Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Նահապետը (Յակոբ Յակոբեանի Յիշատակին)

Մարտ 21, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԺԱՆ ՀԱԼԼԱՃԵԱՆ

3-21-15_Hagop-HagopianԸնդհանրապէս, մահկանացու անձնաւորութիւններ` մարդկութեան ընծայած իրենց գիւտերով, գրական արգասիքով, քաղաքական կամ զինուորական մեծ իրագործումներով գլխագիր տառերով կ՛անցնին համայնագիտարաններու լայնածաւալ էջերուն մէջ եւ, առ այդ, կ՛անմահանան:

Նոյնպէս, առաքինի մարդոց յիշատակը միշտ առկայծ կը մնայ մարդկային ընկերութիւններու յիշատակի գանձարանին մէջ, հակառակ իրենց համեստ ներդրումին, համեմատած հանրագիտարաններու այդ հսկաներու իրագործումներուն հետ:

Հանգուցեալ Ամմօ Յակոբը` «Ապու Հրաչ»-ը, կը պատկանի այն փաղանգին, որ իր բարեմասնութիւններով դարձաւ ուսանելի: Դեռ մտքիս մէջ թարմ են այն բոլոր կենդանի դրուագները, որոնք ապրած ու կիսած եմ իրեն հետ` սկսեալ Խանի օրերէն հասնելով մեր բարեկամութեան նորագոյն օրերուն: Դրուագներ ու կեցուածքներ, որոնք կու գան ամրագրելու իմ համոզումս, որ համեստներն ու բարիներն ա՛լ իրենց կարգին, արժանաւոր տեղ կ՛ունենան հաւաքականութիւններու անգիր յիշատակարանին մէջ, եւ ճիշդ անոր համար արդարօրէն կը գովերգուի անոնց յետ մահու յիշատակը:

Կարելի չէ մոռնալ անմիջական ընտանիքի առօրեայ հաւաքները, ուր տօնական օրերու խանդավառութեամբ, մաքուր ու հայկական տոհմիկ մթնոլորտի մէջ «Ապու Հրաչ»-ը, մէկ յարկի տակ մէկտեղելով զաւակները, թոռները, խնամիներն ու բարեկամները այդ օճախը միշտ շէն ու եռուն պահելու դիտաւորութեամբ, ազնիւ ճիգ մը կը թափէր, ջանալով ջատագովը հանդիսանալ հայկական տոհմիկ ընտանիքի աւանդութիւններուն, դառնալով ածուն անբասիր հայ ընտանիքի գաղափարին` հաւատալով, որ ամրակուռ հայ ընտանիքը հիմնական ազդակներէն մէկն է ազգի առողջ զարգացման ու անոր ամրակայման:

Ամէն առիթի բոլորին սէր ու միութիւն կը պատգամէր, կ՛աշխատէր գերդաստանի զաւակները միաւորել, կազմելով մէկ ամբողջութիւն, անսասան պահելու տոհմի միացեալ ուժի զօրութեան գաղափարը, փարելով «մէկը բոլորին, բոլորը մէկին» նշանաբանին: Ասպնջական այդ յարկին տակ միշտ կը խայտային` փոքրերուն ծլվլոցները պատանիներուն գրգիռը, երէցներուն սրտառուչ զրոյցները, որոնք երբեմն կառուցողական բանավէճի կը վերածուէին, հասնելու համար վերջնական եզրայանգումի, ուր ճշմարտութիւնը միշտ պիտի յաղթանակէր նոյնիսկ դառն իր վիճակով:

Երբ կը գտնուէի, այդ մթնոլորտներուն մէջ,  մտաբերէի «Հին օրհնութիւն»-ը ու յուշիկ կը կրկնէի անմահ բանաստեղծին տողերը.

