Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրանիկ Ծառուկեան… Մանկութիւն Չունեցող Յեղափոխականը

Մարտ 23, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՌՈՒԲԷՆ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ

3-23-15_Zaroukian-antranikՇուրջ 12 տարիներ առաջ Հայ դատի եւ հայ գրականութեան ուսուցիչս` պրն. Մուշեղ Գարագաշեանը զիս ծանօթացուց Անդրանիկ Ծառուկեանի էջերուն. նախ` «Մանկութիւն չունեցող մարդիկ» գլուխ գործոցին, եւ յետոյ` «Թուղթ առ Երեւան» սքանչելի բանաստեղծութեան, որոնք շուտով եղան իմ նախասիրած երկու գրական գործերը եւ առիթը տուին, որ աւելի մօտէն հետեւիմ հայ գրականութեան:

Եղեռնէն ետք հայ գրականութեան լաւագոյն գրողներէն, բանաստեղծ, արձակագիր, խմբագիր, հրատարակիչ, հրապարակախօս Անդրանիկ Ծառուկեան ծնած է 1913-ին, Սեբաստիոյ նահանգին Կիւրին քաղաքին մէջ:

Ծառուկեան` Յեղափոխականը

Մեր անցեալի յեղափոխական սերունդէն էր Ծառուկեան եւ իր արեան մէջ կը կրէր յեղափոխական ոգին: Եղեռնէն կու գար, ու ան ապրած էր որբանոցի դժուար կեանք մը: Այս կեանքի պատճառով է, որ Ծառուկեան դիմեց հայ գրականութեան: Հայերէն գիրք ու թերթ կարդալը իրեն համար եղան ոչ միայն հաճոյք, այլ նաեւ` պահանջ: Ան գրեց բանաստեղծութիւններ` պանդուխտ հայու կեանքը նկարագրելով, որոնց ընդմէջէն ըսաւ կրակոտ եւ կարօտի խօսքեր: Իր ամենայայտնի բանաստեղծական գործերը եղան «Թուղթ առ Երեւան»-ն ու «Ուխտ Արարատին»-ը:

Ան գրեց արձակ էջեր ու խենթանալիք մանրամասնութեամբ նկարագրեց որբանոցային կեանքը` փաստելու համար, որ հայը դժոխքէն իսկ կրնար վերապրիլ: Ան եղաւ խմբագիր ու խօսեցաւ ոչ միայն հայ ժողովուրդին ցաւերուն մասին, այլեւ ցոյց տուաւ, թէ սփիւռքի պայմաններուն տոկալու միակ ճամբան հայրենիքն է` պետական ի՛նչ կարգ ալ տիրէ հոն: Ծառուկեանը հաւատացած էր, որ բոլոր բարիքները կրնան ծնիլ հայրենի հողէն:

Ծառուկեան եղած է դաշնակցական եւ ղեկավար: Իր կազմակերպական գործունէութեան մէկը կարելի է համարել Մերձաւոր Արեւելքի հայ գրողներու համագումարը, որ արձանագրեց մեծ յաջողութիւններ: Ան ըմբոստ մըն էր եւ յեղափոխական մը, ու անոր յեղափոխական ոգին զգալիօրէն ներկայ է իր բոլոր գրութիւններուն մէջ: Հայ, հայութիւն, հայ գիր եւ հայ մշակոյթ բառերը միշտ բարձր հնչեցին իր գրականութեան մէջ: Ծառուկեանի կուսակցական գործունէութեան կեանքը դադրեցաւ կուսակցութենէն հեռացումով, 1956-ին, առանց կորսնցնելու իր յեղափոխականի նկարագիրը:

1944 թուականին Գէորգ Աբով, խորհրդահայ բանաստեղծ, կը գրէ «Մենք չենք մոռացել» խորագրով, կարճ, 6 տուներէ բաղկացած բանաստեղծութիւն մը, որուն տողերուն մէջ ան կը մեղադրէ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնն ու անոր անդամները` իբրեւ հայ ազգի ու ժողովուրդի ամենամեծ դաւաճաններն ու ոճրագործները:

3-23-15_janbazian2Աբովի բանաստեղծութիւնը ուղղակի խանգարած է Ծառուկեանը: Ի պատասխան «Մենք չենք մոռացել»-ին` 1945 թուականին ան գրած է երկարաշունչ «Թուղթ առ Երեւան»-ը: Թէեւ Գէորգ Աբովին բանաստեղծութիւնը ուղղուած էր ամբողջ կուսակցութեան, Ծառուկեան իր անձին վրայ առած է բոլոր վատ խօսքերը, ու այդ հասկացողութեամբ ալ որոշած է պատասխանել Աբովի ամբաստանական բանաստեղծութեան: Օրինակ, հետաքրքրական է, որ բանաստեղծութեան առաջին քանի մը էջերուն մէջ

Ծառուկեան կը գրէ.

