ՊԵՏԻԿ ԹՈՐՈՍԵԱՆ
Համաշխարհայնօրէն ինքնաշարժի արկածները կը համարուին հիմնական պատճառներէն` մեծ թիւով երիտասարդ կորուստներ ունենալու: Լիբանանի մէջ տարեկան շուրջ 700 քաղաքացիներ կ՛ենթարկուին ինքնաշարժի արկածներու, որոնց մեծամասնութիւնը երիտասարդներ են, որոնք ընդհանրապէս կ՛ունենան ցաւալի աւարտ մը:
Այս հարցը կը նկատուի խիստ մտահոգիչ խնդիրներէն մին, որ կարելի է յաղթահարել ճանաչողութեան եւ իրազեկութեան տարածումով դաստիարակչական եւ շահեկան հաւաքներու ու դասախօսութիւններու կազմակերպումով: Այս ձեւերով երիտասարդութիւնը կը մարզուի` ինքնաշարժ վարելու ոլորտի օրէնքները յարգելու եւ որոշ ուղղութիւններու հետեւելու խուսափելու համար արկածներէ:
ՀԲԸ Միութեան Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանը կորսնցուցած ըլլալով իր երկու երիտասարդ շրջանաւարտներէն եւ Սանուց միութեան գործունեայ անդամներէն` Արին Չերչեանը եւ Անթոնի Գույումճեանը` ինքնաշարժի արկածի պատճառով, իր 40 տարիներու ծառայութեան ընդմէջէն կը շարունակէ իր դաստիարակչական առաքելութիւնը ոչ միայն ակադեմական, այլ նաեւ իրական կեանքի ասպարէզէն ներս` առողջ ձեւով ինքնաշարժ վարելու ճանաչողութիւն տարածելով հայ երիտասարդութեան մօտ:
Առ այդ, կիրակի, 8 փետրուար 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, կազմակերպութեամբ ՀԲԸՄ-ի Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի նորակազմ Սանուց միութեան եւ համագործակցութեամբ «Kun Hadi» կազմակերպութեան, տեղի ունեցաւ յիշատակի երեկոյ` նուիրուած Արին Չերչեանին եւ Անթոնի Գույումճեանին, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնի 2-րդ յարկը:
Այս ձեռնարկը կը նախատեսէր յաւերժացնել յիշատակը վարժարանի զոյգ շրջանաւարտներուն, ինչպէս նաեւ դաստիարակել հայ երիտասարդութիւնը` կանխելու համար նմանօրինակ տխուր դէպքեր:
Լիբանանի եւ ՀԲԸՄ-ի քայլերգերու ունկնդրութենէ ետք, ՀԲԸՄ-ի Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի Սանուց միութեան անունով անգլերէն ու արաբերէն լեզուներով երեկոյին բացումը կատարեց Արազ Չերչեանը, որ ողջունելէ ետք ներկաները, անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ տիրող ինքնաշարժ վարելու ոլորտի անօրէնութիւններուն եւ օրէնքի խախտումներուն, որոնց զոհը գացին վաղամեռիկ Արինը եւ Անթոնին իրենց ծաղիկ հասակին: Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ «Kun Hadi» կազմակերպութեան փոխնախագահ Լինա Ժըպրանը, որ ներկաներէն խնդրեց յոտնկայս լռութեամբ յարգել երկու երիտասարդներուն յիշատակը: Հուսկ, ան ներկայացուց «Kun Hadi» կազմակերպութեան հակիրճ պատմական` նշելով, թէ այս կազմակերպութիւնը կեանքի կոչուած է 2006 թուականին, երբ իր միակ զաւակը` Հատին ինքնաշարժի արկածի մը զոհը գնաց:
