Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամէն Բան Իր Չափով

March 21, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ձեռնարկները թափ առած են: Բոլոր մակարդակներու վրայ եւ բոլոր գաղութներուն մէջ Մեծ եղեռնի ոգեկոչման ձեռնարկները սկսան:

Այս ամիս բոլորս ալ զգացինք, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախաձեռնութիւնները համակարգող Կեդրոնական մարմինէն մինչեւ ամէնէն փոքր գաղութի յանձնախումբերը կը փորձեն կամ պիտի փորձեն արժանի քայլարշաւներ, հրատարակութիւններ, կրօնական թէ մշակութային նախաձեռնութիւններ կազմակերպել:

Այս բոլորը շատ լաւ: Կը մնայ մանրամասնութիւն մը: Այս շաբաթ ստացայ ճաշի պազարի հրաւէր մը` Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած:

Նկատի ունենալով, որ դեռ սկիզբն ենք, ուզեցի այս երկտողս գրել եւ դիտել տալ, որ ամէն բան իր չափին մէջ պէտք է մնայ:

Այսինքն, ճիշդ չէ, որ այս տարի ինչ ձեռնարկ ալ կազմակերպուի Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուի: Ձեռնարկին տեսակն ու որակն ալ կարեւոր են: Ճաշի պազարը ի՞նչ կապ ունի 100-ամեակին հետ: Քիչ մը աւելի լուրջ պէտք է ըլլանք: Կրնայ ըլլալ, որ ճաշի պազար կազմակերպողները առաջարկեն նման բան, սակայն ատիկա ընդունիլը, հրաւիրատոմս տպելը, բաժնելը եւ յայտարարելը իսկապէս անընդունելի է:

Ժամանակին Մոնրէալի մէջ (Քանատա) Ս. Յակոբ վարժարանի հոգաբարձութիւնը դպրոցի սաներուն համար «Քազինօ նայթ» կը կազմակերպէր: Տարիներով լեզու յոգնեցուցինք եւ գրիչ հոսեցուցինք բացատրելու համար, որ բախտախաղէն եկած գումարով ինչպէ՞ս դպրոցի սան կը պահուի: Բարոյական ի՞նչ սկզբունքով այս տրամաբանութիւնը կը զարգանայ: Հիմա չեմ գիտեր ինչ կ՛ընեն: Սակայն այդ օրերուն բաւական աղմուկ բարձրացուցած էր, որովհետեւ ամէն բան իր չափով ընելը կարեւոր է:

Այսօր ալ, Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով պէտք է զգուշ ըլլանք մեր նախաձեռնութիւններուն մէջ: Կարելի չէ թեթեւի  առնել եւ որեւէ ձեռնարկ որեւէ առիթի վերաբերող 100-ամեակին նուիրել:

Ներքին եւ արտաքին ճակատներու համար անհրաժեշտ է լրջութիւնը եւ ձեռնարկի մը յաջողութեան գրաւականը:

Տակաւին ամբողջ տարի մը կայ մեր դիմաց: Վստահաբար տարբեր գաղութներու մէջ ալ նման բաներ պիտի պատահին: Բնականաբար անձնական նախաձեռնութիւններ պիտի ըլլան: Այս բոլորին մէջ ամէնէն կարեւորը այն է, որ ձեռնարկներու չափի, որակի եւ տեսակի համար անպայման խորհրդակցութիւններ կատարուին` կրկնութիւններէ եւ տափակութիւններէ հեռու մնալու համար:

Կանխայայտ վարձքը կատար բոլորին:

 

Նախորդը

Քանի՞ Դգալ Շաքար…

Յաջորդը

«Մեծ Մօրս Աչքերի Լռութիւնը». Արուեստագէտը Բացում Է Ցուցադրութեան Գաղտնիքը

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.