Հարցազրոյցը վարեց` Ն. Բ.



Շուրջ 6 տարի առաջ Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի կեդրոնին մէջ անուանի արուեստագէտ Արա Ազատ տուաւ մասթըր քլասի դասընթացքներ, որոնց աւարտէն ետք, «Ազդակ»-ի հետ գործակցաբար, «Փիւնիկ» սրահին մէջ կազմակերպուեցաւ դասընթացքներուն հետեւած գործերու անդրանիկ ցուցահանդէսը: Ասոր կողքին, «Ազդակ» աշակերտներուն հետ կայացած հանդիպումներով եւ զրոյցներով մնայուն նեցուկ եղաւ անոնց: Նախապէս յայտնած էինք, որ այսօր արդէն իսկական արժէքներ դարձած երիտասարդ արուեստագէտներ Յովիկ Աֆարեանը, Գօգօ Աւեսեանը, Ռոստոմ Գույումճեանը, Գէորգ Մանուկեանը, Յարութ Չէօրեքճեանը, Ալեակ Լատոյեանը, Նորայր Պուտաքեանը, Պօղոս Նազիկեանը, իբրեւ երախտագիտութիւն, իրենց գործերը նուիրեցին «Ազդակ»-ին:
Այս առիթով զրոյց մը ունեցանք արուեստագէտ Արա Ազատի եւ անոր աշակերտներէն Գօգօ Աւեսեանի ու Յովիկ Աֆարեանի հետ:
Այս նախաձեռնութեան մասին խօսելով` Արա Ազատ ըսաւ. «Նման քայլ մը առին` իրենց երախտագիտութիւնը յայտնելու այն շրջանակին, որ ընդունեց զանոնք, քաջալերեց, արժէք տուաւ, տեղ ու ժամանակ տրամադրեց, երբ տակաւին իրենց առաջին քայլերը կ’առնէին, իսկ այսօր, երբ իրենք կայացած են, կու գան իրենց շնորհակալութիւնը յայտնելու եւ իրենց գործերէն տրամադրելու այն կառոյցին, որ վստահեցաւ իրենց եւ իրենց ճամբուն ընթացքին շարունակեց իրենց հետ ըլլալ»:
«ԱԶԴԱԿ».- Տարիներ առաջ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ մասթըր քլասի դասընթացքներ տուիք. խօսինք նման դասընթացքի մը կարեւորութեան` անդրադառնալով դասարանէն դուրս եւս աշխատանքի շարունակականութեան անհրաժեշտութեան, մանաւանդ որ ինչպէս գիտենք, բոլոր աշխատանքներուն նման, ասիկա եւս հետեւողականութիւն կ’ենթադրէ` իսկական յաջողութեան հասնելու համար: Մասթըր քլասի դասընթացքները ինչո՞ւ կարեւոր են արուեստագէտ դառնալու ճամբուն վրայ եղողներուն համար:

ԱՐԱ ԱԶԱՏ.- Ամէնէն կարեւոր, հիմնական ծրագիրները, որոնք ծնունդ առած են, յաջողած կամ ձախողած են, ծնունդ են կարեւոր պահուան մը տրուած որոշումին: Տակաւին շատ յստակ կը յիշեմ, որ «Թորոս Ռոսլին»¬ի աւարտական հանդիսութիւն-ցուցահանդէսին գացած էի, եւ նկատի ունենալով, որ զուգադիպաբար ներկայ էի, օրուան Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Լատոյեանը առաջարկեց, որ վկայականներու յանձնումը ես կատարեմ: Տարիներու ընթացքին անոր հետ յաճախակի հանդիպումներու մէջ էի, անոնցմէ մէկուն ընթացքին առաջարկեց կեդրոնը տրամադրել, անհրաժեշտ պայմանները ապահովել, որպէսզի աւելի մեծ թիւով աշակերտներու կարենային դասեր տալ, նկատի ունենալով, որ իմ արուեստանոցս միայն երեք հոգիի բաւարար էր: Այդպիսով ընթացք առաւ ծրագիրը:
Երբեմն կը լսէք, որ գծագրութիւն մը 6 ամիս-մէկ տարի տեւեց մինչեւ աւարտի. հարցումս հետեւեալն է. այդ 6 ամսուան կամ մէկ տարուան ընթացքին եթէ ժամացոյցով ճշդենք այն տեւողութիւնը, երբ վրձինը նկարին կը դպչի ու կը վերցուի, ապա կրկին ներկը կը խառնուի ու կը գծուի, պիտի տեսնենք, որ մէկ տարուան ընթացքին հաւանաբար 1-2 կամ 10 ժամ առած է նկարին ծնունդը եւ ոչ թէ իսկապէս մէկ տարի ամբողջ: Մասթըր քլասը իսկապէս գծագրութեան տրամադրուած ժամերը հաշուող այդ ժամացոյցն է:

