Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱՀԱԵ Միութիւն Մեծարանքի Հանդիսութիւն Վաստակաւոր Կրթական Մշակներու

Մարտ 21, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

DSC_0028211046349_621191688014706_4832644966940512884_n2«Մշակը արժանի է իր վարձքին» (Ղուկաս 10. 7)

ՄԱՀԱԵ միութեան Կեդրոնական մարմինին հովանաւորութեամբ եւ Լիբանանի հայ աւետարանական կրթական խորհուրդին նախաձեռնութեամբ, կիրակի, 8 մարտ 2015, երեկոյեան ժամը 6:00-ին Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի հանդիսութիւն եւ շքադրում վաստակաւոր կրթական մշակներու` իրենց երկարամեայ ծառայութեան առիթով:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, Հայ աւետարանական կրթական խորհուրդի ատենապետուհի դոկտ. Արտա Էքմեքճի ողջունեց ներկաները եւ յիշեցուց, թէ 1970-էն ի վեր 110 ուսուցիչներ ոսկի մետալներով եւ գնահատագիրերով պարգեւատրուած են: Ապա խնդրեց նախկին շքադրեալներէն, որ ոտքի կենան: Անոնք ծափերով գնահատուեցան:

Դեսպան Աշոտ Քոչարեան
Դեսպան Աշոտ Քոչարեան

Վեր. Հրայր Չոլագեանի Աստուածաշունչի ընթերցումին եւ աղօթքին յաջորդեց Կասիա Հաճեքեանի ասմունքը (Սարմէն` «Ուսուցիչ»): Ապա կրթական գործավար Ռոզեթ Ալեմեան-Մահսերեճեան բեմ հրաւիրեց օրուան բանախօս, Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանը, որ ըսաւ. «Հայ աւետարանական եկեղեցու կարեւորագոյն նպաստներից մէկը եղել է կրթական առողջ միջավայրի զարգացումը: Այս ոլորտում հիմնական դերը կատարել են միսիոնարները, եւ հայ աւետարանականները եղել են վերջիններիս անմիջական գործընկերները:

Քաջատեղեակ եմ, որ դեռ 19-րդ դարի կէսերին, աստիճանաբար, ամերիկացի միսիոնարների օժանդակութեամբ, աւետարանականները ստեղծել են դպրոցներ, զարգացրել հարուստ հոգեւոր եւ մտաւոր աժէքներ: Ա. Համաշխարհային պատերազմը պատճառ եղաւ կազմակերպուած դպրոցական համակարգի փլուզմանը: Սակայն հետագայում կրկին անգամ միսիոնարների շնորհիւ հազարաւոր երիտասարդներ հնարաւորութիւն ունեցան կրթութիւն ստանալու վերաբացուած ուսումնական հաստատութիւններում: Տարիներ շարունակ աւետարանական կրթական հաստատութիւնները մատուցում են գնահատելի ծառայութիւններ` նախակրթարանից մինչեւ քոլեճներ: Ներկայումս Լիբանանում գործում են 6 աւետարանական կրթական հաստատութիւններ, որոնց մանկավարժական անձնակազմերի համար կրթական գործը մնում է որպէս մնայուն աւանդոյթ»:

«Այսօր ձեզ տրւում է գնահատանք` ձեր վաստակաշատ եւ բեղմանաւոր աշխատանքին համար: Շնորհակալութիւն` ձեր անձնուրաց աշխատանքի եւ նուիրումի համար, որովհետեւ ունենալով սեփական ընտանիքներ` ձեր ջերմութիւնը, արժեհամակարգը եւ մասնագիտական հմտութիւնները փոխանցում էք աճող սերունդին եւ արժանապատուօրէն շարունակում էք հայ մանկավարժի առաքելութիւնը` դարերից եկող եւ դարեր գնացող: Մանկավարժի աշխատանքը հեշտ աշխատանք չէ, բայց դուք ուժեղ էք եւ տոկուն, դուք առաքեալներ էք կրթութեան ոլորտում, որ կարողանում էք, անկախ առկայ խնդիրներից, սփռել լոյս` գիտելիքի, հաւատի, արժէքների: Դուք նաեւ մատաղ սերունդի յենասիւնն էք, տարուող կրթական քաղաքականութեան իրական կրողը»:

«Ուսուցիչի օրուան առիթով Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանը նշեց, որ Հայաստանում ամէն օր պէտք է լինի ուսուցչի օր:

Սփիւռքահայ ուսուցիչների առաքելութիւնն իրականում կրկնակի ծանր է, աշխատելով որպէս մանկավարժ` միաժամանակ նրանք իրենց ուսերին կրում են համայնքի խնդիրների դժուար բեռը` ծառայելով հայապահպանութեան նպատակին: Այնպէս որ, Լիբանանում եւս ամէն օր կարելի է խոնարհուել ձեր ծառայութեան համար եւ նաեւ նշել ուսուցչի օրը»:

Օրուան բանախօսին խօսքէն ետք Հայ աւետարանական բարձրագոյն վարժարանի երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Շողիկ Թորոսեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի, շատ տպաւորիչ ձեւով երգեց «Իմ ուսուցիչս» երգը:

Ապա ՄԱՀԱԵՄ-ի նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան ներկաներուն փոխանցեց միութեան խօսքը:

Ան ըսաւ. «Կրթէ մանուկը իր ճամբան սկսած ատեն, որպէսզի իր ծերութեան ատեն ալ անկէ չխոտորի»: Աստուածաշնչական իմաստութեան այս խօսքը դաստիարակութեան-կրթութեան մեր հասկացողութեան ամուր հիմքերէն մէկն է: Իսկ երկրորդը ասոր հետ` «հաւատքը լսելէն է եւ լսելը Աստուծոյ խօսքէն»: Իսկ որ մարդը հասկնայ, գնահատէ եւ ընդունի իր լսածը, այսօրուան հասկացողութեամբ, այսօրուան կարիքներուն ի պատասխան, կ՛ենթադրէ, որ գրուած ու մեզի պատրաստ ու հաւատարմութեամբ աւանդուած խօսքը կարենալու է կարդալ եւ իւրացնել: Ահա թէ ինչո՛ւ Հայ եկեղեցիի կողքին միշտ ներկայ է Հայ վարժարանը: Եւ, այդպէս եղած է եւ է նաեւ Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցիին պարագան:

Հայ աւետարանական վարժարանները գոյութիւն ունին սոսկ այս նպատակով: Անոնց գոյառումին եւ շարունակութեան համար տարուած ջանքերը միշտ ալ եղած են Եկեղեցիին ամէնէն դժուար աշխատանքը: յատկապէս երբ նկատի առնենք, որ շրջան առ շրջան, մեր ժողովուրդին հաւաքական հասկացողութենէն ներս սպրդած են գաղափարներ, թէ «այդքան ալ կարեւոր չէ մեր զաւակներուն կրթութիւնը, կամ` հայեցի կրթութիւնը»: Հակառակ ընկերային, տնտեսական, աշխարհագրական թէ պատմական ճնշումներու` տակաւին հայ աւետարանական վարժարանը կը պահէ նոյն ուղղութիւնը` փորձելով ջամբել` Գիտական կարելի բարձրագոյն ուսում, Հայեցի տոհմիկ կրթութիւն եւ Քրիստոնէական հաւասարակշռուած եւ հաւասարակշռող դաստիարակութիւն:

Այսօր, մինչ յատուկ կերպով վեր կ՛առնենք մեր ուսուցիչներուն նուիրումն ու ծառայութիւնը մեր վարժարաններէն ներս, բարձր գնահատելով անոնց ներդրումը մեր զաւակներուն կեանքէն, այսինքն մեր կեանքէն ներս, մեր մաղթանքն է, որ ամէն մէկ հայ վարժարան, ամէն մէկ հայ ընտանիք ու անհատ ճանչնայ իր ուսուցիչները եւ կարենայ տեսնել անոնց սքանչելի ազդեցութիւնը մեր անձնական թէ հաւաքական կեանքին մէջ:

Մինչ այս օրերուն կը յիշատակենք Ցեղասպանութիւնը, անհրաժեշտ է, որ տեսնենք, թէ պատահական չէր, որ մեզ ազգովին լուծարքի ենթարկելու ծրագիրները սկսան գործադրուիլ հաւաքելով եւ բանտարկելով բոլոր անոնք, որոնք կրնային ուսուցիչ ըլլալ մեր ազգին: Ուրեմն, նաեւ մենք ճանչնանք մեր ուսուցիչներուն կարելիութիւնները եւ դերը այսօր, ու մանաւանդ զօրավիգ ըլլանք անոնց իրենց նուիրական, այլ ազգաշէն գործին մէջ»:

Գնահատական ջերմ խօսքերէն ետք պահը եկած էր շքադրումի եւ գնահատագիրերու յանձնումի, որ կատարուեցաւ միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի, Կեդրոնական մարմինի ատենապետ  վեր. Րաֆֆի Մսըրլեանի եւ կրթական խորհուրդի ատենապետուհի դոկտ. Արտա Էքմեքճիի կողմէ:

Իւրաքանչիւր պարգեւատրեալի մասին հակիրճ տեղեկութիւն փոխանցեց Ռոզեթ Ալեմեան-Մահսերեճեան, Լիբանանի  մէջ գործող 6 հայ աւետարանական վարժարաններէն 15 ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ պարգեւատրուեցան իրենց երկարամեայ ծառայութեան համար Գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ Սելի Սարգիսեանի դաշնամուրի վրայ նուագով («Պոէտիկ պատկեր» Էտ. Կրիք):