Կանաչ, վիթխարի ընկուզենու տակ,
Իրենց հասակի կարգով, ծալպատակ,
Միասին բազմած,
Մի շրջան կազմած,
Քէֆ էին անում
Եւ ուրախանում
Մեր հսկայ պապերն ու մեր հայրերը`
Գիւղի տէրերը:

Ան անվարան, հպարտութեամբ կը խօսէր իր կանուխ անցեալի համեստ ու քրտնաջան օրերուն մասին` յիշատակելով դրուագներ, նկարագրելով այն համբերատար ուղին, զոր քայլ առ քայլ նուաճած էր կեանքի փշոտ ճանապարհը, ու առանց տարակուսելու` յանդգնութեամբ, նաւարկեր էր կեանքի բոլոր ափունքներով, նուաճելու իրեն համար բոլորովին նոր ասպարէզներ: Ան ունակութիւնը ունէր ամէն ինչ յիշողութեամբ ու մտային հաշուարկներով լուծելու, ու իր առողջ դատողութեամբ` զարմանալիօրէն կրցած էր վաճառականական բարդ դրոյթներ լուծել, ինչ որ առաջնորդած էին զինք շօշափելի ձեռքբերումներու:

«Ապու Հրաչ»-ը Կիլիկեան Աթոռը դարձուց սրբազան վէմի եւ համակ նուիրումով ծառայեց անոր պայծառութեան ու արեւշատութեան: «Կիլիկեան Ասպետ»-ի շքանշանը զարդարեց իր կուրծքը: Այդ մէկը երբե՛ք նիւթական պճնանքի իմաստ չունեցաւ իրեն համար: Այդ տուչութիւնը դարձուց հաւատքի ու նուիրաբերումի վահան եւ միաձուլելով զայն իր խիզախ ու խստապահանջ նկարագիրին` ապրեցաւ ու գործեց հայ ասպետի նման:

Տարբեր առիթներով, երբ հանդէս կու գար պարզելու իրավիճակներ, յանուն ճշմարտութեան, արիութեամբ տկարին տէր կանգնելու դիտաւորութեամբ, նոյնիսկ հանրային պատշաճութեան ի հաշիւ, երբեմն արդար զայրոյթով ի՛սկ, պինդ կեցուածքով կը խարազանէր անիրաւը եւ կը նզովէր յերիւրածոն:

Հանրային ու ազգային կոչերը անարձագանգ չմնացին իրեն համար, ու համապատասխան բծախնդրութեամբ իր սեւեռակէտը դարձուց անոնց իրագործումը: Ինք հոն էր, ուր լուծելիք գերխնդիր կամ անաւարտ ծրագիր կար: Իր անսակարկ ծառայութիւններով, յորդորներով միշտ բաժին ունեցաւ այդ աշխատանքներու յաջող աւարտին մէջ: Հանրօգուտ աշխատանքը իր ուղենիշը դարձուց ու կարօտեալին եւ ընչազուրկին անվարան ձեռք երկարեց, սխրագործելով ասպետական ազնուականութեամբ, աչքառու գթասրտութեամբ ու բուխ շունչով, յաճախ լո՜ւռ ու լուսարձակներէ հեռո՜ւ:

«Ապու Հրաչ»-ը` Մեր Նահապետը, դեռ երկար պիտի յիշուի Հալէպի ողջ իրականութեան մէջ:

 

 

 

Նախորդը

ՄԱՀԱԵ Միութիւն Մեծարանքի Հանդիսութիւն Վաստակաւոր Կրթական Մշակներու

Յաջորդը

«Եկեղեցին Հայկական»

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Փորձութիւն
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Փորձութիւն

Հոկտեմբեր 31, 2025
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 10-րդ Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 10-րդ Թիւը

Հոկտեմբեր 31, 2025
Փաշինեանը Պէտք Է Արտաքսել Եկեղեցիէն Եւ Ձերբակալել
Անդրադարձ

Փաշինեանը Պէտք Է Արտաքսել Եկեղեցիէն Եւ Ձերբակալել

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?