ՄԱՐԱԼ ՊԱՂՉԷՃԵԱՆ-ՂԱՐԻՊԵԱՆ
 (Նուիրուած` բոլոր հայ ուսուցիչներուն եւ մասնաւորաբար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կրթական-հայագիտական բաժանմունքի արեւմտահայերէնի խտացեալ դասընթացքի ուսուցիչներուն)
(Նուիրուած` բոլոր հայ ուսուցիչներուն եւ մասնաւորաբար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կրթական-հայագիտական բաժանմունքի արեւմտահայերէնի խտացեալ դասընթացքի ուսուցիչներուն)
Սիրելինե՛ր,
Կ՛ողջունենք ձեզ, իւրաքանչիւրդ մէկ-մէկ եւ մեր երախտագիտական զգացումները կը յայտնենք ձեզի: Վարձքերնիդ կատար, խոնարհ հերոսներ եւ ազնիւ մշակներ, դուք, որ մեզի կը փոխադրէք հայրենի աշխարհ, Արարատեան աշխարհ, Երեւան, Դիլիջան թէ Գիւմրի, հին ժամանակներէն մինչեւ ներկայ Հայաստան:
Մեր դասապահերու ընթացքին կ՛ապրինք Ոսկեդարը, Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եւ իր աշակերտները կը տողանցեն մեր երեւակայութեան մէջ… Կորիւն Սքանչելի, Ղազար Փարպեցի, Մովսէս Խորենացի, Նարեկացի կը վերածնին… Արծաթէ դար, միջնադար, զարթօնք, իրապաշտ եւ գեղապաշտ սերունդի մշակները կը վերակենդանանան: Գրաբարը մատչելի եւ հաճելի կը դառնայ պրն. Քրիստափոր Միքայէլեանին հետ. քերականութիւնը իր անթերի կառոյցով հասկնալի` օրդ. Գեղանի Էթիեմեզեանին հետ. արեւմտահայերէնի պատմութիւնը (ոսկեդարէն, միջին դար եւ ներկայ ժամանակ) հետաքրքիր եւ օգտաշատ զրոյց սիրելի պրն. Ժիրայր Դանիէլեանին հետ. ուրիշ հաճոյք է գրականութիւնը եւ գրական ոճերու վերլուծումը` պրն. Սարգիս Կիրակոսեանին հետ. հապա՞ պրն. Կարօ Յովհաննէսեանի դասապահերը… Յոգնիլ չի գիտեր պրն. Կարոն, որուն գիտելիքները անսպառ են եւ օգտաշատ: Անխոնջ աշխատող:
«Մեր ճակատագրին մէջ դառնագոյնը թերեւս այն է, որ հայուն անծանօթ կը մնայ… հայը, որ հայը ինքզինք չի ճանչնար, անտեղեակ է իր փարթամ պատմութեան, այն փառահեղ անցեալին, զոր կերտած եւ իբրեւ ժառանգութիւն մեզի ձգած է մեր արի, հոգիով հզօր ու մտքով հանճարեղ ցեղը»… կ՛ըսէ ան: Իրեն հետ ուսուցչութիւնը գիտութիւն է, փիլիսոփայութիւն , արուեստ եւ նուիրում:
Տագնապ մը, որ միաժամանակ տագնապն է մեր ժամանակներու մեծագոյն Ուսուցիչին, Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Ա. շնորհազարդ կաթողիկոսին, որ արժանի ժառանգորդն է Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի տեսլականին` փրկելու համար մեր փառապանծ ազգը` իր այբուբենով եւ մշակոյթով:
Կաթողիկոսարանի շրջափակէն ներս մենք կ՛ապրինք այս պահերը. այս թանկագին ժամերը մեզի տրամադրելուն համար, մեր երախտագիտական զգացումները նաեւ` ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառին:
Եւ կը խոստանանք, սիրելի՛ ուսուցիչներ, մեր գրականութեան մեծ ուսուցիչ եւ ռահվիրայ Ս. Կապուտիկեանի ուխտով, թէ ո՛ւր ալ ըլլանք, պիտի մնանք հաւատարիմ մեր մայրենիին եւ մշակոյթի գանձարանին:
Որովհետեւ, շնորհիւ ձեր նման վաստակաւոր մշակներու, մեր հոգիները ըմբոշխնած են պատգամը մեծ գրագիտուհիին….
| «Ու տես որդիս, ուր էլ լինես, | |
| Էս լուսնի տակ ուր էլ գնաս | |
| Թէ մօրդ անգամ մտքից հանես | |
| Քո մայր լեզուն չմոռանաս…» | 
9/3/2015
Պէյրութ
 
			