Շքադրուող ուսուցիչներու կողմէ հայերէնով սրտի խօսք փոխանցեց դոկտ. Արմէն Իւրնեշլեան: Ան իր խօսքը սկսաւ Պօղոս առաքեալի կորնթացիներուն գրած առաջին նամակին մէջ յիշուած տողերով. «Եթէ մէկուն շինածը կրակի դիմանայ, ենթական պիտի վարձատրուի»: Ապա շարունակեց. «Այս եւ ասոր նախորդող ու պարբերաբար կազմակերպուող պարգեւատրումները եթէ հիմնական նպատակ ունին որոշ վաստակ ձեռք ձգած ուսուցիչներու գնահատումը, մանաւանդ հայ աւետարանական կրթական դատէն ներս, ապա ատկից անդին ու վեր նաեւ հաստատումն են սփիւռքհա՛յ կրթական գործին յաջողութեան` կրակին դիմանալուն, որուն մէջ, ինչ խօսք, որ էական դեր ունինք մենք` ուսուցիչներս, աշակերտին հետ ամէնօրեայ ներկայութեամբ, փոփոխուող պայմաններուն յարմարելով ու միաժամանակ հոսանքն ի վեր թիավարելով: Հետեւաբար, շնորհակալութիւն` այս ազնիւ քայլը նախաձեռնած ու անիկա իրականութեան վերածած բոլոր մարմիններուն ու պատասխանատուներուն: Աշխատանքին վարձատրութիւնը յաւելեալ գոհունակութեան ու մղումի առիթ է:

Անցեալի կրակներուն ամէնէն բոցավառն ու համայնակուլը հարիւր տարի առաջ բռնկած հրդեհն էր, որ առաջին հայեացքով կը թուէր ըլլալ ճակատագրականը: Սակայն հայ ուսուցիչին ջրդեղած հոգեւոր ու ոգեղէն արժէքները դիմացան նոյնիսկ այդ կրակին, երբ, աւա՜ղ, նոյն խորշակը զգետնեց զանոնք կռած հազարաւոր պայծառաճակատ ուսուցիչները: Սակայն անոնց յաջորդեցին հարիւրաւորներ, որոնք տքնանքով, զրկանքով, բառ առ բառ հիւսեցին գաղութահայ դպրոցին առասպելապատումը, որ դիմացաւ ու, Տիրոջմով, պիտի՛ դիմանայ նորաբոց կրակներու»:

Արաբերէն շնորհակալական խօսքին մէջ Նաթալի Տէր Ստեփանեան-Քենտիրճեան վեր առաւ ուսուցիչներու քրտնաջան աշխատանքը եւ ընդգծեց նոր սերունդներ դաստիարակելու առաքելութեան կարեւորութիւնը:

Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի օրհնութեան աղօթքով: Ապա շքադրուողները եկեղեցիի  մուտքին ընդունեցին ներկաներուն շնորհաւորանքները: Այս առթիւ շքադրուեցան հետեւեալ ուսուցիչները` Անի Աղպաշեան, Անի Գալենտերեան, Հռութ Եունիսես, Նորա Թերզեան, Նեկտար Թիւմպերեան, Յասմիկ Թորոսեան, դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան, Աւետիս Չաքմաքեան, Սեպուհ Պոյաճեան, ժամալ Ռաշիտի, Ալիս Սարմազեան, Անի Տագէսեան, Նաթալի Տէր Ստեփանեան, Յակոբ Քելլուկեան, Անգինէ Օպէյտ:

Նախորդը

Խմբապետ Մուշեղ (1887-1956). Սասնոյ Քաջերու Արժանաւոր Շառաւիղը

Յաջորդը

Մեր Նահապետը (Յակոբ Յակոբեանի Յիշատակին)

RelatedPosts

Ուսուցչաց Տօնին Առիթով.  Վերարժեւորե՛նք Եւ Գնահատե՛նք
Գաղութային

Ուսուցչաց Տօնին Առիթով. Վերարժեւորե՛նք Եւ Գնահատե՛նք

Մարտ 9, 2023
Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ.  Լիբանանահայութիւնը Զօրակցեցաւ Արցախին Եւ Դատապարտեց Ազրպէյճանի Ցեղային Զտման Քաղաքականութիւնը
Գաղութային

Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ. Լիբանանահայութիւնը Զօրակցեցաւ Արցախին Եւ Դատապարտեց Ազրպէյճանի Ցեղային Զտման Քաղաքականութիւնը

Յունուար 26, 2023
Տագնապող Եւ Պայքարող Հայը
Գաղութային

Պետական Պաքալորիայի Լրացուցիչ Քննութիւններու Նախօրեակին Քուէթաբնակ Բարերար Կիրակոս Գույումճեան Յաջողութիւն Կը Մաղթէ 12-րդ Կարգի Հալէպահայ Ուսանողներուն

Յուլիս 25, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In