մէջ ազգային ոգիին ու հայութեան պահպանումն է», շեշտեց Ռ. Սասունցի:

Ան եզրափակեց ընդգծելով, որ ինք շատ ուրախ է Պէյրութ կատարած իր այցելութեան եւ այս գաղութին հետ մօտէն կապ ունենալու առիթին համար` աւելցնելով, որ ինք լաւ տպաւորութիւններով պիտի մեկնի Լիբանանէն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէութեան քարոզչական յանձնախումբին` հայրենասիրական երգը օտար հողի վրայ հնչեցնելու նախաձեռնութեան համար, որովհետեւ այսօրուան սերունդները հայրենասիրական երգին կարիքը ունին:

 

 

Նախորդը

Իրաւ Մեծերը Չենք Լսեր Եւ Կը Ճահճանանք

Յաջորդը

Նարնջագոյն Յեղափոխութիւնը` Լիբանանի Մարզադաշտերուն Մէջ

RelatedPosts

«Պուրճ Համուտի Մէջ Սորվեցայ Մարդասիրութիւնն Ու Ազգասիրութիւնը, Իսկ Մեր Առաքելութեան Նպատակը Բոլորին Ծառայելն Է»  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Տոքթոր Վաչէ Վասիլեան
Հարցազրոյց

«Պուրճ Համուտի Մէջ Սորվեցայ Մարդասիրութիւնն Ու Ազգասիրութիւնը, Իսկ Մեր Առաքելութեան Նպատակը Բոլորին Ծառայելն Է» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Տոքթոր Վաչէ Վասիլեան

Յունիս 13, 2025
Համազգայինը Կը Ներկայացնէ «Նեմեսիս» Գեղարուեստական Բեմականացումը` Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Նուիրուած
Հարցազրոյց

Համազգայինը Կը Ներկայացնէ «Նեմեսիս» Գեղարուեստական Բեմականացումը` Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Նուիրուած

Ապրիլ 18, 2025
Ձմեռ Պապի 15 Տարիների Այցելութիւնները
Հարցազրոյց

Ձմեռ Պապի 15 Տարիների Այցելութիւնները

Մարտ 18, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?