Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քեսապի Վրայ Յարձակումէն Եւ Քեսապահայութեան Տեղահանութենէն Տարի Մը Անց` Աղօթք Եւ Մոմավառութիւն Այնճարի Մէջ

March 23, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-20-15_Ainjar13-20-15_Ainjar2Ուրբաթ, 20 մարտ 2015-ին տարի մը անցաւ արդէն Քեսապի վրայ կատարուած յարձակումէն եւ քեսապահայութեան տեղահանութենէն: Այդ առիթով Քեսապի մէջ եւ անկէ դուրս ապրող քեսապցիները, որոնք կը գտնուին Այնճարի, Միացեալ էմիրութիւններու եւ Հայաստանի մէջ այս առիթով աղօթք բարձրացուցին եւ մոմավառութիւն կատարեցին` խնդրելով, որ նման դէպք չկրկնուի, ինչպէս նաեւ` շնորհակալութիւն յայտնելով իրենց տունդարձին համար:

Այնճարաբնակ քեսապցիները եւս ուրբաթ, 20 մարտ 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին Այնճարի մէջ կազմակերպեցին մոմավառութեան եւ ծաղկեպսակի զետեղում: Ձեռնարկը կազմակերպած էին Կարօ Ժան Մանճիկեանը եւ Սեւան Աբէլեանը:

Հաւաքը տեղի ունեցաւ Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ կից գտնուող յուշահամալիրին կողքին, ուր քեսապցի մանուկներ ծաղկեպսակ զետեղեցին, իսկ ներկաներն ալ մոմերը վառեցին եւ ծաղիկները դրին յուշարձանին առջեւ:

Աշոտ քհնյ. Գարագաշեան ներկաները հրաւիրեց երգելու «Տէր ողորմեա»-ն, որմէ ետք պատուելի  Յակոբ Աքպաշարեան  ըսաւ, թէ սովորաբար նման դէպքերու պարագային մարդիկ հարց կու տան, թէ ինչո՞ւ նման բաներ կը պատահին: Ան նշեց, որ, թէեւ դժուար է նման հարցումներու պատասխան գտնել, սակայն կարեւոր է գիտակցիլ, թէ Աստուածաշունչին մէջ յիշուած է, որ սգալու օր կայ, ուրախանալու օր կայ, ուստի պէտք է ընդունիլ լաւն ու վատը եւ մնայուն կերպով վստահիլ Աստուծոյ:

Ապա խօսք առաւ Սեւան Աբէլեան, որ ըսաւ, թէ հաւաքին նպատակն է յիշել մէկ տարի առաջ պատահած տխուր դէպքը, որ մեծապէս ցնցեց համայն հայութիւնը եւ յատկապէս քեսապցիները:

«21 մարտ 2014, գարնան առաջին օր, արաբական աշխարհի մայրերու օր: Առաւօտ կանուխ արդէն իսկ թշնամին մտաւ մեր սիրելի հայրենի գիւղը, եւ ամէն մարդ պարտադրուած` ձգեց ու Քեսապէն դուրս ելաւ: Ասիկա առաջին անգամը չէ, որ քեսապցին տեղահան կ՛ըլլայ իր հայրենի գիւղէն: Ասկէ առաջ ալ թուրքին պատճառով քեսապցիները ձգած եւ փախուստի դիմած են: Ոմանք ջարդի, անօթութեան պատճառով չեն կրցած վերադառնալ: Ուրիշներ աւելի «բախտաւոր» ըլլալով` վերադարձած են տեսնելով իրենց տուները այրած, գողցուած, սակայն տարիներու ընթացքին, առանց յուսահատելու եւ Աստուծոյ վստահելով, կրցած են վերականգնել իրենց տուները, բանալ դպրոցները եւ վերանորոգել եկեղեցիները:

«2014 թուականին, երբ թշնամին քանի մը ամիսներ ետք ձգեց Քեսապը ու փախաւ, քեսապցին  մեծ խանդավառութեամբ վերադարձաւ Քեսապ: Հոգ չէ, թէ տուները կողոպտուած էին, եւ ամէն կողմ տխուր էր, սակայն անոնք ուրախ էին իրենց վերադարձով: Անոնք դարձեալ որոշեցին նորոգել իրենց տուները եւ սրբապղծուած եկեղեցիները եւ սկսան կամաց-կանաց նորոգութեան: Տակաւին մեծ աշխատանք կայ Քեսապը վերադարձնելու իր նախկին գեղեցիկ վիճակին: Բայց հայը յուսահատիլ չի գիտեր:  Հայը միշտ կը շինէ, հայը միշտ կը ծաղկեցնէ եւ կը բարգաւաճի, նոյնիսկ փլատակներուն մէջ ան գիտէ ոտքի կանգնիլ», յայտնեց Ս. Աբէլեան:

Իր խօսքի աւարտին ան շեշտեց, որ 100 տարի ետք հայութիւնը դարձեալ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը գտնուի` ընտրել մեր հայրերուն անկոտրում եւ յարատեւելու կա՞մքը, թէ՞ այսօրուան քմահաճ աշխարհին պարտադրած վիճակը: «Ընտրութիւնը մերն է, եւ մենք որոշած ենք մնալ տէրը Քեսապի` երէկ, այսօր եւ վաղը», հաստատեց ան:

Աշոտ քհնյ. Գարագաշեան ներկաներուն կոչ ուղղեց հաւատքով զինուելու, երբեք չյուսահատելու, այլ պայքարելու` յաղթանակ ապահովելու ի խնդիր: Հաւաքը աւարտեցաւ քահանայ հօր եւ ներկաներուն «Հայր մեր» աղօթքով:

Նախորդը

Անդրանիկ Ծառուկեան… Մանկութիւն Չունեցող Յեղափոխականը

Յաջորդը

Յիշատակի Երեկոյ Նուիրուած ՀԲԸՄ-ի Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարանի Շրջանաւարտներ` Վաղամեռիկ Արին Չերչեանին Եւ Անթոնի Գույումճեանին

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.