Ըսեմ նաեւ, որ մասթըր քլասի աշակերտները ընտրուած աշակերտներ են` իրեն ըրած գործերուն հիման վրայ, որոնք ոչ թէ բացառիկ բաներ պէտք է ըլլան, այլ հոն նկատելի պէտք է ըլլայ ներուժի, տաղանդի գոյութիւնը: Այս դասընթացքին բուն նպատակը կէս ճամբուն անոնց հանդիպիլ է, անդրադառնալ առկայ կարողականութեան եւ օժանդակել անոնց զարգացման: Անիկա կարեւոր է, որովհետեւ աշխուժ է, անմիջական, նաեւ շատ անհրաժեշտ է դասընթացքի ժամերէն դուրս եւ անոնցմէ ետք անընդհատ հետեւիլ աշակերտներուն` առանց ժամանակի սահմանափակումի, որովհետեւ իւրաքանչիւրը արժանի է իմ ուշադրութեանս, որովհետեւ աշխատանոցէն ներս, անկէ դուրս, տարբեր երկիրի մէջ, ամէնուրեք պէտք է հետեւիմ իրենց: Այս արժէքներուն կարեւոր ըլլալուն եւ զանոնք շատ կարճ ժամանակի մէջ մշակելու դժուարութեան յաղթահարման համար կարիք կայ շարունակականութեան: Փորձառութեան պակասին, վհատութեան, յուսախաբութեան, անգիտութեան բոլոր դժուարութիւնները կրնան ցցուիլ արուեստի բնագաւառին մէջ առաջին քայլերը նետողին դիմաց, սակայն հետեւողականութեամբ, շարունակական նեցուկով այս բոլորը կարելի է դիւրութեամբ յաղթահարել եւ շարունակել երթը: Եթէ չըլլայ շարունակականութիւնը, կարողականութեան եւ տաղանդի կորուստ կրնայ արձանագրուիլ: Պէտք է ընտրուած աշակերտներ ըլլան, ընտրութեան հիմքը իրենց արժէքներուն անդրադառնալն է: Եթէ նոյնիսկ որեւէ մէկ գործ ալ ներկայացուցած չըլլան, եթէ ունին թթխմորը, անոնց մէջ արդէն իսկ կը ցայտի տաղանդն ու կարողականութիւնը: Կորուստը կը վերցուի, եթէ անդրադարձ կատարուի, որ այս անձերուն կարողականութիւնը, տաղանդը մեծ արժէք են արուեստի, կեանքի ու ազգային գետնի վրայ:
«ԱԶԴԱԿ».- Հիմա աւելի մասնաւորելով` խնդրեմ խօսինք քեզի հետ աշխատած այս սերունդին մասին:

Ա. Ա.- 6 տարի առաջ նկատելի դարձաւ այս տղոց մօտ առկայ կարողականութիւնն ու ներուժը, տաղանդն ու արուեստի նկատմամբ ունակութիւնը, իսկ տարիներու ընթացքին իրենք փաստեցին այս բոլորը, փաստեցին, որ իրենք արժէքներ են` մասնակցելով արժէքաւոր ցուցահանդէսներու, Լիբանանի մէջ թէ անկէ դուրս յաճախելով որակաւոր համալսարաններ, տիրանալով անվճար ուսանելու առիթներու, հայ թէ օտար արուեստի գործեր հաւաքորդներու հաւաքածոյին մէջ ունենալով իրենց գործերը: Շատ կարեւոր է, սակայն, անմիջական շրջանակին ցուցաբերած վերաբերումը, քաջալերանքը. այս տղոց առաջին գործերու հաւաքորդը հայ մըն էր` Շահէ Պարսումեան, որ արուեստի շատ արժէքաւոր գործերու հսկայական հաւաքածոյ ունի, երիտասարդ արուեստագէտներէն մէկը Լիբանանէն դուրս մեծ տպաւորութիւն ձգած է իր անմիջական գաղութին մէջ եւ անկէ դուրս` թէ՛ Պոսթընի մէջ եւ թէ՛ Քալիֆորնիոյ: Ուրիշ մը Նիւ Եորք ունիվըրսիթի ընդունուեցաւ, այլ երիտասարդ մը Մասաչուսեցի դպրոցներուն առաջնութիւնը շահեցաւ, ուրիշ մը Սան Ֆրանսիսքօ արթ ինսթիթիուտ ընդունուեցաւ եւ ուսանեցաւ հոն:
«Ա.».- Հետաքրքրական է, որ հաւաքական կարգ մը ցուցահանդէսներու, որոնց դուն մասնակցած ես, նաեւ, քու միջնորդութեամբդ, մասնակցութիւն բերած են քու աշակերտներդ` երիտասարդ արուեստագէտները: Ասիկա` ոմանց կողմէ ընդունուած երեւոյթ չէ, չեն ուզեր, որ ուսուցիչն ու աշակերտը նոյն ցուցահանդէսին մասնակցին: Դուն տարբեր կը մտածես այս առումով:

Ա. Ա.- 20 տարբեր արուեստագէտներու մասնակցութեամբ կայացած այդ հաւաքական ցուցահանդէսին, որուն ընթացքին ցուցադրուած էին նշանաւոր արուեստագէտներու գործեր, ես շատ մեծ հպարտութեամբ, ուրախութեամբ եւ հաւատքով, որ երիտասարդ արուեստագէտներուն գործերը արժանի էին նման ցուցահանդէսի ներկայացուելու, այս նախաձեռնութիւնը կատարեցի: Փաստօրէն, անոնցմէ մէկուն գործերը շատ մեծ հաւաքորդներուն կողմէ գնուեցան: Ի վերջոյ դպրոց մը յաջող է այնքան, որքան իր աշակերտները, նոյնն է պարագան ուսուցիչին: Ասիկա` Պէյրութի մէջ, իսկ Պոսթընի գեղարուեստի թանգարանը երեք տարուան ընթացքին նոր սերունդի պատկանող 5 արուեստագէտներու ամբողջական կրթաթոշակ տուաւ, չորս տարի կ’ուսանին առանց ոչ մէկ դահեկան վճարելու, իւրաքանչիւր տարուան ծախսը նուազագոյնը 100 հազար տոլարի չափ է: Ուրախ եմ ըսելու, որ 5 աշակերտներէն չորսը իմ աշակերտներս էին, որոնց ընտրութեան մէջ ոչ մէկ ձեւով կապ ունէի: Անոնք ընտրուած էին շուրջ 800 արուեստագէտներէն: Ըսեմ նաեւ, որ չուզեցի տղաքը ապրին այն դժուարութիւնները, ենթարկուին այն պայմաններուն, որոնց դէմ յանդիման գտնուեցայ ես ժամանակին, որովհետեւ օրին չկային մարդիկ, որոնք կ’անդրադառնային արժէքներու գոյութեան:
«Ա.».- Ինչպէ՞ս տեղեկացար, որ նման մասթըր քլաս կազմակերպուած է, քու կեանքիդ մէջ այս դասընթացքը, ուսուցիչին կողմէ հետեւողականութիւնը, ձեր միջեւ կապի շարունակականութիւնը ի՞նչ անդրադարձ ունեցան քու արուեստիդ վրայ, որպէսզի դուն այս բնագաւառին մէջ հասուննաս, դուն քու արուեստդ աւելի լաւ հասկնաս ու ստեղծագործելու իմաստով նորանոր հեռանկարներ ունենաս:

ԳՕԳՕ ԱՒԵՍԵԱՆ.- Համազգայինի մէջ թէեւ դասընթացքները շատ երկար չէին, սակայն խորքին մէջ շարունակականութիւնն էր, որ յաջողութեան առաջնորդեց ու արդիւնաւէտ եղաւ: Մնայուն կապը մեծապէս օգնեց, որ այս ուղիին վրայ յառաջդիմենք: Սկզբնական շրջանին Արա Ազատին տուած ցուցմունքները դժուար կը հասկնայի, որովհետեւ այդ կարողականութիւնը չունէին, սակայն իր տուած ուղղութիւններով, գործ մը աւելի երկար ու կեդրոնացած դիտելով` ժամանակի ընթացքին արդէն իսկ ամէն ինչ աւելի պարզ դարձաւ:
Կը գծեմ, եթէ ըսելիք ունենամ, փոխանցելիք ունենամ: Գծելու ընթացքը աւելի շատ հոգեկան է, ընթացք մըն է, որ կը սկսի, սակայն յաճախ աւարտ չ’ունենար, սկիզբն է կարեւորը… Վայրկեանները իրաւ են, նախապէս այդքան հանգիստ չէի զգար, որքան հիմա, գործի ընթացքին շատ ուրախ եւ հանգիստ կը զգամ, աւելի ինքնավստահութիւն կայ մէջս:
ՅՈՎԻԿ ԱՖԱՐԵԱՆ.- 16-17 տարեկան էի, ներքնապէս փափաք ունէի երթալու եւ ձիրքերս ու կարողութիւնս կատարելագործելու: Զուգադիպութիւն էր, որ այդ հանգրուանին Արա Ազատը մասթըր քլաս կու տար: Մտայ աշխատանոց, ինք հոն էր, հարցուց, թէ ինչպէ՞ս զիս պիտի ընդունի, եթէ ես հետս ոչինչ, ոչ մէկ գործ ունէի, ինչպէ՞ս պիտի ճանչնար զիս: Պատասխանեցի, որ եթէ ինքնավստահ չըլլայի, չէի գար եւ չէի ուզեր սորվիլ:
ԱՐԱ ԱԶԱՏ.- Երբ տեսայ, որ Յովիկ Աֆարեանը եկած էր առանց իրեն հետ ստեղծագործութիւն մը ունենալու, խնդրեցի իրմէ, որ սպասէ, եւ մենք միասնաբար ուրիշներուն գործերուն նայինք: Միւսներուն ստեղծագործութիւնները դիտած ատեն իր անդրադարձը, հակազդեցութիւնները արդէն յուշեցին, որ ան պէտք է այս դասընթացքին հետեւի եւ այս ուղին շարունակէ:

ՅՈՎԻԿ ԱՖԱՐԵԱՆ.- Մասթըր քլասը մեծապէս օգտակար դարձաւ ինծի. երբ աւարտեցան դասերը, մեր հանդիպումները աւելի յաճախակի դարձան, միշտ կը հանդիպէինք, ցուցումներ կու տար Արա Ազատը: Կարելի է ըսել, որ իմ ամէնէն մօտիկ առաջնորդներէս մէկը հանդիսացաւ Արա Ազատը:
«Ա.».- 6 տարի առաջ գծածներուդ եւ ներկայիս գծածներուդ միջեւ ի՞նչ տարբերութիւն կը զգաս: Կարեւոր ցուցահանդէսներու մասնակցութենէն ի՞նչ փորձառութիւն շահեցար, յատկապէս` լիբանանեան արուեստի շրջանակներուն բացուելու իմաստով:
Յ. Ա.- Մեծ է տարբերութիւնը, այսօր աւելի հասունցած եմ, սկիզբը զգացումները աւելի սկսնակի էին, երիտասարդական, իսկ հիմա աւելի տարբեր է ամէն բան:
Ցուցահանդէսի մասնակցութիւնը շատ կարեւոր էր, դրական ներուժ եւ տպաւորութիւններ ունեցայ անձնապէս, ինչպէս նաեւ այլ կայացած արուեստագէտներու հետ կապը մեծ փորձառութիւն շահելու առիթներ տուաւ:
Գ. Ա.- Ցուցահանդէսին նախապատրաստական աշխատանքները շատ կարեւոր էին, երկու շաբաթ տեւած այդ աշխատանքը ինքնին մասթըր քլաս էր: Գործերու շարունակականութիւնը, շարքը, միւսներուն հետ ներդաշնակութիւն, համերաշխութիւն, ստեղծագործութիւնը ո՛ւր դնել եւ ինչո՛ւ տուեալ վայրը տեղադրելը արդէն դասեր էին:

Այս առիթով հեռաձայնային զրոյց մը ունեցանք նաեւ Գէորգ Մանուկեանին հետ, որ արուեստի արհեստավարժ ուղին կը շարունակէ Միացեալ Նահանգներու մէջ. մասթըր քլասէն ունեցած իր փորձառութեան մասին խօսելով` ան յայտնեց. «Ատիկա ամէն ինչի սկիզբ էր, իսկ Արա Ազատի հետ ծանօթութիւնը շատ բան փոխեց գծագրական աշխարհիս մէջ, սկսայ ես ինծի գտնել, գործս սկսաւ աւելի շատ ինծի նմանիլ: Հիմա, որ արդէն արուեստի մէջ որոշ տեղ մը հասած եմ, ատիկա կը պարտիմ Արա Ազատին, նաեւ կար արժէքաւոր ընկերներու շրջանակ մը: Արա Ազատէն սորվեցայ ազատութիւնը, ինչ որ շատ կարեւոր է իւրաքանչիւր անհատի համար»: Մարդ ազատութեամբ պէտք է ապրի, ազատ շնչէ եւ ազատօրէն ստեղծագործէ:
«Ա.».- Տղոց գործերուն մէջ ի՞նչ տարբերութիւն կը զգաս իբրեւ ուսուցիչ` սկզբնական հանգրուանն ու ներկան նկատի ունենալով:
Ա. Ա.- Հիմա երբ իրենց հետ կը խօսիմ, գործերուն մասին կը խօսիմ, կը դիտեմ իրենց ստեղծագործութիւնները, ուրախութեամբ կը գիտակցիմ, որ արուեստագէտի գործեր կը տեսնեմ, այլապէս իրենք պիտի չկարենային հաւաքական նշանաւոր ցուցահանդէսներու մասնակցիլ: Սկիզբը իրենց գործերը հետաքրքրական էին, ոգեւորիչ տարրեր ունէին, վրձինի հարուածներուն մէջ կար կարողականութիւնը, սակայն երբ հիմա կը նայիմ իրենց գործերուն, կը նկատեմ, որ հոն դրուած հետքերը արուեստագէտի դրօշ կը կրեն:
«Ա.».- Զրոյցին սկիզբը անդրադարձանք մամուլին, լրատուամիջոցներուն ունեցած դերակատարութեան` իբրեւ նեցուկ: Կը կարծե՞ս, թէ արուեստի ուղին սկսողներուն համար այդ միջոցները իրենց դրական ազդեցութիւնը ունին:

Ա. Ա.- Շատ կարեւոր էր այս կառոյցներուն օժանդակութիւնը, որովհետեւ անոնց միջոցով երիտասարդները աւելի ծանօթ դարձան, կրցան իրենց գործերը ներկայացնել հանրութեան շատ աւելի արագօրէն, ընդունուած եւ յարգուած միջավայրի մէջ: Հայկական մամուլը մեծ կարեւորութիւն ունէր, որովհետեւ կը հաւատամ, որ մեր ամէնէն մօտիկն է, որ պիտի կարենայ դրական կամ ժխտական ազդեցութիւն ունենալ: Այս ներդրումը կարեւոր էր երիտասարդներուն ուսման կեանքին մէջ, որովհետեւ պատուհան մըն էր դէպի շրջապատ, որ այս պատուհանին միջոցով կրցաւ տեսնել նոր արժէքներուն գործերը, ասիկա իսկական նեցուկ է: Ասիկա նաեւ թիկունք եւ օժանդակութիւն է ինծի` իբրեւ ուսուցիչ, որովհետեւ իմ կողմէս որդեգրուած տղաքը քաջալերելը նաեւ հաւատք կը բովանդակէ ինծի նկատմամբ:
Այս պատճառով է, որ տղաքը իրենց գործերով կ՛ուզեն իրենց նեցուկ կանգնած «Ազդակ»¬ին հետ բաժնեկցիլ իրենց յաջողութիւնը` իրենց գործերուն ընդմէջէն:
«Ա.».- Իբրեւ ուսուցիչ եւ առաջնորդ, արուեստի ուղիին վրայ որոշ ճամբայ կտրած երիտասարդ արուեստագէտներուն ի՞նչ խորհուրդ կու տաս, որպէսզի կարենան յաջողութեամբ շարունակել երթը:
Ա. Ա.- Յաճախ կ՛ըսեմ իրենց, որ գլուխ գործոց ստեղծագործութիւն գոյութիւն չունի. յաճախ կը կարդանք մեծ արուեստագէտներու պատմութիւններ, թէ իրենց արուեստանոցները այրած են, գործ մը կտրտած են, որովհետեւ կարծած են, թէ իրենց գլուխ գործոցին ծնունդ տուած են, ուրեմն յաջորդ օրը արթննալու կարիք չկայ, որովհետեւ իրենց ամբողջ կեանքը պիտի շարունակեն անարժէք կերպով: Սակայն ասիկա մէկ անգամ կը պատահի, որովհետեւ երբ նոր գործ մը ստեղծագործած են, գիտակցած են, թէ նոր գործը նոյնքան տպաւորիչ է, որքան անիկա, որուն համար գլուխ գործոց ըսած էին: Արուեստագէտին համար գլուխ գործոցը, որ իր միակ գլուխ գործոցն է, այդ ալ իր ստեղծագործական կեանքն է, ապրիլ եւ արարել իբրեւ արուեստագէտ…