«Հայրենի երկրից դու ինձ ես յիշել,
Ինձ գիր ես գրել բառերով հատու,
Ու բառերիդ մէջ դրել ես կրակ…»

Աբով ոչ մէկ ակնարկ ըրած է Ծառուկեանին, ոչ ալ ուղղած է բանաստեղծութիւնը իրեն: Ծառուկեանը, որպէս դաշնակցական, պարզապէս պարտականութիւնը յանձն առած է պատասխանելու եւ լռեցնելու Աբովը: Ծառուկեան անհրաժեշտութիւնը զգացած է ցոյց տալու սովետամէտ եւ հակադաշնակցական մտաւորականներուն որ սփիւռքի հայութիւնը մեծ զոհողութիւններ կ՛ընէ պահպանելու հայ գիրն ու գրականութիւնը, մշակոյթն ու աւանդութիւնները օտար ափերու վրայ:

«Թուղթ առ Երեւան»-ը Ծառուկեան կ՛ուղղէ Աբովին եւ խորհրդահայ մտաւորականութեան ընդհանրապէս: Ան կը հրաւիրէ զանոնք քաղաքական-քարոզչական մղումներէ հեռու մնալու եւ արդարօրէն գնահատելու մօտիկ անցեալը` Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնն ու անոր փառապանծ ղեկավարները, որոնք կերտեցին անկախ պետականութիւն 1918 թուականին, արձանագրելով փայլուն յաղթանակներ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի ճակատներուն վրայ:

Ծառուկեան կը բաղդատէ Հայաստանի ազատագրական շարժման գործիչներն ու ֆետայիները` հայ առասպելական եւ միջնադարեան հերոսներու եւ զօրավարներու հետ, ինչպէս` Հայկ նահապետին, Սասունցի Դաւիթին եւ Մամիկոնեաններուն: Ոչ միայն կը բաղդատէ, այլ նմանութիւններ կը գտնէ ու կը համեմատէ. նոյն կարեւորութիւնը կու տայ անոնց:

Հետաքրքրական է նաեւ, որ Ծառուկեան, իբրեւ արեւմտահայ գրագէտ, որոշած է գրել «Թուղթ առ Երեւան»-ը արեւելահայերէնով: Այս փաստ է, որ ան ուզած է, որ ժամանակակից Հայաստանի մտաւորականութիւնը ոչ միայն կարդայ բանաստեղծութիւնը, բայց նաեւ ամբողջութեամբ հասկնայ ամէն մէկ բառ, ամէն մէկ գաղափար:

Որբէն` Գրագէտ

3-23-15_janbazian1Ծառուկեան անցուցած է որբանոցային տխուր կեանք մը Հալէպի մէջ, կեանք մը, որ մանրամասնութեամբ կը նկարագրէ «Մանկութիւն չունեցող մարդիկ» հատորի պատմուածքներուն մէջ: Որբանոցի օրերուն գտած է Եղեռնէն հրաշքով վերապրած մայրը` տիկին Երանիկը: Այնուհետեւ աշակերտած է Հալէպի Հայկազեան վարժարանը եւ շրջանաւարտ եղած 1928-ին: 1930-34 թուականներուն յաճախած է Պէյրութի Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» Ճեմարանը, ուր ուսանողութեան շրջանին հրատարակած է «Մոխրաման» անունով վէպը:

Գրական իր սկզբնական էջերը հրատարակած է 1931-ին` աշխատակցելով արտասահմանեան մամուլին: Առաջին գործը` «Եղերաբախտ քերթողներ», Վ. Խաժակ գրչանունով, իսկ «Առագաստ» քերթուածներու հատորը, «Մանկութիւն չունեցող մարդիկ» կենսավէպը որբանոցային կեանքէն եւ «Թուղթ առ Երեւան» երկարաշունչ քերթուածը` 1935-1955:

1947-ին Հալէպի մէջ կը հաստատէ տպարան «Նայիրին», ուր կը հրատարակէ «Նայիրի» պարբերաթերթը եւ «Արեւելք» օրաթերթը, որուն խմբագիրներէն մէկն էր ու իր գրած խմբագրականներով կը դրսեւորէր կազմակերպուած Հայաստան ներգաղթին անօրինական քայլերը եւ ստախօսութիւնները: Հետաքրքրութեամբ կը կարդացուէին նաեւ «Արեւելք»-ի մէջ իր գրած Պիծակ ստորագրութեամբ գրութիւնները, որոնց ընդմէջէն կը խայտառակէր օրուան հրապարակախօսութիւնները:

Ծառուկեանի ամէնէն հետաքրքրական յատկանիշներէն մէկը այն էր, որ կրնար ճամբու նոթ մը վերածել գեղեցիկ գրականութեան իր գործածած լեզուի հմայքովը: Օրինակ` «Հին երազներ, նոր ճամբաներ» գիրքը գրած է 1960-ին, Հայաստանէն ստացած իր տպաւորութիւններուն մասին:

Անդրանիկ Ծառուկեանը յետեղեռնեան կամ, ինչպէս կը կոչուի, «վերյայտնութեան սերունդի» ամէնէն տաղանդաւոր քերթող ու արձակագիրներէն է: 1930-1980, յիսուն տարուան շրջանի Հայ գրական կեանքին մէջ ան կը յատկանշուի իբրեւ լուսաւոր դէմքերէն մէկը: Անոր գեղարուեստական որակով լեցուն բանաստեղծութիւններն ու արձակները նոյնքան արժէքաւոր եւ ազդեցիկ են, որքան` իր քննադատական ոճը: Անոր գրականութիւնը եղաւ սրատես, սրամիտ եւ լեցուն գեղագիտական հակումներով:

Ծառուկեան նաեւ գրած է Ռուբէն Սեւակի մասին «Սէրը Եղեռնի մէջ», հրատարակուած 1987-ին եւ արժանացած` Ռուբէն Սեւակի անուան մրցանակին: «Երազային Հալէպը»` 1979-ին, եւ «Վերջին անմեղը»` 1980-ին: Յետ մահու հրատարակուած են` «Սփիւռքի տասնամեակներ», «Առկայծող հայեր Եւրոպայի լոյսերուն մէջ», «Մեծերը եւ միւսները» եւ «Ամերիկեան կողմն աշխարհի» գիրքերը:

Մանկութիւն Մը` Առանց Մանկութեան

«Մանկութիւն չունեցող մարդիկ»-ը ինքնակենսագրական վէպ մըն է եւ Ծառուկեանի ամէնէն յայտնի գործը: Գիրքը կը բաղկանայ իրարու թեթեւօրէն կապուած պատմուածքներէ, ուր հեղինակը կը պատմէ իր որբանոցային կեանքը: «Մանկութիւն չունեցող մարդիկ»-ը սփիւռքահայ գրականութեան ամէնէն ծանօթ գիրքերէն է եւ արժանացած է բազմաթիւ վերահրատարակութիւններու` թէ՛ սփիւռքի զանազան գաղութներու եւ թէ՛ ալ Հայաստանի մէջ: Հետաքրքրական է, որ հարցազրոյցի մը ընթացքին Ծառուկեան կ’ըսէ, թէ «Մանկութիւն չունեցող մարդիկ»-ը իր նախասիրած գիրքն է:

Թէեւ գիրքի բոլոր պատմուածքները շատ հետաքրքրական են եւ տպաւորիչ, սակայն «Կաղանդ» խորագիրը կրող պատմուածքը յատկապէս խօսած է իմ սրտիս: Խօսած է իմ սրտիս, որովհետեւ քանի մը էջերու մէջ եւ մէկ դէպքի մասին նկարագրութիւնը ամբողջ կեանք մը կը ներկայացնէ: Հարազատօրէն ընթերցողին կ՛արտայայտէ որբի մը դժուարութիւններն ու զուարճութիւնները, մտահոգութիւններն եւ նեղութիւնները, ուրախ եւ տխուր դէպքերը: Կ՛արտայայտէ որբերու պարզութիւնն ու չքաւորութիւնը: Բայց ամէնէն կարեւորը` պատմուածքը եւ գիրքը ընդհանրապէս մեզ կը ներկայացնեն Ցեղասպանութենէն վերապրած ու որբացած սերունդի մը ապրած կեանքը եւ անոր պատճառով` ապրելու եւ հայ ապրելու ձգտումը:

Այսօր, այդ օրերէն գրեթէ հարիւր տարի անցած է, որ համաշխարհային պատմութեան համար թերեւս ոչ մէկ նշանակութիւն ունի: Մտաբերելով հայ որբերու առօրեան` կ՛ուզեմ բաղդատական մը ընել մերօրեայ կեանքին: Որքան բախտաւոր ենք, որ այս օրերուն, սփիւռքի բոլոր գաղութներուն մէջ, հաստատուած են վարժարաններ, հայ կեդրոններ, եկեղեցիներ` իրենց լաւագոյն յարմարութիւններով, որպէսզի հայոց լեզուն, պատմութիւնը, մշակոյթն ու հաւատքը հանդարտ ու անվտանգ միջավայրի մէջ կարենանք սորվիլ եւ սորվեցնել մեր գալիք սերունդներուն: Այսօր մենք կ՛ապրինք առատութեան եւ ճոխութեան մէջ, եւ օրինակ առնելով մեր նախահայրերու ահաւոր կեանքէն` պէտք է բարձր գնահատենք մեր հանգիստ կեանքը: Եթէ մեր հայրերն ու մեծ հայրերը կրցան պահել իրենց ինքնութիւնն ու մայր լեզուն, մենք պատճառ չունինք կորսնցնելու զայն ու ճերմակ ջարդի զոհ երթալու մեր հանգիստ պայմաններու մէջ:

Ծառուկեանին Արժէքը

Որքան բախտաւոր ենք, որ Ծառուկեաններու նման մեծ ուսուցիչներ կրցան մեզի փոխանցել հայոց լեզուն, գիրն ու գրականութիւնը: Եւ աւելի՛ն. մեզի փոխանցեցին մեր ողբալի անցեալը, որպէսզի մենք, լաւատեղեակ մեր պատմութեան, կարողանանք գնահատել մեր ներկան եւ ձգտիլ մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներու իրականացման: «Մանկութիւն չունեցող մարդիկ»-ն ու Ծառուկեանին բոլոր հատորները կրնան օգտագործուիլ որպէս վկայարան եւ փաստաթուղթ` մեր նախահայրերու չարչարանքին եւ տառապանքին:

Ծառուկեանին գրականութիւնը եղաւ բոլորովին անկեղծ եւ առանց որեւէ մէկ շինծու էջի: Ան մեզ կապեց մեր անցեալին, մեր մայրենի լեզուին, մշակոյթին, հայրենի հողին եւ յաւերժական Հայաստանին:

Ծառուկեանը մահացաւ Փարիզի մէջ, 20 մայիս 1989-ին: Ան դժբախտաբար չտեսաւ ազատ եւ անկախ Հայաստանը, սակայն ինք եւ իր  գրականութիւնը միշտ ապրեցան այն տեսլականով, որ օր մը, անպայման, հայ ազգը պիտի հասնի սրբազան լերան կատարին:

* Յատուկ շնորհակալութիւն` Ծառուկեանի գործընկեր Գրիգոր Հոթոյեանին, որ ջանք չխնայեց ու մանրամասնութեամբ ինծի նկարագրեց անոր կեանքն ու արժէքները: Գրիգոր Հոթոյեան եղած է գրաշար, խմբագիր, ուսուցիչ ու տնօրէն ազգային ամէնօրեայ, ամառնային ու կիրակնօրեայ վարժարաններու մէջ` Սուրիա ու Քանատա:

 

 

Նախորդը

Հալէպը Թրքական Էրտողանեան Նահանգ…

Յաջորդը

Քեսապի Վրայ Յարձակումէն Եւ Քեսապահայութեան Տեղահանութենէն Տարի Մը Անց` Աղօթք Եւ Մոմավառութիւն Այնճարի Մէջ

RelatedPosts

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը
Անդրադարձ

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?