Ան շեշտեց, թէ կազմակերպութիւնը կը միտի ճանաչողութիւն եւ գիտակցութիւն արթնցնել լիբանանցի երիտասարդութեան մօտ` ճիշդ ձեւով ինքնաշարժ վարելու, որովհետեւ զոհերուն թիւը հետզհետէ կ՛աւելնայ: Ան ըսաւ, թէ աշխարհի չորս կողմը տարեկան շուրջ 1.3 միլիոն անձեր զոհ կը դառնան ինքնաշարժի արկածներու, որ մինչեւ 2020 թուականը ա՛լ աւելի վտանգուած է` բազմապատկուելու եւ հասնելու շուրջ 2 միլիոնի: Ան ներկաներուն փոխանցեց ինքնաշարժ վարելու վերաբերեալ խրատներ եւ թելադրանքներ: Ժըպրան ընդգծեց յառաջիկայ ապրիլին գործադրութեան դրուող ինքնաշարժ վարելու օրէնքները յարգելու անհրաժեշտութիւնը ինչպէս նաեւ խուսափելու խմիչքի ազդեցութեան տակ ինքնաշարժ վարելէ եւ կամ ինքնաշարժ վարելու ընթացքին ուշադրութիւնը բջիջային գործիքին վրայ կեդրոնացնելէ: Ան նաեւ շեշտեց, թէ լիբանանեան պետութեան պարտականութիւնն է բարելաւել ճամբաներուն վիճակը, որոնք դարձեալ արկածներու պատճառ կը դառնան: Ան իր ելոյթին ընթացքին ցուցադրեց տես երիզներ, որոնց միջոցով ներկայացուց ինքնաշարժի արկածներու զոհ երթալու պատճառներն ու հետեւանքները:
Ապա վաղամեռիկ Արին Չերչեանին քոյրը` Արազ Չերչեան, ներկայացուց Արինին կեանքը` տեսերիզի մը միջոցով: Ան անգլերէն լեզուով ըսաւ, թէ Արինը միշտ ալ ծաւալած է հարուստ միութենական գործունէութիւն` ՀԲԸՄ-ի ամառնային ճամբարին, Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի Սանուց միութեան եւ ՀԵԸ-ի պարախումբին մէջ, ինչպէս նաեւ` Հայկազեան համալսարանի ֆութսալի խումբին մէջ` մինչեւ իր անսպասելի մահը, 2011 թուականին, երբ ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային յանձնաժողովը եւ ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը յարմար տեսան պարախումբը վերանուանել ՀԵԸ-ի «Արին» պարախումբ` յաւերժացնելու համար անոր յիշատակը:
Որմէ ետք, վաղամեռիկ Անթոնի Գույումճեանի յիշատակին, որ 2014 թուականին դարձեալ զոհն էր ինքնաշարժի արկածի մը, ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը: Անոր ընտանիքէն Սոնիա Տէյիրմենճեանը անգլերէն լեզուով ներկայացուց անոր կեանքը` ըսելով, թէ ան բեղուն գործունէութիւն ունեցած է ՀԲԸՄ-ի Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի Սանուց միութեան մէջ ինչպէս նաեւ` ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Անդրանիկ-Անթիլիաս մասնաճիւղի Սկաուտական Շարժումի երիցական խումբին մէջ, որուն յիշատակին համար Անթիլիասի մասնաճիւղէն շեֆ Բիւզանդ Պալիոզեանը եւ եղբայր Րաֆֆի Քէլէշեանը «Եղբայր Անթոնի» վերնագրով երգ մը գրած են:
Ապա, յայտագրի աւարտին, ՀԲԸՄ-ի Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի Սանուց միութեան անունով անգլերէն լեզուով Ռինա Կիւլվանէսեանը շնորհակալութիւն յայտնեց Լ. Ժըպրանին` իր տրամադրած սուղ ժամանակին համար, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք օժանդակեցին այս ձեռնարկի յաջողութեան: Կարմիրեան վարժարանի Սանուց միութեան անունով ծաղկեփունջ մը յանձնուեցաւ Լ. Ժըպրանին, որ ան իր կարգին զետեղեց Արինին եւ Անթոնիին նկարներուն առջեւ` իբրեւ յարգանք անոնց յիշատակին:
Շնորհաւորութիւններ ՀԲԸՄ-ի Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի Սանուց միութեան` իր կազմակերպած այս դաստիարակչական եւ յուզիչ երեկոյին համար, մաղթելով, որ նոյնանման ցաւալի դէպքեր չեն կրկնուիր: Արինին եւ Անթոնիին յիշատակը յաւիտեան անթառամ պիտի մնայ մեր սրտերուն մէջ:


